Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 11Եզեկիել 13:1-231. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.2. «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէութիւն ընող Իսրայէլի մարգարէներուն դէմ մարգարէացի՛ր Ու իրենց սրտէն մարգարէութիւն ընողներուն ըսէ՛. ‘Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք,3. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. Վա՜յ անզգամ մարգարէներուն, Որոնք իրենց հոգիին ետեւէն կ’երթան Ու բան մը տեսած չեն’։4. Քու մարգարէներդ, ո՛վ Իսրայէլ, Աւերակներու մէջ եղող աղուէսներու պէս եղան։5. Խրամատը չելաք, Տէրոջը օրը պատերազմի մէջ հաստատ կենալու համար։ Իսրայէլի տունը պարսպով չպատեցիք։6. Անոնք ունայն տեսիլք եւ սուտ գուշակութիւն կը տեսնեն Եւ կ’ըսեն թէ ‘Տէրը ըսաւ’, Թէեւ Տէրը զանոնք ղրկած չէ։ Եւ յոյս կու տան թէ իրենց խօսքը պիտի կատարուի։7. Միթէ դուք ունայն տեսիլքներ չտեսա՞ք Եւ սուտ գուշակութիւններ չըրի՞ք Ու չըսի՞ք թէ ‘Տէրը խօսեցաւ’, Երբ ես խօսած չէի»։8. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր խօսքին ունայն Ու ձեր տեսիլքին սուտ ըլլալուն համար՝ Ահա ես ձեզի դէմ էմ»։9. «Իմ ձեռքս ունայն տեսիլք տեսնող Եւ սուտ գուշակութիւն ընող մարգարէներուն դէմ պիտի ըլլայ։ Անոնք իմ ժողովուրդիս խորհուրդին մէջ պիտի չըլլան, Իսրայէլի տանը գրքին մէջ պիտի չգրուին, Իսրայէլի երկիրը պիտի չմտնեն Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան։10. Որովհետեւ անոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն Եւ ‘Խաղաղութիւն է’՝ կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ Ու ժողովուրդը պատ կը շինէ Եւ գուշակողները կիրով կը ծեփեն զանիկա։11. Այն կիրով ծեփողներուն ըսէ թէ ‘Անիկա պիտի փլչի’. Յորդահոս անձրեւ պիտի գայ Եւ դուք, ո՛վ կարկուտի քարեր, պիտի իյնաք Ու զանիկա մրրկալից հովը պիտի ճեղքէ։12. Երբ պատը փլչի, Ձեզի պիտի չըսե՞ն թէ ‘Ո՞ւր է այն ծեփը, որով դուք ծեփեցիք’,13. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իմ սրտմտութիւնովս մրրկալից հով մը պիտի հանեմ Եւ իմ բարկութիւնովս՝ յորդահոս անձրեւ Ու սրտմտութիւնովս կարկուտի քարեր պիտի գան, Որպէս զի զանիկա բնաջինջ ընեն։14. Կիրով ծեփուած պատերնիդ պիտի փլցնեմ, Զանիկա գետնին հաւասար պիտի ընեմ. Անոր հիմը պիտի երեւնայ եւ անիկա պիտի իյնայ, Դուք անոր մէջ բնաջինջ պիտի ըլլաք Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։15. Եւ ես իմ սրտմտութիւնս պատին վրայ Ու զանիկա կիրով ծեփողներուն վրայ պիտի թափեմ Ու ձեզի պիտի ըսեմ, ‘Պատը ու զանիկա ծեփողները ոչինչ եղան’,16. Այսինքն Իսրայէլի մարգարէները, Որոնք Երուսաղէմի համար մարգարէութիւն կ’ընէին Եւ անոր վրայով խաղաղութեան տեսիլքներ կը տեսնէին, Քանի որ խաղաղութիւն չկար»։17. «Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, երեսդ շտկէ՛ քու ժողովուրդիդ աղջիկներուն դէմ, որոնք իրենց սրտէն մարգարէութիւն կ’ընեն ու անոնց համար մարգարէացիր18. Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Վա՜յ այն կիներուն, որոնք ամէն թեւերու տակ մոգական բարձ կը կարեն եւ ամէն հասակի մարդոց գլուխներուն լաչակներ կը շինեն, որպէս զի հոգիներ որսան’։ Միթէ դուք իմ ժողովուրդիս հոգիները որսալով ձեր հոգիները պիտի ապրեցնէ՞ք։19. Ժողովուրդին առջեւ զիս կ’անարգէք բուռ մը գարիի եւ պատառ մը հացի համար։ Կը մեռցնէք անձեր, որոնք մահապարտ չէին։ Կ’ապրեցնէիք անձեր, որոնք ապրելու չէին։ Իմ ժողովուրդիս առջեւ սուտ կը խօսիք, որը կ’ախորժի սնոտաբանութիւն լսելէ’։20. Ատոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր բարձերուն դէմ եմ, որոնցմով դուք հոգիները կ’որսաք թռչուններու պէս եւ զանոնք ձեր թեւերէն պիտի պատռեմ ու այն հոգիները պիտի արձակեմ, որոնք դուք կ՛որսաք թռչուններու պէս՝ ՝21. Եւ ձեր լաչակները պիտի պատռեմ ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ ու անգամ մըն ալ ձեր ձեռքին մէջ որս պիտի չըլլան ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’։22. Վասն զի դուք արդարին սիրտը ձեր սուտերովը տրտմեցուցիք, որ ես չէի տրտմեցուցած ու ամբարշտին ձեռքը ուժովցուցիք, որպէս զի չար ճամբայէն չդառնայ ու ապրի։23. Անոր համար անգամ մըն ալ ունայն տեսիլք պիտի չտեսնէք եւ գուշակութիւն պիտի չընէք ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։Եզեկիել 14:1-231. Իսրայէլի ծերերէն քանի մը մարդիկ ինծի եկան ու իմ առջեւս նստան։2. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.3. «Որդի՛ մարդոյ, այդ մարդիկը իրենց կուռքերը իրենց սրտերուն մէջ կանգնեցուցին ու իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իրենց երեսներուն առջեւ դրին. միթէ անոնց պատասխան պիտի տա՞մ՝ ՝։4. Ուստի անոնց հետ խօսէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլի տունէն ով որ իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնեցնէ ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ ու մարգարէին գայ, այն եկողին՝ ես Տէրս անոր կուռքերուն շատութեանը համաձայն պատասխան պիտի տամ5. Որպէս զի Իսրայէլի տունը իրենց սրտերէն բռնեմ, վասն զի անոնք իրենց կուռքերով ինծմէ օտարացան’»։6. «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դարձէ՛ք ու ձեր կուռքերէն ձեզ դարձուցէք եւ ձեր պղծութիւններէն երեսնիդ դարձուցէք’։7. Քանզի Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ պանդուխտ եղող օտարականներէն ով որ ինծմէ զատուի եւ իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնեցնէ ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ եւ մարգարէին գայ՝ անոր միջոցով ինծի հարցնելու համար, ես Տէրս ինծմէ պատասխան պիտի տամ անոր8. Ու իմ երեսս այն մարդուն վրայ պիտի հաստատեմ եւ զանիկա պիտի խայտառակեմ ու զանիկա իմ ժողովուրդիս մէջէն բնաջինջ պիտի ընեմ, որ գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։9. «Եթէ մարգարէ մը սխալելով բան մը խօսի, այն մարգարէն ես Տէրս սխալեցուցի ու իմ ձեռքս անոր վրայ պիտի երկնցնեմ եւ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջէն զանիկա պիտի կորսնցնեմ։10. Անոնք իրենց պատիժը պիտի կրեն, բան հարցնողին պատիժը ու մարգարէին պատիժը նոյնը պիտի ըլլայ.11. Որպէս զի Իսրայէլի տունը անգամ մըն ալ ինծմէ չխոտորի ու անգամ մըն ալ իրենց յանցանքներով չպղծուին, հապա անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած ըլլամ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։12. Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.13. «Որդի՛ մարդոյ, եթէ երկիր մը անհաւատարմութիւն ընելով ինծի դէմ մեղանչէ ու ես անոր վրայ իմ ձեռքս երկնցնեմ ու անոր հացին ցուպը կոտրեմ եւ անոր վրայ սով ղրկեմ ու մարդը եւ անասունը անկէ կոտորեմ։14. Եթէ այս երեք մարդիկը, Նոյը, Դանիէլը ու Յոբն ալ անոր մէջ ըլլան, անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց հոգին պիտի ազատեն»։15. «Եթէ երկրին վրայ չար գազաններ բերեմ, որոնք զանիկա անզաւակ թողուն ու երկիրը ամայի ըլլայ, այնպէս որ գազաններուն պատճառով անկէ անցնող չըլլայ.16. Եթէ այն երեք մարդիկն ալ անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղաքներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել. միայն իրենք պիտի ազատին ու երկիրը ամայի պիտի ըլլայ։17. «Կամ եթէ այն երկրին վրայ սուր բերեմ եւ ըսեմ թէ ‘Ո՛վ սուր, երկրին մէջէն անցիր’ ու անկէ մարդն ու անասունը կոտորեմ18. Եւ եթէ այն երեք մարդիկը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղաքներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել։ Միայն իրենք պիտի ազատին։19. «Կամ եթէ այն երկրին վրայ ժանտախտ ղրկեմ ու արիւնով իմ բարկութիւնս անոր վրայ թափեմ, այնպէս որ մարդն ու անասունը անկէ կոտորեմ20. Եւ Նոյը, Դանիէլն ու Յոբը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղան կամ աղջիկը պիտի չկարենան ազատել. անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց անձը պիտի ազատեն»։21. Սակայն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որչա՜փ աւելի, երբ ես իմ չորս սաստիկ պատիժներս՝ սուրը, սովը, չար գազաններն ու ժանտախտը՝ Երուսաղէմի վրայ ղրկեմ՝ մարդն ու անասունը անկէ կոտորելու համար։22. Բայց ահա հոն ողջ մնացողներ պիտի ըլլան՝ այսինքն տղաքներ ու աղջիկներ, որոնք պիտի ելլեն. անոնք ձեզի պիտի գան եւ անոնց ճամբան ու անոնց գործերը պիտի տեսնէք ու Երուսաղէմի վրայ բերած չարիքիս համար, անոր վրայ բերած բոլոր չարիքիս համար, պիտի մխիթարուիք։23. Ու երբ անոնց ճամբան ու գործերը տեսնէք, անոնք ձեզ պիտի մխիթարեն եւ պիտի գիտնաք թէ ինչ որ ըրի անոր մէջ՝ առանց պատճառի չըրի, կ’ըսէ Տէր Եհովան»։Սաղմոսներ 122:6-96. Երուսաղէմին համար խաղաղութիւն խնդրեցէք։ Թո՛ղ յաջողին անոնք, որ քեզ կը սիրեն։7. Խաղաղութիւն թո՛ղ ըլլայ քու պարիսպներուդ մէջ Ու յաջողութիւն՝ քու պալատներուդ մէջ։8. Իմ եղբայրներուս ու ընկերներուս համար Հիմա պիտի ըսեմ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քու մէջդ»։9. Մեր Տէր Աստուծոյն տանը համար Քեզի բարութիւն պիտի ուզեմ։Առակներ 28:19-1919. Երկրագործը հացով պիտի կշտանայ, Բայց դատարկ մարդոց հետեւողը աղքատութեամբ պիտի լեցուի։Եբրայեցիներ 7:1-281. Մելքիսեդեկը Սաղէմի թագաւորն էր, Բարձրեալն Աստուծոյ քահանան՝ որ Աբրահամը դիմաւորեց՝ երբ անիկա թագաւորներուն կոտորածէն կը դառնար ու օրհնեց զանիկա։2. Աբրահամ ալ անոր տասանորդ տուաւ իր ստացուածքէն. որուն անունը նախ՝ Արդարութեան թագաւոր կը թարգմանուի, ետքը՝ Սաղէմի թագաւոր՝ որ է Խաղաղութեան թագաւոր,3. Առանց հօր, առանց մօր, ազգահամար չունեցող, որուն ո՛չ օրերուն սկիզբը կայ, ո՛չ ալ կեանքին վախճանը եւ Աստուծոյ Որդիին նման ըլլալով, կը կենայ ու կը մնայ միշտ քահանայ։4. Արդ՝ նայեցէ՛ք թէ որչա՜փ մեծ մէկն էր անիկա, որուն Աբրահամ նահապետն ալ տասանորդ տուաւ աւարէն։5. Ղեւիին որդիներէն եղողները, որոնք քահանայութիւն կ’առնեն, պատուէր ունին որ ժողովուրդէն տասանորդ առնեն օրէնքին համեմատ, այսինքն իրենց եղբայրներէն. թէպէտեւ անոնք Աբրահամին երանքէն ելեր են.6. Բայց անիկա, որուն ազգահամարը անոնցմէ չէր, Աբրահամէն տասանորդ առաւ ու օրհնեց զանիկա՝ որ խոստումներ առած էր։7. Սակայն անհակառակելի բան մըն է, որ պզտիկը մեծէն կ’օրհնուի։8. Հոս՝ մահկանացու մարդիկ տասանորդ կ’առնեն, բայց հոն՝ անիկա կ’առնէ, որուն համար վկայուած է թէ կենդանի է։9. Կրնայ ըսուիլ թէ Ղեւին ալ, որ տասանորդ կ’առնէ, Աբրահամին ձեռքով տասանորդ տուաւ.10. Վասն զի տակաւին իր հօրը երանքն էր, երբ Մելքիսեդեկ զանիկա դիմաւորեց։11. Արդ՝ եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեան ձեռքով ըլլար, (որովհետեւ ժողովուրդը անոր ատենը օրէնքին տակ դրուեցաւ,) ալ ի՞նչ պէտք էր որ Մելքիսեդեկի կարգին պէս ուրիշ քահանայ մը ելլէ ու չըսուի Ահարոնի կարգին պէս։12. Արդ՝ քահանայութիւնը փոխուելուն պէս՝ հարկ էր որ օրէնքն ալ փոփոխութիւն կրէր։13. Եւ իրաւ եղաւ, վասն զի ան՝ որուն համար այսպէս կ’ըսուի, ուրիշ ցեղի կը պատկանէր եւ որմէ ոչ մէկը սեղանին մօտեցաւ.14. Քանզի յայտնի է թէ Յուդայի ցեղէն յառաջ եկաւ մեր Տէրը։ Այդ ցեղին մասին Մովսէս բան մը չըսաւ քահանայութեան համար։15. Ու ա՛լ աւելի յայտնի է որ փոխուեցաւ, քանի որ Մելքիսեդեկի նմանութիւնովը ուրիշ քահանայ մը ելաւ,16. Որ ո՛չ թէ մարմնաւոր պատուէրին պէս եղաւ, հապա անվախճան կեանքին զօրութեանը պէս։17. Վասն զի կը վկայէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։18. Քանզի առաջին պատուէրը կը խափանուի իր տկարութեանը ու անշահեկանութեանը համար,19. (Վասն զի օրէնքը բա՛ն մը կատարեալ չըրաւ,) եւ անոր տեղ բերուեցաւ լաւագոյն յոյս մը՝ որով Աստուծոյ կը մօտենանք։20. Որքան որ Յիսուս ոչ թէ առանց երդումի քահանայ եղաւ, (վասն զի անոնք առանց երդումի քահանայ եղած են.21. Բայց ասիկա երդումով՝ անոր ձեռքով որ իրեն ըսաւ. «Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ, Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»,)22. Այնքան աւելի աղէկ ուխտի մը երաշխաւոր եղաւ Յիսուս։23. Շատ քահանաներ եղած են, քանի որ մահը արգելք եղած է, որ անոնք շարունակ քահանայ մնան։24. Բայց ասիկա յաւիտենական ըլլալուն համար, իր քահանայութիւնը անանցանելի է։25. Ուստի բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար։26. Վասն զի մեզի ճիշդ այսպիսի քահանայապետ մը կը վայլէր, սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած ու երկնքէն վեր բարձրացած,27. Որուն ամէն օր հարկաւոր չէ՝ ինչպէս միւս քահանայապետներուն՝ նախ իր մեղքերուն համար պատարագ մատուցանել ու ետքը ժողովուրդին մեղքերուն համար. վասն զի ինք մէկ անգամ ըրաւ ասիկա՝ իր անձը պատարագ մատուցանելով։28. Վանս զի օրէնքը տկարութիւնով պաշարուած մարդիկը քահանայապետ կը կարգէ, բայց երդումին խօսքը՝ որ օրէնքէն յետոյ էր, Որդին՝ որ յաւիտեան կատարեալ է։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981