1. Ո՞վ է ասիկա, որ կու գայ Եդովմէն, Կարմրագոյն զգեստով՝ Բօսրայէն, Որ փառաւոր հանդերձով զարդարուած է Եւ իր շատ զօրութիւնովը պանծալով կը քալէ։ «Ես եմ, որ արդարութեամբ կը խօսիմ Ու փրկելու կարողութիւն ունիմ»։
2. Ինչո՞ւ համար քու հանդերձդ կարմիր է Ու քու զգեստներդ հնձանի մէջ կոխկռտողին հագուստին պէս են։
3. «Հնձանի մէջ միայն ես կոխեցի Եւ ժողովուրդներէն ինծի հետ մա՛րդ չկար։ Զանոնք իմ բարկութիւնովս կոխեցի Եւ իմ սրտմտութիւնովս զանոնք ճմլեցի։ Անոնց արիւնը իմ զգեստներուս վրայ ցատկեց Եւ բոլոր հանդերձներս ներկեցի,
4. Քանզի իմ սրտիս մէջ էր վրէժխնդրութեան օրը Ու իմ փրկուած տարիս հասած էր։
5. Նայեցայ, բայց օգնող չկար։ Զարմացայ, որ ձեռնտու եղող մը չկար, Ուստի իմ բազուկս զիս փրկեց Ու իմ բարկութիւնս ինծի ձեռնտու եղաւ։
6. Եւ իմ բարկութիւնովս ժողովուրդներ կոխեցի Ու զանոնք իմ սրտմտութիւնովս գինովցուցի Եւ անոնց արիւնը գետինը թափեցի։
7. Տէրոջը ողորմութիւնները, Տէրոջը գովութիւնները պիտի յիշեմ՝ Տէրոջը բոլոր մեզի շնորհածներուն համեմատ Եւ այն շատ բարիքներուն համեմատ Որոնք իր գթութիւնովը եւ առատ ողորմութիւնովը Իսրայէլի տանը ըրած է։
8. Քանզի ըսաւ. «Իրաւցընէ անոնք իմ ժողովուրդս են, Սուտ չելլելու որդիներ են»։ Անիկա անոնց փրկիչ եղաւ,
9. Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց, Իր ներկայութեան հրեշտակը զանոնք ազատեց, Իր սիրովն ու գթութիւնովը զանոնք փրկեց։ Զանոնք վերցուց ու անցեալ օրերուն մէջ զանոնք կրեց։
10. Բայց անոնք ապստամբեցան ու անոր Սուրբ Հոգին բարկացուցին։ Անիկա ալ անոնց թշնամի դարձաւ Ու ինք անոնց հետ պատերազմ ըրաւ։
11. Այն ատեն յիշեցին հին օրերը՝ Մովսէսը եւ անոր ժողովուրդը։ Ո՞ւր է անիկա, որ իր հօտին հովիւովը զանոնք ծովէն հանեց, Ո՞ւր է անիկա, որ անոնց մէջ իր Սուրբ Հոգին դրաւ,
12. Իր փառաւոր բազուկը Մովսէսին աջ ձեռքին հետ պտըտցուց, Իրեն յաւիտենական անուն վաստկելու համար Անոնց առջեւէն ջուրերը պատռեց
13. Զանոնք անդունդներէն առանց սահելու անցուց, Ինչպէս ձի մը անապատէն կ’անցնի ։
15. Երկնքէն նայէ՛, Քու սուրբ ու փառաւոր բնակութենէդ տե՛ս։ Ո՞ւր է քու նախանձդ ու զօրութիւնդ։ Քու աղիքներուդ գալարուիլը եւ ինծի ըրած ողորմութիւններդ արգիլուեցա՞ն։
16. Քանզի մեր Հայրը դուն ես, Թէեւ Աբրահամ մեզ չի գիտեր Ու Իսրայէլ մեզ չի ճանչնար. Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր Հայրն ես Ու սկիզբէն քու անունդ մեր Փրկիչն է։
17. Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ համար մեզ քու ճամբաներէդ կը մոլորեցնես, Ինչո՞ւ մեր սիրտը կը խստացնես, որ քեզմէ չվախնանք։ Քու ծառաներուդ սիրոյն համար, Քու ժառանգութեանդ ցեղերուն դարձիր։
18. Քու սուրբ ժողովուրդդ իրենց ժառանգութիւնը քիչ ատեն վայելեցին։ Մեր թշնամիները քու սրբարանդ ոտնակոխ ըրին։
19. Մենք այնպէս եղանք, Որպէս թէ դուն մեր վրայ չէիր տիրեր Եւ քու անունդ մեր վրայ չէր կանչուեր։
2. Խռիւները՝ բռնկցնող կրակի պէս, Ջուրերը՝ եռացնող կրակի պէս, Որ քու անունդ թշնամիներուդ յայտնէիր Ու ազգերը քու երեսէդ դողային
3. Երբ այն սոսկալի բաները ըրիր, որոնց չէինք յուսար, Իջա՛ր եւ քու երեսէդ լեռները հալեցան։
4. Քանզի սկիզբէն ի վեր չլսուեցաւ ու ականջ չլսեց Եւ աչք չտեսաւ քեզմէ զատ ուրիշ Աստուած մը, Որ իրեն յուսացողներուն այսպիսի բաներ ընէ։
5. Անոնց հանդիպեցար, որոնք ուրախութեամբ արդարութիւն կ’ընեն Եւ քու ճամբաներուդ մէջ քեզ կը յիշեն։ Ահա բարկացար, վասն զի մեղք գործեցինք Եւ անոնց մէջ երկար ատեն մնացինք. արդեօք պիտի փրկուի՞նք։
6. Բայց ամէնքս պիղծ բանի պէս եղանք Ու մեր բոլոր արդար գործերը անմաքուր լաթի պէս են։ Ամէնքս տերեւի պէս կը թառամինք Ու մեր անօրէնութիւնները հովի պէս մեզ կը հեռացնեն։
7. Քու անունդ կանչող չկայ, Որ արթննայ ու քեզմէ ոյժ գտնէ, Քանզի քու երեսդ մեզմէ ծածկեցիր Ու մեր անօրէնութիւններուն պատճառով մեզ մաշեցուցիր։
8. Բայց հիմա, ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։ Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։ Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք։
9. Շատ մի՛ բարկանար, ո՛վ Տէր Ու մեր անօրէնութիւնը յաւիտեան մի՛ յիշեր։ Ահա նայէ՛, կաղաչենք, ամէնքս քու ժողովուրդդ ենք։
11. Մեր սուրբ ու փառաւոր տունը, Որուն մէջ մեր հայրերը քեզ կ’օրհնէին, Հրոյ ճարակ եղաւ։ Մեր բոլոր ցանկալի տեղերը ամայացան։
12. Դեռ ինքզինքդ պիտի զսպե՞ս, ո՛վ Տէր, Տակաւին պիտի լռե՞ս ու մեզ խիստ շատ պիտի նեղե՞ս։
14. Տէրը ձեզի բարիք պիտի աւելցնէ, Ձեզի ու ձեր որդիներուն։
15. Օրհնեալ էք դուք Տէրոջմէն, Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։
16. Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է, Բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ։
17. Մեռելները Տէրը չեն օրհներ, Ոչ ալ անոնք, որ գերեզմանը կ’իջնեն։
18. Բայց մենք Տէրը պիտի օրհնենք Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Ալէլուիա՜։
27. Փոս փորողը ինք մէջը պիտի իյնայ Եւ ան որ քար կը գլորէ՝ իրեն պիտի դառնայ։
1. Պօղոս եւ Տիմոթէոս, Յիսուս Քրիստոսին ծառաները, Քրիստոս Յիսուսով բոլոր սուրբերուն, որոնք Փիլիպպէի կողմերն են՝ եպիսկոպոսներով ու սարկաւագներով.
2. Շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
3. Կը գոհանամ իմ Աստուծմէս ամէն անգամ որ ձեզ կը յիշեմ,
4. (Միշտ ամէն խնդրուածքիս մէջ ձեր ամենուն համար ուրախութեամբ աղօթք կ’ընեմ,)
5. Աւետարանին հաղորդ ըլլալնուդ համար առաջին օրէն մինչեւ հիմա.
6. Այս մասին վստահ ըլլալով՝ թէ ան որ ձեր մէջ բարի գործ մը սկսաւ, մինչեւ Յիսուս Քրիստոսին օրը պիտի կատարէ։
7. Կ’արժէ որ ձեր ամենուն մասին այսպէս խորհիմ՝ ձեզ իմ սրտիս մէջ ունենալուս՝ ՝ համար իմ կապերուս մէջ եւ աւետարանին ջատագովութեանը ու հաստատութեանը մէջ եւ ամէնքդ ինծի եղած շնորհքին հաղորդ ըլլալնուդ համար։
8. Քանզի վկայ է Աստուած, որ շատ փափաքներ ունիմ ձեր ամենուն համար Քրիստոս Յիսուսին գութովը։
9. Եւ կ’աղօթեմ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ գիտութիւնով ու իմաստութիւնով,
10. Որպէս զի դուք լաւ բաները ընտրէք, որպէս զի մինչեւ Քրիստոսին օրը անկեղծ եւ առանց գայթակղութեան ըլլաք.
11. Արդարութեան պտուղներով լեցուած Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով՝ Աստուծոյ փառքին ու գովեստին համար։
12. Կ’ուզեմ որ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, թէ ինչ որ ինծի պատահեցաւ՝ ա՛լ աւելի աւետարանին յառաջդիմութեանը պատճառ եղաւ.
13. Նոյնիսկ իմ կապերս, որոնք Քրիստոսին համար են, բոլոր պալատին մէջ եւ ամենուն ալ յայտնի եղան։
14. Եւ Տէրոջմով եղբայրներէն շատերը սիրտ առին իմ կապերէս եւ ա՛լ աւելի համարձակեցան Աստուծոյ խօսքը խօսելու առանց վախի։
15. Ոմանք նախանձէ ու հակառակութենէ եւ ոմանք բարեսիրութենէ շարժեալ ՝ Քրիստոսը կը քարոզեն.
16. Անոնք հակառակութեան համար Քրիստոսը կը պատմեն, ո՛չ թէ անկեղծութեամբ, կարծելով թէ վիշտ կ’աւելցնեն իմ կապերուս վրայ։
17. Իսկ ասոնք սիրոյ համար, վասն զի գիտեն թէ ես աւետարանին համար պատասխան տալու կեցեր եմ։
18. Բայց հոգ չէ, որ կերպով ալ ըլլայ, թէ՛ պատրուակով եւ թէ՛ ճշմարտութիւնով, կը բաւէ որ Քրիստոսը քարոզուի։ Ասոր համար ուրախ եմ եւ ուրախ ալ պիտի ըլլամ։
19. Քանզի գիտեմ որ ասոր վախճանը իմ փրկութեանս համար պիտի ըլլայ ձեր աղօթքներով ու Յիսուս Քրիստոսին Հոգիին օգնութիւնովը,
20. Իմ եռանդուն ակնկալութեանս ու իմ յոյսիս համեմատ, որ բանո՛վ մը ամօթով պիտի չըլլամ. հապա կատարեալ համարձակութիւնով ինչպէս ամէն ատեն՝ նոյնպէս ալ հիմա Քրիստոս իմ մարմնիս մէջ պիտի փառաւորուի՝ թէ՛ ապրելովս եւ թէ՛ մեռնելովս։
21. Վասն զի ինծի համար՝ ապրիլը Քրիստոս է ու մեռնիլը՝ օգուտ։
22. Եթէ մարմնի մէջ ապրիլս իմ գործիս պտուղ կը բերէ, ալ չեմ գիտեր ո՞րը ընտրեմ։
23. Երկու կողմանէ նեղը մնացած եմ, մեկնելու ու Քրիստոսին հետ ըլլալու փափաք ունենալով. թէեւ վերջինը շատ աղէկ է,
24. Բայց մարմնի մէջ կենալը ձեզի համար աւելի հարկաւոր է։
25. Այս բանին համոզուած ըլլալով՝ գիտեմ թէ ձեր ամենուն հետ պիտի կենամ ու մնամ, որպէս զի դուք զարգանաք եւ ուրախ ըլլաք հաւատքով.
26. Որպէս զի ձեր պարծանքը իմ վրայովս աւելի ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով՝ իմ նորէն ձեզի գալուս պատճառով։
27. Միայն թէ Քրիստոսին աւետարանին ինչպէս կը վայլէ՝ այնպէս վարուեցէք. որպէս զի եթէ գամ ու ձեզ տեսնեմ եւ կամ հեռու ըլլամ, ձեր վրայովը լսեմ թէ դուք հաստատուն կը կենաք մէկ հոգիով ու մէկ շունչով պատերազմակից կ’ըլլաք աւետարանին հաւատքին համար։
28. Բանով մըն ալ մի՛ զարհուրիք հակառակորդներէն, որ անոնց կորուստին ապացոյցն է ու ձեզի՝ փրկութեան.
29. Այն ալ Աստուծմէ է. վասն զի ձեզի շնորհուեցաւ Քրիստոսին համար՝ ո՛չ թէ միայն անոր հաւատալ, հապա անոր համար չարչարուիլ ալ,
30. Նոյն պատերազմը մղելով, որ իմ մէջս տեսաք ու հիմա իմ վրայովս կը լսէք։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981