Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 30Երեմիա 45:1-51. Երեմիա մարգարէին խօսքը, որ Ներիային որդիին՝ Բարուքին խօսեցաւ, երբ անիկա այս խօսքերը Երեմիայի բերնէն գրքի մը մէջ դրեց, Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիային որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին ու ըսաւ.2. «Ո՛վ Բարուք, Իսրայէլին Տէր Աստուածը քեզի համար այսպէս կ՛ըսէ.3. ‘Դուն ըսիր, Հիմա վա՜յ ինծի, վասն զի Տէրը իմ ցաւիս վրայ տրտմութիւն աւելցուց. իմ հեծութենէս յոգնեցայ ու հանգստութիւն չեմ գտներ»’։4. Անոր այսպէս ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ շինածս պիտի փլցնեմ ու իմ տնկածս պիտի խլեմ, այսինքն այս բոլոր երկիրը։5. Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր, քանզի ահա ես ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը, բայց քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ քու ամէն երթալու տեղերդ’»։Երեմիա 46:1-281. Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին, ազգերուն վրայով։2. Եգիպտոսի համար, Եգիպտացիներու թագաւորին, Փարաւոն Նեքաւովին, Քարքամիսի մէջ Եփրատ գետին քով եղող զօրքին վրայ, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ՝ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին։3. «Ասպար ու վահան պատրաստեցէ՛ք Եւ պատերազմի մօտեցէ՛ք։4. Ձիերը լծեցէք ու դուք, ո՛վ ձիաւորներ, հեծէ՛ք. Սաղաւարտներով կայնեցէ՛ք, Նիզակները փայլեցուցէ՛ք, զրահներ հագէ՛ք։5. Զանոնք ինչո՞ւ համար զարհուրած ու ետ դարձած կը տեսնեմ։ Անոնց զօրաւորները անգամ ջարդուեցան Ու արտորնօք փախչելով իրենց ետեւը չնայեցան. ‘Ամէն կողմէ վախ կայ’, կ’ըսէ Տէրը։6. Շուտ վազողը թող փախչի Ու զօրաւորը չազատի։ Անոնք հիւսիսային կողմը, Եփրատ գետին քով, Գլորելով պիտի իյնան։7. Ո՞վ է ասիկա, որ գետի պէս կը տարածուի, Որուն ջուրերը գետերու պէս կ’ուռին։8. Եգիպտոս գետի պէս կը տարածուի Եւ անոր ջուրերը գետերու պէս կ’ուռին։ Ու կ’ըսէ. ‘Տարածուիմ, երկիրը ծածկեմ, Քաղաքն ու անոր բնակիչները բնաջինջ ընեմ’։9. Ո՛վ ձիեր, ելէ՛ք եւ ո՛վ կառքեր, կատղեցէ՛ք Եւ զօրաւորները թող ելլեն, Վահան բռնող Եթովպիացիները ու Փութացիները Ու աղեղ բռնող ու լարող Ղուդացիները։10. Վասն զի այսօր զօրքերու Տէր Եհովային վրէժխնդրութեան օրն է, Որ իր թշնամիներէն վրէժ առնէ։ Սուրը պիտի ուտէ ու կշտանայ, Անոնց արիւնովը պիտի գինովնայ, Վասն զի հիւսիսի երկրին մէջ, Եփրատ գետին քով, Զօրքերու Տէր Եհովան զոհ ունի։11. Դէպի Գաղաադ ելի՛ր ու Բալասանը ա՛ռ, Ո՛վ Եգիպտոսի կոյս աղջիկ, Դեղերը պարապ տեղ կը շատցնես, Քանզի քեզի բժշկութիւն չկայ։12. Ազգերը քու անարգանքդ լսեցին Ու քու աղաղակդ երկիրը լեցուց. Վասն զի զօրաւորը զօրաւորին վրայ գլորեցաւ, Երկուքը մէկտեղ ինկան»։13. Ասիկա է այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիա մարգարէին խօսեցաւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գալուն ու Եգիպտոսը զարնելուն համար։14. «Եգիպտոսի մէջ պատմեցէ՛ք, Մագդողի, Մեմփիսի ու Տափնասի մէջ հրատարակեցէ՛ք Ու ըսէ՛ք. ‘Կայնէ՛ ու պատրաստ եղի՛ր, Վասն զի քու բոլորտիքդ սուրը պիտի ուտէ՛։15. Քու զօրաւորներդ ինչո՞ւ կործանեցան. Անոնք չկրցան կենալ, վասն զի Տէրը զանոնք վար ձգեց։16. Գլորուածները շատցուց ու իրարու վրայ ինկան Ու ըսին. ‘Ելի՛ր ու բռնաւորին սուրին պատճառով Մեր ժողովուրդին ու մեր ծննդեան երկիրը դառնանք’։17. Հոն կը կանչէին. ‘Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը պարապ տեղը կ’աղաղակէ. Անիկա իր որոշուած ժամանակը անցուց’։18. «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ այն Թագաւորը Որուն անունը Զօրքերու Տէր է, Ինչպէս Թաբօրը լեռներու մէջ է, Ինչպէս Կարմեղոսը մինչեւ ծովը կը հասնի, Այնպէս անիկա պիտի գայ։19. Ո՛վ Եգիպտոս բնակող աղջիկ, Գերութեան կարասիներ պատրաստէ քեզի. Վասն զի Մեմփիսը ամայի պիտի ըլլայ Ու աւերակ առանց բնակիչի։20. «Եգիպտոս խիստ գեղեցիկ երինջ մըն է, Բայց կոտորած մը կու գայ, հիւսիսէն կու գայ։21. Եւ անոր մէջ վարձքով բռնուած զօրքերը գիրցած զուարակներու պէս են. Սակայն անոնք ալ ետ դարձան, մէկտեղ փախան, չկայնեցան. Վասն զի անոնց վրայ՝ անոնց կորստեան օրը Ու անոնց պատուհասի ժամանակը հասաւ։22. «Անոր ձայնը օձի ձայնին պէս պիտի ըլլայ, Վասն զի զօրքով պիտի հասնին Եւ անոր վրայ փայտահատներու պէս տապարներով պիտի գան.23. Անոր անտառը պիտի կտրտեն, կ’ըսէ Տէրը, Թէպէտեւ անոր ծառերը անթիւ են Ու անոնք մարախէն շատ են, Այնպէս որ չեն համրուիր։24. Եգիպտոսի աղջիկը ամօթով պիտի ըլլայ, Հիւսիսային ժողովուրդին ձեռքը պիտի մատնուի»։25. Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ կ’ըսէ. «Ահա ես Նովացի Ամոնին եւ Փարաւոնին Ու Եգիպտոսին եւ անոր աստուածներուն ու թագաւորներուն, Այսինքն Փարաւոնին ու անոր ապաւինողներուն, պատուհաս պիտի բերեմ26. Եւ զանոնք՝ իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը Ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը Ու անոր ծառաներուն ձեռքը պիտի մատնեմ Եւ անկէ ետքը հին օրերու պէս պիտի բնակուի, կ’ըսէ Տէրը։27. «Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնար Եւ ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր. Քանզի ահա ես քեզ հեռուէն Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեան երկրէն պիտի ազատեմ։ Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ»։28. «Դուն մի՛ վախնար, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, կ’ըսէ Տէրը, Վասն զի ես քեզի հետ եմ. Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը, Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի, Բայց քեզ պիտի չսպառեմ, Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ, Թէեւ քեզ բոլորովին անմեղ պիտի չհանեմ»։Սաղմոսներ 119:105-112105. Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է Ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս։106. Երդում ըրի ու պիտի կատարեմ, Որպէս զի քու արդար դատաստաններդ պահեմ։107. Շատ նեղացայ, Ո՛վ Տէր, կենդանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։108. Հիմա իմ բերնիս կամաւոր զոհերը ընդունէ՛, ո՛վ Տէր Ու քու դատաստաններդ սորվեցո՛ւր ինծի։109. Իմ հոգիս ամէն ժամանակ ափիս մէջ է, Բայց քու օրէնքդ չեմ մոռնար։110. Ամբարիշտները որոգայթ լարեցին ինծի դէմ, Բայց ես քու հրամաններէդ չմոլորեցայ։111. Քու վկայութիւններդ յաւիտեան ժառանգեցի, Վասն զի անոնք իմ սրտիս ցնծութիւնն են։112. Խոնարհեցուցի իմ սիրտս, որպէս զի քու կանոններդ կատարեմ Յաւիտեան՝ մինչեւ վերջը։Առակներ 28:4-44. Օրէնքը մերժողները ամբարիշտները կը գովեն, Բայց օրէնքը պահողները անոնց դէմ կը կենան։2 Տիմոթ 3:1-171. Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան.2. Վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ,3. Անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող,4. Մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր.5. Որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են եւ դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր։6. Վասն զի ասոնցմէ ոմանք տուներէն ներս կը մտնեն ու գերի կ’ընեն մեղքով բեռնաւորուած տկարամիտ կիները՝ զանազան ցանկութիւններէ վարուած,7. Որ միշտ կը սորվին, բայց բնաւ չեն կրնար ճշմարտութիւնը ճանչնալ։8. Հապա ինչպէս Յանէսն ու Յամրէսը հակառակ կեցան Մովսէսին, նոյնպէս ասոնք ալ ճշմարտութեանը հակառակ կը կենան. մտքով ապականած մարդիկ, որոնք հաւատքի մէջ անպիտաններ են։9. Բայց աւելի յառաջ պիտի չերթան, վասն զի ասոնց անմտութիւնը ամենուն յայտնի պիտի ըլլայ, ինչպէս երկուքինը եղաւ։10. Իսկ դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնմտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս,11. Հալածանքներուս, չարչարանքներուս, որոնք ինծի պատահեցան Անտիոքի եւ Իկոնիոնի ու Լիւստրայի մէջ, գիտես թէ ի՛նչպէս հալածանքներու համբերեցի։ Եւ Տէրը ազատեց զիս այս ամենէն։12. Եւ ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն։13. Բայց չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով։14. Սակայն դուն հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր, վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես.15. Նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը։16. Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար՝ ՝ է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար,17. Որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981