Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 23Երեմիա 31:1-401. «Այն ատեն, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի բոլոր ազգատոհմերուն Աստուած պիտի ըլլամ Ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան»։2. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սուրէն փախած ժողովուրդը անապատին մէջ շնորհք գտաւ, Երբ Իսրայէլ կ’երթար հանգստութիւն գտնելու՝ ՝»։3. Տէրը շատոնցմէ ինծի երեւցաւ՝ ըսելով. «Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի. Անոր համար ողորմութեամբ քեզ քաշեցի՝ ՝։4. Քեզ նորէն պիտի շինեմ ու պիտի շինուիս, ո՛վ Իսրայէլ։ Նորէն քու թմբուկներդ պիտի առնես Եւ ցնծութեամբ պար բռնողներուն խումբին հետ պիտի միանաս։5. Նորէն Սամարիայի լեռներուն վրայ այգիներ պիտի տնկես։ Տնկողները պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։6. Վասն զի օր պիտի գայ, երբ Եփրեմի լերանը վրայի պահապանները պիտի կանչեն. ‘Ելէ՛ք ու մեր Տէր Աստուծոյն՝ դէպի Սիօն երթանք’»։7. Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Յակոբին համար ուրախութեամբ երգեցէ՛ք Եւ ազգերուն ղեկավարին համար ցնծացէ՛ք. Ձա՛յն տուէք, օրհնեցէ՛ք ու ըսէ՛ք. ‘Ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլի մնացորդը՝ փրկէ՛’։8. Ահա ես զանոնք հիւսիսի երկրէն պիտի բերեմ Ու զանոնք՝ երկրի ծայրերէն Ու անոնց հետ կոյրն ու կաղը, Յղին ու ծնած կինը զաւակներով մէկտեղ պիտի հաւաքեմ։ Մեծ խումբ մը հոս պիտի դառնայ։9. Լալով պիտի գան ու աղաչանքներով զանոնք պիտի բերեմ. Զանոնք ջուրերու վտակներուն քովէն պիտի պտըտցնեմ, Շիտակ ճամբայէն, որուն մէջ պիտի չգայթին. Վասն զի Իսրայէլին հա՛յր եղայ Ու Եփրեմը իմ անդրանիկս է։10. «Ո՛վ ազգեր, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք Ու հեռաւոր կղզիներուն պատմեցէ՛ք ու ըսէ՛ք. ‘Իսրայէլը ցրուողը զանիկա պիտի հաւաքէ Եւ զանիկա պիտի պահպանէ, ինչպէս հովիւը իր հօտը կը պահպանէ ’։11. Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը Ու զանիկա իրմէ զօրաւորին ձեռքէն ազատեց։12. Եւ անոնք պիտի գան ու Սիօնի բարձրութեանը վրայ ուրախութեան ձայն պիտի վերցնեն Եւ պիտի դիմեն Տէրոջը բարիքներուն, Այսինքն ցորենին ու գինիին ու իւղին Եւ հօտերուն ու արջառներուն։ Անոնց անձերը ջրուած պարտէզի պէս պիտի ըլլան Ու ա՛լ պիտի չնուաղին։13. Այն ատեն կոյսը պար բռնելով պիտի ուրախանայ, Նաեւ երիտասարդները եւ ծերերը մէկտեղ։ Վասն զի անոնց սուգը ուրախութեան պիտի փոխեմ Եւ զանոնք տրտմութենէն պիտի ուրախացնեմ։14. Քահանաներուն հոգիները պարարտութիւնով պիտի լեցնեմ։ Իմ ժողովուրդս իմ բարիքներովս պիտի կշտանայ»։15. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, Ողբի ու դառնագին լացի ձայն։ Ռաքէլ իր տղոցը համար կու լար Եւ իր տղոցը համար մխիթարուիլ չէր ուզեր, Վասն զի անոնք չկային»։16. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քու ձայնդ լալէն Եւ աչքերդ արցունքէն դադրեցո՛ւր։ Վասն զի քու գործիդ համար վարձք կայ Ու թշնամիին երկրէն պիտի դառնան»։17. «Քու ապագայիդ համար յոյս կայ, կ’ըսէ Տէրը, Թէ քու տղաքներդ իրենց սեփական երկիրը պիտի դառնան»։18. «Յիրաւի Եփրեմին այսպէս ողբալը լսեցի. ‘Զիս խրատեցիր ու խրատուեցայ՝ Լուծի չսորված զուարակի պէս. Զիս դարձո՛ւր, որպէս զի դառնամ, Վասն զի իմ Տէր Աստուածս դո՛ւն ես։19. Իրաւցընէ դառնալէս ետքը զղջացի Ու կրթուելէս ետքը իմ ազդրիս զարկի. Ամչցայ ու նախատուեցայ, Վասն զի մանկութեանս անարգանքը կրեցի’։20. Միթէ Եփրեմ իմ պատուական որդի՞ս է, Կամ սիրական զաւա՞կ մըն է. Վասն զի երբ ես անոր վրայով խօսիմ, Շարունակ զանիկա կը յիշեմ. Այս պատճառով իմ աղիքս կը գալարի անոր համար. ‘Անշուշտ անոր ողորմութիւն պիտի ընեմ’ կ’ըսէ Տէրը։21. Քեզի կոթողներ կանգնեցո՛ւր, քեզի սիւներ տնկէ՛, Սիրտդ մեծ ճամբուն՝ քու գացած շաւիղիդ՝ դի՛ր։ Դարձի՛ր, ո՛վ Իսրայէլի կոյս, Այս քու քաղաքներդ դարձիր։22. Ո՛վ ապստամբ աղջիկ, Մինչեւ ե՞րբ աստանդական պիտի շրջիս, Քանզի Տէրը երկրի վրայ նոր բան ստեղծեց, Կին մարդը պիտի պաշտպանէ այր մարդը»։23. Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Այսուհետեւ Յուդայի երկրին մէջ Ու անոր քաղաքներուն մէջ այս խօսքը պիտի ըսեն՝ Երբ անոնք գերութենէ դարձնեմ. ‘Տէրը քեզ օրհնէ, Ո՛վ արդարութեան բնակարան, սո՛ւրբ լեռ’։24. Եւ հոն, Յուդայի մէջ ու միանգամայն անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ Երկրագործներ ու հօտերու հետ չուողներ պիտի բնակին։25. Քանզի յոգնած հոգին պիտի զովացնեմ Ու ամէն մարած հոգի պիտի կշտացնեմ»։26. Ասոր վրայ արթնցայ ու նայեցայ Եւ իմ քունս ինծի անոյշ էր։27. «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Իսրայէլին տունը եւ Յուդային տունը Մարդու սերմ ու անասունի սերմ պիտի ցանեմ։28. Ինչպէս խլելու, փլցնելու, աւերելու Եւ կորսնցնելու ու չարիք հասցնելու համար Անոնց վրայ հսկեցի, Նոյնպէս ալ շինելու ու տնկելու համար Անոնց վրայ պիտի հսկեմ, կ’ըսէ Տէրը։29. Այն օրերը անգամ մըն ալ պիտի չըսեն. ‘Հայրերը ազոխ կերան Ու որդիներուն ակռաները առին’.30. Հապա ամէն մարդ իր անօրէնութեանը համար պիտի մեռնի. Ով որ ազոխ ուտէ, Անոր ակռաները պիտի առնեն»։31. «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Եւ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ Նոր ուխտ պիտի ընեմ,32. Ո՛չ թէ այն ուխտին պէս, որ անոնց հայրերուն ըրի Այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի՝ Զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար. Քանզի անոնք իմ ուխտս զանց ըրին, Ես ալ զանոնք մերժեցի՝ ՝», կ’ըսէ Տէրը.33. Բայց այն օրերէն ետքը Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է. «Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ Ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։34. Ու անկէ ետքը մարդ մը իր ընկերին Ու ուրիշ մը իր եղբօրը պիտի չսորվեցնէ՝ Ըսելով. ‘Տէրը ճանչցիր’. Հապա անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը Ամէնքը զիս պիտի ճանչնան, Վասն զի անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ Ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ»։35. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Որ արեւը հաստատեց օրուան լոյսին համար Եւ գիշերուան լոյսին համար լուսինին ու աստղերուն կանոններ դրաւ, Որ ծովը կը յանդիմանէ, երբ անոր ալիքները կը գոռան. Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։36. «Եթէ այս կանոնները իմ առջեւէս դադարին, Իսրայէլի սերունդն ալ իմ առջեւէս ազգ ըլլալէ պիտի դադարի»։37. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եթէ երկինքը կրնայ վերէն չափուիլ Ու երկրին հիմերը՝ վարէն քննուիլ, Ես ալ Իսրայէլի բոլոր սերունդը, Իրենց բոլոր ըրածներուն համար պիտի մերժեմ»։38. «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Անանայէլին աշտարակէն մինչեւ Անկեան դուռը Քաղաքը Տէրոջը համար պիտի շինուի39. Եւ չափին լարը անկէ Մինչեւ Գարեբին բլուրը պիտի ելլէ Ու դէպի Գոաթ պիտի դառնայ40. Եւ դիակներուն ու մոխիրներուն բոլոր ձորը Ու բոլոր արտերը մինչեւ Կեդրոն հեղեղատը, Մինչեւ Ձիերուն դրանը անկիւնը՝ դէպի արեւելք, Սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը. Անգամ մըն ալ պիտի չքակուի ու պիտի չփլչի յաւիտեան։Երեմիա 32:1-441. Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին տասներորդ տարին, այսինքն Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին, Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է։2. Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմը կը պաշարէր ու Երեմիա մարգարէն Յուդայի թագաւորին տունը եղող բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր։3. Վասն զի Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը զանիկա բանտարկեց՝ ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ համար մարգարէութիւն ըրիր ու ըսիր թէ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ ու զանիկա պիտի առնէ4. Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը Քաղդէացիներուն ձեռքէն պիտի չազատի. հապա անշուշտ Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու անոր հետ բերան առ բերան պիտի խօսի եւ անոր հետ աչք աչքի պիտի տեսնուի։5. Ու անիկա Սեդեկիան Բաբելոն պիտի տանի ու Սեդեկիա հոն պիտի մնայ մինչեւ ես անոր այցելեմ, կ’ըսէ Տէրը. եթէ Քաղդէացիներուն հետ պատերազմ ընէք, յաջողութիւն պիտի չգտնէք»։6. Այն ատեն Երեմիան ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.7. ‘Ահա քու հօրեղբօրդ Սեղղումին որդին՝ Անամայէլը քեզի պիտի գայ ու պիտի ըսէ. «Անաթովթի մէջ եղող ագարակս քեզի ծախու առ, վասն զի ազգականութեան իրաւունքով քեզի կ’իյնայ, որ ծախու առնես»։8. Եւ Տէրոջը խօսքին համեմատ իմ հօրեղբօրս որդին Անամայէլը ինծի եկաւ բանտին գաւիթը ու ինծի ըսաւ. ‘Շնորհք ըրէ՛, Բենիամինին երկիրը Անաթովթի մէջ ունեցած ագարակս ծախու ա՛ռ, վասն զի ժառանգութեան իրաւունքը քուկդ է ու քեզի կ’իյնայ, որ փրկես, քեզի ծախու ա՛ռ’։ Այն ատեն գիտցայ թէ ասիկա Տէրոջը խօսքն էր։9. «Եւ հօրեղբօրս որդիէն, Անամայէլէն, Անաթովթի մէջ եղող ագարակը ծախու առի ու ստակը տասնըեօթը սիկղ արծաթ կշռեցի անոր։10. Մուրհակ մը գրեցի ու կնքեցի ու վկաներ բռնեցի եւ արծաթը կշիռքով կշռեցի։11. Ստացուածքին մուրհակը, թէ՛ հրամանին ու կանոններուն համեմատ կնքուածը եւ թէ՛ բաց եղածը առի։12. Ու ստացուածքին մուրհակը, հօրեղբօրս որդիին Անամայէլին աչքերուն առջեւ ու ստացուածքի մուրհակին մէջ գրուող վկաներուն աչքերուն առջեւ, բանտի գաւիթին մէջ նստող բոլոր Հրեաներուն աչքերուն առջեւ, Մաասիային որդիին Ներիային որդիին Բարուքին տուի։13. Անոնց աչքերուն առջեւ, Բարուքին պատուիրեցի ու ըսի.14. ‘Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Այս մուրհակները, այս կնքուած ստացուածքին մուրհակը ու այս բաց մուրհակը ա՛ռ եւ զանոնք հողէ ամանի մը մէջ դիր, որպէս զի շատ օրեր մնան։15. Քանզի զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս երկրին մէջ նորէն տուներ ու ագարակներ եւ այգիներ ծախու պիտի առնուին’։16. Ստացուածքին մուրհակը Ներիային որդիին Բարուքին տալէս ետքը, Տէրոջը աղօթք ըրի ու ըսի.17. ‘Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու երկնցած բազուկովդ երկինքն ու երկիրը ստեղծեցիր. ոեւէ բան քեզի դժուար չէ։18. Դուն հազարներուն ողորմութիւն կ’ընես ու հայրերուն անօրէնութեան պատիժը անոնցմէ ետքը անոնց որդիներուն կու տաս. դուն մեծ ու հզօր Աստուած ես եւ քու անունդ Զօրքերու Տէր է։19. Դուն խորհուրդով՝ մեծ ու գործով զօրաւոր ես, այնպէս որ ամէն մէկուն իր ճամբաներուն համեմատ ու անոր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընելու համար՝ քու աչքերդ մարդոց որդիներուն բոլոր ճամբաներուն վրայ բաց են։20. Դուն մինչեւ այսօր Եգիպտոսի երկրին մէջ ու Իսրայէլի մէջ եւ բոլոր մարդոց մէջ նշաններ ու հրաշքներ ընելով՝ քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։21. Քու ժողովուրդդ Իսրայէլը, նշաններով ու հրաշքներով եւ զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով եւ մեծ սարսափով Եգիպտոսէն հանեցիր22. Ու անոնց տուիր այս երկիրը, որ իրենց հայրերուն երդում ըրեր էին իրենց տալու, այնպիսի երկիր մը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։23. Անոնք մտան ու զանիկա ժառանգեցին, բայց քու ձայնիդ ականջ չտուին եւ քու օրէնքիդ համեմատ չքալեցին. անոնք չըրին քու պատուիրածներդ, ուստի այս բոլոր չարիքը անոնց վրայ բերիր։24. Ահա քաղաքին դէմ պատնէշներ կանգնուեցան, որպէս զի զանիկա առնեն եւ քաղաքը սուրին, սովին ու ժանտախտին պատճառով, անոր դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուեցաւ եւ քու ըսածդ կատարուեցաւ ու ահա կը տեսնես։25. Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ըսիր թէ ‘Ագարակը ստակով քեզի ծախու ա՛ռ ու վկաներ բռնէ՛. թէեւ քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը կը մատնուի’»։26. Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.27. «Ահա ես եմ Եհովա՝ ամէն մարմնի Աստուածը. միթէ ինծի դժուար բան մը կա՞յ։28. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա պիտի առնէ.29. Այս քաղաքին դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիները պիտի գան ու այս քաղաքը կրակի պիտի տան ու այրեն։ Նաեւ պիտի այրեն այն տուները, որոնց տանիքներուն վրայ Բահաղի խունկ կը ծխէին եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէին՝ զիս բարկացնելու համար։30. Քանզի Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները իրենց մանկութենէն ի վեր իմ առջեւս միայն չարութիւն գործեցին եւ որովհետեւ Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերուն գործերովը անդադար զիս բարկացուցին’, կ’ըսէ Տէրը։31. Քանզի այս քաղաքը իր շինութեան օրէն մինչեւ այսօր իմ բարկութեանս ու սրտմտութեանս համար եղաւ, որպէս զի զանիկա երեսիս առջեւէն վերցնեմ,32. Իսրայէլի որդիներուն ու Յուդայի որդիներուն, թէ՛ իրենց եւ թէ՛ իրենց թագաւորներուն, իշխաններուն, քահանաներուն ու մարգարէներուն եւ Յուդայի մարդոցն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն բոլոր չարութեանը պատճառով, որ ըրին զիս բարկացնելու համար։33. Եւ ինծի կռնակ դարձուցին եւ ո՛չ թէ՝ երես։ Թէեւ անոնց սորվեցուցի՝ կանուխ ելլելով ու սորվեցնելով՝ բայց անոնք մտիկ չըրին, որ խրատ ընդունին.34. Հապա իմ անունովս կոչուած տանը մէջ իրենց պղծութիւնները դրին, զանիկա պղծելու համար։35. Ու Ենովմի որդիին ձորին մէջ Բահաղին բարձր տեղեր շինեցին, իրենց տղաքներն ու աղջիկները Մողոքին համար կրակէ անցընելու, որ ես անոնց հրամայած չէի ու մտքէս ալ անցած չէր, որ անոնք այս պղծութիւնը ընեն՝ Յուդային մեղանչել տալու համար»։36. «Ուստի հիմա Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ այս քաղաքին համար, որ դուք կ’ըսէք թէ ‘Սուրով, սովով ու ժանտախտով Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը կը մատնուի’.37. Ահա ես զանոնք պիտի հաւաքեմ այն բոլոր երկիրներէն, ուր զանոնք իմ բարկութիւնովս, սրտմտութիւնովս ու մեծ ցասումովս ցրուեցի եւ զանոնք այս տեղ պիտի դարձնեմ ու ապահովութեամբ պիտի բնակեցնեմ։38. Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։39. Անոնց մէկ սիրտ ու մէկ ճամբայ պիտի տամ, որպէս զի միշտ ինծմէ վախնան եւ իրենց ու իրենցմէ ետքը իրենց զաւակներուն աղէկ ըլլայ։40. Անոնց հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ, որ անոնց բարիք ընելէն անոնցմէ ետ չքաշուիմ ու իմ վախս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ, որպէս զի ինծմէ չխոտորին։41. Անոնց բարիք ընելով՝ անոնց համար պիտի ուրախանամ ու զանոնք բոլոր սրտովս ու բոլոր հոգիովս ու ճշմարտութեամբ այս երկրին մէջ պիտի տնկեմ։42. Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս այս ժողովուրդին վրայ այս բոլոր մեծ չարիքը բերի, նոյնպէս անոնց վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր բարիքը, որ անոնց խոստացայ։43. Նորէն ագարակներ ծախու պիտի առնուին այդ երկրին մէջ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ ‘Ամայացած է ու մարդէ եւ անասունէ զուրկ է ու Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուած է’։44. Բենիամինին երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու լեռնային քաղաքներուն մէջ եւ դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ ստակով ագարակներ ծախու պիտի առնեն եւ մուրհակներ պիտի գրեն ու պիտի կնքեն ու վկաներ պիտի բռնեն, վասն զի զանոնք գերութենէ ետ պիտի դարձնեմ»։Սաղմոսներ 119:49-5649. Յիշէ՛ քու ծառայիդ եղած խօսքը, Որուն վրայ ինծի յուսալ տուիր։50. Իմ նեղութեանս մէջ մխիթարութիւնս այս է, Վասն զի քու խօսքդ զիս կենդանացուց։51. Ամբարտաւանները խիստ շատ ծաղր ըրին զիս, Բայց ես քու օրէնքէդ չխոտորեցայ։52. Ո՛վ Տէր, քու առաջուան դատաստաններդ յիշեցի Ու մխիթարուեցայ։53. Սոսկումը զիս բռնեց այն ամբարիշտներուն համար՝ Որոնք քու օրէնքդ կը թողուն։54. Քու կանոններդ ինծի երգեր եղան Իմ պանդխտութեանս տանը մէջ։55. Ո՛վ Տէր, գիշերը քու անունդ յիշեցի Ու քու օրէնքդ պահեցի։56. Այս օրհնութիւնդ ստացայ, Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։Առակներ 27:20-2020. Դժոխքն ու կորուստը չեն կշտանար, Մարդուն աչքերն ալ չեն կշտանար։1 Տիմոթ 2:1-151. Արդ՝ կ’աղաչեմ ամէն բանէ առաջ աղօթք ընել, խնդրել, աղաչել, գոհութիւն մատուցանել բոլոր մարդոց համար,2. Մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար, որպէս զի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք կատարեալ աստուածպաշտութիւնով ու պարկեշտութիւնով։3. Վասն զի այն է աղէկը ու ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն առջեւ։4. Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան։5. Քանզի մէ՛կ Աստուած կայ ու մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ, Քրիստոս Յիսուս մարդը,6. Որ իր անձը ամենուն տեղ փրկանք տուաւ՝ իր ատենին վկայութիւն ըլլալու,7. Որուն ես քարոզիչ ու առաքեալ նշանակուեցայ, (ճշմարիտ կ’ըսեմ Քրիստոսով եւ սուտ չեմ խօսիր,) հեթանոսներուն վարդապետ եղայ հաւատքով ու ճշմարտութիւնով։8. Արդ՝ կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան։9. Նոյնպէս ալ կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով,10. Հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն։11. Կինը թող սորվի լռութեամբ՝ ամենայն հնազանդութիւնով։12. Բայց կնոջ հրաման չեմ տար սորվեցնելու, ո՛չ ալ՝ այր մարդուն իշխելու, հապա լուռ կենալու։13. Վասն զի առաջ Ադամ ստեղծուեցաւ ու ետքը՝ Եւան։14. Եւ Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կինը խաբուեցաւ ու յանցանք գործեց.15. Սակայն պիտի փրկուի անիկա որդեծնութեամբ, եթէ պարկեշտութիւնով կենան հաւատքի եւ սիրոյ ու սրբութեան մէջ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981