Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 4Եսայիա 59:1-211. Միթէ Տէրոջը ձեռքը կարող չէ՞ փրկել, Կամ անոր ականջը ծանրացա՞ւ, որ չլսէ։2. Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը Ձեր անօրէնութիւնները եղան։ Ձեր մեղքերը անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ։3. Քանզի ձեր ձեռքերը՝ արիւնով Ու ձեր մատերը անօրէնութիւնով պղծուեցան։ Ձեր շրթունքը սուտ խօսեցան Եւ ձեր լեզուները անիրաւութիւն արտաբերեցին։4. Չկայ մէկը, որ արդարութեան համար բողոքէ Ու չկայ մէկը, որ ճշմարտութեամբ դատ վարէ. Անոնք սնոտի բաներու կը յուսան եւ ունայնութիւն կը խօսին. Թշուառութիւն կը յղանան ու անօրէնութիւն կը ծնանին։5. Քարբի հաւկիթներ կը թխսեն Ու սարդի ոստայն կը հիւսեն։ Անոնց հաւկիթները ուտողը կը մեռնի, Եթէ կոտրեն՝ իժ կ’ելլէ։6. Անոնց ոստայններէն հանդերձ չըլլար Եւ իրենց գործերովը չեն կրնար զիրենք ծածկել։ Անոնց գործերը անօրէնութեան գործեր են Ու անոնց ձեռքերուն մէջ բռնութեան գործ կայ։7. Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն Ու անմեղ արիւն թափելու կ’արտորան։ Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են, Անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ։8. Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար Եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ։ Իրենց շաւիղները խոտորցուցին. Բոլոր անոնք, որ անոնց միջեւ կը քալեն՝ խաղաղութիւն չունին։9. Ատոր համար իրաւունքը մեզմէ հեռացաւ Ու արդարութիւնը մեզի չի հասնիր. Լոյսի կը սպասենք եւ ահա խաւար կ’ըլլայ, Պայծառութեան կը սպասենք, բայց մառախուղի մէջ կը շրջինք։10. Կոյրերու պէս պատերը կը շօշափենք Ու աչք չունեցողներու պէս կը խարխափենք։ Կէսօրին գիշերուան պէս կը գլորինք. Պտղաբեր արտերու մէջ ՝ ՝ մեռելներու պէս ենք։11. Ամէնքս արջերու պէս կը մրթմրթանք Ու աղաւնիներու պէս անդադար կը մնչենք. Դատաստանի կը սպասենք, բայց չկայ. Փրկութեան համար կը նայինք, բայց անիկա մեզմէ հեռու է։12. Քանզի մեր յանցանքները քու առջեւդ շատցան Ու մեր մեղքերը մեզի դէմ վկայութիւն կու տան, Վասն զի մեր յանցանքները մեր քովն են Ու մեր անօրէնութիւնները գիտենք։13. Յանցանք գործեցինք, Տէրը ուրացանք Եւ մեր Աստուծոյն հետեւելէն խոտորեցանք։ Հարստահարութիւն եւ ապստամբութիւն յառաջացուցինք, Մեր սրտին մէջ սուտ խօսքեր յղացանք ու ըսինք՝14. Իրաւունքը ետ դարձաւ Ու արդարութիւնը հեռացաւ, Քանզի ճշմարտութիւնը հրապարակին մէջ ինկաւ Եւ ուղղութիւնը չի կրնար ներս մտնել։15. Ճշմարտութիւնը կը պակսի, Չարութենէ զգուշացողը կը կողոպտուի։ Տէրը տեսաւ եւ ասիկա անոր առջեւ գէշ երեւցաւ, Քանզի իրաւունք չմնաց։16. Տեսաւ, որ մարդ մը չկար Եւ զարմացաւ, որ միջնորդ մը չէր գտնուեր, Ուստի իր բազուկը իրեն օգնեց Ու իր արդարութիւնը իրեն ձեռնտու եղաւ։17. Արդարութիւնը զրահի պէս հագաւ, Փրկութիւնը սաղաւարտի պէս իր գլուխը դրաւ Եւ վրէժխնդրութեան զգեստը պատմուճանի պէս հագաւ Ու նախանձը վերարկուի պէս իր վրայ առաւ։18. Իրենց վարմունքին համեմատ հատուցում պիտի ընէ։ Բարկութիւն՝ իր հակառակորդներուն, Հատուցում՝ իր թշնամիներուն, Կղզիներուն հատուցում պիտի ընէ։19. Արեւմուտքը՝ Տէրոջը անունէն, Արեւելքը անոր փառքէն պիտի վախնան. Երբ թշնամին գետի պէս գայ, Տէրոջը Հոգին անոր դէմ դրօշակ պիտի կանգնեցնէ՝ ՝։20. «Փրկիչ պիտի գայ Սիօնին Ու Յակոբին մէջ չարութենէ դարձողներուն», կ’ըսէ Տէրը։21. «Անոնց հետ այս ուխտը պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Իմ Հոգիս, որ քու վրադ է Ու իմ խօսքերս, որոնք քու բերանդ դրած եմ, Քու բերնէդ ու քու զաւակներուդ բերնէն Եւ քու զաւակներուդ զաւակներուն բերնէն պիտի չպակսին, Այսօրուընէ մինչեւ յաւիտեան», կ’ըսէ Տէրը։Եսայիա 60:1-221. Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ Ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ։2. Վասն զի ահա խաւարը՝ երկիրը Ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ, Բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի Եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ։3. Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան Եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը։4. Աչքերդ վերցո՛ւր ու բոլորտիքդ նայէ՛. Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Քու տղաքներդ հեռուէն պիտի գան Եւ քու աղջիկներդ գրկի մէջ մանուկներու պէս պիտի տարուին։5. Այն ատեն պիտի տեսնես եւ ուրախանաս Ու սիրտդ պիտի ուրախանայ ու ցնծայ, Քանզի ծովուն առատութիւնը քեզի պիտի դառնայ, Ազգերուն հարստութիւնը քեզի պիտի գայ։6. Ուղտերուն երամակը եւ Մադիամի ու Գեփայի տաճիկ ուղտերը, քեզ պիտի ծածկեն։ Ամէնքը Սաբայէն պիտի գան, Ոսկի ու կնդրուկ պիտի բերեն Եւ Տէրոջը փրկութիւնը պիտի աւետեն։7. Կեդարի բոլոր հօտերը քու քովդ պիտի հաւաքուին Ու Նաբէօթի խոյերը քեզի պիտի ծառայեն։ Անոնք իմ սեղանիս վրայ պիտի ելլեն՝ ընդունելի զոհ ըլլալու ։ Իմ աղօթքիս տունը պիտի փառաւորեմ։8. Ո՞վ են ասոնք, որ կը թռչին ամպի պէս Ու դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս։9. Քանզի կղզիներն ու Թարսիսի նաւերը Ինծի համար պատրաստ պիտի ըլլան, Որպէս զի հեռուէն քու տղաքներդ Եւ անոնց հետ անոնց արծաթն ու ոսկին բերեն, Քու Տէր Աստուծոյդ անուանը համար Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, քանզի անիկա քեզ կը փառաւորէ։10. Օտարներուն որդիները քու պարիսպներդ պիտի շինեն Ու անոնց թագաւորները քեզի ծառայութիւն պիտի ընեն, Քանզի իմ բարկութիւնովս քեզ զարկի, Բայց բարեհաճութիւնովս քեզի պիտի ողորմիմ։11. Քու դռներդ միշտ բաց պիտի ըլլան, Ցորեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին, Որպէս զի քեզի կրեն ազգերուն ստացուածքը Եւ անոնց թագաւորները բերուին։12. Քանզի այն ազգն ու թագաւորութիւնը որ քեզի չեն ծառայեր՝ պիտի կորսուին Ու բոլորովին պիտի կործանին։13. Լիբանանի փառքը քեզի պիտի գայ, Մայրին, սօսին ու տօսախը մէկտեղ՝ Իմ սրբարանս զարդարելու համար։ Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ։14. Քեզի նեղութիւն տուողներուն տղաքները Ծռելով քեզի պիտի գան։ Բոլոր քեզ անարգողները Քու ոտքերուդ գարշապարներուն երկրպագութիւն պիտի ընեն։ Քեզ Տէրոջը քաղաքը, Իսրայէլի Սուրբին Սիօնը պիտի անուանեն։15. Դուն որ երեսէ ձգուած ու ատելի եղար Եւ քեզմէ անցնող չեղաւ, Քեզ՝ յաւիտենական փառք Ու ազգէ ազգ տեւող ուրախութիւն պիտի ընեմ։16. Ազգերուն կաթը պիտի ծծես, Թագաւորներուն ստինքը պիտի ծծես Եւ պիտի գիտնաս թէ ես Տէ՛րս եմ քու Ազատիչդ Ու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը։17. Պղնձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, Երկաթի տեղ՝ արծաթ, Փայտերու տեղ՝ պղինձ, Քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։ Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, Քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն։18. Անգամ մըն ալ քու երկրիդ մէջ՝ բռնութիւն Եւ քու սահմաններուդ մէջ յափշտակութիւն ու կոտորած տեղի պիտի չունենայ, Հապա քու պարիսպներդ՝ Փրկութիւն Ու դռներդ Գովութիւն պիտի անուանես։19. Անգամ մըն ալ ցորեկը քու լուսատուդ արեւը պիտի չըլլայ Ու գիշերը լուսինը իր պայծառութիւնովը քեզի լոյս պիտի չտայ. Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս Եւ քու Աստուածդ քու փառքդ պիտի ըլլայ։20. Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի Ու քու լուսինդ պիտի չնուազի. Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ Եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան։21. Ու քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ Ու երկիրը յաւիտենապէս պիտի ժառանգէ։ Իմ տնկած տունկս՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ Իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ։22. Քիչուորը՝ հազարաւոր Ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. Ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա։Սաղմոսներ 115:1-81. Ո՛չ թէ մեզի, ո՛վ Տէր, ո՛չ թէ մեզի, Հապա քու անուանդ փառք տուր՝ Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար։2. Ինչո՞ւ համար հեթանոսները ըսեն. «Ո՞ւր է հիմա անոնց Աստուածը»։3. Բայց մեր Աստուածը երկինքն է. Անիկա իր բոլոր ուզածը ըրաւ։4. Անոնց կուռքերը արծաթ ու ոսկի են, Մարդու ձեռքի գործեր են,5. Բերան ունին՝ բայց չեն խօսիր. Աչքեր ունին՝ բայց չեն տեսներ.6. Ականջներ ունին՝ բայց չեն լսեր. Քիթ ունին՝ բայց հոտ չեն առներ.7. Ձեռքեր ունին՝ բայց չեն շօշափեր. Ոտքեր ունին՝ բայց չեն քալեր Ու իրենց կոկորդովը ձայն չեն հաներ։8. Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողները Ու բոլոր անոնց յուսացողները։Առակներ 26:23-2323. Կրքոտ շրթունքները եւ չար սիրտը Արծաթի կղկղանքով պատուած հողէ ամանի կը նմանին ։Եփեսացիներ 5:17-3317. Անոր համար անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը։18. Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա Հոգիո՛վ լեցուեցէք։19. Սաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը ձեր սրտերուն մէջ։20. Ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տուէք Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը։21. Իրարու հնազանդ եղէ՛ք Աստուծոյ վախովը։22. Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը.23. Վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է։24. Ուստի ինչպէս եկեղեցին հնազանդ կ’ըլլայ Քրիստոսին, նոյնպէս ալ կիները՝ ամէն բանի մէջ իրենց այրերուն։25. Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար.26. Որպէս զի զանիկա սրբէ ու մաքրէ աւազանին ջրովը եւ խօսքով.27. Որպէս զի ինք իր դէմը փառաւոր կեցնէ եկեղեցին, որ արատ մը կամ աղտեղութիւն կամ ուրիշ ասոնց պէս բան մը չունենայ, հապա սուրբ ու անարատ ըլլայ։28. Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ.29. Վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին։30. Վասն զի մենք անոր մարմնին անդամներն ենք, անոր մարմնէն ու անոր ոսկորներէն։31. Ասոր համար մարդը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։32. Այս խորհուրդը մեծ է, բայց ես կը խօսիմ Քրիստոսին ու եկեղեցիին վրայով։33. Սակայն ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981