Աստվածաշունչը մեկ տարում
Նոյեմբեր 16

1. Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2. «Որդի՛ մարդոյ, երկու կիներ կային մէկ մօր աղջիկներ։
3. Անոնք Եգիպտոսի մէջ պոռնկութիւն ըրին, իրենց մանկութեան ատենը պոռնկութիւն ըրին։ Անոնց ծիծերը հոն ճնշուեցան ու անոնց կուսութեան ստինքները հոն շօշափուեցան։
4. Անոնց անունները՝ մեծինը Ոողա ու անոր քրոջը՝ Ոողիբա էր։ Անոնք իմս եղան եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնան։ Անոնց անունները՝ Ոողա Սամարիա է ու Ոողիբա Երուսաղէմ է։
5. «Ոողա քանի որ իմս էր, պոռնկութիւն ըրաւ, իր տարփածուներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանցի դրացիներուն,
6. Կապուտակ հագնող կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձի հեծնող ձիաւորներուն՝ որոնք շնորհալի երիտասարդներ էին։
7. Անիկա պոռնկութիւն ըրաւ անոնց հետ, այսինքն Ասորեստանի ընտիր որդիներուն հետ, նաեւ այն ամենուն հետ՝ որոնց սիրահարեցաւ ու անոնց ամէն կուռքերովը պղծուեցաւ։
8. Եգիպտոսէն բերած պոռնկութիւնները չթողուց. վասն զի անոր մանկութեան ատեն անոր հետ պառկեր էին։ Անոր կուսութեան ստինքները շօշափեր էին ու իրենց պոռնկութիւնը անոր վրայ թափեր էին։
9. Անոր համար զանիկա ձեռքը տուի, Ասորեստանի որդիներուն ձեռքը, որոնց սիրահարած էր։
10. Անոնք անոր մերկութիւնը յայտնեցին, անոր տղաքներն ու աղջիկները առին ու զանիկա սուրով մեռցուցին. այսպէս անիկա կիներուն մէջ անուանի եղաւ եւ զայն պատժեցին։
11. «Երբ անոր քոյրը Ոողիբա տեսաւ, իր սիրահարելովը անկէ աւելի ապականեցաւ եւ իր պոռնկութիւնները իր քրոջը պոռնկութիւններէն աւելի շատցուց ։
12. Իր դրացիներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանի որդիներուն, շքեղութեամբ հագուած կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձիաւորներուն, որոնք շնորհալի երիտասարդներ էին։
13. Տեսայ թէ պղծուեցաւ ու երկուքին ալ ճամբան մէկ եղաւ։
14. Իր պոռնկութիւնները աւելցուց, քանզի երբ պատի վրայ նկարուած մարդիկ, նօթով նկարուած Քաղդէացիներուն պատկերները տեսաւ,
15. Որոնք մէջքերնին գօտի կապած էին եւ իրենց գլուխներուն վրայ ներկուած խոյրեր՝ ՝ ունէին ու բոլոր իշխաններու կերպարանքով էին, իրենց ծննդեան երկրին Բաբելոնի որդիներուն, Քաղդէացիներուն նման,
16. Զանոնք տեսածին պէս անոնց սիրահարեցաւ եւ անոնց՝ Քաղդէացիներուն երկիրը դեսպաններ ղրկեց։
17. Բաբելոնի որդիները անոր հետ սիրոյ անկողինը մտան եւ զանիկա իրենց պոռնկութիւններով պղծեցին ու անիկա անոնց հետ պղծուեցաւ ու ետքը անոր հոգին անոնցմէ զատուեցաւ։
18. Եւ իր պոռնկութիւնները յայտնեց ու իր մերկութիւնը բացաւ. ուստի իմ հոգիս անկէ զատուեցաւ, ինչպէս անոր քրոջմէն զատուեր էր։
19. Այսպէս անիկա իր պոռնկութիւնները շատցուց, յիշելով իր մանկութեան օրերը՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ շնութիւն ըրած ժամանակը
20. Ու սիրահարեցաւ անոնց տարփածուներուն, որոնց մարմինը էշերու մարմին էր ու անոնց զօրութիւնը ձիերու զօրութիւն էր։
21. Դուն նորէն քու մանկութեանդ պղծագործութիւնը ձեռք առիր, որ մանկութեանդ ծիծերուն ճնշուելովը ՝ ստինքներդ Եգիպտացիներէն շօշափուեցան»։
22. «Անոր համար, ո՛վ Ոողիբա, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քու վրադ պիտի գրգռեմ քու տարփածուներդ, որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ ու զանոնք ամէն կողմէն քու վրադ պիտի բերեմ,
23. Բաբելոնի որդիները ու բոլոր Քաղդէացիները, Փակուդը, Սուէն ու Կուէն՝ ՝ եւ անոնց հետ Ասորեստանի բոլոր որդիները, ամէնքը շնորհալի երիտասարդներ, կուսակալներ ու նախարարներ, բոլորը ձի հեծնող զօրագլուխներ ու անուանի մարդիկ։
24. Անոնք զէնքերով, կառքերով ու անիւներով ու ժողովուրդներու բազմութիւնով քու վրադ պիտի գան եւ ամէն կողմէ քեզի դէմ վահան, ասպար ու սաղաւարտ պիտի դնեն եւ դատը անոնց ձեռքը պիտի տամ ու քեզ իրենց օրէնքներովը պիտի դատեն։
25. Իմ նախանձս քեզի դէմ պիտի դնեմ, որ քեզի հետ բարկութեամբ վարուին։ Քու քիթդ ու ականջներդ պիտի կտրեն եւ քու մնացորդդ սուրով պիտի իյնայ։ Անոնք քու տղաքներդ ու աղջիկներդ պիտի առնեն ու քու մնացորդդ կրակով պիտի այրեն։
26. Քու հանդերձներէդ քեզ պիտի մերկացնեն ու քու թանկագին զարդերդ պիտի առնեն։
27. Քեզմէ պիտի դադրեցնեմ քու պղծագործութիւնդ ու քու պոռնկութիւններդ, որոնք Եգիպտոսէն բերիր, որ աչքերդ անոնց չվերցնես ու անգամ մըն ալ Եգիպտոսը չյիշես»։
28. Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քեզ պիտի մատնեմ անոնց ձեռքը, որոնք դուն ատեցիր եւ անոնց ձեռքը որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ։
29. Անոնք քեզի հետ ատելութեամբ պիտի վարուին ու քու բոլոր վաստակդ պիտի առնեն եւ քեզ մերկ ու անծածկոյթ պիտի թողուն ու քու պոռնկութիւններուդ մերկութիւնը, քու ամբարշտութիւնդ ու պոռնկութիւնդ պիտի յայտնուին։
30. Ազգերուն հետեւելով պոռնկութիւն ընելուդ համար եւ անոնց կուռքերովը պղծուելուդ համար՝ այս բաները քեզի պիտի ընեմ։
31. Դուն քու քրոջդ ճամբան գացիր, ես ալ անոր բաժակը քու ձեռքդ պիտի տամ»։
32. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Դուն քու քրոջդ խորունկ ու լայն բաժակը պիտի խմես, խաղք ու խայտառակ պիտի ըլլաս, այն՝ բաժակը շատ բան կ’առնէ։
33. Դուն արբեցութեամբ ու տրտմութեամբ պիտի լեցուիս։ Ապշութեան ու զարմացման բաժակ մըն է քու քրոջդ Սամարիային բաժակը։
34. Դուն զանիկա պիտի խմես ու պիտի քամես եւ անոր կտորները պիտի լզես ու ստինքներդ պիտի պատռտես, քանզի ես խօսեցայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
35. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Զիս մոռնալուդ ու կռնակիդ ետեւը նետելուդ համար, դուն ալ քու պղծութիւնդ ու պոռնկութիւններդ պիտի կրես’»։
36. Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Ոողայի ու Ոողիբայի դատը պիտի տեսնե՞ս։ Ուրեմն անոնց պղծութիւնները իրենց յայտնէ՛։
37. Վասն զի շնութիւն ըրին ու ձեռքերնուն մէջ արիւն կայ եւ իրենց կուռքերովը շնութիւն ըրին ու իրենց ինծի ծնած տղաքն ալ կրակէ անցուցին, որպէս զի անոնց կերակուր ըլլան։
38. Նոյն օրը իմ սրբարանս մաքրեցին ու իմ շաբաթներս պղծեցին։
39. Վասն զի երբ իրենց տղաքը իրենց կուռքերուն զոհեցին, նոյն օրը իմ սրբարանս մտան, որպէս զի զանիկա պղծեն եւ ահա իմ տանս մէջ նոյնպէս ըրին։
40. Նաեւ հեռուէն գալիք մարդոց լուր ղրկեցին, որոնք պատգամաւորներ ղրկուելուն պէս, եկան։ Դուն անոնց համար լուացուեցար ու աչքերուդ վրայ ծարոյր դրիր ու զարդերով զարդարուեցար
41. Եւ պատուական բազմոցի վրայ նստեցար, որուն առջեւ պատրաստուած սեղան կար եւ իմ խունկս ու իւղս անոր վրայ դրիր։
42. Ու հոն ուրախութիւն ընող բազմութեան ձայն կը լսուէր ու այն բազմաթիւ մարդոցմէ զատ անապատէն գինեմոլ մարդիկ բերուեցան, որոնք իրենց ձեռքերը ապարանջաններ ու գլուխները թանկագին թագեր դրած էին։
43. «Շնութեան մէջ ծերացածին համար ըսի. ‘Հիմա ալ ասոր հետ պոռնկութիւն պիտի ընե՞ն’։
44. Անոր քով կը մտնէին. ինչպէս պոռնիկ կնոջ քով կը մտնեն, այնպէս ալ Ոողայի ու Ոողիբայի, այն անպարկեշտ կիներուն քով կը մտնէին.
45. Բայց արդար մարդիկ շնացող կիներուն դատաստանովը ու արիւն թափող կիներուն դատաստանովը պիտի դատեն զանոնք. վասն զի անոնք շնացող կիներ են ու անոնց ձեռքերուն մէջ արիւն կայ»։
46. Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Անոնց դէմ խռովութիւն պիտի հանեմ եւ զանոնք նեղութեան ու հափշտակութեան պիտի մատնեմ։
47. Ժողովուրդը զանոնք պիտի քարկոծեն եւ իրենց սուրերովը պիտի կտրտեն. անոնց տղաքներն ու աղջիկները պիտի մեռցնեն, անոնց տուները կրակով պիտի այրեն։
48. Ասով երկրէն պղծագործութիւնը պիտի վերցնեն, որպէս զի ամէն կին խրատուի ու ձեր պղծութեանը պէս չընէ։
49. Եւ ձեր պղծութիւնը ձեր վրայ պիտի դնեն ու դուք ձեր կուռքերուն մեղքերը պիտի կրէք ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան»։
1. Իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2. «Որդի՛ մարդոյ, դուն քեզի այս օրուան անունը՝ ճիշդ այս օրը գրէ. Բաբելոնի թագաւորը ճիշդ այս օրը Երուսաղէմի մօտեցաւ։
3. Այն ապստամբներուն տանը առակ մը ըսէ, թէ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Կաթսան դիր ու մէջն ալ ջուր լեցուր։
4. Անոր կտորները, ամենէն աղէկ կտորները՝ ազդրը եւ ուսը՝ անոր մէջ դի՛ր ու զանիկա ընտիր ոսկորներով լեցուր։
5. Ոչխարներուն ընտիրները ա՛ռ ու ոսկորներն ալ տակը դիզէ՛, զանիկա խիստ շատ եռացո՛ւր, այնպէս որ մէջի ոսկորներն ալ խաշին’»։
6. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, այն կաթսային, որուն ժանգը իր մէջն է ու ժանգը մէջէն ելած չէ. զանիկա իր մէջի կտորներովը հանէ՛, անոր վրայ թող վիճակ ձգուի.
7. Վասն զի անոր արիւնը իր մէջն է։ Զանիկա չոր ապառաժի վրայ դրաւ, զանիկա գետնի վրայ չթափեց, որ զանիկա հողով ծածկէ։
8. Իմ սրտմտութիւնս գրգռելու ու վրէժ առնելու համար՝ անոր արիւնը չոր ապառաժի վրայ դրի, որպէս զի չծածկուի»։
9. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, ես ալ կրակին դէզը պիտի մեծցնեմ’։
10. Փայտերը շատցո՛ւր, կրակը բռնկեցո՛ւր, որպէս զի միսը հալի, համեմներ ալ դի՛ր, որ ոսկորները այրին։
11. Ետքը պարապ կաթսան ածուխի վրայ դիր, որպէս զի պղինձը տաքնայ ու այրի ու մէջի պղծութիւնը հալի ու ժանգը հատնի։
12. Անիկա աշխատութիւնով զիս յոգնեցուց ու անոր ժանգը չելաւ, անոր ժանգը կրակով չելաւ ։
13. Քու անմաքրութեանդ մէջ պղծութիւն կայ, որովհետեւ քեզ մաքրելու աշխատեցայ՝ ՝, բայց դուն չմաքրուեցար, այսուհետեւ քու անմաքրութենէդ պիտի չմաքրուիս, մինչեւ որ իմ բարկութիւնս քու վրադ թափեմ։
14. Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ, ան պիտի գայ ու զանիկա պիտի կատարեմ, պիտի չներեմ՝ ՝ ու պիտի չխնայեմ եւ պիտի չզղջամ. քու ճամբաներուդ ու քու գործերուդ համեմատ պիտի դատուիս’։
15. Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
16. «Որդի՛ մարդոյ, ահա ես հարուածով մը քու աչքերուդ ցանկութիւնը քեզմէ պիտի առնեմ, որ չ’ողբաս ու չի լաս եւ քու աչքերէդ արցունք թող չի գայ։
17. Լռութեամբ ըլլայ քու հեծութիւնդ, մեռելի սուգ մի՛ բռներ. քու ապարօշդ գլուխդ փաթթէ, հաւաքէ՛, կօշիկներդ հագի՛ր ու շրթունքդ մի՛ ծածկեր եւ մարդոց հացը մի՛ ուտեր»։
18. Առաւօտուն ժողովուրդին խօսեցայ ու իրիկունը կինս մեռաւ ու հետեւեալ առաւօտուն ինծի հրամայուածը ըրի։
19. Ժողովուրդը ինծի ըսաւ. «Մեզի չե՞ս բացատրեր թէ այս բաներէն ի՞նչ պիտի իմանանք »։
20. Ես անոնց ըսի. «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով՝ Իսրայէլի տանը ըսէ՛,
21. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ սրբարանս, ձեր զօրութեանը պարծանքը, ձեր աչքերուն ցանկութիւնը ու ձեր հոգիին խնայածը պիտի պղծեմ եւ ձեր թողուցած տղաքներն ու աղջիկները սուրով պիտի իյնան։
22. Դուք իմ ըրածիս պէս պիտի ընէք. ձեր շրթունքները պիտի չծածկէք, մարդոց հացը պիտի չուտէք
23. Ու ձեր ապարօշները գլուխնիդ եւ ձեր կօշիկները ոտքերնիդ պիտի ըլլան. պիտի չողբաք ու պիտի չլաք, հապա ձեր անօրէնութիւններովը պիտի մաշիք եւ իրարու հետ պիտի հեծեծէք։
24. Եզեկիէլ ձեզի նշան մըն է. դուք անոր բոլոր ըրածին պէս պիտի ընէք ու երբ ասիկա ըլլայ, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան’։
25. Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, երբ ես անոնցմէ առնեմ անոնց զօրութիւնը, անոնց պարծանքի ցնծութիւնը, անոնց աչքերուն ցանկութիւնն ու անոնց հոգիին սիրած տղաքներն ու աղջիկները,
26. Ահա այն օրը փախստական մը քեզի պիտի գայ եւ քու ականջներուդ պիտի պատմէ։
27. Այն օրը քու բերանդ պիտի բացուի փախստականին քով ու պիտի խօսիս եւ ա՛լ համր պիտի չըլլաս ու դուն անոնց նշան պիտի ըլլաս ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
1. Եթէ Տէրը չշինէ տունը, Զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները։ Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, Զուր տեղ կը հսկեն պահապանները։
2. Պարապ բան է ձեզի համար կանուխ ելնելը եւ ուշ հանգչիլը Ու ցաւով հաց ուտելը։ Արդարեւ անիկա իր սիրելիին քուն կու տայ։
3. Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. Որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է։
4. Ինչպէս են նետերը զօրաւորին ձեռքին մէջ, Այնպէս են երիտասարդներուն տղաքը։
5. Երանի՜ այն մարդուն, Որ իր կապարճը անոնցմով լեցուց։ Երբ դրանը մէջ թշնամիներուն հետ խօսելու ըլլան, Պիտի չամչնան։
24. Ան որ իր հայրը կամ մայրը կը կողոպտէ եւ կ’ըսէ՝ «Յանցանք չէ», Անիկա ապականող մարդուն ընկերն է։
1. Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է.
2. Վասն զի անով առաջինները վկայութիւն ընդունեցին։
3. Հաւատքով կ’իմանանք թէ աշխարհ Աստուծոյ խօսքովը հաստատուեցաւ ու աներեւոյթ բաներէն այս երեւցածները եղան։
4. Հաւատքով Աբէլ Կայէնէն աւելի աղէկ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, որով վկայուեցաւ անոր արդար ըլլալը. վասն զի իր պատարագներուն համար Աստուծմէ վկայութիւն եղաւ իրեն եւ անով, թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի։
5. Հաւատքով Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ ու տեղ մը չէր գտնուեր, վասն զի Աստուած փոխադրեց զանիկա. քանզի անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր։
6. Բայց առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն։
7. Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար, որով աշխարհս դատապարտեց եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեանը, որ հաւատքով կ’ըլլայ։
8. Հաւատքով երբ Աբրահամ կանչուեցաւ, մտիկ ըրաւ ու գնաց այն տեղը, որ պիտի ժառանգէր եւ ելաւ գնաց ու չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։
9. Հաւատքով պանդխտացաւ աւետեաց երկրին մէջ որպէս թէ օտարութեան մէջ, վրաններու մէջ բնակեցաւ Իսահակին ու Յակոբին հետ մէկտեղ, որոնք իրեն հետ ժառանգորդ էին նոյն խոստումին.
10. Վասն զի ինք կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է։
11. Հաւատքով ինք՝ Սառան՝ որդեծնութեան սերմը առնելու զօրութիւնը ընդունեց եւ ատենը անցած հասակի մէջ զաւակ ծնաւ. վասն զի հաւատարիմ սեպեց զանիկա որ խոստացած էր։
12. Ուստի այն մէկէն ծնան, (այն ալ մեռածի պէս,) շատութեան կողմէ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքի աւազին պէս առանց համրանքի։
13. Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ։
14. Քանզի անոնք որ այսպիսի բաներ կը խօսին, յայտնի կ’ընեն թէ գաւառ մը կը փնտռեն։
15. Եւ յիրաւի եթէ զանիկա յիշէին՝ ուրկէ որ ելան, ժամանակ ունէին հոն դառնալու։
16. Բայց հիմա լաւագոյն գաւառի մը կը փափաքին, այսինքն երկնաւորին. ուստի ամօթ չի սեպեր Աստուած անոնց Աստուածը կոչուիլը, վասն զի ինք անոնց քաղաք մը պատրաստեց։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981