Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 20Երեմիա 25:1-381. Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առաջին տարին էր, բոլոր Յուդայի ժողովուրդին վրայով Երեմիային եղած խօսքն է,2. Որ Երեմիա մարգարէն բոլոր Յուդայի ժողովուրդին ու բոլոր Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսեցաւ ու ըսաւ.3. «Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդիին Յովսիային տասնըերեքերորդ տարիէն մինչեւ այսօր, որ քսանըերեք տարի է, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ու ես ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով, բայց մտիկ չըրիք։4. Տէրը ձեզի ղրկեց իր բոլոր ծառաները, մարգարէները՝ կանուխ ելլելով, բայց մտիկ չըրիք ու մտիկ ընելու համար ականջնիդ չբացիք,5. Որոնք կ’ըսէին. ‘Ամէն մէկդ ձեր չար ճամբայէն ու ձեր չար գործերէն ետ դարձէք, որպէս զի յաւիտեան բնակիք այն երկրին մէջ, որ Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն տուաւ6. Եւ օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք անոնց ծառայելու ու երկրպագութիւն ընելու համար եւ զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը մի՛ բարկացնէք, որպէս զի ձեզի չարիք չընեմ’։7. ‘Բայց դուք ինծի մտիկ չըրիք, կ’ըսէ Տէրը, որպէս զի զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը բարկացնէք ու ձեզի գէշ ըլլայ’։8. «Ասոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.9. Որովհետեւ իմ խօսերուս մտիկ չըրիք, ահա ես պիտի ղրկեմ բոլոր հիւսիսի ազգատոհմերը եւ իմ ծառաս՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ պիտի առնեմ, զանոնք այս երկրին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ ու բոլոր այս շրջակայ ազգերուն վրայ պիտի բերեմ, բոլոր երկիրը նզովուածի պէս բնաջինջ պիտի ընեմ, զարմանքի ու սուլելու ենթակայ պիտի ընեմ ու յաւիտենապէս աւերակ պիտի ընեմ։10. Անկէ ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն, աղօրիքի ձայն ու ճրագի լոյսը պիտի կորսնցնեմ։11. Այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ եւ այս ազգերը եօթանասուն տարի Բաբելոնի թագաւորին պիտի ծառայեն»։12. «Եօթանասուն տարին լմննալէն ետքը Բաբելոնի թագաւորը ու այն ազգը պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար. նաեւ Քաղդէացիներուն երկիրը պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը եւ զանիկա յաւիտենապէս ամայի պիտի դարձնեմ։13. Այն երկրին վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր խօսքերը, որոնք ես անոր դէմ խօսեցայ, այսինքն Երեմիային բոլոր ազգերուն վրայով ըրած մարգարէութեան գրքին մէջ գրուած բոլոր բաները։14. Քանզի շատ ազգեր ու մեծ թագաւորներ զանոնք իրենց ծառայ պիտի ընեն ու ես անոնց հատուցում պիտի ընեմ իրենց ըրածներուն ու իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ»։15. Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս ըսաւ. «Այս բարկութեան գինիի գաւաթը ձեռքէս ա՛ռ ու զանիկա խմցո՛ւր այն բոլոր ազգերուն, որոնց քեզ կը ղրկեմ։16. Անոնք պիտի խմեն ու խռովին ու անոնց մէջ ղրկած սուրիս երեսէն պիտի յիմարանան»։17. Ուստի Տէրոջը ձեռքէն գաւաթը առի ու խմցուցի այն բոլոր ազգերուն, որոնց Տէրը զիս ղրկեց.18. Երուսաղէմի ու Յուդայի քաղաքներուն եւ անոր թագաւորներուն ու անոր իշխաններուն, որպէս զի զանոնք անապատ, ամայի, անարգանք ու անէծք ընէ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ.19. Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին եւ անոր ծառաներուն ու իշխաններուն ու անոր բոլոր ժողովուրդին20. Եւ բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդներուն ու Հուս երկրին բոլոր թագաւորներուն ու Փղշտացիներու երկրին բոլոր թագաւորներուն, այսինքն Ասկաղոնի, Գազայի ու Ակկարոնի եւ Ազովտոսի մնացորդին.21. Եդովմի ու Մովաբի ու Ամմոնի որդիներուն22. Եւ Տիւրոսի բոլոր թագաւորներուն ու Սիդոնի բոլոր թագաւորներուն եւ ծովուն անդիի կողմը եղող կղզիներու թագաւորներուն.23. Դեդանի ու Թեմայի եւ Բուզի ու իրենց մօրուքին ծայրերը կտրողներուն24. Եւ Արաբացիներու բոլոր թագաւորներուն ու անապատը բնակող խառնիճաղանճ ժողովուրդին բոլոր թագաւորներուն25. Եւ Զամբրիի բոլոր թագաւորներուն ու Եղամի բոլոր թագաւորներուն ու Մարերու բոլոր թագաւորներուն26. Եւ իրարու մօտ կամ հեռու եղող հիւսիսի բոլոր թագաւորներուն ու երկրի երեսին վրայ եղող երկրի բոլոր թագաւորներուն խմցուցի ։ Անոնցմէ ետքը Սիսակի թագաւորը պիտի խմէ։27. Ու անոնց ըսի. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք ու փսխեցէ՛ք, ձեր մէջ ղրկելու սուրիս երեսէն ինկէ՛ք ու մի՛ ելլէք’»։28. «Եթէ գաւաթը քու ձեռքէդ առնել չուզեն խմելու համար, այն ատեն անոնց ըսէ՛՝ զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անշուշտ պիտի խմէք’.29. Քանզի ահա ես իմ անունովս կոչուած քաղաքին վրայ չարիք բերելու սկսայ. միթէ դուք անպատի՞ժ պիտի մնաք։ Ո՛չ, անպատիժ պիտի չմնաք, քանզի երկրի բոլոր բնակիչներուն վրայ սուր պիտի բարձրացնեմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։30. Ուստի դուն այս բոլոր խօսքերը մարգարէանալով՝ անոնց ըսէ. ‘Տէրը բարձրէն պիտի գոռայ Ու իր սուրբ բնակութենէն իր ձայնը պիտի տայ. Իր բնակարանին վրայ ահարկու ձայնով պիտի գոռայ, Խաղող կոխողներու աղաղակին պէս Երկրի բոլոր բնակիչներուն դէմ։31. Անոր բարձր ձայնը մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի հասնի, Վասն զի Տէրը ազգերուն դէմ ամբաստանութիւն ունի. Անիկա ամէն մարմնի հետ դատ պիտի վարէ Ու ամբարիշտները սուրի պիտի տայ’, կ’ըսէ Տէրը։32. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա չարիք մը պիտի ելլէ, որ մէկ ազգէ ուրիշ ազգի պիտի անցնի ։ Երկրի ծայրերէն մեծ մրրիկ մը պիտի ելլէ։33. Այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները Երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին։ Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի, Անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին, Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան’։34. «Ողբացէ՛ք, ո՛վ հովիւներ ու աղաղակեցէ՛ք Եւ մոխիրի մէջ թաւալեցէ՛ք եւ ցիրուցան ըլլալու օրերը մօտեցած են Ու պատուական ամանի պէս պիտի իյնաք։35. Հովիւներուն փախչելու ճամբան Եւ հօտին ընտիրներուն փրկութիւնը պիտի կորսուի։36. Հովիւներուն աղաղակին ձայնը Եւ հօտին ընտիրներուն ոռնալուն ձայնը լսեցէ՛ք, Վասն զի Տէրը անոնց արօտները աւերեց։37. Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը երեսէն Խաղաղութեան բնակարանները ամայութեան դարձան։38. Առոյգ առիւծի պէս իր բնակարանը թողուց, Քանզի բռնաւորին բարկութեանը երեսէն Ու անոր սաստիկ սրտմտութեանը երեսէն Անոնց երկիրը ամայացաւ»։Երեմիա 26:1-241. Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին թագաւորութեանը սկիզբը՝ Տէրոջը կողմէ այս խօսքը եղաւ՝ ըսելով.2. «Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ կայնէ՛ ու Տէրոջը տունը երկրպագութիւն ընելու եկող Յուդայի բոլոր քաղաքներուն յայտնէ՛ այն ամէն խօսքերը, որոնք քեզի պատուիրեցի անոնց ըսելու համար. խօսք մը զանց մի՛ առներ,3. Թերեւս մտիկ ընեն ու ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ, ես ալ զղջամ այն չարիքին համար որ անոնց չար գործերուն պատճառով իրենց վրայ բերել կը խորհիմ»։4. Անոնց ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ ինծի մտիկ չընելով՝ ձեր առջեւ դրած օրէնքիս մէջ չքալէք5. Ու ձեզի ղրկած ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ խօսքերուն մտիկ չընէք, որոնք կանուխ ելլելով ղրկեցի ու դուք մտիկ չըրիք,6. Այն ատեն այս տունը Սելովին պէս պիտի ընեմ եւ այս քաղաքը երկրին բոլոր ազգերուն անէծք պիտի ընեմ’»։7. Քահանաները եւ մարգարէներն ու բոլոր ժողովուրդը լսեցին, երբ Երեմիա Տէրոջը տանը մէջ այս խօսքերը կը խօսէր։8. Երբ Երեմիա լմնցուց այն բոլոր խօսքերը, որոնք Տէրը հրամայեր էր բոլոր ժողովուրդին ըսելու, քահանաներն ու մարգարէները ու բոլոր ժողովուրդը զանիկա բռնեցին ու ըսին. «Դուն անպատճառ պիտի մեռնիս.9. Ինչո՞ւ համար Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն ըրիր՝ ըսելով. ‘Այս տունը Սելովի պէս պիտի ըլլայ եւ հոն բնակիչ պիտի չմնայ’»։ Բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տանը մէջ Երեմիայի վրայ հաւաքուեցաւ։10. Երբ Յուդայի իշխանները այս բաները լսեցին, թագաւորին տունէն Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը նստան։11. Քահանաները եւ մարգարէները իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցան ու ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի է, քանզի այս քաղաքին դէմ մարգարէութիւն ըրաւ, ինչպէս դուք ձեր ականջներով լսեցիք»։12. Երեմիան բոլոր իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը զիս ղրկեց, որ այս տանը ու այս քաղաքին վրայով ձեր լսած բոլոր խօսքերը ըսելով՝ մարգարէութիւն ընեմ։13. Ուստի ձեր ճամբաներն ու գործերը ուղղեցէք եւ ձեր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ըրէք եւ Տէրը ձեր վրայով ըսած չարիքին համար պիտի զղջայ։14. Բայց ես ահա ձեր ձեռքն եմ. ձեր աչքին աղէկ ու շիտակ երեւցածը ըրէ՛ք ինծի.15. Սակայն աղէկ գիտցէ՛ք թէ եթէ դուք զիս մեռցնէք, ձեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ անշուշտ անմեղ արեան պատիժը պիտի բերէք. վասն զի իրապէս Տէրը զիս ձեզի ղրկեց, որպէս զի այս բոլոր խօսքերը ձեր ականջներուն ըսեմ»։16. Այն ատեն իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը քահանաներուն ու մարգարէներուն ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի չէ, վասն զի մեր Տէր Աստուծոյն անունովը մեզի խօսեր է»։17. Ու երկրին ծերերէն քանի մը մարդիկ ելան եւ հաւաքուած բոլոր ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով.18. «Յուդայի Եզեկիա թագաւորին օրերը Մօրստացի Միքիան մարգարէութիւն ըրաւ եւ բոլոր Յուդայի ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սիօն ագարակի պէս պիտի հերկուի ու Երուսաղէմ աւերակներու դէզերու ու Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ»։19. Միթէ Յուդայի Եզեկիա թագաւորն ու բոլոր Յուդան զանիկա մեռցուցի՞ն. չէ՞ որ անիկա Տէրոջմէ վախնալով՝ Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ եւ Տէրը անոնց վրայով ըսած չարիքին համար զղջաց. ուրեմն մենք մեծ չարիք մը ըրած կ’ըլլանք մեր անձերուն»։20. Նաեւ Կարիաթարիմէն Սեմայիայի որդին Ուրիա անունով մարդ մը կար, որ Տէրոջը անունով մարգարէութիւն կ’ընէր։ Անիկա այս քաղաքին վրայ ու այս երկրին վրայ Երեմիային բոլոր խօսքերուն պէս մարգարէացաւ։21. Երբ Յովակիմ թագաւորն ու անոր բոլոր զօրաւոր մարդիկը ու բոլոր իշխանները անոր խօսքերը լսեցին, թագաւորը ուզեց որ զանիկա մեռցնէ. բայց Ուրիան այս բանը լսելով՝ վախցաւ ու փախաւ Եգիպտոս գնաց։22. Յովակիմ թագաւորը մարդիկ ղրկեց Եգիպտոս եւ Աքոբորի որդին Եղնաթանը ու անոր հետ քանի մը մարդիկ։23. Անոնք Ուրիան Եգիպտոսէն հանեցին ու Յովակիմ թագաւորին բերին, ան ալ զանիկա սուրով զարկաւ ու անոր մարմինը ժողովուրդին որդիներուն գերեզմանները նետեց։24. Բայց Սափանի որդին Աքիկամին ձեռքը Երեմիային հետ էր, որ չըլլայ թէ անիկա ժողովուրդին ձեռքը մատնուելով՝ մեռցուի։Սաղմոսներ 119:25-3225. Իմ անձս հողին կը փակչի, Կենադանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։26. Իմ ճամբաներս պատմեցի ու դուն ինծի պատասխան տուիր։ Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։27. Քու հրամաններուդ ճամբան ինծի իմացուր Եւ քու սքանչելիքներուդ վրայով պիտի մտածեմ։28. Իմ անձս տրտմութենէ կը հալի, Հաստատէ՛ զիս քու խօսքիդ համեմատ։29. Ստութեան ճամբան հեռացուր ինծմէ Ու քու օրէնքդ շնորհէ ինծի։30. Ճշմարտութեան ճամբան ընտրեցի Եւ քու դատաստաններդ իմ առջեւս դրի։31. Քու վկայութիւններուդ յարեցայ, Ո՛վ Տէր, զիս մի՛ ամչցներ։32. Քու պատուիրանքներուդ ճամբուն մէջ պիտի վազեմ, Վասն զի դուն իմ սիրտս պիտի լայնցնես։Առակներ 27:17-1717. Երկաթը երկաթով կը սրուի Ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ։2 Թեսաղոնիկեցիներ 2:1-171. Կ’աղաչե՛նք ձեզի, եղբայրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալուստին ու մեր անոր քով հաւաքուելուն համար,2. Չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն ու չըլլայ որ խռովիք՝ ո՛չ հոգիով ու ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ թուղթով մը իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսին օրը եկած հասած է։3. Չըլլայ թէ մէկը ձեզ խաբէ կերպով մը. վասն զի այն օրը պիտի չգայ ապստամբութենէն առաջ ու յայտնուի անօրէնութեան մարդը, կորստեան որդին,4. Այն հակառակորդը հպարտացած ամենուն վրայ, որ աստուած պիտի կոչուի կամ պաշտուի, մինչեւ իսկ Աստուծոյ տաճարին մէջ պիտի նստի եւ ինքզինք ցուցնէ իբր աստուած։5. Չէ՞ք յիշեր թէ երբ ձեր քով էի, այս բաները կ’ըսէի ձեզի։6. Եւ հիմա դուք ինքնիրեննիդ գիտէք ի՛նչ բան կ’արգիլէ, որպէս զի ինք իր ատենին յայտնուի։7. Վասն զի անօրէնութեան խորհուրդը արդէն կը գործէ. բայց ան որ հիմա կ’արգիլէ, պիտի արգիլէ ՝ մինչեւ ինք մէջտեղէն վերնայ։8. Ու ետքը պիտի յայտնուի այն անօրէնը, որ Տէրը [Յիսուս] իր բերնին շունչովը պիտի սպառէ ու իր գալուստին յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ։9. Անօրէնին գալը Սատանային ազդեցութիւնովն է, բոլոր զօրութիւնով եւ նշաններով ու սուտ հրաշքներով10. Եւ կորսուածներուն վրայ անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնովը։ Քանի որ անոնք ճշմարտութեան սէրը չընդունեցին որ փրկուին, անոր համար Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց զօրաւոր մոլորութիւն մը՝ որ ստութեան հաւատան.11. Որպէս զի դատապարտուին ամէն անոնք, որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա անօրենութեան յօժարեցան։12. Բայց մենք պէտք է միշտ Աստուծմէ գոհանանք ձեզի համար, Տէրոջմէ սիրուած եղբայրներ, վասն զի Աստուած սկիզբէն ձեզ ընտրեց փրկուելու՝ Հոգիին սրբելովը ու ճշմարտութեան հաւատքովը.13. Որուն ձեզ կանչեց մեր աւետարանելովը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին փառքը ստանալու համար։14. Ուստի, եղբայրնե՛ր, հաստատ կեցէք ու պի՛նդ բռնեցէք այն աւանդութիւնները որոնք սորվեցաք թէ՛ խօսքով ու թէ՛ մեր թուղթովը։15. Եւ ինք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ մեզ սիրեց ու տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով,16. Ձեր սրտերը մխիթարէ եւ ձեզ հաստատէ ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981