1. Երբ Երեմիա բոլոր ժողովուրդին՝ Տէր Աստուծոյն բոլոր խօսքերը լմնցուց, որոնց համար անոնց Տէր Աստուածը զանիկա անոնց ղրկեր էր, այսինքն այս բոլոր խօսքերը,
2. Այն ատեն Ովսիային որդին Ազարիան ու Կարէին որդին Յօհանան եւ բոլոր ամբարտաւան մարդիկը Երեմիային խօսեցան ու ըսին. «Դուն սո՛ւտ կը խօսիս. մեր Տէր Աստուածը քեզ չղրկեց, որ մեզի ըսես թէ ‘Եգիպտոս մի՛ մտնէք հոն պանդխտանալու համար’.
3. Հապա Ներիային որդին Բարուքը քեզ մեզի դէմ կը հանէ, որպէս զի մեզ Քաղդէացիներուն ձեռքը տայ, որ մեզ մեռցնեն ու մեզ Բաբելոն գերի տանին»։
4. Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին, որ Յուդայի երկրին մէջ բնակին.
5. Հապա Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները Յուդայի բոլոր մնացորդները առին, որոնք Յուդայի երկրին մէջ բնակելու համար ետ դարձեր էին այն բոլոր ազգերէն՝ ուր ցրուած էին.
6. Այսինքն այր մարդիկն ու կիները եւ տղաքներն ու թագաւորին աղջիկները եւ Նաբուզարդան դահճապետին՝ Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային քով թողուցած բոլոր մարդիկը ու Երեմիա մարգարէն եւ Ներիային որդին Բարուքը
7. Ու Եգիպտոսի երկիրը տարին, վասն զի Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին ու մինչեւ Տափնաս հասան։
8. Տափնասի մէջ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով.
9. «Ձեռքդ մեծ քարեր ա՛ռ ու զանոնք Յուդայի մարդոցը աչքերուն առջեւ Տափնաս եղող՝ Փարաւոնին տանը դրանը առջեւի աղիւսատունը կաւին մէջ թաղէ
10. Եւ անոնց ըսէ, զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես պիտի ղրկեմ ու իմ ծառաս Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը պիտի առնեմ եւ անոր աթոռը այս իմ թաղած քարերուս վրայ պիտի դնեմ ու անիկա իր արքայական խորանը անոնց վրայ պիտի տարածէ
11. Եւ պիտի գայ Եգիպտոսի երկիրը պիտի զարնէ. մահուան համար եղողները մահուան, գերութեան համար եղողները գերութեան եւ սուրի համար եղողները սուրի պիտի մատնէ ։
12. Եգիպտոսի աստուածներուն տուներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ. անիկա զանոնք պիտի այրէ ու զանոնք գերի պիտի տանի եւ անիկա Եգիպտոսի երկիրը պիտի հագնի, ինչպէս հովիւը իր հանդերձը կը հագնի ու անկէ խաղաղութեամբ պիտի ելլէ։
13. Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող արեւու տանը արձանները պիտի կոտրտէ ու Եգիպտոսի աստուածներուն տուները կրակով պիտի այրէ’»։
1. Եգիպտոս բնակող բոլոր Հրեաներուն համար, այսինքն Մագդողի, Տափնասի, Մեմփիսի ու Պաթուրէսի մէջ բնակողներուն համար Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ.
2. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք տեսաք այն ամէն չարիքը, որ Երուսաղէմի վրայ ու բոլոր Յուդայի քաղաքներուն վրայ բերի եւ ահա անոնք այսօր աւերակ են ու անոնց մէջ բնակող չկայ,
3. Զիս բարկացնելու համար ըրած չարութիւններուն պատճառով, որ գացին, խունկ ծխեցին ու ծառայութիւն ըրին ուրիշ աստուածներու, որոնք ո՛չ իրենք ճանչցեր էին, ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը։
4. Եւ ես ձեզի ղրկեցի իմ ծառաներս՝ մարգարէները՝ կանուխ ելլելով եւ ըսի. «Այդ պիղծ գործը մի՛ ընէք, որը ես կ’ատեմ»։
5. Բայց մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, որ իրենց չարութիւններէն դառնան եւ ուրիշ աստուածներու խունկ չծխեն։
6. Ուստի իմ սրտմտութիւնս ու բարկութիւնս թափեցաւ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ բորբոքեցաւ ու անոնք այսօրուան եղածին պէս անապատ ու ամայի եղան’։
7. Եւ հիմա զօրքերու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինչո՞ւ համար դուք ձեր հոգիին դէմ այս մեծ չարութիւնը կը գործէք, որ Յուդայի մէջէն այր մարդն ու կինը, տղան ու կաթնկեր մանուկը կորսնցնէք, այնպէս որ ձեզի մնացորդ մը չմնայ.
8. Ձեր ձեռքերուն գործերովը զիս սրդողեցնելով եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխելով Եգիպտոսի մէջ, ուր դուք մտաք հոն պանդխտանալու համար, որպէս զի ձեր անձը կորսնցնէք ու երկրի բոլոր ազգերուն մէջ անէծք ու նախատինք ըլլաք։
9. Միթէ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ ձեր հայրերուն ըրած չարութիւնները եւ Յուդայի թագաւորներուն չարութիւնները ու անոնց կիներուն չարութիւնները մոռցա՞ք։
10. Անոնք մինչեւ այսօր իրենց անձերը չխոնարհեցուցին ու չվախցան եւ ձեր առջեւ ու ձեր հայրերուն առջեւ դրած օրէնքիս ու պատուիրանքներուս մէջ չքալեցին։
11. Անոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես իմ երեսս ձեզի կ’ուղղեմ չարիքի ու բոլոր Յուդան կորսնցնելու համար
12. Եւ պիտի առնեմ Յուդային մնացորդը, որոնք երեսնին դարձուցին դէպի Եգիպտոս, հոն պանդխտանալու համար, բայց անոնք Եգիպտոսի մէջ պզտիկէն մինչեւ մեծը սուրով ու սովով պիտի մեռնին եւ անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլան։
13. Եգիպտոսի մէջ բնակողները պիտի պատժեմ, ինչպէս Երուսաղէմը՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պատժեցի։
14. Եւ Յուդայի մնացորդէն, այսինքն Եգիպտոս պանդխտանալու գացողներէն, մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ, որ Յուդայի երկիրը դառնան, ուր անոնք կը յուսան դառնալ եւ հոն բնակիլ. վասն զի Եգիպտոսէն փախչողները միայն պիտի դառնան։
15. Այն բոլոր մարդիկը, որոնք գիտէին թէ իրենց կիները օտար աստուածներու խունկ կը ծխէին եւ բոլոր ներկայ եղող կիները, մեծ ժողով մը ըրին ու Եգիպտոսի եւ Պաթուրէսի մէջ բնակող բոլոր ժողովուրդը Երեմիային պատասխան տուին՝ ըսելով.
16. «Տէրոջը անունով մեզի խօսած խօսքիդ մենք մտիկ չենք ըներ.
17. Հապա անշուշտ մեր բերնէն ելած խօսքը պիտի ընենք, երկնքի թագուհիին խունկ ծխելով եւ անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելով, ինչպէս ըրինք մենք ու մեր հայրերը, մեր թագաւորներն ու մեր իշխանները՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, ուր հացով կշտացանք եւ հանգիստ էինք ու չարիք մը չտեսանք։
18. Սակայն այն ատենէն ի վեր, որ երկնքի թագուհիին խունկ ծխելէն ու անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելէն ետ կեցանք, ամէն բանի կարօտ եղանք եւ սուրով ու սովով հատանք։
19. Երբ երկնքի թագուհիին խունկ կը ծխէինք եւ անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք, միթէ առանց մեր այրերուն հրամանի՞ն զանիկա պաշտելու համար բլիթներ կը շինէինք ու անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք»։
20. Երեմիա բոլոր ժողովուրդին, այրերուն եւ կիներուն ու իրեն այս պատասխանը տուող ժողովուրդին ըսաւ.
21. «Միթէ այն խունկը, որ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կը ծխէիք, դուք ու ձեր հայրերը, ձեր թագաւորներն ու ձեր իշխանները ու երկրին ժողովուրդը, Տէրը չյիշե՞ց ու անոր միտքը չինկա՞ւ։
22. Տէրը ձեր չար գործերուն ու ձեր ըրած գարշութիւններուն ա՛լ չկրցաւ համբերել, ուստի ձեր երկիրը անապատ, ամայի ու նզովուած եւ անբնակ եղաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։
23. Որովհետեւ դուք խունկ ծխեցիք ու Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն չըրիք ու անոր օրէնքին, պատուիրանքներուն ու վկայութիւններուն մէջ չքալեցիք, անոր համար այս չարիքը ձեզի եկաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ »։
24. Երեմիա բոլոր ժողովուրդին ու բոլոր կիներուն ըսաւ. «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդա.
25. Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք ու ձեր կիները ձեր բերնովը խօսեցաք ու ձեր ձեռքովը գործադրեցիք ու ըսիք «Անշուշտ ըրած ուխտերնիս պիտի կատարենք, այսինքն երկնքի թագուհիին խունկ պիտի ծխենք ու անոր ըմպելի նուէրներ պիտի մատուցանենք». այո՛, դուք ձեր ուխտերուն վրայ հաստատ պիտի կենաք եւ ձեր ուխտերը պիտի կատարէք։
26. Անոր համար Տէրոջը խօսքը լսեցէք, ո՛վ բոլոր Յուդա, որ Եգիպտոսի մէջ կը բնակիք. ‘Ահա ես իմ մեծ անունովս երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ա՛լ բնաւ Յուդայի մարդու մը բերնէն իմ անունս պիտի չկանչուի՝ ըսելով. «Եհովա Տէրը կենդանի է».
27. Ահա ես անոնց վրայ կը հսկեմ չարիքի համար եւ ո՛չ թէ բարիքի համար ու Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդայի բոլոր մարդիկը սուրով ու սովով պիտի կոտորուին մինչեւ հատնին։
28. Եւ խիստ քիչ մարդիկ պիտի ըլլան որ սուրէն ազատուելով՝ Եգիպտոսէն Յուդայի երկիրը պիտի դառնան ու Եգիպտոս պանդխտանալու գացող Յուդայի բոլոր մնացորդները պիտի գիտնան թէ որո՛ւն խօսքը պիտի հաստատուի, ի՞մս թէ իրենցը’։
29. ‘Եւ ասիկա ձեզի նշան ըլլայ, կ’ըսէ Տէրը, որ այս տեղ ձեզ պիտի պատժեմ, որպէս զի գիտնաք թէ իմ խօսքս ձեր վրայ անշուշտ պիտի հաստատուի չարիքի համար’։
30. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն Վափառ թագաւորը իր թշնամիներուն ձեռքը ու իր հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ. ինչպէս Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը իր թշնամիին ու իր հոգին փնտռող Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը մատնեցի’»։
97. Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։
98. Քու պատուիրանքներդ զիս իմ թշնամիներէս իմաստուն ըրին, Քանզի անոնք միշտ իմ քովս են։
99. Իմ բոլոր ուսուցիչներէս աւելի հանճարեղ եղայ, Վասն զի քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են։
9. Որուն մէջ չարագործի մը պէս կը չարչարուիմ մինչեւ անգամ կապերով. բայց Աստուծոյ խօսքը կապուած չէ։
10. Ուստի ամէն բանի կը համբերեմ ընտրեալներուն համար, որպէս զի անոնք ալ հասնին այն փրկութեանը, որ Քրիստոս Յիսուսով է յաւիտենական փառքով։
11. Այս խօսքը հաւատարիմ է. վասն զի եթէ անոր հետ մեռանք, անոր հետ պիտի ապրինք ալ.
12. Եթէ համբերենք, անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ. եթէ զինք ուրանանք, ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ.
13. Եթէ չհաւատանք, ինք հաւատարիմ կը մնայ, իր անձը չի կրնար ուրանալ։
14. Այս բաները անոնց միտքը ձգէ՝ Տէրոջը առջեւ վկայելով, խօսքերու վրայ վէճ չընել՝ որ բանի մը օգտակար չէ, հապա միայն կը կործանէ լսողները։
15. Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով։
16. Բայց պիղծ ու փուճ խօսքերէն մէկդի՛ կեցիր, քանզի անոնք աւելի յառաջ կ’երթան ամբարշտութեան մէջ
17. Եւ անոնց խօսքը քաղցկեղի պէս կը ճարակէ. որոնց կարգն են Հիմենոսն ու Փիղետոսը,
18. Որոնք ճշմարտութենէն մոլորեցան ու կ’ըսեն թէ մեռելներուն յարութիւնը արդէն եղած է եւ կը կործանեն ոմանց հաւատքը։
19. Բայց Աստուծոյ հիմը հաստատուն կը կենայ ու այս կնիքը ունի, թէ՝ «Տէրը կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են» եւ «Անիրաւութենէ մէկդի թող կենան անոնք, որ Քրիստոսին կը պատկանին»։
20. Մեծ տան մը մէջ ոչ միայն ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ կան, հապա փայտէ ու հողէ ամաններ ալ կան։ Ոմանք պատիւի համար են ու ոմանք՝ անարգանքի համար։
21. Ուստի եթէ մէկը իր անձը անարգ բաներէ մաքրէ, անիկա պատուական անօթ մը պիտի ըլլայ, սրբուած ու իր Տէրոջը պիտանի, ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած։
22. Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով։
23. Բայց յիմարական ու անիմաստ վէճերէն մէկդի քաշուէ, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծնանին։