1. Յովսիային որդին Սեդեկիա թագաւորը Յովակիմին որդիին Յեքոնիային տեղ թագաւորեց, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Յուդայի վրայ թագաւոր դրաւ.
2. Բայց անիկա ու իր ծառաները ու երկրին ժողովուրդը Տէրոջը Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսած խօսքերուն մտիկ չըրին։
3. Սեդեկիա թագաւորը Սեղեմիային որդին Յուքաղը ու Մաասիային որդին Սոփոնիա քահանան Երեմիա մարգարէին ղրկեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ՛»։
4. Այն ժամանակ Երեմիան ժողովուրդին մէջ կը մտնէր կ’ելլէր ու զանիկա տակաւին բանտը դրած չէին։
5. Եգիպտոսէն Փարաւոնին զօրքը եկաւ ու Երուսաղէմը պաշարող Քաղդէացիները երբ այդ լուրը լսեցին, Երուսաղէմէն քաշուեցան։
7. Ինծի հարցնելու համար ձեզ ինծի ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. ‘Ահա ձեզի օգնութեան համար եկող Փարաւոնին զօրքը իր երկիրը՝ Եգիպտոս պիտի դառնայ
8. Ու Քաղդէացիները պիտի դառնան եւ այս քաղաքին դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն եւ կրակով այրեն’։
9. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ խաբէք ձեր անձերը՝ ըսելով թէ «Քաղդէացիները անշուշտ մեզմէ պիտի երթան», վասն զի պիտի չերթան.
10. Քանզի թէեւ ձեզի հետ պատերազմ ընող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքը զարնէք եւ անոնցմէ միայն մէկ քանի վիրաւորուած մարդիկ մնան, նորէն անոնց ամէն մէկը իր վրանէն ելլելով՝ այս քաղաքը կրակով պիտի այրեն’»։
11. Ու երբ Քաղդէացիներու զօրքը Փարաւոնին զօրքին պատճառով Երուսաղէմին վրայէն քաշուեցան,
12. Երեմիա Երուսաղէմէն ելաւ, որ Բենիամինին երկիրը երթայ ու անկէ ժողովուրդին մէջ իր բաժինը առնէ։
13. Երբ անիկա Բենիամինին դուռն էր, հոն Անանիային որդիին Սեղեմիային որդին, Յերիա անունով ոստիկան մը կար։ Անիկա Երեմիա մարգարէն բռնեց ու ըսաւ. «Դուն Քաղդէացիներուն կողմը կ’անցնիս»։
14. Ու Երեմիա ըսաւ. ‘Սուտ է, ես Քաղդէացիներու կողմը չեմ անցնիր’։ Բայց ոստիկանը անոր մտիկ չըրաւ ու բռնեց Երեմիան ու զանիկա իշխաններուն տարաւ։
15. Իշխանները Երեմիային սրդողեցան ու զանիկա ծեծեցին եւ բանտարկեցին Յովնաթան դպիրին տանը մէջ. վասն զի այն տունը բանտ ըրեր էին։
16. Երեմիան բանտը ու խուցերուն մէջ մտաւ ու հոն երկար ատեն նստաւ։
17. Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց, զանիկա առաւ։ Թագաւորը իր տանը մէջ գաղտուկ անոր հարցուց ու ըսաւ. «Արդեօք Տէրոջմէ խօսք մը կա՞յ»։ Երեմիա ըսաւ. «Կայ». նաեւ ըսաւ. «Դուն Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուիս»։
18. Երեմիա ըսաւ Սեդեկիա թագաւորին. «Քեզի կամ ծառաներուդ կամ այս ժողովուրդին դէմ ի՞նչ մեղք գործեցի, որ զիս բանտը դրիք։
19. Ո՞ւր են ձեր մարգարէները, որոնք ձեզի մարգարէութիւն ըրին ու ըսին. ‘Բաբելոնի թագաւորը ձեր վրայ ու այս երկրին վրայ պիտի չգայ’։
20. Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, մտի՛կ ըրէ, թող իմ աղաչանքս քու առջեւդ ընդունելի ըլլայ ու զիս նորէն Յովնաթան դպիրին տունը մի՛ ղրկեր, որ հոն չմեռնիմ»։
21. Սեդեկիա թագաւորը հրամայեց ու Երեմիան բանտին գաւիթը դրին ու ամէն օր հացագործներուն փողոցէն մէկմէկ նկանակ հաց կու տային անոր, մինչեւ որ քաղաքին հացը բոլորովին հատաւ։ Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ կը նստէր։
1. Մատթանին որդին Սափատիան ու Փասուրին որդին Գոդողիան եւ Սեղեմիային որդին Յուքազն ու Մեղքիային որդին Փասուրը Երեմիային բոլոր ժողովուրդին հետ խօսած խօսքերը լսեցին, որ ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
2. «Այս քաղաքին մէջ կեցողը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ Քաղդէացիներուն հետ ելլողը ողջ պիտի մնայ եւ անոր կեանքը իրեն աւարի մը պէս պիտի ըլլայ ու պիտի ապրի»։
3. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս քաղաքը անպատճառ Բաբելոնի թագաւորին զօրքին ձեռքը պիտի տրուի, որը զանիկա պիտի առնէ»։
4. Իշխանները թագաւորին ըսին. «Կ’աղաչենք, թող այս մարդը մեռցուի, վասն զի այս քաղաքին մէջ մնացած պատերազմիկներուն ձեռքերն ու բոլոր ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէ՝ անոնց այսպիսի խօսքեր ըսելով. վասն զի այս մարդը այս ժողովուրդին խաղաղութիւնը չի փնտռեր, հապա անոր չարիքը»։
5. Սեդեկիա թագաւորը ըսաւ. «Ահա անիկա ձեր ձեռքն է, որովհետեւ թագաւորը ձեզի հակառակ բան մը չի կրնար ընել»։
6. Երեմիան առին եւ զանիկա թագաւորին որդիին Մեղքիային գուբը նետեցին, որ բանտին գաւիթին մէջ էր։ Երեմիան չուաններով իջեցուցին։ Այն գուբին մէջ ջուր չկար, հապա միայն տիղմ, որով Երեմիա տիղմին մէջ կ’ընկղմէր։
7. Թագաւորին տունը եղող Եթովպիացի ներքինին Աբդեմելէք լսեց, որ Երեմիան գուբը ձգեցին։ Երբ թագաւորը Բենիամինին դուռը կը նստէր,
8. Աբդեմելէք թագաւորին տունէն ելաւ ու թագաւորին խօսեցաւ ու ըսաւ.
9. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, այս մարդիկը սխալ ըրին Երեմիա մարգարէն գուբը նետելով. քանզի քաղաքին մէջ ա՛լ հաց չգտնուելուն համար՝ անիկա հոն անօթութենէն պիտի մեռնի՝ ՝»։
10. Թագաւորը Եթովպիացի Աբդեմելէքին հրամայեց ու ըսաւ. «Ասկէ քեզի հետ երեսուն մարդ ա՛ռ ու Երեմիա մարգարէն գուբէն հանէ, քանի որ մեռած չէ»։
11. Աբդեմելէքը իրեն հետ մարդիկ առաւ ու թագաւորին տունը՝ շտեմարանին տակ գնաց եւ անկէ պատռած լաթեր ու հին լաթեր առաւ եւ զանոնք չուաններով գուբը Երեմիային իջեցուց։
12. Եթովպիացի Աբդեմելէք Երեմիային ըսաւ. «Այս պատռած ու հին լաթերը թեւերուդ տակ չուաններուն տակը դիր»։ Երեմիան այնպէս ըրաւ։
13. Ու Երեմիան չուաններով քաշեցին եւ զանիկա գուբէն դուրս հանեցին ու Երեմիա բանտին գաւիթին մէջ նստաւ։
14. Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց ու Երեմիա մարգարէն իր քով առաւ Տէրոջը տանը երրորդ մուտքը եւ Երեմիային ըսաւ. «Քեզի բան մը պիտի հարցնեմ, ինծմէ բան մի՛ պահեր»։
15. Երեմիան ըսաւ Սեդեկիային. «Եթէ քեզի պատմեմ, զիս անշուշտ պիտի մեռցնես եւ եթէ քեզի խրատ տամ, ինծի մտիկ պիտի չընես»։
16. Բայց Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային գաղտուկ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Մեզ ստեղծող Տէրը կենդանի է, որ քեզ պիտի չմեռցնեմ եւ քեզ պիտի չմատնեմ այս մարդոց ձեռքը, որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն»։
17. Այն ատեն Երեմիան Սեդեկիային ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն յանձնուիս, քու հոգիդ ողջ պիտի մնայ եւ քաղաքը կրակով պիտի չայրի եւ դուն ու քու տունդ ողջ պիտի մնաք.
18. Բայց եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն չյանձնուիս, այն ատեն այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի տրուի, որոնք զանիկա կրակով պիտի այրեն եւ դուն անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս’»։
19. Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային ըսաւ. «Քաղդէացիներուն կողմը անցած Հրեաներէն կը վախնամ. չըլլայ որ զիս անոնց ձեռքը տան ու ինծի հետ անարգանքով վարուին»։
21. Բայց եթէ ելլել չուզես, Տէրոջը ինծի ցուցուցած տեսիլքն այս է.
22. ‘Ահա Յուդայի թագաւորին տունը մնացած բոլոր կիները Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն պիտի տարուին ու այն կիները պիտի ըսեն. «Քու բարեկամներդ քեզ հրապուրեցին ու քեզի յաղթեցին ու ոտքերդ տիղմի մէջ ընկղմելուն պէս՝ անոնք ետ քաշուեցան»։
23. Քու բոլոր կիներդ ու տղաքներդ Քաղդէացիներուն պիտի հանեն. դուն ալ անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս, հապա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքով պիտի բռնուիս եւ դուն պատճառ պիտի ըլլաս, որ այս քաղաքը կրակով այրի’»։
24. Ու Սեդեկիան ըսաւ Երեմիային. «Այս խօսքերը մարդ թող չիմանայ ու դուն պիտի չմեռնիս։
25. Եւ եթէ իշխանները քեզի հետ խօսիլս լսեն ու քեզի գան ու քեզի ըսեն՝ ‘Թագաւորին հետ ի՞նչ խօսեցար, մեզի պատմէ. մեզմէ մի՛ պահեր, որ քեզ չմեռցնենք։ Թագաւորը քեզի հետ ի՞նչ խօսեցաւ’.
26. Այն ատեն անոնց ըսէ. «Ես թագաւորին առջեւ աղաչանք ըրի, որ զիս Յովնաթանին տունը չղրկէ, որ հոն մեռնիմ’»։
27. Բոլոր իշխանները Երեմիային եկան ու անոր հարցուցին եւ անոնց պատմեց այն խօսքերուն համաձայն, որոնք թագաւորը պատուիրեր էր։ Անոնք խօսելէն դադարեցան. վասն զի բանը չյայտնուեցաւ։
28. Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ մնաց, մինչեւ Երուսաղէմի առնուած օրը։ Երբ Երուսաղէմ առնուեցաւ, անիկա հոն էր։
3. Որբեւարիները պատուէ՝ անոնք որ ճշմարտապէս որբեւարի են։
4. Իսկ եթէ որբեւարի մը զաւակներ կամ թոռներ ունի, թող անոնք առաջ սորվին իրենց տանը մէջ որդիական գութ ցուցնել ու փոխարէն հատուցանել իրենց ծնողներուն. վասն զի ա՛յն է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ։
5. Ան որ ճշմարտապէս որբեւարի է ու մինակ մնացած եւ իր յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած է, թող գիշեր ցորեկ աղօթքով ու աղաչանքով պարապի։
6. Բայց փափկասէր որբեւարին թէեւ կենդանի՝ բայց մեռած է։
7. Որբեւարիներուն պատուիրէ որպէս զի անարատ ըլլան։
8. Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է։
9. Որբեւարին որբեւարիներու կարգը թող սեպուի, եթէ վաթսուն տարեկանէն պակաս չէ, մէկ էրկան կին եղած,