Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հոկտեմբեր 25

1. Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին օրերը Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ.
2. «Ռեքաբեաններուն տունը գնա՛ ու անոնց հետ խօսէ՛ եւ զանոնք Տէրոջը տունը՝ սենեակ մը տա՛ր ու անոնց գինի խմցո՛ւր»։
3. Ես ալ Քաբասինիային որդիին Երեմիային որդին Յեզոնիան ու անոր եղբայրները եւ բոլոր որդիները ու Ռեքաբեաններուն բոլոր տունը առի
4. Եւ զանոնք Տէրոջը տունը տարի Սեղղումին որդիին Մաասիա դռնապանին սենեակին վրայ եղող իշխաններուն սենեակին քովի՝ Աստուծոյ մարդուն Յեգդողիային որդիին Անանին որդիներուն սենեակը.
5. Ռեքաբեաններուն որդիներուն առջեւ գինիով լեցուն ամաններ ու գաւաթներ դրի եւ անոնց ըսի. «Գինի խմեցէ՛ք»։
6. Ու անոնք ըսին. «Գինի չենք խմեր. քանզի մեր հայրը, Ռեքաբին որդին Յովնադաբը, մեզի պատուիրեց ու ըսաւ. ‘Դուք ու ձեր որդիները յաւիտեան գինի պիտի չխմէք
7. Եւ տուն մի՛ շինէք ու մի՛ ցանէք եւ այգի մի՛ տնկէք ու մի՛ ստանաք, հապա ձեր բոլոր օրերը վրաններու մէջ բնակեցէ՛ք, որպէս զի ձեր պանդուխտ եղած երկրին վրայ շատ օրեր ապրիք’։
8. Մեր հօրը Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին մեզի հրամայածին պէս անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ մեր բոլոր օրերուն մէջ մենք, մեր կիները, մեր տղաքներն ու մեր աղջիկները գինի չենք խմեր,
9. Բնակելու համար տուներ չենք շիներ ու այգի եւ ագարակ ու սերմ չենք ստանար.
10. Հապա վրաններու մէջ կը բնակինք ու հնազանդութիւն ընելով՝ մեր հօրը Յովնադաբին մեզի հրամայածը կը գործադրենք։
11. Բայց երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը այս երկիրը եկաւ, ըսինք. ‘Եկէք, Քաղդէացիներուն զօրքին երեսէն ու Ասորիներու զօրքին երեսէն Երուսաղէմ երթանք’. այսպէս Երուսաղէմի մէջ կը բնակինք»։
12. Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
13. Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛ Յուդայի մարդոց ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսէ՝ ‘Իմ խօսքերուս մտիկ ընելու համար խրատ չէ՞ք ընդունիր’։
14. Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին իր որդիներուն գինի չխմելու համար պատուիրած խօսքերը հաստատ պահուեցան. վասն զի իրենց հօրը հրամանին հնազանդութիւն ընելով՝ մինչեւ այսօր չեն խմեր, բայց թէեւ ես ձեզի խօսեցայ, կանուխ ելլելով, սակայն դուք ինծի մտիկ չըրիք։
15. Եւ իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի՝ կանուխ ելլելով ու ըսի՝ ‘Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն թող դառնայ։ Բարի գործեր ըրէք ու օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք ու անոնց ծառայութիւն մի՛ ընէք, որպէս զի ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ բնակիք’, բայց ձեր ականջը չծռեցիք ու ինծի մտիկ չըրիք։
16. Մինչ Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին որդիները իրենց հօրը պատուիրած հրամանը հաստատ պահեցին, բայց այս ժողովուրդը ինծի մտիկ չըրաւ»։
17. Անոր համար զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքը, որ անոնց համար որոշեր էի. վասն զի անոնց խօսեցայ, բայց մտիկ չըրին ու անոնց կանչեցի, բայց պատասխան չտուին»։
18. Երեմիա Ռեքաբեաններուն տանը ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեր հօրը Յովնադաբին պատուէրին մտիկ ըրիք ու անոր բոլոր հրամանները պահեցիք եւ ձեզի պատուիրածին պէս ըրիք,
19. Ուստի Ռեքաբեան Յովնադաբէն միշտ իմ առջեւս կայնող մարդ պակաս պիտի չըլլայ’»։
1. Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին Տէրոջը կողմէ այս խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով.
2. «Քեզի գրքի տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ՛ այն բոլոր խօսքերը, որոնք քեզի հետ խօսելու սկսած օրէս Յովսիային օրերէն մինչեւ այսօր Իսրայէլի վրայով ու Յուդայի վրայով եւ բոլոր ազգերուն վրայով խօսեցայ։
3. Կարելի է, որ Յուդայի տունը լսէ այն բոլոր չարիքը, որ ես մտադրած եմ անոնց ընել, որպէս զի ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ եւ ես անոնց անօրէնութիւնն ու մեղքը ներեմ»։
4. Երեմիա Ներիային որդին Բարուքը կանչեց։ Բարուք Երեմիային բերնէն Տէրոջը անոր ըսած բոլոր խօսքերը այն գրքի տոմսին վրայ գրեց։
5. Երեմիա Բարուքին պատուիրեց ու ըսաւ. « Ես այս տեղ արգելափակուած եմ, չեմ կրնար Տէրոջը տունը երթալ,
6. Ուստի դուն գնա՛ ու ծոմապահութեան օրը Տէրոջը տանը մէջ ժողովուրդին ականջներուն տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը խօսքերը կարդա՛, նաեւ իրենց քաղաքներէն եկող բոլոր Յուդայի ականջներուն կարդա՛,
7. Թերեւս Տէրոջը առջեւ իյնալով աղօթք ընեն՝ ՝ եւ ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ. քանզի մեծ է այն բարկութիւնն ու սրտմտութիւնը, որ Տէրը այս ժողովուրդին համար վճռեց»։
8. Ու Ներիային որդին Բարուքը Երեմիա մարգարէին հրամայածին պէս ըրաւ եւ այն տոմսէն Տէրոջը խօսքերը կարդաց Տէրոջը տանը մէջ։
9. Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին հինգերորդ տարուան իններորդ ամիսը, բոլոր Երուսաղէմի ժողովուրդին ու Յուդայի քաղաքներէն Երուսաղէմ եկող բոլոր ժողովուրդին, Տէրոջը առջեւ ծոմապահութիւն քարոզեցին։
10. Բարուք Սափան դպիրին որդիին Գամարիային սենեակը, Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը, վերի գաւիթին մէջ բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսէն Երեմիային խօսքերը կարդաց։
11. Սափանին որդիին Գամարիային որդին Միքիան, երբ տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը բոլոր խօսքերը լսեց,
12. Թագաւորին տունը դպիրին սենեակը իջաւ։ Բոլոր իշխանները, Եղիսամա դպիրը, Սեմայիային որդին Դաղայիան ու Աքոբորին որդին Եղնաթանը եւ Սափանին որդին Գամարիան ու Անանիային որդին Սեդեկիան եւ բոլոր իշխանները հոն նստեր էին։
13. Միքիան անոնց յայտնեց այն բոլոր խօսքերը, որոնք լսեր էր, երբ Բարուք ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսը կը կարդար։
14. Բոլոր իշխանները Քուսիին որդիին Նաթանիային որդին Յուդինը Բարուքին ղրկեցին՝ ըսելով. «Ժողովուրդին ականջներուն կարդացած տոմսդ ա՛ռ ու հոս եկուր»։ Ուստի Ներիային որդին Բարուքը տոմսը առաւ ու անոնց գնաց։
15. Անոնք ըսին իրեն. «Կ’աղաչենք, նստէ՛ ու մեր առջեւ ալ կարդա՛ զանիկա»։ Բարուք անոնց առջեւ կարդաց։
16. Երբ այն բոլոր խօսքերը լսեցին, վախով իրարու նայեցան ու Բարուքին ըսին. «Անշուշտ այդ բոլոր խօսքերը թագաւորին պիտի պատմենք»։
17. Բարուքին հարցուցին. «Շնորհք ըրէ՛, պատմէ՛ մեզի թէ ի՛նչպէս գրեցիր այդ խօսքերը անոր բերնէն»։
18. Բարուք անոնց ըսաւ. «Այս խօսքերը անիկա ինծի իր բերնովը ըսաւ ու ես զանոնք մելանով այս տոմսին վրայ գրեցի»։
19. Այն ատեն իշխանները Բարուքին ըսին. «Գնա՛, պահուըտեցէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ Երեմիան եւ ուր ըլլալնիդ մարդ թող չգիտնայ»։
20. Անոնք սրահը թագաւորին մտան, բայց տոմսը Եղիսամա դպիրին սենեակին մէջ պահեր էին։ Այս բոլոր խօսքերը թագաւորին ալ պատմեցին։
21. Թագաւորը Յուդին ղրկեց, որ այն տոմսը բերէ։ Ան ալ զանիկա Եղիսամա դպիրին սենեակէն առաւ եւ թագաւորին ու թագաւորին քով կայնող բոլոր իշխաններուն առջեւ կարդաց։
22. Իններորդ ամիսը ըլլալով՝ թագաւորը ձմեռնատանը մէջ նստած էր ու առջեւը վառուած կրակարան մը կար։
23. Երբ Յուդին երեք կամ չորս երես կարդաց, զանիկա զմելիով կտրեց ու կրակարանին կրակին մէջ նետեց, մինչեւ որ բոլոր տոմսը կրակարանին կրակին մէջ սպառեցաւ։
24. Թագաւորն ու անոր բոլոր ծառաները, որոնք այս բոլոր խօսքերը կը լսէին, չվախցան, ո՛չ ալ հանդերձնին պատռեցին.
25. Եւ Եղնաթանը, Դաղայիան ու Գամարիան թագաւորին աղաչեցին, որ տոմսը չայրէ, բայց անոնց մտիկ չըրաւ։
26. Եւ թագաւորը՝ իր որդիին Յերամէլին ու Եզրիէլի որդիին Սարայիային ու Աբդիէլին որդիին Սեղեմիային հրամայեց, որ Բարուք դպիրն ու Երեմիա մարգարէն բռնեն. բայց Տէրը զանոնք պահեց։
27. Թագաւորը այն տոմսը ու Երեմիային բերնէն Բարուքին գրած խօսքերը այրելէն ետքը՝ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով.
28. «Նորէն գնա՛, քեզի ուրիշ տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ առաջուան խօսքերը, որոնք Յուդայի Յովակիմ թագաւորին այրած տոմսին մէջ կային։
29. Եւ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն այդ տոմսը այրեցիր, ըսելով թէ «Ինչո՞ւ համար անոր վրայ գրեցիր թէ Բաբելոնի թագաւորը անպատճառ պիտի գայ ու այս երկիրը պիտի աւերէ եւ անկէ մարդն ու անասունը պիտի վերցնէ»’»։
30. Անոր համար Տէրը Յուդայի Յովակիմ թագաւորին վրայով այսպէս կ’ըսէ. «Անիկա Դաւիթին աթոռին վրայ նստող մարդ պիտի չունենայ եւ անոր մեռելը ցորեկը տաքի մէջ ու գիշերը ցուրտի մէջ պիտի ձգուի։
31. Զինք եւ իր սերունդը ու իր ծառաները պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար եւ անոնց վրայ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ ու Յուդայի մարդոցը վրայ պիտի բերեմ այն չարիքը, որ անոնց յայտնեցի, բայց անոնք մտիկ չըրին»։
32. Երեմիա ուրիշ տոմս մը առաւ ու զանիկա Ներիայի որդիին Բարուք դպիրին տուաւ։ Անիկա ալ անոր վրայ Երեմիային բերնէն՝ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին կրակով այրած գրքին բոլոր խօսքերը գրեց ու անոնց վրայ անոնց պէս ուրիշ շատ խօսքեր աւելցան։
65. Բարութիւն ըրիր քու ծառայիդ, ո՛վ Տէր, Քու խօսքիդ համեմատ։
66. Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցուցիր ինծի, Վասն զի քու պատուիրանքներուդ հաւատացի։
67. Քանի որ վշտացած չէի՝ կը սխալէի, Բայց հիմա քու խօսքդ կը պահեմ։
68. Բարի ես դուն ու բարերար։ Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։
69. Ամբարտաւանները ստութիւն հնարեցին ինծի դէմ, Բայց ես բոլոր սրտովս քու հրամաններդ պիտի պահեմ։
70. Անոնց սիրտը ճարպի պէս պարարտացաւ, Բայց ես քու օրէնքովդ ուրախացայ։
71. Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ, Որպէս զի քու կանոններդ սորվիմ։
72. Ինծի հազարաւոր ոսկիէ ու արծաթէ Աւելի աղէկ է քու բերնիդ օրէնքը։
22. Յիմարը ցորենի հետ անկանի մէջ հաւանով ծեծես ալ, Անոր յիմարութիւնը անկէ չ’երթար։
1. Հոգին յայտնի կ’ըսէ թէ՝ վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն,
2. Ստախօսներուն կեղծաւորութիւնովը, որոնց խղճմտանքը խանձուած է.
3. Որոնք ամուսնանալէ պիտի արգիլեն ու ետ պիտի պահեն այն կերակուրներէն՝ որոնք Աստուած ստեղծեր է որպէս զի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը ճանչցողները գոհութեամբ վայելեն։
4. Վանս զի Աստուծոյ ամէն ստեղծածը բարի է ու մերժելու բան մը չկայ, եթէ գոհութեամբ ընդունուի.
5. Քանզի Աստուծոյ խօսքովը ու աղօթքով կը սրբուի։
6. Այս բաները եղբայրներուն յիշեցնելով՝ Յիսուս Քրիստոսին բարի պաշտօնեայ մը պիտի ըլլաս ու պիտի սնանիս հաւատքին խօսքերովը եւ այն բարի վարդապետութիւնովը՝ որուն հետեւեցար։
7. Բայց պիղծ ու պառաւական առասպելներէն ե՛տ կեցիր եւ քու անձդ աստուածպաշտութեան վարժեցուր.
8. Վասն զի մարմնին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է, բայց աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի։
9. Այս խօսքը հաւատարիմ է եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի։
10. Վասն զի բո՛ւն ասոր համար կ’աշխատինք ու նախատինք կը կրենք, քանզի կենդանի Աստուծոյ յուսացեր ենք, որ բոլոր մարդոց Փրկիչն է, մանաւանդ հաւատացեալներուն։
11. Այս բաները պատուիրէ՛ ու սորվեցո՛ւր։
12. Չըլլայ որ մէկը քու երիտասարդութիւնդ անարգէ, հապա դուն օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքրութեամբ։
13. Մինչեւ ես գամ միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։
14. Անհոգ մի՛ ըլլար քու վրադ եղած պարգեւին վրայով, որ մարգարէութեամբ քեզի տրուեցաւ՝ երէցներուն ձեռքերը քու վրադ դրուելովը։
15. Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ։
16. Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981