1. Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Երեմիային եղաւ, երբ անիկա տակաւին բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր.
2. «Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, այս քաղաքը շինող Տէրը, որ զանիկա հաստատելու համար զանիկա ստեղծեց, որուն անունը Եհովա է.
3. Ինծի կանչէ՛ ու քեզի պատասխան տամ եւ քեզի մեծ ու խորհրդաւոր բաներ պատմեմ, որոնք դուն չես գիտեր։
4. Վասն զի այս քաղաքին ու Յուդայի թագաւորներուն տուներուն համար, որոնց պատնէշներն ու ամրոցները փլած են, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
5. Քաղդէացիներուն դէմ՝ ՝ պատերազմ ընելու կու գան։ Այն տուները մեռած մարդոց դիակներովը պիտի լեցուին, որոնք իմ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի զարնեմ. վասն ես այս քաղաքէն իմ երեսս ծածկեցի՝ իրենց բոլոր չարութեանը համար։
6. Ահա անոր առողջութիւն ու բժշկութիւն պիտի բերեմ ու զանոնք պիտի բժշկեմ եւ խաղաղութեան ու բարօրութեան առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ։
7. Յուդան գերութենէ ու Իսրայէլը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք առաջուան պէս պիտի հաստատեմ։
8. Անոնց ինծի դէմ գործած բոլոր անօրէնութենէն զանոնք պիտի սրբեմ ու անոնց ինծի դէմ ըրած բոլոր անօրէնութիւններն ու յանցանքները պիտի ներեմ։
9. Ասիկա ինծի ուրախութեան անուն, փառք ու պարծանք պիտի ըլլայ երկրի բոլոր ազգերուն մէջ, որոնք պիտի լսեն այն բարութիւնները, որ ես անոնց պիտի ընեմ եւ պիտի վախնան ու դողան այն բարութեան ու յաջողութեանը համար, որ ես այս քաղաքին պիտի ընեմ»։
10. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ ‘Մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է’ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, որոնք անմարդ ու անբնակ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ ամայացած են, նորէն պիտի լսուի
11. Ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն. նաեւ անոնց ձայնը, որոնք Տէրոջը տունը գոհութեան ընծաներ բերելով՝ կ’ըսեն. ‘Գոհացէ՛ք զօրքերու Տէրոջմէն, վասն զի Տէրը բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է’. քանզի այս երկրին գերիները իրենց առաջուան վիճակին պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
12. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որ մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ նորէն հօտեր պառկեցնող հովիւներու բնակարաններ պիտի ըլլան.
13. Լեռնային քաղաքներուն մէջ, դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ եւ Բենիամինի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ հօտերը դարձեալ զիրենք համրողին ձեռքէն պիտի անցնին», կ’ըսէ Տէրը։
14. «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, որ Իսրայէլի տանը համար եւ Յուդայի տանը ըրած խոստումս պիտի կատարեմ։
15. Այն օրը ու այն ժամանակը Դաւիթէն արդարութեան շառաւիղ մը պիտի բուսցնեմ եւ անիկա երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։
16. Այն օրերը Յուդան պիտի ազատի ու Երուսաղէմը ապահովութեամբ պիտի բնակի եւ այս է անոր անունը որով պիտի կոչուի. ‘Տէրը Մեր Արդարութիւնը’։
17. Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դաւիթէն Իսրայէլի տանը աթոռին վրայ նստող մարդ պակաս պիտի չըլլայ
18. Ու Ղեւտացի քահանաներէն ողջակէզ, հացի ընծայ ու զոհ մատուցանող մարդ յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ իմ առջեւս»։
19. Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով, Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
20. «Եթէ ցորեկուան ուխտս ու գիշերուան ուխտս կրնաք աւրել, որ ցորեկը եւ գիշերը իրենց ժամանակովը չըլլան,
21. Իմ ծառայիս Դաւիթին հետ ունեցած ուխտս ալ պիտի աւրուի, որ իր աթոռին վրայ թագաւորութիւն ընելու որդի չունենայ. նոյնպէս ալ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացի քահանաներուն հետ ունեցած ուխտս ։
22. Ինչպէս երկնքի զօրքերը չեն համրուիր ու ծովուն աւազը չի չափուիր, իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդը եւ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացիները այնքան պիտի շատցնեմ»։
23. Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
24. «Չե՞ս լսեր թէ այս ժողովուրդը ի՛նչ կը խօսի ու կ’ըսէ. ‘Տէրը իր ընտրած երկու ազգատոհմերը երեսէ ձգեց ու անոնք իմ ժողովուրդս կ’անարգեն, զանիկա իրենց առջեւ ազգ չսեպելու չափ’։
25. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ ցորեկուան ու գիշերուան համար ուխտ ըրած չեմ եւ երկինքներուն ու երկրի կանոններ դրած չեմ,
26. Յակոբին ու իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդն ալ երեսէ պիտի ձգեմ, որպէս զի ա՛լ անոր սերունդէն Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի սերունդին վրայ իշխաններ չդնեմ. վասն զի անոնք գերութենէ պիտի դարձնեմ ու անոնց պիտի ողորմիմ’»։
1. Երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովն ու իր իշխանութեան տակ եղող երկրին բոլոր թագաւորութիւններովը եւ բոլոր ժողովուրդներով Երուսաղէմի վրայ ու անոր բոլոր քաղաքներուն դէմ պատերազմ կ’ընէր, Տէրոջը կողմէ Երեմիային այս խօսքը եղաւ.
2. Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛, Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսէ՛ ու անոր ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա կրակով այրէ։
3. Դուն անոր ձեռքէն պիտի չազատիս, անշուշտ պիտի բռնուիս ու անոր ձեռքը պիտի տրուիս. քու աչքերդ Բաբելոնի թագաւորին աչքերը պիտի տեսնեն ու անոր բերանը քու բերնիդ հետ պիտի խօսակցի ու Բաբելոն պիտի երթաս’։
4. Բայց Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ, ո՛վ Սեդեկիա՝ Յուդայի թագաւոր՝ Տէրը քեզի համար այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն սուրով պիտի չմեռնիս,
5. Դուն խաղաղութեամբ պիտի մեռնիս. ինչպէս քեզմէ առաջ եղող քու հայրերուդ, առաջուան թագաւորներուն համար խունկեր ծխեցին, նոյնպէս քեզի համար պիտի ծխեն ու «Վա՜յ, տէր իմ » ըսելով՝ քու վրադ պիտի ողբան, վասն զի այս խօսքը ես խօսեցայ’, կ’ըսէ Տէրը։
6. Յետոյ Երեմիա մարգարէն այս բոլոր խօսքերը Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսեցաւ Երուսաղէմի մէջ։
7. Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմի դէմ ու Յուդայի մնացած բոլոր քաղաքներուն դէմ, Լաքիսի ու Ազեկայի դէմ, պատերազմ կ’ընէր, վասն զի Յուդայի քաղաքներէն պարսպապատ քաղաքներ ասոնք մնացեր էին։
8. Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող բոլոր ժողովուրդին հետ ուխտ ըրաւ, որ ազատութիւն քարոզեն,
9. Որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը, Եբրայեցի մարդն ու Եբրայեցի կինը, ազատ արձակէ ու անգամ մըն ալ մարդ մը իր Հրեայ եղբայրը ծառայ չընէ։
10. Հնազանդեցան բոլոր իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը, որոնք այն ուխտին մէջ մտան, որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը ազատ արձակէ եւ ա՛լ անոնք ծառայ չըլլան։ Հնազանդեցան եւ զանոնք արձակեցին.
11. Բայց անկէ ետքը դարձան ու իրենց ազատ արձակած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցին եւ զանոնք բռնադատեցին որ ծառայ ու աղախին ըլլան։
12. Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
13. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեր հայրերուն հետ ուխտ ըրի զանոնք Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ հանած օրս ու ըսի.
14. Եօթը տարիէն ետքը ձեզմէ ամէն մէկը ազատ պիտի արձակէ իր Եբրայեցի եղբայրը, որ իրեն ծախուած է ու վեց տարի իրեն ծառայեր է, զանիկա ազատ արձակէ. բայց ձեր հայրերը ինծի մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին։
15. Թէեւ դուք ատեն մը դարձաք ու ամէն մարդ իր ընկերին ազատութիւն քարոզելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ըրիք եւ իմ առջեւս ուխտ ըրիք այն տանը մէջ, որ իմ անունովս կոչուած է.
16. Բայց ետքը դառնալով՝ իմ անունս պղծեցիք ու ամէնքդ ալ ձեր ազատ արձակած ու իրենց կամքին ձգուած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցիք ու զանոնք բռնադատեցիք որ ձեզի ծառայ ու աղախին ըլլան’»։
17. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դուք ինծի մտիկ չըրիք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը համար ու ամէն մէկը իր ընկերին համար ազատութիւն չքարոզեց, ուստի ես ձեզի համար կ’ըսէ Տէրը, սուրին, ժանտախտին ու սովին ազատութիւն պիտի տամ ու ձեզ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան պիտի մատնեմ։
18. Այն մարդիկը, որոնք զուարակը երկուքի կտրելով ու անոր կտորներուն մէջտեղէն անցնելով՝ իմ առջեւս ըրած ուխտերը չկատարեցին եւ իմ ուխտս զանց ըրին, պիտի մատնեմ,
19. Այսինքն Յուդայի իշխաններն ու Երուսաղէմի իշխանները, պալատականները եւ քահանաները ու երկրին բոլոր ժողովուրդը, որոնք զուարակին կտորներուն մէջտեղէն անցան,
20. Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ եւ անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան։
21. Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու անոր իշխանները իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը եւ ձեզմէ դարձող Բաբելոնի թագաւորին զօրքերուն ձեռքը պիտի մատնեմ»։
22. «Ահա ես հրամայեցի, կ’ըսէ Տէրը ու անոնք այս քաղաքը պիտի գան, անոր դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն ու կրակով այրեն. այսպէս Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի վերածեմ»։
57. Դուն իմ բաժինս ես, ո՛վ Տէր. Խոստացայ որ քու խօսքերդ պահեմ։