Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 27Երեմիա 39:1-181. Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմ եկաւ ու զանիկա պաշարեց։2. Սեդեկիային տասնըմէկերորդ տարուան չորրորդ ամիսը, ամսուան իննին քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ։3. Եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր իշխանները, այսինքն Ներգեղսարասարը, Սամերգանաբաւ, Սարսեքիմ ներքինապետը, Ներգեղսարասար մոգպետը ու Բաբելոնի թագաւորին բոլոր մնացած իշխանները եկան միջին դուռը նստան։4. Երբ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու բոլոր պատերազմիկները զանոնք տեսան, փախան ու քաղաքէն գիշերով թագաւորին պարտէզին ճամբովը երկու պարսպին մէջի դռնէն դուրս ելան։5. Քաղդէացիներուն զօրքը անոնց ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան եւ զանիկա բռնեցին ու Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղա՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առջեւ հանեցին, որ անոր դատը տեսաւ։6. Բաբելոնի թագաւորը Ռեբղայի մէջ Սեդեկիային տղաքը անոր աչքերուն առջեւ ու Յուդայի բոլոր ազնուականները մորթեց։7. Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց, որպէս զի Բաբելոն տանի։8. Քաղդէացիները կրակով այրեցին թագաւորին ու ժողովուրդին տուները ու Երուսաղէմի պարիսպները փլցուցին։9. Նաբուզարդան դահճապետը քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդը ու իր կողմը անցած փախստականները եւ ուրիշ մնացորդներ Բաբելոն գերի տարաւ։10. Նաբուզարդան դահճապետը Յուդայի երկրին մէջ թողուց ժողովուրդին աղքատները, որոնք բան մը չունէին եւ նոյն օրը անոնց այգիներ ու արտեր տուաւ։11. Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երեմիային համար Նաբուզարդան դահճապետին պատուիրեց ու ըսաւ.12. «Զանիկա ա՛ռ եւ աչքդ անոր վրայ ըլլայ ու անոր ամենեւին չարիք մի՛ հասցներ եւ ինչ որ քեզի ըսէ՝ այնպէս ըրէ՛»։13. Նաբուզարդան դահճապետը ու Նաբուսազաբան ներքինապետը ու Ներգեղսարասար մոգպետը եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր նախարարները մարդ ղրկեցին14. Ու Երեմիան բանտին գաւիթէն առին ու զանիկա Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային տուին, որպէս զի զանիկա տունը տանի։ Անիկա ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։15. Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային, երբ անիկա բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր, ըսելով.16. «Գնա՛ Եթովպիացի Աբդեմելէքին խօսէ՛ ու ըսէ՛. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքին վրայով ըսած խօսքերս պիտի գործադրեմ՝ չարիքի եւ ոչ թէ բարիքի համար ու այն օրը քու աչքերուդ առջեւ պիտի կատարուին։17. Եւ այն օրը քեզ պիտի ազատեմ ու այն մարդոց ձեռքը պիտի չտրուիս, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս։18. Վասն զի քեզ անշուշտ պիտի ազատեմ ու սուրով պիտի չիյնաս եւ քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի ինծի ապաւինեցար’», կ’ըսէ Տէրը։Երեմիա 40:1-161. Այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիային ըսաւ, Նաբուզարդան դահճապետին զանիկա Ռամայէն արձակելէն ետքը (երբ Բաբելոն տարուող Երուսաղէմի ու Յուդայի բոլոր գերիներուն մէջ զանիկա ալ շղթաներով կապած առեր էր)։2. Դահճապետը Երեմիան առնելով՝ անոր ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ այս տեղին վրայ այս չարիքին մասին խօսած էր։3. Տէրը իր ըսածին պէս ըրաւ, քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ անոր ձայնին մտիկ չըրիք. ատոր համար այս բանը ձեզի եղաւ։4. Այսօր քու ձեռքերուդ շղթաները քակեցի. եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ առջեւ աղէկ է՝ եկո՛ւր ու իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ. բայց եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ գէշ կ’երեւնայ՝ մի՛ գար։ Ահա բոլոր երկիրը քու առջեւդ է, ուր որ քեզի աղէկ ու հաճոյ կ’երեւնայ՝ հո՛ն գնա։5. Ուստի կա՛մ Բաբելոնի թագաւորին Յուդայի քաղաքներուն վրայ դրած Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան դեռ ետ չդարձած՝ անոր գնա՛ ու անոր հետ ժողովուրդին մէջ բնակէ՛ եւ կա՛մ ուր որ քեզի աղէկ կ’երեւնայ՝ հո՛ն գնա»։ Դահճապետը անոր պաշար ու պարգեւ տուաւ եւ զանիկա արձակեց։6. Երեմիան Մասփա գնաց Աքիկամին որդիին Գոդողիային եւ անոր հետ երկրին մէջ մնացած ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։7. Երբ դաշտը եղող բոլոր զօրավարները, իրենք ու իրենց մարդիկը լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Աքիկամին որդին Գոդողիան երկրին վրայ վերակացու դրաւ եւ Բաբելոն չքշուած մարդիկն ու կիները եւ տղաքներն ու երկրին աղքատները անոր յանձնեց,8. Մասփա եկան Գոդողիային, այսինքն Նաթանիային որդին Իսմայէլը ու Կարէին որդիները, Յօհանան ու Յովնաթան եւ Թանհումէթին որդին Սարայիան ու Նետոփաթացի Եփային որդիները ու Մաքաթիին որդին Յեզոնիան՝ թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց մարդիկը։9. Եւ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան անոնց ու անոնց մարդոցը երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Քաղդէացիներու ծառայութիւն ընելէն մի՛ վախնաք. այս երկրին մէջ բնակեցէ՛ք եւ Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն ըրէ՛ք ու ձեզի աղէկ պիտի ըլլայ։10. Ես ահա Մասփայի մէջ կը բնակիմ, որպէս զի մեզի եկող Քաղդէացիներուն առջեւ կենամ ու դուք գինի եւ ամառնային պտուղ ու իւղ հաւաքեցէք ու ձեր ամաններուն մէջ դրէք եւ ձեռքերնուդ տակ եղած քաղաքներուն մէջ բնակեցէ՛ք»։11. Մովաբի, Ամմոնին որդիներուն, Եդովմի եւ այլ երկիրներու մէջ եղող բոլոր Հրեաներն ալ՝ երբ լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Հրէաստանի մէջ մնացորդ թողուցեր է ու անոնց վրայ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան դրեր է,12. Բոլորն ալ իրենց ցրուած տեղերէն դարձան ու Յուդայի երկիրը Մասփա՝ Գոդողիային եկան եւ խիստ շատ գինի ու ամառնային պտուղներ հաւաքեցին։13. Կարէին որդին Յօհանան ու դաշտը եղող բոլոր զօրավարները Մասփա եկան Գոդողիային14. Ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս թէ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Բաալիս՝ Նաթանիային որդին Իսմայէլը ղրկեց քեզ մեռցնելու համար»։ Բայց Աքիկամին որդին Գոդողիան անոնց չհաւատաց։15. Կարէին որդին Յօհանան Մասփայի մէջ Գոդողիային հետ գաղտուկ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Հիմա երթամ ու Նաթանիային որդին Իսմայէլը զարնեմ։ Թող մարդ չիմանայ։ Ինչո՞ւ անիկա քեզ մեռցնէ ու քովդ հաւաքուած բոլոր Հրեաները ցրուին եւ Յուդայի մնացորդը կորսուի»։16. Աքիկամի որդին Գոդողիան Կարէի որդիին Յօհանանին ըսաւ. «Այդ բանը մի՛ ըներ, վասն զի դուն Իսմայէլին մասին սուտ կը խօսիս»։Սաղմոսներ 119:81-8881. Իմ անձս քու փրկութեանդ կը կարօտի Ու ես քու խօսքիդ կը յուսամ։82. Իմ աչքերս քու խօսքիդ համար կը նուաղին, Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մխիթարես զիս»։83. Վասն զի ես ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս եղայ, Բայց քու կանոններդ չմոռցայ։84. Ո՞րչափ են քու ծառայիդ օրերը, Զիս հալածողներուն ե՞րբ դատաստան պիտի ընես։85. Ամբարտաւանները փոսեր փորեցին ինծի համար, Որոնք քու օրէնքիդ համաձայն չեն։86. Քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարիտ են։ Զուր տեղ զիս կը հալածեն, օգնէ՛ ինծի։87. Քիչ մնաց որ զիս կորսնցնէին երկրի մէջ, Բայց ես քու հրամաններդ չթողուցի։88. Քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացուր զիս Եւ քու բերնիդ վկայութիւնը պիտի պահեմ։Առակներ 28:1-11. Ամբարիշտը առանց մէկէն հալածուելու կը փախչի, Բայց արդարները առոյգ առիւծի պէս քաջասիրտ կ’ըլլան։1 Տիմոթ 6:1-211. Անոնք որ ծառայութեան լուծի տակ են, իրենց տէրերը ամէն պատիւի արժանի թող սեպեն, որպէս զի Աստուծոյ անուան ու վարդապետութեան չհայհոյեն։2. Անոնք որ հաւատացեալ տէրեր ունին, թող չարհամարհեն՝ եղբայրներ ըլլալնուն պատճառով, հապա աւելի լաւ ծառայութիւն ընեն, վասն զի անոնք հաւատացեալ են ու սիրելի, որոնք բարերարութիւն ընելու մէջ մասնակից են։ Այս բաները սորվեցո՛ւր ու յորդորէ՛։3. Եթէ մէկը ուրիշ կերպ բան սորվեցնէ ու մտիկ չընէ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ողջամիտ խօսքերուն եւ այն վարդապետութեանը, որ աստուածպաշտութեան համաձայն է,4. Այնպիսին հպարտացած է ու բան մը չի գիտեր, հապա վէճերով ու հակառակութիւններով ախտացած է. որոնցմէ կը յառաջանան նախանձ, կռիւ, հայհոյութիւններ, գէշ կասկածներ,5. Մտքով ապականած ու ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց զրաբանութիւններ, որոնք աստուածպաշտութիւնը շահավաճառութիւն մը կը սեպեն. այնպիսիներէն մէկդի՛ կեցիր։6. Սակայն աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է։7. Վասն զի բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։8. Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք։9. Բայց անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։10. Վանս զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին։11. Բայց դո՛ւն, ո՛վ մարդ Աստուծոյ, փախի՛ր այս բաներէն ու գնա՛ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն։12. Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը՝ որուն կանչուեցար եւ շատ վկաներու առջեւ դաւանեցար բարի դաւանութիւնը։13. Կը պատուիրեմ քեզի Աստուծոյ առջեւ, որ կենդանի կ’ընէ բոլորը եւ Քրիստոս Յիսուսին առջեւ, որ Պոնտացի Պիղատոսին առջեւ վկայեց բարի դաւանութիւնը,14. Որ դուն այն պատուէրը անբիծ, անարատ պահես՝ մինչեւ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը.15. Որը իր ատենին պիտի ցուցնէ Երանելին ու միմիայն Հզօրը, թագաւորներուն Թագաւորը ու տէրերուն Տէրը։16. Որ միայն ունի անմահութիւն՝ անմերձենալի լոյսի մէջ բնակած, որ մարդոցմէ մէ՛կը չտեսաւ, ո՛չ ալ տեսնելու կարող է, որուն պատիւ եւ զօրութիւն յաւիտեանս։ Ամէն։17. Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու,18. Բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլան։19. Հանդերձեալին համար կարենան անձին բարի հիմ դնել, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն։20. Ո՜վ Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ։21. Մէկ քանիները զանոնք դաւանելով՝ հաւատքէն մոլորեցան։ Շնորհքը քեզի հետ ըլլայ։ Ամէն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981