Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 28Երեմիա 41:1-181. Եօթներորդ ամսուան մէջ թագաւորական սերունդէն եղող Եղիսամային որդիին Նաթանիային որդին Իսմայէլը թագաւորին նախարարներովը ու իրեն հետ տասը մարդ Մասփա եկաւ Աքիկամին որդիին Գոդողիային ու հոն մէկտեղ հաց կերան Մասփայի մէջ։2. Նաթանիային որդին Իսմայէլն ու իրեն հետ եղող տասը մարդը ելան եւ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան սուրով զարկին ու մեռցուցին զանիկա, որ Բաբելոնի թագաւորը երկրին վրայ վերակացու դրեր էր։3. Իսմայէլը Գոդողիային հետ Մասփայի մէջ եղող բոլոր Հրեաները եւ հոն գտնուած Քաղդէացի պատերազմիկները կոտորեց։4. Գոդողիային սպաննուելուն հետեւեալ օրը՝ դեռ մարդ չիմացած՝ Սիւքէմէն, Սելովէն,5. Սամարիայէն մօրուքնին ածիլած եւ հանդերձնին պատռած ու իրենց մարմնին վրայ կտրածներ ըրած ութսուն մարդ եկան։ Իրենց ձեռքը ընծաներ ու կնդրուկ ունէին՝ Տէրոջը տանը համար։6. Նաթանիային որդին Իսմայէլը Մասփայէն ելաւ զանոնք դիմաւորելու։ Անիկա գացած ատենը լալով կ’երթար։ Երբ անոնց հասաւ՝ անոնց ըսաւ. «Աքիկամին որդիին Գոդողիային եկէ՛ք»։7. Ու երբ անոնք քաղաքին մէջտեղը եկան, Նաթանիային որդին Իսմայէլը՝ իրենց հետ եղող մարդոցմով զանոնք մեռցուց ու փոսի մը մէջ նետեց ։8. Անոնց մէջ տասը մարդ գտնուեցան, որոնք Իսմայէլին ըսին. «Մեզ մի՛ մեռցներ, վասն զի մենք դաշտը ցորենի, գարիի, իւղի ու մեղրի ծածուկ շտեմարաններ ունինք»։ Ուստի Իսմայէլ զանոնք իրեն եղբայրներուն հետ չմեռցուց։9. Այն փոսը, որուն մէջ Իսմայէլ Գոդողիային պատճառով բոլոր մեռցուած մարդոց դիակները նետեց, այն փոսն էր, որ Ասա թագաւորը շիներ էր՝ Իսրայէլի Բաասա թագաւորին երեսէն վախնալուն համար. Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանիկա մեռելներով լեցուց։10. Իսմայէլ Մասփայի մէջ եղող ժողովուրդին բոլոր մնացորդը գերի բռնեց, թագաւորին աղջիկները ու Մասփայի մէջ մնացած բոլոր ժողովուրդը, որոնց վրայ Նաբուզարդան դահճապետը Աքիկամին որդին Գոդողիան վերակացու դրեր էր։ Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանոնք գերի առնելով՝ գնաց Ամմոնին որդիներուն քով։11. Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող բոլոր զօրավարները, երբ Նաթանիային որդիին Իսմայէլին ըրած չարութիւնը լսեցին,12. Իրենց բոլոր մարդիկը առին ու Նաթանիային որդիին Իսմայէլին դէմ պատերազմելու գացին եւ զանիկա Գաբաւոնին ջուրերուն քով գտան։13. Իսրայէլին հետ եղող բոլոր ժողովուրդը, երբ Կարէին որդին Յօհանանն ու անոր հետ եղող զօրավարները տեսան, ուրախացան։14. Իսմայէլին Մասփայէն գերի քշած բոլոր ժողովուրդը երեսնին դարձուցին ու Կարէին որդիին Յօհանանին գացին։15. Բայց Նաթանիային որդին Իսմայէլը ութ մարդով Յօհանանին երեսէն փախաւ ու Ամմոնին որդիներուն քով գնաց։16. Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող զօրավարները Նաթանիային որդիէն Իսմայէլէն ետ բերած ժողովուրդին բոլոր մնացորդը Մասփայէն առին՝ Աքիկամին որդիին Գոդողիային մեռցուելէն ետքը, այսինքն Գաբաւոնէն ետ բերած պատերազմող կտրիճներն ու կիները եւ տղաքներն ու ներքինիները17. Ու գացին Բեթլէհէմի քով եղող Քամաամի պանդոկին մէջ նստան, որպէս զի երթան Եգիպտոս մտնեն Քաղդէացիներուն երեսէն,18. Վասն զի վախցան. քանզի Նաթանիային որդին Իսմայէլը Բաբելոնի թագաւորին՝ երկրին վրայ դրած Աքիկամին որդին Գոդողիան մեռցուցեր էր։Երեմիա 42:1-221. Բոլոր զօրավարները ու Կարէին որդին Յօհանան եւ Ովսիային որդին Յեզոնիան ու բոլոր ժողովուրդը, պզտիկէն մինչեւ մեծը, մօտեցան։2. Երեմիա մարգարէին ըսաւ. «Մեր խնդրանքները քու առջեւդ ընդունելի ըլլան ու մեզի համար, այսինքն այս բոլոր մնացորդներուն համար, քու Տէր Աստուծոյդ աղօթք ըրէ՛. վասն զի շատ քիչ մնացինք, ինչպէս աչքերդ մեզ կը տեսնեն3. Եւ քու Տէր Աստուածդ մեր երթալու ճամբան ու մեր ընելիքը մեզի թող իմացնէ»։4. Երեմիա մարգարէն անոնց ըսաւ. «Լսեցի. ահա ձեր Տէր Աստուծոյն աղօթք կ’ընեմ ձեր խօսքերուն համաձայն եւ Տէրը ձեզի համար ինչ պատասխան որ տալու ըլլայ, ձեզի պիտի իմացնեմ. ձեզմէ բան մը պիտի չպահեմ»։5. Անոնք Երեմիային ըսին. «Տէրը մեր մէջ ճշմարիտ ու հաւատարիմ վկայ ըլլայ, եթէ չընենք այն բոլոր բաները, որոնց համար Տէր Աստուած քեզի պիտի յայտնէ,6. Թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։ Մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին պիտի հնազանդինք, որուն քեզ կը ղրկենք, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին հնազանդելով՝ մեզի աղէկ ըլլայ»։7. Տասը օր ետքը Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային։8. Ան Կարէին որդին Յօհանան եւ անոր հետ եղող բոլոր զօրավարներն ու պզտիկէն մինչեւ մեծը, բոլոր ժողովուրդը, կանչեց9. Ու անոնց ըսաւ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն դուք զիս ղրկեցիք ձեր աղաչանքը մատուցանելու համար, այսպէս կ’ըսէ.10. ‘Եթէ շարունակէք այս երկրին մէջ բնակիլ, ես ալ ձեզ պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ եւ ձեզ պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ. վասն զի ձեզի ըրած չարիքիս վրայով զղջացի։11. Մի՛ վախնաք Բաբելոնի թագաւորին երեսէն, որմէ կը վախնաք։ Անկէ մի՛ վախնաք, վասն զի ձեզ անոր ձեռքէն ազատելու համար ու ձեզ ապրեցնելու համար ես ձեզի հետ եմ12. Ու ձեզի ողորմութիւններ գտնել պիտի տամ եւ անիկա ձեզի պիտի ողորմի, ձեզ ձեր երկիրը պիտի դարձնէ’։13. Բայց եթէ ըսէք՝ ‘Այս երկրին մէջ չենք բնակիր’ ու ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չընելով՝14. Ըսէք. ‘Ո՛չ, հապա Եգիպտոսի երկիրը երթանք, ուր պատերազմ պիտի չտեսնենք ու փողի ձայն պիտի չլսենք եւ հացի համար անօթի պիտի չմնանք ու հոն պիտի բնակինք’,15. Այն ատեն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք։ Ո՛վ Յուդայի մնացորդ, զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ դուք ձեր երեսները շտկէք դէպի Եգիպտոս ու հոն պանդխտանալու երթաք,16. Այն ատեն այն սուրը, որմէ կը վախնաք, հոն Եգիպտացիներու երկրին մէջ ձեր վրայ պիտի գայ եւ այն սովը, որմէ դուք կը զարհուրիք, հոն Եգիպտացիներու երկրին մէջ ձեզ պիտի պաշարէ ու հոն պիտի մեռնիք։17. Այն մարդիկը, որոնք իրենց երեսները կը շտկեն դէպի Եգիպտոս, հոն պանդխտանալու համար, սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնին ու իմ անոնց վրայ բերելիք չարիքիս երեսէն անոնցմէ մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ’։18. Վասն զի զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ թափուեցաւ, այնպէս ձեր վրայ պիտի թափուի իմ սրտմտութիւնս, երբ Եգիպտոս մտնէք եւ անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլաք ու ա՛լ այս տեղը պիտի չտեսնէք»։19. Ո՛վ Յուդայի մնացորդներ, Տէրը ձեզի համար ‘Եգիպտոս մի՛ մտնէք’ ըսաւ. ուստի աղէկ գիտցէք, որ այսօր ձեզի վկայութիւն կ’ընեմ։20. Վասն զի դուք ձեր հոգիին դէմ նենգութիւն ըրիք, երբ զիս ձեր Տէր Աստուծոյն ղրկեցիք՝ ըսելով. «Մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ՛ ու մեր Տէր Աստուծոյն ըսած ամէն խօսք մեզի պատմէ ու պիտի ընենք»։21. Ես այսօր ձեզի պատմեցի ու դուք մտիկ չըրիք ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին ու այն ամէն խօսքերուն, որոնց համար զիս ձեզի ղրկեց։22. Հիմա աղէկ գիտցէք, որ դուք սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնիք այն տեղը՝ ուր կ’ուզէք երթալ հոն պանդխտանալու համար։Սաղմոսներ 119:89-9689. Ո՛վ Տէր, քու խօսքդ Յաւիտեան հաստատ է երկնքի մէջ։90. Քու հաւատարմութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ կը մնայ։ Դուն հաստատեցիր երկիրը ու կը կենայ։91. Քու հրամաններուդ պէս կը կենան մինչեւ այսօր. Վասն զի բոլորը քու ծառաներդ են։92. Եթէ քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս չըլլար, Այն ատեն կորսուած պիտի ըլլայի իմ տրտմութեանս մէջ։93. Յաւիտեան պիտի չմոռնամ քու հրամաններդ, Քանզի անոնցմով կենդանացուցիր զիս։94. Ես քուկդ եմ, փրկէ՛ զիս. Վասն զի քու հրամաններդ փնտռեցի։95. Ամբարիշտները ինծի սպասեցին որպէս զի զիս կորսնցնեն, Բայց ես քու վկայութիւններդ միտքս պիտի բերեմ։96. Ամէն կատարելութեան վերջը տեսայ։ Քու պատուիրանքդ շատ ընդարձակ է։Առակներ 28:2-22. Երկրին յանցանքովը անոր իշխանները շատ կ’ըլլան, Բայց անոր վիճակը իմաստուն ու գիտուն մարդուն ձեռքով շատ ատեն կը դիմանայ։2 Տիմոթ 1:1-181. Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ Աստուծոյ կամքովը կենաց խոստումին պէս՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է,2. Տիմոթէոսին՝ իմ սիրելի որդիիս՝ շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն։3. Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ իմ նախնիքներուս նման մաքուր խղճմտանքով, (միշտ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ գիշեր ու ցորեկ.4. Ցանկալով քեզ տեսնել ու միտք բերելով քու արցունքներդ, որպէս զի ուրախութիւնով լեցուիմ,)5. Կը յիշեմ քու ունեցած անկեղծ հաւատքդ, որ առաջ մեծ մայրդ Լաւոդիա եւ քու մայրդ Եւնիկէ ունէին եւ համոզուած եմ որ դուն դեռ ունիս։6. Անոր համար քու միտքդ կը ձգեմ որ արծարծես Աստուծոյ պարգեւը, որ քեզի տրուեցաւ երբ իմ ձեռքերս քու վրադ դրի։7. Վասն զի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։8. Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, ո՛չ ալ զիս ասոր համար կապուածս. հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն, Աստուծոյ զօրութեանը համեմատ.9. Որ մեզ փրկեց ու սուրբ կոչումով կանչեց, ո՛չ թէ մեր գործերուն նայելով, հապա իր նախասահմանութեանը եւ շնորհքին նայելով, որ Քրիստոս Յիսուսով մեզի տրուեցաւ յաւիտենական ժամանակներէն առաջ.10. Բայց հիմա յայտնուեցաւ մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսին երեւնալովը. որ մահը խափանեց եւ լուսաւորեց կեանքը ու անմահութիւնը աւետարանին միջոցաւ։11. Որուն ես քարոզիչ ու առաքեալ կարգուեցայ ու հեթանոսներուն՝ վարդապետ։12. Անոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ. բայց ամօթ չեմ սեպեր, վասն զի գիտեմ թէ որո՛ւն եմ հաւատացեր եւ համոզուած եմ թէ իմ իրեն աւանդած բանս կրնայ պահել մինչեւ այն օրը։13. Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։14. Այն բարի աւանդը պահէ Սուրբ Հոգիին ձեռքով, որ մեր մէջ բնակած է։15. Գիտես թէ ինծմէ երես դարձուցին անոնք, որոնք Ասիա էին, որոնցմէ են Փիգեղոսն ու Հերմոգինէսը։16. Տէրը ողորմութիւն տայ Ոնեսիփորոսին տանը, վասն զի շատ անգամ զիս հանգստացուց ու իմ շղթաս ամօթ չսեպեց17. Ու երբ Հռովմ եկաւ, շատ ջանքով փնտռեց զիս ու գտաւ։18. (Տէրը իրեն տայ որ այն օրը Տէրոջմէն ողորմութիւն գտնէ.) եւ Եփեսոսի մէջ ալ որչափ սպասաւորութիւն ըրաւ ինծի, դուն շատ աղէկ գիտես։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981