Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 15Եզեկիել 21:1-321. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.2. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի Երուսաղէմ դարձո՛ւր ու սուրբ տեղերուն խօսէ՛ ու Իսրայէլի երկրին մարգարէութիւն ըրէ՛3. Եւ Իսրայէլի երկրին ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ ու իմ սուրս իր պատեանէն պիտի հանեմ եւ արդարն ու ամբարիշտը քեզմէ դուրս պիտի տանիմ։4. Քանի որ արդարն ու ամբարիշտը քեզմէ դուրս պիտի տանիմ, անոր համար հարաւէն մինչեւ հիւսիս ամէն մարմնի դէմ իմ սուրս իր պատեանէն հաներ եմ եւ5. Ամէն մարմին պիտի գիտնայ թէ անգամ մըն ալ ետ պիտի չդարձնեմ։6. Ու դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, հեծեծէ, կոտրած սրտով եւ դառնութեամբ անոնց աչքերուն առջեւ հեծեծէ՛։7. Երբ քեզի հարցնեն թէ ‘Ինչո՞ւ կը հեծեծես’, այն ատեն ըսէ՛. ‘Գոյժին համար, վասն զի կու գայ եւ ամէն սիրտ պիտի հալի եւ ամէն ձեռք պիտի թուլնայ ու ամէն հոգի պիտի մարի եւ ամէն ծունկ ջուրի պէս պիտի ըլլայ. ահա կու գայ ու պիտի կատարուի’», կ’ըսէ Տէր Եհովան։8. Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.9. «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէացի՛ր ու ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ըսէ թէ Սո՜ւրը, սո՜ւրը սրուեցաւ ու նաեւ սրբուեցաւ։10. Մեծ կոտորած ընելու համար սրբուեցաւ։ Հիմա մենք ուրախանա՞նք։ Իմ որդիիս գաւազանը ամէն փայտ կ’անարգէ։11. Բայց Ինք սրբուելու տուաւ զանիկա, որպէս զի ձեռքով բռնուի։ Այս սուրը սրուած է ու սրբուած է, որպէս զի զանիկա սպաննողին ձեռքը տայ։12. Աղաղակէ՛ ու ողբա՛, որդի՛ մարդոյ, քանզի անիկա իմ ժողովուրդիս վրայ, Իսրայէլի բոլոր իշխաններուն վրայ պիտի ըլլայ. իմ ժողովուրդիս վրայ սուրի պատճառով վախեր պիտի ըլլան։ Անոր համար քու ազդրիդ զարկ,13. Վասն զի փորձ պիտի չըլլայ ու ի՞նչ պիտի ըլլայ երբ գաւազանը արհամարհես», կ’ըսէ Տէր Եհովան։14. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ մարգարէութիւն ըրէ ու ձեռքերդ իրարու զա՛րկ եւ սուրը, սպաննուածներուն սուրը, երեք անգամ թող կրկնուի. մեծամեծներուն, վիրաւորներուն սուրը ասիկա է, որ անոնց բոլորտիքը պաշարեց՝ ՝։15. Իրենց սրտերուն նուաղելուն համար ու խոչերուն շատնալուն համար՝ անոնց բոլոր դռներուն վրայ սուրին վախը դրի։ Աւա՜ղ, անիկա փայլելու համար շինուեցաւ, մորթելու համար սրուեցաւ։16. Ինքզինքդ հաւաքէ՛, զա՛րկ քու աջ կամ ձախ կողմդ, ուր որ երեսդ դարձած է։17. Ես ալ ձեռքերս իրարու պիտի զարնեմ եւ իմ սրտմտութիւնս պիտի հատցնեմ, ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։18. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.19. «Որդի՛ մարդոյ, դուն քեզի երկու ճամբայ պատրաստէ՛, որպէս զի Բաբելոնի թագաւորին սուրը գայ։ Անոնց երկուքն ալ մէկ երկրէ պիտի ելլեն։ Տեղ մը ընտրէ՛, քաղաքին ճամբուն գլուխը ընտրէ՛։20. Ճամբայ պատրաստէ՛, որպէս զի սուրը գայ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային վրայ եւ Յուդայի մէջ եղող պարսպապատ Երուսաղէմին վրայ։21. Վասն զի Բաբելոնի թագաւորը ճամբուն բաժանումին վրայ՝ երկու ճամբուն գլուխը կայնեցաւ, որպէս զի հմայութիւն ընէ։ Անիկա իր նետերը երերցուց, թերափիմներուն հարցուց. լեարդին նայեցաւ։22. Անոր աջ ձեռքին մէջ հմայութիւն կար Երուսաղէմի համար, որպէս զի մեքենաներ դնեն, պատերազմի մէջ բերաննին բանան ու աղաղակով ձայն վերցնեն, դռներու դէմ մեքենաներ դնեն, հողաբլուր կանգնեցնեն ու մարտկոց շինեն։23. Բայց ասիկա անոնց աչքերուն առջեւ սնոտի հմայութեան մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի անոնք երդումներ ըրեր էին. բայց անիկա իրենց անօրէնութիւնը պիտի յիշեցնէ, որպէս զի բռնուին։24. «Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուք ձեր անօրէնութիւնը յիշեցուցիք, երբ ձեր յանցանքները յայտնուեցան ու բոլոր գործերնուդ մէջ ձեր մեղքերը երեւցան, զանոնք յիշեցնելնուդ համար ձեռքով պիտի բռնուիք։25. Եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլի պիղծ ու ամբարիշտ իշխան, օրը հասեր է, քու անօրէնութեանդ վերջին պատիժին ժամանակը’։26. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Խոյրը վերցո՛ւր ու թագը հանէ՛. ասիկա այսպէս չըլլար. ցածը բարձրացո՛ւր ու բարձրը ցածցո՛ւր։27. Զանիկա տակնուվրայ, տակնուվրայ, տակնուվրայ պիտի ընեմ ու ա՛լ պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է։ Անոր պիտի տամ’»։28. «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէացի՛ր ու ըսէ, Ամմոնի որդիներուն համար ու անոնց նախատինքին համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Սուրը, սուրը քաշուած է, որ մորթելու համար սրբուած է, որպէս զի իր փայլատակումով հատցնէ,29. Երբ քեզի համար ունայն տեսիլքներ կը տեսնեն, սուտ հմայութիւններ կ’ընեն, որպէս զի ամբարիշտներուն պարանոցին վրայ բերեն, որոնց օրը հասեր է եւ անոնց անօրէնութեանը ժամանակին վախճանը.30. Զանիկա իր պատեանը դարձնե՞մ։ Քեզ քու ստեղծման տեղդ ու ծննդեանդ երկրին մէջ պիտի դատեմ։31. Քու վրադ իմ բարկութիւնս պիտի թափեմ, քու վրադ իմ սրտմտութեանս կրակովը պիտի փչեմ ու քեզ բարբարոս մարդոց, ապականելու վարպետ եղողներուն ձեռքը պիտի տամ։32. Հրոյ ճարակ պիտի ըլլաս, քու արիւնդ երկրին մէջտեղը պիտի ըլլայ, դուն պիտի չյիշուիս. վասն զի ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ’»։Եզեկիել 22:1-311. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.2. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, այս արիւնահեղ քաղաքը պիտի դատե՞ս։ Ուրեմն անոր բոլոր պղծութիւնները իրեն գիտցուր3. Ու ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛վ քաղաք, որ քու մէջդ արիւն կը թափես, որպէս զի քու ժամանակդ գայ եւ քու անձդ ապականելու համար քեզի կուռքեր կը շինես,4. Դուն քու թափած արիւնովդ յանցաւոր եղար ու շինած կուռքերովդ ապականեցար։ Քու օրերդ մօտեցուցիր ու քու տարիներուդ սահմանը մօտեցար, անոր համար քեզ ազգերուն նախատինք ու բոլոր երկրին ծաղրանքի առարկայ ըրի։5. Քեզի մօտ եղողները ու քեզմէ հեռու եղողները քեզ պիտի ծաղրեն, ո՛վ վատահամբաւ, աղմկալից քաղաք ’»։6. «Ահա քու մէջդ Իսրայէլի իշխանները, ամէն մէկը իր բազուկովը արիւն թափելու համար կայներ են։7. Քու մէջդ հայրն ու մայրը անարգեցին, քու մէջդ օտարականին բռնութիւն ըրին, քու մէջդ որդին ու որբեւարիին զրկանք ըրին։8. Իմ սուրբ բաներս արհամարհեցիր եւ իմ շաբաթներս պղծեցիր։9. Քու մէջդ բանսարկու մարդիկ կան արիւն թափելու համար, քու մէջդ լեռներու վրայ կերան, քու մէջդ եղեռնագործութիւն ըրին։10. Քու մէջդ տղան իր հօրը մերկութիւնը յայտնեց, քու մէջդ անմաքուր եղող կինը անարգեցին։11. Նաեւ մէկը իր դրացիին կնոջ հետ պղծութիւն ըրաւ, մէկը եղեռնագործութիւն ըրաւ՝ իր հարսը պղծելով, քու մէջդ ուրիշ մըն ալ իր քոյրը, իր հօրը աղջիկը բռնաբարեց։12. Քու մէջդ արիւն թափելու համար կաշառք առին, վաշխ ու տոկոս առիր եւ բռնութիւն ընելով քու դրացիներէդ բան վաստկեցար ագահութեամբ ու զիս մոռցար», կ’ըսէ Տէր Եհովան։13. «Ուստի ահա քու ըրած ագահութեանդ ու քու մէջդ եղած արիւնահեղութեան համար ձեռքերս իրարու զարկի։14. Միթէ քու սիրտդ կրնա՞յ՝ դիմանալ, կամ թէ ձեռքերդ կրնա՞ն ուժովնալ այն օրերը՝ երբ ես քեզի հատուցում ընեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ։15. Քեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ ու քեզ երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ եւ քու պղծութիւնդ քեզմէ պիտի ջնջեմ։16. Դուն քեզմէ պիտի պղծուիս ազգերուն աչքերուն առջեւ ու պիտի գիտնաս թէ՝ ես եմ Տէրը»։17. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.18. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տունը ինծի կղկղանքի պէս եղաւ. ամէնքը հալոցի մէջ՝ պղնձի, անագի, երկաթի ու կապարի պէս ՝ արծաթի կղկղանք եղան։19. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ամէնքդ կղկղանքի պէս եղաք, անոր համար ահա ես ձեզ Երուսաղէմի մէջ պիտի հաւաքեմ։20. Ինչպէս արծաթն ու պղինձը ու երկաթը եւ կապարը ու անագը հալոցի մէջ կը հաւաքեն ու անոր վրայ կրակը կը փչեն՝ զանիկա հալեցնելու համար, այնպէս ալ ձեզ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի հաւաքեմ, մէջը պիտի դնեմ ու հալեցնեմ։21. Ձեզ մէկտեղ բերելով՝ ձեր վրայ իմ բարկութեանս կրակը պիտի փչեմ եւ դուք անոր մէջ պիտի հալիք։22. Ինչպէս արծաթը հալոցին մէջ կը հալի, դուք ալ անոր մէջ այնպէս պիտի հալիք ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ իմ սրտմտութիւնս թափեցի ձեր վրայ’»։23. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.24. «Որդի՛ մարդոյ, անոր ըսէ՛. ‘Դուն այնպիսի երկիր մըն ես, որ ո՛չ մաքրուած է, ո՛չ ալ բարկութեան օրը՝ անձրեւով թրջուած։25. Անոր մէջ իր մարգարէներուն դաւաճանութիւնը կայ, որոնք աւար յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս հոգիներ կ’ուտեն։ Անոնք գանձ ու պատուական բաներ առին ու որբեւարիները շատցուցին։26. Անոր քահանաները իմ օրէնքս աւրեցին ու իմ սուրբ բաներս պղծեցին, սուրբը պիղծէն չզանազանեցին եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը չգիտցուցին։ Իրենց աչքեր իմ շաբաթներէս ծածկեցին ու ես անոնց մէջ պիղծ սեպուեցայ։27. Անոր իշխանները անոր մէջ յափշտակող գայլերու պէս արիւն թափելու ու հոգի կորսնցնելու ետեւէ եղան, որպէս զի ագահութեամբ վաստկին։28. Անոր մարգարէները ունայն տեսիլքներ տեսնելով ու անոնց սուտ գուշակութիւն ընելով՝ զանոնք կիրով ծեփեցին ու ըսին. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ», թէեւ Տէրը խօսած չէր’։29. Երկրին բնակիչները մեծ զրկանք ըրին ու մեծ յափշտակութիւն ըրին եւ աղքատն ու տնանկը բռնադատեցին ու օտարականը անիրաւութեամբ զրկեցին։30. Անոնցմէ մարդ մը փնտռեցի, որ պարիսպ շինէ ու խրամատին մէջ իմ առջեւս կենայ երկրին համար, որպէս զի զանիկա չաւերեմ. բայց չգտայ։31. Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի, զանոնք իմ սրտմտութեանս կրակովը սպառեցի. անոնց ճամբաները իրենց գլուխը տուի»։Սաղմոսներ 126:1-61. Երբ Տէրը Սիօնին գերութիւնը դարձուց, Երազ տեսնողներու՝ ՝ պէս եղանք։2. Այն ժամանակ մեր բերանը խնդութիւնով լեցուեցաւ Ու մեր լեզուն՝ ցնծութիւնով։ Այն ժամանակ հեթանոսներուն մէջ ըսին. «Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ»։3. Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ Ու մենք ուրախացանք։4. Ո՛վ Տէր, դարձուր մեր գերութիւնը Հարաւի առուներուն պէս։5. Անոնք որ արցունքով կը ցանեն, Ցնծութիւնով պիտի հնձեն։6. Ան որ լալով կ’երթայ, Ցանելու սերմը տանելով, Անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ, Իր ցորենի խուրձերը բերելով։Առակներ 28:23-2323. Մարդ յանդիմանողը վերջապէս շնորհք կը գտնէ Լեզուով շողոքորթութիւն ընողէն աւելի։Եբրայեցիներ 10:19-3919. Ուրեմն, եղբա՛յրներ, համարձակութիւն ունինք սուրբ տեղը մտնելու Յիսուսին արիւնովը,20. Այն նոր ու կենդանի ճամբովը՝ որ բացաւ մեզի վարագոյրին մէջէն, որ է իր մարմինը21. Եւ մեծ քահանայ մը ունենալով Աստուծոյ տանը վրայ,22. Մօտենանք ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով սրտերնիս չար խիղճէն մաքրուած ու մարմիննիս մաքուր ջրով լուացուած.23. Անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը, վասն զի հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ։24. Եւ իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով25. Եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք։26. Վասն զի եթէ ճշմարտութեան գիտութիւնը ընդունելէ յետոյ կամաւ մեղք գործելու ըլլանք, ա՛լ անկէ յետոյ մեղքերու համար ուրիշ զոհ չի մնար,27. Հապա զարհուրելի սպասում մը դատաստանին ու կրակի բարկութիւն մը կը մնայ, որ պիտի լափէ հակառակորդները։28. Մէկը եթէ Մովսէսին օրէնքը անարգէր, առանց ողորմութեան երկու կամ երեք վկաներով՝ կը մեռցուէր.29. Ալ ո՜րչափ սաստիկ պատիժի արժանի պիտի սեպուի կը կարծէք անիկա, որ Աստուծոյ Որդին ոտքի տակ առաւ եւ ուխտին արիւնը անմաքուր սեպեց, որով ինք սրբուեցաւ եւ շնորհներու Հոգին նախատեց։30. Քանզի կը ճանչնանք զանիկա որ ըսաւ. «Ի՛մս է վրէժխնդրութիւնը, ես պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը եւ դարձեալ. «Տէ՛րը պիտի դատէ իր ժողովուրդը։31. Սարսափելի բան է կենդանի Աստուծոյ ձեռքը իյնալը»։32. Արդ՝ մտքերնիդ բերէք այն առաջին օրերը, որոնց մէջ լուսաւորուելէ յետոյ շատ սաստիկ չարչարանքներ կրեցիք.33. Երբեմն նախատինքներով ու վիշտերով խայտառակուած, երբեմն ալ այնպիսի վիճակի մէջ եղողներուն միանալով։34. Վասն զի իմ կապերուս մէջ ինծի՝ ՝ չարչարակից եղաք ու ձեր ստացուածքին կողոպտուիլը ուրախութեամբ ընդունեցիք, գիտնալով որ լաւագոյն եւ մնայուն ստացուածքներ ունիք ձեզի երկինքը։35. Ուստի ձեզմէ մի՛ ձգէք ձեր վստահութիւնը, որ մեծ վարձքի հատուցում ունի։36. Վասն զի պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք.37. «Քանզի քիչ մը ատենէն ան որ գալու է՝ պիտի գայ ու պիտի չուշանայ։38. Եւ Արդարը հաւատքով պիտի ապրի ու եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի»։39. Բայց մենք ետ չենք քաշուիր որ կորսուինք, հապա կը հաւատանք թէ մեր հոգին պիտի փրկուի։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981