Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 7Եսայիա 65:1-251. Զիս չհարցնողներէն փնտռուեցայ, Զիս չխնդրողներէն գտնուեցայ։ Իմ անունս չկանչող՝ ՝ ազգին «Ահա հոս եմ, ահա հոս եմ», ըսի։2. Ամէն օր իմ ձեռքերս երկնցուցի ապստամբ ժողովուրդի մը, Որոնք այնպիսի ճամբու մէջ կը քալեն, որ աղէկ չէ Եւ իրենց խորհուրդներուն կը հետեւին։3. Այնպիսի ժողովուրդի մը, որ միշտ երեսիս դէմ զիս կը բարկացնէ. Պարտէզներու մէջ կը զոհեն, Աղիւսներու վրայ խունկ կը ծխեն,4. Գերեզմաններու մէջ կը նստին, Գիշերը առանձին տեղերը կ’անցընեն, Խոզի միս կ’ուտեն, Իրենց ամաններուն մէջ գարշելի բաներու արգանակ կայ։5. Անոնք կ’ըսեն. «Մէկդի՛ կեցիր, ինծի մի՛ դպչիր, Քանզի ես քեզմէ սուրբ եմ»։ Ասոնք իմ ռնգունքներուս մէջ ծուխ են Ու ամէն օր բորբոքած կրակ են։6. Ահա իմ առջեւս գրուած է. «Պիտի չլռեմ, հապա պիտի հատուցանեմ։ Այո՛, անոնց ծոցին մէջ պիտի հատուցանեմ7. Ձեր անօրէնութիւնները՝ ձեր հայրերուն անօրէնութիւններուն հետ մէկտեղ, Որոնք լեռներու վրայ խունկ ծխեցին Ու բլուրներուն վրայ զիս անարգեցին, կ’ըսէ Տէրը, Ուստի անոնց առաջուան գործերը իրենց ծոցերուն մէջ պիտի լեցնեմ»։8. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Զոր օրինակ երբ ողկոյզի մը վրայ քաղցու գտնուի, կ’ըսեն՝ ‘Ատիկա մի՛ կորսնցներ, Քանզի ատոր վրայ օրհնութիւն կայ’։ Ես ալ իմ ծառաներուս համար այնպէս պիտի ընեմ, Որպէս զի ամէնքը չկորսնցնեմ։9. Յակոբէն՝ սերունդ, Յուդայէն իմ լեռներուս ժառանգորդ պիտի հանեմ։ Իմ ընտրեալներս այն երկիրը պիտի ժառանգեն։ Իմ ծառաներս հոն պիտի բնակին։10. Զիս փնտռող ժողովուրդիս համար Սարօն՝ հօտերու փարախ Եւ Աքովրի ձորը արջառներու մակաղատեղի պիտի ըլլայ։11. Քանի որ դուք Տէրը թողուցիք Ու իմ սուրբ լեռս մոռցաք, Գաղ կուռքին ՝ ՝ սեղան պատրաստեցիք Ու Մենիին թափելու նուէր՝ ՝ լեցուցիք,12. Ես ալ ձեզ սուրի պիտի մատնեմ Եւ ամէնքդ պիտի ծռիք մորթուելու համար. Քանզի կանչեցի ու պատասխան չտուիք, Խօսեցայ ու մտիկ չըրիք, Հապա իմ առջեւս չարութիւն ըրիք Եւ ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք»։13. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա իմ ծառաներս պիտի ուտեն, Բայց դուք անօթի պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի խմեն, Բայց դուք ծարաւ պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, Բայց դուք պիտի ամչնաք։14. Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան, Բայց դուք սրտի ցաւէ պիտի աղաղակէք Եւ հոգիի ճնշումէ պիտի ոռնաք։15. Ձեր անունը իմ ընտրածներուս անէծքի համար պիտի թողուք։ Տէր Եհովան քեզ պիտի մեռցնէ Ու իր ծառաները ուրիշ անունով պիտի կանչէ,16. Որպէս զի երկրի վրայ օրհնուողը Ճշմարիտ Աստուծմով օրհնուի Ու երկրի վրայ երդում ընողը Ճշմարիտ Աստուծմով երդում ընէ։ Քանզի առաջուան նեղութիւնները մոռցուեցան Ու անոնք իմ աչքերէս ծածկուեցան։17. Քանզի ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ Եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։18. Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս Յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք. Վասն զի ահա ես Երուսաղէմը՝ ցնծութեան համար Ու անոր ժողովուրդը ուրախութեան համար կը ստեղծեմ։19. Երուսաղէմի վրայ պիտի ցնծամ Ու իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի ուրախանամ։ Հոն անգամ մըն ալ լացի ձայն ու ողբի ձայն պիտի չլսուի։20. Հոն անգամ մըն ալ՝ քիչ օր ապրող տղայ, Կամ օրերը չլեցուած ծեր պիտի չըլլայ, Քանզի երիտասարդը հարիւր տարեկան պիտի մեռնի Եւ հարիւր տարեկան մեղաւորը անէծքի պիտի հանդիպի։21. Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, Այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։22. Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, Անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. Վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան Եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։23. Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին Ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին. Քանզի անոնք Տէրոջը օրհնածներուն սերունդն են Ու իրենց հետ իրենց զաւակներն ալ։24. Անոնք դեռ չկանչած՝ պատասխան պիտի տամ, Մինչ կը խօսին՝ պիտի լսեմ։25. Գայլն ու գառը մէկտեղ պիտի արածին։ Առիւծը արջառին պէս յարդ պիտի ուտէ։ Օձին կերակուրը հող պիտի ըլլայ։ Անոնք իմ սուրբ լերանս մէջ պիտի չվնասեն Ու պիտի չապականեն», կ’ըսէ Տէրը։Եսայիա 66:1-241. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Երկինք իմ աթոռս է Ու երկիր իմ ոտքերուս պատուանդանն է։ Այս ի՞նչ տուն է որ ինծի համար կը շինէք Եւ այս ի՞նչ տեղ է իմ հանգստութեանս համար։2. Քանզի այս բոլորը իմ ձեռքս շինեց Ու այս բոլորը իմս են, կ’ըսէ Տէրը, Բայց ես այս մարդոց պիտի նայիմ, Այսինքն խոնարհին եւ կոտրած հոգի ունեցողին Ու իմ խօսքէս դողացողին։3. Արջառ մորթողը մարդ մեռցնողի պէս է, Գառնուկ զոհողը շուն մորթողի պէս ։ Նուէր մատուցանողը խոզի արիւն մատուցանողի պէս, Կնդրուկ ծխողը կուռք պաշտողի՝ ՝ պէս ։ Իրաւցընէ անոնք իրենց ճամբաները ընտրեցին Ու անոնց հոգիները իրենց գարշելիներէն կ’ախորժին։4. Ես ալ անոնց թշուառութիւնները պիտի ընտրեմ Եւ այն բոլոր բաները, որոնցմէ կը վախնան, իրենց վրայ պիտի բերեմ։ Վասն զի կանչեցի ու պատասխան տուող չեղաւ, Խօսեցայ ու մտիկ չըրին։ Իմ առջեւս չարութիւն ըրին Եւ իմ չհաւնածս ընտրեցին»։5. Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք, Ո՛վ անոր խօսքերէն դողացողներ. «Իմ անուանս համար ձեզ ատող Ու ձեզ անարգող ձեր եղբայրները ըսին՝ ‘Թող Տէրը փառաւորուի Ու ձեր ուրախութիւնը տեսնենք’. Բայց անոնք պիտի ամչնան։6. Քաղաքէն աղաղակ մը, տաճարէն ձայն մը կու գայ, Տէրոջը ձայնը, որ իր թշնամիներուն վարձքը կը հատուցանէ։7. Առանց ցաւ կրելու ծնաւ, Երկունքի ցաւը գալէ առաջ մանչ մը ծնաւ։8. Ո՞վ լսեց այսպիսի բան մը, ո՞վ տեսաւ նման բան։ Միթէ երկիր մէկ օրուան մէ՞ջ կը ծնի, Կամ ազգ մը մէկ անգամէ՞ն ծնաւ։ Քանզի Սիօն հազիւ երկունք քաշեց երբ իր տղաքները ծնաւ։9. ‘Ես որ ծնանելու վայրկեանը կը բերեմ, Ծնանիլ պիտի չտա՞մ’, կ’ըսէ Տէրը. ‘Ես որ յղանալ կ’արտօնեմ, Արգանդը պիտի գոցե՞մ’, կ’ըսէ քու Աստուածդ։10. Երուսաղէմին հետ ուրախացէ՛ք ու անոր հետ ցնծացէ՛ք Դո՛ւք բոլորդ, որ զանիկա կը սիրէք։ Մեծապէս ուրախացէ՛ք անոր հետ Դո՛ւք, բոլորդ որ անոր համար սուգ կը բռնէք։11. Վասն զի անոր մխիթարութեան ստինքներէն Պիտի ծծէք ու կշտանաք։ Վասն զի դուք կաթով պիտի սնանիք Եւ անոր փառքին առատութիւնովը պիտի զուարճանաք»։12. Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես անոր վրայ խաղաղութիւնը գետի պէս Ու ազգերուն փառքը յորդահոս հեղեղի պէս պիտի տարածեմ։ Եւ կաթով պիտի սնանիք եւ ձեզ գրկի վրայ պիտի կրեն Ու ծունկերու վրայ պիտի գգուեն ձեզ։13. Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, Այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ Ու Երուսաղէմ պիտի մխիթարէ ձեզ։14. Պիտի տեսնէք ու սրտերնիդ պիտի ուրախանայ Եւ ձեր ոսկորները կանանչ խոտի պէս պիտի ծաղկին։ Տէրոջը ձեռքը իր ծառաներուն վրայ Եւ անոր բարկութիւնը թշնամիներուն վրայ պիտի յայտնուի։15. Քանզի ահա Տէրը կրակով պիտի գայ։ Անոր կառքերը մրրիկի պէս են, Որպէս զի իր բարկութիւնը սրտմտութիւնով Եւ իր սպառնալիքը կրակի բոցով գործադրէ։16. Քանզի Տէրը կրակով ու իր սուրովը պիտի դատէ ամէն մարմին։ Տէրոջմէն սպաննուածները շատ պիտի ըլլան»։17. «Զիրենք սրբողները եւ պարտէզներու մէջ զիրար մաքրողները, Խոզի միս ու պիղծ բաներ եւ մուկ ուտողները Մէկտեղ բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։18. «Բայց ես անոնց գործերն ու խորհուրդները գիտեմ Եւ բոլոր ազգերն ու լեզուները պիտի հաւաքեմ։ Անոնք պիտի գան ու իմ փառքս պիտի տեսնեն։19. Անոնց մէջ նշան պիտի դնեմ, Անոնցմէ ազատուածները ազգերուն պիտի ղրկեմ, Այսինքն դէպի Թարսիս, դէպի Փուղ եւ Ղուդ (աղեղնաւորները)՝ Դէպի Թոբէլ ու Յաւան, Այն հեռու կղզիները, որոնք իմ համբաւս չլսեցին Եւ իմ փառքս չտեսան։ Իմ փառքս ազգերու մէջ պիտի պատմեն։20. Անոնք ձիերով ու կառքերով, Գահաւորակներով, ջորիներով ու տաճիկ ուղտերով՝ Ձեր բոլոր եղբայրները բոլոր ազգերէն Իմ սուրբ լեռս՝ Երուսաղէմ՝ Տէրոջը ընծայ պիտի բերեն», կ’ըսէ Տէրը, «Ինչպէս Իսրայէլի որդիները Մաքուր ամանով Տէրոջը տունը ընծայ կը բերեն։21. Անոնցմէ ալ պիտի առնեմ՝ Քահանաներ ու Ղեւտացիներ ըլլալու համար», կ’ըսէ Տէրը։22. «Քանզի նոր երկինքն ու նոր երկիրը, որ պիտի ստեղծեմ, Իմ առջեւս հաստատ պիտի մնան», կ’ըսէ Տէրը։ Այնպէս ալ ձեր սերունդը եւ ձեր անունը պիտի մնան։23. «Եւ ամէն նոր լուսնի տօնին եւ ամէն շաբաթ Բոլոր մարդիկը իմ առջեւս երկրպագելու պիտի գան», կ’ըսէ Տէրը։24. «Անոնք պիտի ելլեն Ու իմ դէմս ապստամբողներուն դիակները պիտի տեսնեն, Քանզի անոնց որդը պիտի չմեռնի, Անոնց կրակը պիտի չմարի, Անոնք ամէն մարմնի զզուելի պիտի ըլլան»։Սաղմոսներ 116:1-41. Ուրախ եմ ես, վասն զի Տէրը Իմ ձայնս ու աղաչանքս լսեց,2. Վասն զի անիկա իր ականջը ինծի խոնարհեցուց, Ուստի բոլոր կեանքիս մէջ անոր պիտի կանչեմ։3. Մահուան լարերը զիս պատեցին Ու գերեզմանին վիշտերը զիս գտան։ Նեղութիւն ու տրտմութիւն գտայ։4. Բայց ես Տէրոջը անունը կանչեցի։ Կ՛աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս։Առակներ 26:28-2828. Ստախօս լեզուն իր ծեծածները՝ ՝ կ’ատէ Ու շողոքորթ բերանը կորուստ կը յառաջացնէ։Փիլիպեցիները 2:1-301. Արդ՝ եթէ Քրիստոսով մխիթարութիւն մը կայ, եթէ սիրոյ սփոփանք մը, եթէ Հոգիի հաղորդութիւն մը, եթէ գթութիւն ու ողորմութիւն մը,2. Իմ ուրախութիւնս դո՛ւք լեցուցէք, նոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք, միեւնոյն սէրը ձեր մէջ ունենալով, մէ՛կ շունչ, մէ՛կ մտածում։3. Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք.4. Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ ։5. Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր.6. Որ Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով, յափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը.7. Հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը8. Ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ։9. Ասոր համար Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է.10. Որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։11. Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար։12. Ուստի, իմ սիրելիներս, ինչպէս ամէն ատեն հնազանդ եղաք՝ ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս, հապա ա՛լ աւելի հիմա, իմ բացակայութեանս ատեն, ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք.13. Վասն զի Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար։14. Ամէն բան առանց տրտունջներու ու վիճաբանութիւններու ըրէք.15. Որպէս զի ըլլաք անբիծ ու անարատ, Աստուծոյ որդիներ առանց մեղադրանքի, կամակոր ու խոտորեալ ազգին մէջ, որոնց մէջ դուք լուսաւորներու պէս կը փայլիք աշխարհի մէջ,16. Կենաց խօսքը ամուր բռնելով, որպէս զի կարենամ պարծենալ Քրիստոսին օրը, թէ պարապ տեղ չեմ քալած ու պարապ տեղ չեմ աշխատած։17. Թէպէտեւ ձեր հաւատքին իբր պատարագ ու զոհ ընծայուիմ, կ’ուրախանամ եւ ձեր ամենուն ուրախակից կ’ըլլամ.18. Նոյնպէս ալ դուք ուրախացէ՛ք ու ինծի ուրախակից եղէ՛ք։19. Արդ՝ կը յուսամ Տէր Յիսուսով թէ Տիմոթէոսը ձեզի պիտի ղրկեմ, որպէս զի սիրտս ալ հանգչի, երբ ձեր վիճակը գիտնամ։20. Վասն զի անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի։21. Քանզի ամէնքը իրենցը կը փնտռեն՝ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը։22. Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց։23. Ուստի մտադիր եմ զինք ձեզի ղրկել՝ որքան շուտ որ վիճակս յայտնի ըլլայ։24. Բայց վստահութիւն ունիմ Տէրոջմով որ ես ալ քիչ ատենէն պիտի գամ։25. Բայց հարկաւոր սեպեցի հիմա ձեզի ղրկել Եպափրոդիտոս իմ եղբայրս եւ գործակիցս ու զինակիցս, որ դուք ղրկած էիք իմ պէտքերուս ծառայելու։26. Որովհետեւ ինք ալ շատ կարօտցած էր ձեզ ամէնքդ [տեսնելու] ու կը ցաւէր, որ դուք լսած էիք թէ ինք հիւանդացած է։27. Արդարեւ, ինք մահամերձ հիւանդացաւ, բայց Աստուած ողորմեցաւ անոր. ո՛չ միայն անոր՝ հապա ինծի ալ, որպէս զի տրտմութեան վրայ տրտմութիւն չունենամ։28. Ասոր համար աւելի փութով ղրկեցի, որպէս զի դուք զանիկա տեսնելով նորէն ուրախանաք ու ես չտրտմիմ։29. Ուրեմն ուրախութեամբ ընդունեցէք զանիկա Տէրոջմով ու այնպիսիները պատուականներու կարգը բռնեցէք.30. Քանզի Քրիստոսին գործին համար մինչեւ մահուան մօտեցաւ՝ իր կեանքը վտանգի մէջ ձգելով, որպէս զի ինծի ծառայէ ձեր փոխարէն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981