Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 1Երեմիա 49:1-391. Ամմոնին որդիներուն վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Միթէ Իսրայէլ տղաքներ չունի՞. Միթէ անիկա ժառանգ չունի՞. Ինչո՞ւ Մեղքոմը Գադին ժառանգ եղաւ։ Ու իր ժողովուրդը անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ։2. Ասոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Ամմոնին որդիներուն Ռաբբայի մէջ Պատերազմի աղաղակ լսել պիտի տամ Ու անիկա աւերակներու դէզ պիտի ըլլայ Եւ անոր գիւղերը կրակով պիտի այրին Ու Իսրայէլ իրեն տիրողներուն վրայ պիտի տիրէ, կ’ըսէ Տէրը։3. «Ողբա՛, ո՛վ Եսեբոն, վասն զի Գային կորսուեցաւ։ Աղաղակեցէ՛ք, ո՛վ Ռաբբայի աղջիկներ, Քուրձեր հագէ՛ք, լացէ՛ք Ու ցանկէ ցանկ վազեցէ՛ք. Վասն զի Մեղքոմ գերութեան կ’երթայ Իր քուրմերովն ու իշխաններովը մէկտեղ։4. Ինչո՞ւ քու հովիտներովդ կը պարծիս։ Քու հովիտդ աւերուեցաւ, ո՛վ ապստամբ աղջիկ, Որ քու գանձերուդ ապաւիներ էիր Ու կ’ըսէիր թէ ‘Իմ վրաս ո՞վ կրնայ գալ’։5. «Ահա ես, կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան, Քու վրադ վախ պիտի բերեմ Բոլորտիքդ եղողներէն Եւ ամէն մէկը իր առջեւի ճամբան երթալով ՝ պիտի ցրուիք Ու փախստականները հաւաքող պիտի չըլլայ։6. Եւ անկէ ետքը Ամմոնին որդիները գերութենէ Պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։7. Եդովմի վրայով զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Արդեօք Թեմանի մէջ ա՛լ իմաստութիւն չկա՞յ Ու հանճարեղներէն խորհուրդը կորսուեցա՞ւ. Անոնց իմաստութիւնը հատա՞ւ։8. Փախէ՛ք, դարձէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք, Ո՛վ Դեդանի բնակիչներ, Վասն զի Եսաւին կորուստը Անոր պատժուելու ժամանակը անոր վրայ պիտի բերեմ։9. Եթէ քեզի այգի կթողներ գային, Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն. Եթէ գիշերով գողեր գային. Իրենց բաւարար եղածին չա՞փ պիտի յափշտակէին։10. Բայց ես Եսաւը բոլորովին մերկացուցի, Անոր ծածուկ տեղերը բացի, Այնպէս որ ան չկրցաւ պահուըտիլ։ Անոր զաւակները, անոր եղբայրներն ու անոր դրացիները կորսուեցան Եւ ինք չկայ։11. Որբերդ թո՛ղ տուր, ես զանոնք ողջ կը պահեմ Ու քու որբեւարիներդ թող ինծի ապաւինին»։12. Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա անոնք, որ բաժակը խմելու պարտաւոր չէին, անշուշտ պիտի խմեն. Իսկ դուն բոլորովին անպատի՞ժ պիտի մնաս։ Անպատիժ պիտի չմնաս, Հապա անպատճառ պիտի խմես։13. Վասն զի իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ Բօսրան ամայութիւն, նախատինք, աւերակ ու անէծք պիտի ըլլայ Եւ անոր բոլոր քաղաքները յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլան»։14. Տէրոջը կողմէ լուր լսեցի Ու ազգերուն դեսպան ղրկուած է, որ կ’ըսէ. «Հաւաքուեցէ՛ք եւ անոր վրայ գացէ՛ք Ու պատերազմի ելէ՛ք»։15. Քանզի ահա քեզ ազգերու մէջ՝ պզտիկ Ու մարդոց մէջ անարգ ըրի։16. Քու ահաւորութիւնդ, քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեցին, Ո՛վ վէմին խոռոչներուն մէջ բնակող Ու բարձր բլուրներուն փակչող. Եթէ քու բոյնդ արծիւի պէս բարձրերն ալ շինես, Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ, կ’ըսէ Տէրը։17. «Եդովմ ամայի պիտի ըլլայ. Անկէ ամէն անցնող պիտի զարմանայ Եւ անոր բոլոր աղէտներուն համար պիտի սուլէ։18. Սոդոմի ու Գոմորի եւ անոր շրջակայ քաղաք ներուն կործանումին պէս», կ’ըսէ Տէրը, «Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի Ու անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։19. Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն. Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանիկա Եւ ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ. Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ Ու ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի՝ ՝ Եւ ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։20. Անոր համար Եդովմի վրայով Տէրոջը խորհուրդը Ու Թեմանի բնակիչներուն վրայով կազմած ծրագիրը լսեցէ՛ք. Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք, Անշուշտ անոնց բնակարանները անոնց հետ պիտի աւերէ։21. Անոնց իյնալու ձայնէն երկիրը պիտի շարժի. Անոնց աղաղակին ձայնը մինչեւ Կարմիր ծով պիտի լսուի։22. Ահա թշնամին արծիւի պէս բարձրանալով պիտի թռչի Ու իր թեւերը Բօսրայի վրայ պիտի տարածէ Եւ այն օրը Եդովմին զօրաւորներուն սիրտը Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ»։23. Դամասկոսի վրայով։ «Եմաթ ու Արփաթ ամչցան, Քանզի գէշ լուր լսեցին ու մարեցան։ Ծովուն մէջ տառապանք կայ, Անիկա չի կրնար հանդարտիլ։24. Դամասկոս տկարացաւ, Սկսաւ փախչիլ, Արհաւիրքը անոր վրայ հասաւ. Զանիկա ծննդական կնոջ պէս նեղութիւն ու ցաւեր բռնեցին։25. Ի՜նչպէս լքուեցաւ երեւելի քաղաքը Ու ուրախութեան քաղաքը։26. Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան Եւ բոլոր պատերազմիկները Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։27. Դամասկոսի պարսպին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ, Որ Բենադադին պալատները պիտի լափէ»։28. Կեդարին վրայով ու Հասորի թագաւորութիւններուն վրայով, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ելէ՛ք, Կեդարի՛ վրայ գացէք Եւ արեւելքի բնակիչները ջարդեցէ՛ք.29. Անոնց վրաններն ու հօտերը պիտի առնուին, Անոնց վարագոյրներն ու բոլոր կարասիները Եւ ուղտերը իրենցմէ հեռու պիտի տարուին Ու անոնց պիտի ըսուի թէ ‘Ամէն կողմանէ վախ կայ’։30. Փախէ՛ք, շուտով հեռացէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք, Ո՛վ Հասորի բնակիչներ, կ’ըսէ Տէրը, Վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Ձեզի դէմ բան մը ծրագրեց Ու ձեզի դէմ դիտաւորութիւն մը մտածեց։31. «Ելէ՛ք ու հանգստութեան եւ ապահովութեան մէջ բնակող ազգին գացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, Որ դռներ ու նիգեր չունի ու առանձինն կը բնակի։32. Եւ անոնց ուղտերը պիտի կողոպտուին Ու անոնց խաշինքներուն բազմութիւնը պիտի յափշտակուի Եւ իրենց մօրուքին ծայրը կտրողները ամէն հովի պիտի ցրուեմ Ու անոնց կործանումը ամէն կողմէ պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը33. Եւ Հասորը չագալներու բնակարան, Յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ. Հոն մարդ պիտի չնստի Ու հոն մարդու զաւակ պիտի չբնակի»։34. Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը Եղամին մասին Երեմիա մարգարէին եղած Տէրոջը խօսքն է, որ ըսաւ.35. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Եղամին աղեղը, Անոնց գլխաւոր զօրութիւնը պիտի կոտրեմ։36. Ու Եղամին վրայ երկնքի չորս կողմէն չորս հովեր պիտի բերեմ, Զանոնք այս բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ Ու պիտի չըլլայ ազգ մը, որուն Եղամի փախստականները չերթան։37. Ու Եղամացիները իրենց թշնամիներուն առջեւ Եւ իրենց հոգին փնտռողներուն առջեւ պիտի վախցնեմ Ու անոնց վրայ պատուհաս պիտի բերեմ, Այսինքն իմ սաստիկ բարկութիւնս, կ’ըսէ Տէրը։ Եւ անոնց ետեւէն սուր պիտի ղրկեմ, Մինչեւ զանոնք հատցնեմ։38. Ու իմ աթոռս Եղամի մէջ պիտի դնեմ Եւ թագաւոր ու իշխաններ պիտի կորսնցնեմ անկէ, կ’ըսէ Տէրը։39. Բայց վերջին օրերը Եղամը գերութենէ պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։Երեմիա 50:1-461. Բաբելոնի վրայով, Քաղդէացիներու երկրին վրայով, Երեմիա մարգարէին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքը։2. «Ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք. Հրատարակեցէ՛ք ու դրօշ վերցուցէ՛ք. Հրատարակեցէ՛ք ու մի՛ ծածկէք ու ըսէ՛ք՝ ‘Բաբելոնը առնուեցաւ, Բէլը ամչցաւ, Մարովդաքը կոտրեցաւ, Անոր արձանները ամչցան, Անոր կուռքերը կոտրտեցան’.3. Վասն զի անոր վրայ հիւսիսէն ազգ մը ելաւ, Որը անոր երկիրը աւերակ պիտի ընէ Ու հոն բնակիչ պիտի չմնայ. Մարդէ մինչեւ անասուն պիտի փախչին երթան»։4. «Այն օրերը ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլին որդիները, իրենք ու Յուդային որդիները, մէկտեղ պիտի գան, Քալելով ու լալով պիտի գան Եւ իրենց Տէր Աստուածը պիտի փնտռէն։5. Սիօնի համար պիտի հարցնեն՝ Իրենց երեսը դէպի հոն դարձնելով. ‘Եկէ՛ք ու Տէրոջը յարի՛նք Յաւիտենական ու անմոռաց ուխտով մը’։6. «Իմ ժողովուրդս կորսուած ոչխարներու պէս եղաւ, Իրենց հովիւները զանոնք մոլորեցուցին։ Զանոնք լեռներու վրայ պտըտցուցին։ Անոնք ալ լեռնէ լեռ ու բլուրէ բլուր գացին Ու իրենց մակաղատեղին մոռցան։7. Բոլոր գտնողները զանոնք կերան Ու անոնց թշնամիները ըսին՝ ‘Մենք յանցանք չունինք, Վասն զի անոնք արդարութեան բնակարան եղող Տէրոջը դէմ Ու իրենց հայրերուն յոյսը եղող Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին’։8. «Բաբելոնէն փախէ՛ք Ու Քաղդէացիներու երկրէն ելէք Եւ հօտերուն առջեւէն գացող նոխազներուն պէս եղէ՛ք։9. Քանզի ահա ես Բաբելոնի վրայ Հիւսիսի երկրէն մեծ ազգերու խումբ մը Պիտի արթնցնեմ ու հանեմ։ Անոր առջեւ գունդերով պիտի շարուին Եւ ան պիտի առնուի։ Անոնց նետերը, յաջողակ պատերազմողի նետերու պէս Պարապ պիտի չդառնան։10. Եւ Քաղդէացիներու երկիրը պիտի կողոպտուի Ու զանիկա թալլողները պիտի կշտանան», կ’ըսէ Տէրը։11. «Որովհետեւ դուք ուրախացաք ու խնդացիք, Ո՛վ իմ ժառանգութեանս կողոպտիչներ, Կանանչ խոտերու մէջ արածուող՝ ՝ երինջի պէս ցատկեցէ՛ք Ու երիվարներու պէս վրնջեցէ՛ք։12. Ձեր մայրը խիստ ամչցաւ. Ձեզ ծնանողը շնորհազուրկ եղաւ։ Ահա անիկա ազգերուն յետինը, Անապատ, անջրդի ու ամայի պիտի ըլլայ։13. Տէրոջը բարկութեանը պատճառով հոն մարդ պիտի չբնակի, Բոլորովին ամայի պիտի ըլլայ։ Ով որ Բաբելոնի քովէն անցնի՝ Անոր հարուածներուն վրայ Պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։14. Բաբելոնի շուրջը շարուեցէ՛ք, Ո՛վ աղեղ լարողներ, Անոր նետեցէ՛ք, նետին մի՛ խնայէք, Քանզի անիկա Տէրոջը դէմ մեղք գործեց։15. Անոր շուրջը աղաղակ բարձրացուցէ՛ք. Անիկա անձնատուր եղաւ, Անոր հիմերը կործանուեցան, Անոր պարիսպները աւերուեցան, Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնն է։ Անկէ վրէժ առէ՛ք, Անոր իր ըրածին պէս ըրէ՛ք։16. Բաբելոնէն սերմանողը ու հունձքի ժամանակ մանգաղ բռնողը կոտորեցէ՛ք. Բռնաւորին սուրին երեսէն Ամէն մարդ իր ժողովուրդին պիտի դառնայ Ու ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։17. «Իսրայէլ մոլորեալ ոչխար մըն է, Առիւծներէն հալածուած. Նախ Ասորեստանի թագաւորը զանիկա կերաւ Ու ետքը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը անոր ոսկորները կրծեց։18. Ասոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Բաբելոնի թագաւորին ու անոր երկրին վրայ պատուհաս պիտի բերեմ, Ինչպէս Ասորեստանի թագաւորին ըրի։19. Եւ Իսրայէլը իր բնակարանը պիտի դարձնեմ Ու Կարմեղոսի եւ Բասանի մէջ պիտի արածի Ու անոր հոգին Եփրեմի լերանը վրայ Ու Գաղաադի վրայ պիտի կշտանայ’։20. Այն օրերն ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի մէջ անօրէնութիւն պիտի փնտռուի, Բայց անօրէնութիւն պիտի չըլլայ Եւ Յուդայի մէջ մեղքեր պիտի փնտռուին, Բայց պիտի չգտնուին. Վասն զի պիտի ներեմ անոնց մեղքը, որոնք իբր մնացորդ պահած եմ»։21. Մերաթայիմի երկրին վրայ Եւ Փակուդի բնակիչներուն վրայ ելի՛ր, Զանոնք աւերէ՛ Ու նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛, կ’ըսէ Տէրը Եւ քեզի պատուիրածիս պէս ըրէ՛։22. Երկրին մէջ պատերազմի ձայն Ու մեծ կոտորած կայ։23. Բոլոր երկրին մուրճը ի՜նչպէս կոտրուեցաւ ու փշրուեցաւ։ Բաբելոն ազգերուն մէջ ի՜նչպէս աւերակ եղաւ։24. Քեզի որոգայթ լարեցի ու բռնուեցար, ո՛վ Բաբելոն, Բայց դուն չգիտցար։ Գտնուեցար ու ձեռքը անցար, Վասն զի Տէրոջը դէմ մաքառեցար։25. Տէրը իր զինարանը բացաւ Ու իր բարկութեան զէնքերը հանեց, Քանզի Քաղդէացիներու երկրին մէջ Զօրքերու Տէր Եհովան կատարելիք գործ մը ունի։26. Երկրի ծայրէն անոր վրայ եկէ՛ք, Անոր շտեմարանները բացէ՛ք, Զանիկա շեղջերու պէս դիզեցէ՛ք Ու նզովուածի պէս զանիկա բնաջինջ ըրէ՛ք. Անկէ մնացորդ մի՛ թողուք։27. Անոր բոլոր զուարակները կորսնցուցէ՛ք, Թող անոնք սպանդանոցը իջնեն։ Վա՜յ անոնց, քանզի անոնց օրը, Անոնց պատուհասի ժամանակը հասած է։28. Բաբելոնի երկրէն փախչողներուն ու ազատուածներուն ձայնը կու գայ, Որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն վրէժխնդրութիւնը, Անոր տաճարին վրէժխնդրութիւնը, Սիօնի մէջ պատմէ։29. «Բաբելոնի վրայ աղեղնաւորներ կանչեցէ՛ք. Ո՛վ բոլոր աղեղ լարողներ, Անոր բոլորտիքը բանակեցէ՛ք. Չըլլայ թէ մարդ մը ազատի։ Անոր իր գործերուն համեմատ հատուցում ըրէք։ Անոր իր ամէն ըրածին պէս ըրէ՛ք. Վասն զի անիկա Տէրոջը դէմ՝ Իսրայէլին Սուրբին դէմ՝ հպարտացաւ։30. Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան Եւ անոր բոլոր պատերազմիկները Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։31. «Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ հպարտ, Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան, Քանզի քու օրդ, քեզ պատուհասելու ժամանակը հասած է։32. Հպարտը գլորուելով պիտի իյնայ Ու մէ՛կը պիտի չըլլայ, որ զանիկա վերցնէ։ Անոր քաղաքներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ, Որ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը ուտէ»։33. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները մէկտեղ զրկանք կրեցին Ու անոնց բոլոր գերեվարները զանոնք բռնեցին Ու չեն ուզեր զանոնք արձակել։34. Անոնց Փրկիչը զօրաւոր է, Անոր անունը Զօրքերու Տէր է. Անիկա անշուշտ անոնց դատին ջատագով պիտի ըլլայ, Որպէս զի երկրին հանգստութիւն տայ Ու Բաբելոնի բնակիչները խռովեցնէ։35. Տէրը կ’ըսէ թէ Քաղդէացիներուն վրայ Ու Բաբելոնի բնակիչներուն վրայ Եւ անոր իշխաններուն ու իմաստուններուն վրայ սուր պիտի գայ ։36. Ստախօսներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի խենդենան։ Անոր կտրիճներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի զարհուրին։37. Անոր ձիերուն ու կառքերուն վրայ Եւ անոր մէջ եղող բոլոր խառնիճաղանճ բազմութեանը վրայ սուր պիտի գայ Ու կիներու պէս պիտի ըլլան։ Անոր գանձերուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի յափշտակուին։38. Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին։ Քանզի անիկա կուռքերու երկիր է Ու իրենց կուռքերովը կը յիմարանան։39. Անոր համար հոն վայրենի կատուներ ու բորենիներ պիտի բնակին Ու հոն ջայլամներ պիտի բնակին։ Եւ հոն անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի Ու ազգէ ազգ հոն բնակիչ պիտի չըլլայ։40. Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին Եւ անոր շրջակայ քաղաք ներուն պէս, կ’ըսէ Տէրը, Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի Եւ անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։41. «Ահա հիւսիսէն ժողովուրդ մը պիտի գայ Ու մեծ ազգ մը եւ շատ թագաւորներ Երկրի ծայրերէն պիտի արթննան։42. Անոնք աղեղ ու նիզակ կը կրեն, Անոնք անգութ ու անողորմ են։ Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ Եւ անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն Ու պատերազմող մարդու պէս Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ Բաբելոնի աղջիկ։43. Երբ Բաբելոնի թագաւորը այս լուրը լսեց, Անոր ձեռքերը թուլցան. Նեղութիւնը շրջապատեց զանիկա Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։44. Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն։ Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանոնք։ Ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ. Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ։ Ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի. Ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։45. Անոր համար Բաբելոնի վրայով ունեցած Տէրոջը խորհուրդը Ու Քաղդէացիներու երկրին վրայ ունեցած մտածումը լսեցէ՛ք. Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք. Անշուշտ անոնց բնակարանները իրենց հետ պիտի աւերէ։46. Բաբելոնի առնուելու ձայնէն երկիրը կը շարժի Ու ազգերուն մէջ աղաղակ կը լսուի»։Սաղմոսներ 119:121-128121. Իրաւունք ու արդարութիւն ըրի, Զիս իմ նեղիչներուս մի՛ մատներ։122. Քու ծառայիդ բարութեան համար երաշխաւոր եղիր. Ամբարտաւանները թող չհարստահարեն զիս։123. Իմ աչքերս նուաղեցան քու փրկութեանդ համար Ու քու արդարութեանդ խօսքին համար։124. Քու ծառայիդ քու ողորմութեանդ համեմատ ըրէ՛ Եւ քու կանոններդ սորվեցո՛ւր ինծի։125. Ես քու ծառադ եմ, իմաստուն ըրէ՛ զիս, Որպէս զի քու վկայութիւններդ ճանչնամ։126. Տէրոջը գործելու ժամանակն է, Վասն զի քու օրէնքդ խափանեցին։127. Անոր համար քու պատուիրանքներդ Ոսկիէն ու ազնիւ ոսկիէն աւելի սիրեցի,128. Ուստի ամէն բանի վրայով պատուիրած քու բոլոր հրամաններդ ուղիղ կը համարեմ Ու ստութեան ամէն ճամբայ կ’ատեմ։Առակներ 28:6-66. Իր կատարելութեանը մէջ քալող աղքատը՝ Ծուռ ճամբաներու մէջ քալող հարուստ մարդէն աղէկ է։Տիտոս 1:1-161. Պօղոս՝ Աստուծոյ ծառայ եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ կանչուած Աստուծոյ ընտրեալներուն հաւատքն ու ճշմարտութեան գիտութիւնը առաջնորդելու, որ աստուածպաշտութեան համաձայն է,2. Յաւիտենական կեանքի յոյսով, որ անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ3. Եւ իր ժամանակին իր խօսքին քարոզութեամբ յայտնեց, որ ինծի յանձնուեցաւ մեր Փրկիչ Աստուծոյ հրամանովը,4. Տիտոսին իմ հարազատ որդիիս հասարակաց հաւատքովը՝ շնորհք եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու մեր Փրկչէն, Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։5. Ասոր համար ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէս զի բոլոր պակաս բաները շտկես ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես, ինչպէս ես քեզի պատուիրեցի.6. Եթէ մէկը անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր, հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չըլլան։7. Վասն զի եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ Աստուծոյ տնտեսին պէս. ո՛չ յանդուգն, ո՛չ բարկացող, ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող,8. Հապա հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, սուրբ, ժուժկալ,9. Հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը, որպէս զի կարող ըլլայ ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել եւ հակառակ կեցողները յանդիմանել։10. Քանզի շատ են անհնազանդները, ունայնութիւն խօսողները ու խաբողները, մանաւանդ անոնք որ թլփատութենէն են.11. Անոնք պէտք է պապանձեցնել, քանի որ ամբողջ տուներ կը կործանեն ու անպատեհ բաներ կը սորվեցնեն անարգ շահախնդրութեան համար.12. Անոնցմէ մէկը՝ որ իրենց բուն մարգարէն էր՝ ըսաւ. «Կրետացիները միշտ ստախօս են, չար գազաններ, դատարկապորտներ»։13. Այս վկայութիւնը ճշմարիտ է. անոր համար սաստիկ յանդիմանէ՛ զանոնք, որպէս զի առողջանան հաւատքի մէջ14. Ու չնային Հրէական առասպելներուն եւ ճշմարտութենէն հեռացող մարդոց պատուէրներուն։15. Ամէն բան մաքուր է մաքուրներուն, բայց պիղծերուն ու անհաւատներուն բա՛ն մը մաքուր չէ, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են։16. Կը խոստովանին թէ Աստուած կը ճանչնան, բայց իրենց գործերովը կ’ուրանան, պիղծ ու անհնազանդ ըլլալով եւ ամէն բարի գործի՝ անպիտան։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981