1. Արդարը կը կորսուի եւ ուշադրութիւն ընող չկայ Ու բարի մարդիկը աշխարհէն կը վերցուին։ Առանց մէկուն իմանալուն արդարը չարիքին երեսէն կը վերցուի։
2. Անիկա խաղաղութեան մէջ կը մտնէ. Ուղղութեամբ քալողները Իրենց անկողիններուն վրայ հանգստութիւն կը գտնեն,
3. Բայց դուք, ո՛վ վհուկի որդիներ՝ Շնացողի ու պոռնիկի սերունդ՝ հո՛ս մօտեցէ՛ք.
4. Դուք ո՞վ ծաղր կ’ընէք, Ձեր բերանը որո՞ւ վրայ կը լայնցնէք Ու լեզունիդ կ’երկնցնէք։ Չէ՞ որ դո՛ւք անօրէնութեան զաւակներ ու ստութեան սերունդ էք։
5. Դուք ամէն կանանչ ծառերու տակ Դէպի կուռքերը ցանկութեամբ կը տաքնաք։ Տղաքները ձորերու մէջ, Վէմերու խոռոչներուն մէջ կը մորթէք։
6. Քու բաժինդ ձորին տափակ քարերուն մէջ է։ Քու վիճակդ անոնք են, անոնք. Անոնց անգամ նուէր թափեցիր, ընծայ մատուցանեցիր։ Միթէ ես ասոնց կրնա՞մ համբերել։
7. Դուն քու անկողինդ բարձրացած ու վերացած լերան վրայ դրիր, Հոն ալ զոհ ընելու ելար։
8. Դռներուն ու դրանդիքներուն ետեւը քու յիշատակդ դրիր. Զիս լքեցիր եւ մահիճդ բացիր Ու վեր ելլելով անկողինդ լայնցուցիր Եւ անոնց հետ համաձայնեցար, Անոնց անկողինը սիրեցիր, անոնց մերկութիւնը դիտեցիր։
10. Քու ճամբուդ երկայնութենէն յոգնեցար, Բայց չըսիր. «Յոյս չկայ»։ Քու ձեռքիդ նոր կեանք գտար, Անոր համար չթուլցար։
11. Դուն որմէ՞ զարհուրեցար ու վախցար, որ ստախօս եղար, Զիս չյիշեցիր ու իմ մասիս չխորհեցար։ Չէ՞ որ երկար ատեն լուռ կենալուս համար է, Որ ինծմէ չես վախնար։
12. Ես քու արդարութիւնդ ու գործերդ պիտի հրատարակեմ, Որոնք քեզի օգուտ պիտի չընեն։
13. Երբ դուն աղաղակես, թող քու հաւաքած կուռքերդ քեզ փրկեն։ Բայց հովը պիտի տանի ամէնքը, Շունչ մը զանոնք պիտի հեռացնէ. Սակայն ինծի յուսացողները երկիրը՝ իբրեւ կալուած պիտի ստանան Ու իմ սուրբ լեռս պիտի ժառանգեն։
14. Եւ պիտի ըսեն. «Պատրաստեցէ՛ք, պատրաստեցէ՛ք. Ճամբայ բացէ՛ք, Խոչը իմ ժողովուրդիս ճամբայէն վերցուցէ՛ք»։
15. Քանզի այսպէս կ’ըսէ Բարձրը ու Բարձրեալը, Որ յաւիտենականութեան մէջ կը բնակի ու անոր անունը Սուրբ է. «Ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ, Բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ, Որպէս զի խոնարհներուն հոգին կենդանացնեմ Եւ կոտրած սրտերը ապրեցնեմ։
16. Քանզի յաւիտեան պիտի չվիճիմ Ու միշտ պիտի չբարկանամ, Վասն զի իմ առջեւս հոգիները պիտի մարին Եւ այն կեանքերը՝ որոնք ես ստեղծեցի։
17. Անոր ագահութեան անօրէնութեանը համար բարկացայ Ու զանիկա զարկի, իմ երեսս ծածկեցի ու սրդողեցայ, Բայց ապստամբը իր կամքին ճամբուն հետեւացաւ։
18. Անոր ճամբաները տեսայ, բայց զանիկա պիտի բժշկեմ, Անոր առաջնորդութիւն պիտի ընեմ, Զանիկա ու անոր սգաւորները պիտի մխիթարեմ։
19. Շրթունքներուն պտուղը ես կ’ստեղծեմ»։ «Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն ըլլայ հեռուն եղողին Եւ մօտը եղողին, կ’ըսէ Տէրը, Ես զանիկա պիտի բժշկեմ։
20. Բայց ամբարիշտները ալեծուփ ծովու պէս են, որ չի կրնար հանդարտիլ, Որուն ջուրերը տիղմ ու ցեխ դուրս կը նետեն։
21. Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ’ըսէ իմ Տէր Աստուածս։
1. «Բարձրաձայն կանչէ եւ մի՛ խնայեր, Ձայնդ փողի պէս բարձրացուր Եւ իմ ժողովուրդիս՝ իրենց յանցանքը Ու Յակոբին տանը՝ իրենց մեղքերը յայտնէ։
2. Անոնք ամէն օր զիս կը փնտռեն Եւ իմ ճամբաներս գիտնալ կը փափաքին, Այնպիսի ազգի մը պէս, որ արդարութիւն կ’ընէ Ու իր Աստուծոյն օրէնքները զանց չ’ըներ։ Ինծի արդարութեան կանոնները կը հարցնեն, Աստուծոյ մօտենալ կը փափաքին,
3. Ու կ’ըսեն ՝ ‘Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար, Մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չգիտցար’։ Ահա ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր բաղձանքը կը կատարէք Եւ ձեր բոլոր պահանջները խստութեամբ կը պահանջէք՝ ՝։
4. Ահա կռիւի ու վէճի Եւ չարութեան բռունցքով զարնելու համար ծոմ կը պահէք, Որ ձեր ձայնը բարձրերը լսել տաք։
5. Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս Ու մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այսպէ՞ս կ’ըլլայ. Իր գլուխը կնիւնի պէս ծռելով Եւ իր տակ քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ’ըլլայ ։ Ասիկա ծոմապահութիւն ու Տէրոջը ընդունելի օ՞ր պիտի անուանես։
6. Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ Անիրաւութեան կապերը քակելը, Լուծին կապերը թուլցնելը, Հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, Ամէն լուծ կտրելը,
7. Հացդ անօթիին բաժնելը, Թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, Մերկ մը հագուեցնելը Ու մարմինդ անտեսելն է։
8. Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի Ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի։ Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ Ու Տէրոջը փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ։
9. Այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ, Պիտի աղաղակես ու անիկա պիտի ըսէ. ‘Ահա ես’։ Եթէ քու մէջէդ լուծը, Մատով ցուցնելն ու չար խօսքերը վերցնես,
10. Եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես՝ ՝ Եւ կարօտին հոգին կշտացնես, Այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի Ու քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ։
11. Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ, Քու հոգիդ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ, Ոսկորներդ պիտի զօրացնէ. Դուն ջրարբի պարտէզի պէս Աղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր։
12. Քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն։ Նախկին դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես։ Դուն փլածներ նորոգող Ու բնակութեան համար ճամբաներ շտկող պիտի կոչուիս։
13. Եթէ շաբաթը՝ իմ սուրբ օրս՝ Քու ցանկութիւնդ կատարելէ ոտքդ դարձնես Ու շաբաթը՝ քու զուարճութիւնդ Եւ Տէրոջը նուիրուած օրը պատուական անուանես, Զանիկա պատուես՝ քու ճամբաներուդ չհետեւելով, Քու ցանկութիւնդ չկատարելով ու պարապ խօսք չխօսելով,
14. Այն ատեն Տէրոջմով պիտի ուրախանաս։ Քեզ երկրին բարձր տեղերը պիտի հանեմ, Քու հօրդ Յակոբին ժառանգութիւնը քեզի պիտի կերցնեմ. Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։
1. Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ Ու Յակոբին տունը օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն,
2. Յուդան՝ անոր սրբարանը Ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ։
3. Ծովը տեսաւ ու փախաւ։ Յորդանան ետ դարձաւ։
4. Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին Ու բլուրները՝ գառնուկներու պէս։
5. Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար Եւ դո՛ւն, Յո՛րդանան, որ ետ դարձար։