Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 19Եզեկիել 29:1-211. Տասներորդ տարուան, տասներորդ ամսուան տասներկրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.2. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին կողմը դարձուր ու անոր դէմ ու բոլոր Եգիպտոսի դէմ մարգարէութիւնը ըրէ՛,3. Խօսէ՛ ու ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւոր, քու գետերուդ մէջ պառկող մեծ վիշապ, որ կ’ըսես թէ ‘Իմ գետս իմս է ու զանիկա ես ինծի համար շինեցի’։4. Բայց ես քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցընեմ եւ քու գետերուդ ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակցնեմ ու քեզ գետերուդ մէջէն պիտի հանեմ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակչին։5. Քեզ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը անապատը պիտի նետեմ։ Դուն դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս ու պիտի չհաւաքուիս եւ չամփոփուիս։ Քեզ երկրի գազաններուն ու երկնքի թռչուններուն կերակուր պիտի տամ։6. Եգիպտոսի բոլոր բնակիչները պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, վասն զի Իսրայէլի տանը համար եղէգէ ցուպ եղան։7. Երբ անոնք քեզ ձեռքով բռնեցին, դուն կոտրտեցար ու անոնց բազուկը ճեղքեցիր ու երբ քեզի կռթնեցան, փշրուեցար ու անոնց մէջքը դողացուցիր»։8. Ասոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քու վրադ սուր պիտի բերեմ եւ մարդն ու անասունը պիտի կոտորեմ։9. Եգիպտոսը աւերակ ու անապատ պիտի ըլլայ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը. որովհետեւ անիկա ըսաւ. ‘Գետը իմս է ու զանիկա ես շինեցի’։10. Անոր համար ահա ես քեզի եւ քու գետերուդ դէմ եմ ու Եգիպտոսի երկիրը Մագդողէն մինչեւ Սուհէն ու մինչեւ Եթովպիացիներու սահմանը աւերակ ու անշէն անապատ պիտի ընեմ.11. Անկէ մարդու ոտք պիտի չանցնի, ո՛չ ալ անասունի ոտք եւ քառասուն տարի անբնակ պիտի մնայ։12. Եգիպտոսը ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ընեմ եւ անոր քաղաքները աւերուած քաղաքներու մէջ քառասուն տարի ամայի պիտի մնան ու Եգիպտացիները ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ ու զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ»։13. Սակայն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Քառասուն տարի ետքը Եգիպտացիները պիտի հաւաքեմ այն ազգերէն որոնց մէջ ցրուեցան14. Ու Եգիպտացիները գերութենէ պիտի դարձնեմ եւ զանոնք Պաթուրէսի երկիրը, իրենց հայրենի երկիրը պիտի դարձնեմ ու հոն խոնարհ թագաւորութիւն մը պիտի ըլլան։15. Թագաւորութիւններուն խիստ խոնարհը պիտի ըլլայ ու անգամ մըն ալ ազգերու վրայ պիտի չբարձրանայ. վասն զի անոնք պիտի պզտիկցնեմ, որպէս զի ազգերուն վրայ չտիրեն։16. Անոնք անգամ մըն ալ Իսրայէլի տանը ապաւէն պիտի չըլլան, իրենց անօրէնութիւնը յիշելով երբ օգնութեան համար անոր դիմեն։ Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովան»։17. Քսանեօթներորդ տարուան, առաջին ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.18. «Որդի՛ մարդոյ, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր զօրքը ուժով գործածեց Տիւրոսի դէմ։ Ամէն գլուխ կնտացաւ ու ամէն ուսի մորթ ելաւ. սակայն իրեն եւ իր զօրքին հատուցում մը չստացաւ Տիւրոսէն՝ այն ծառայութեան համար, որ անոր ըրաւ»։19. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Եգիպտոսը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պիտի տամ ու անոր հարստութիւնը պիտի առնէ, պիտի կողոպտէ ու անոր աւարը պիտի յափշտակէ եւ ասիկա անոր զօրքին վարձք մը պիտի ըլլայ։20. Հոն ըրած գործին համար Եգիպտոսը անոր տուի, վասն զի ինծի համար աշխատեցան», կ’ըսէ Տէր Եհովան։21. «Այն օրը Իսրայէլի տանը եղջիւրը պիտի բուսցնեմ ու անոնց մէջ քու շրթունքներդ պիտի բանամ։ Անոնք պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Տէրը»։Եզեկիել 30:1-261. Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.2. Որդի՛ մարդոյ, մարգարէութիւն ըրէ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ողբացէ՛ք ու ըսէ՛ք ՝ «Աւա՜ղ, ցաւալի օր».3. Վասն զի օրը մօտ է, Տէրոջը օրը մօտ է, անիկա ամպոտ օր է. ազգերուն համար աւերման ժամանակ մը պիտի ըլլայ։4. Եգիպտոսի վրայ սուր մը պիտի գայ ու Եթովպիայի մէջ սաստիկ խռովութիւն պիտի ըլլայ։ Երբ Եգիպտոսի մէջ վիրաւորներ իյնան եւ անոր հարստութիւնը առնեն, անոր հիմերը պիտի կործանին։5. Եթովպիացիները, Փուդացիները եւ Ղուդացիները ու բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդը եւ Քուբացիները եւ ուխտի երկրին որդիները անոնց հետ մէկտեղ սուրով պիտի իյնան’»։6. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եգիպտոսի օգնականներն ալ պիտի իյնան ու անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի խոնարհի. Մագդողէն մինչեւ Սուհէն սուրով պիտի իյնան անոր մէջ’։7. «Ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ըլլան եւ անոր քաղաքները կործանուած քաղաքներու մէջ պիտի ըլլան։8. Երբ Եգիպտոսի մէջ կրակ ձգեմ ու անոր բոլոր օգնականները կոտորուին, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։9. Այն օրը իմ առջեւէս նաւերով դեսպաններ պիտի ելլեն, որպէս զի ապահովութեան մէջ եղող Եթովպիացիները վախցնեն եւ անոնց վրայ սաստիկ խռովութիւն ըլլայ Եգիպտոսի օրուանը պէս. վասն զի ահա ան կու գայ»։10. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Եգիպտոսի հարստութիւնն ալ Բաբելոնի ձեռքով պիտի ջնջեմ։11. Անիկա ու անոր հետ իր ժողովուրդը, ազգերուն բռնաւորները, երկիրը աւերելու պիտի գան։ Անոնք իրենց սուրերը Եգիպտոսի վրայ պիտի քաշեն ու երկիրը սպաննուածներով պիտի լեցնեն։12. Ես գետերը պիտի ցամքեցնեմ ու երկիրը չարերուն ձեռքը պիտի մատնեմ ու երկիրը եւ բոլոր անոր մէջ եղածը օտարներուն ձեռքով պիտի կորսնցնեմ. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։13. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Կուռքերն ալ բնաջինջ պիտի ընեմ ու Մեմփիսի չաստուածները պիտի ոչնչացնեմ։ Անգամ մըն ալ Եգիպտոսի երկրէն իշխան պիտի չելլէ ու Եգիպտոսի մէջ վախ պիտի դնեմ։14. Պաթուրէսը աւերակ պիտի ընեմ ու Տայանիսը կրակի պիտի տամ ու Նովը պիտի պատժեմ։15. Եգիպտոսի ամրութիւնը եղող Սինի վրայ իմ սրտմտութիւնս պիտի թափեմ ու Նովի բազմութիւնը պիտի կոտորեմ։16. Եգիպտոսի մէջ կրակ պիտի ձգեմ։ Սին սաստիկ պիտի տագնապի ու Նովի պարսպին խրամը պիտի քանդեմ եւ թշնամիները ցորեկով պիտի տիրեն Մեմփիսին։17. Արեգ քաղաքին ու Բուբաստի կտրիճները սուրով պիտի իյնան ու անոնց բնակիչները գերութեան պիտի երթան։18. Նաեւ Տափնասի մէջ ցորեկը խաւար պիտի ըլլայ՝ երբ հոն Եգիպտոսի լուծերը կոտրտեմ ու հոն անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի ոչնչանայ։ Ամպը պիտի ծածկէ զանիկա եւ անոր աղջիկները գերութեան պիտի երթան։19. Այսպէս Եգիպտոսը պիտի պատժեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։20. Տասնըմէկերորդ տարուան առաջին ամիսը, ամսուան եօթին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.21. «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին բազուկը կոտրեցի։ Ահա անիկա պիտի չփաթթուի, ո՛չ ալ անոր վրայ դեղեր ու կապեր դնելով՝ զանիկա պիտի պատեն, որ զօրանայ սուր բռնելու համար։22. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին դէմ եմ ու անոր բազուկները պիտի կոտրտեմ, թէ՛ զօրաւորը եւ թէ՛ տկարը եւ սուրը անոր ձեռքէն վար ձգել պիտի տամ23. Ու Եգիպտացիները ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ եւ զանոնք երկիրներուն մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ։24. Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ եւ իմ սուրս անոր ձեռքը պիտի տամ. իսկ Փարաւոնին բազուկները պիտի կոտրտեմ ու անիկա անոր առջեւ մահամերձ վիրաւորուածի հծծութիւնովը պիտի հեծեծէ։25. Այսպէս Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ, իսկ Փարաւոնին բազուկները պիտի իյնան։ Երբ իմ սուրս Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը տամ եւ ան ալ զանիկա Եգիպտոսի երկրին վրայ երկնցնէ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։26. Եգիպտացիները ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ եւ զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։Սաղմոսներ 129:5-85. Բոլոր Սիօնը ատողները Պիտի ամչնան ու ետ դառնան.6. Տանիքին վրայի խոտին պէս պիտի ըլլան, Որ դեռ չփրցուած կը չորնայ։7. Հնձողը չի կրնար իր ձեռքը լեցնել անով, Ոչ ալ խուրձ կապողը՝ իր գոգը։8. Անցնողները չեն ըսեր. «Տէրոջը օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ Ու ձեզ Տէրոջը անունովը կ’օրհնենք»։Առակներ 28:27-2727. Աղքատին տուողը կարօտ չըլլար, Բայց անկէ երես դարձնողը շատ անէծքներ պիտի առնէ ։Եբրայեցիներ 13:1-251. Եղբայրսիրութիւնը ձեր մէջ թող հաստատ մնայ։2. Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի անով ոմանք հրեշտակներ ընդունեցին առանց գիտնալու։3. Մտքերնիդ ըլլան կապուածները, որպէս թէ անոնց հետ դուք ալ կապուած էք եւ չարչարուածները՝ որպէս թէ դուք ալ մարմնաւոր էք։4. Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։5. Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ».6. Այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։7. Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը ձեզի խօսեցան եւ անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք։8. Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս։9. Կերպ կերպ եւ օտարաձայն ուսմունքներով մի՛ տարուբերիք, քանզի աղէկ է որ սիրտը շնորհքով հաստատուի ու ոչ թէ կերակուրներով, որոնցմէ օգուտ մը չունեցան անոնք որ այնպէս գացին։10. Սեղան մը ունինք մենք, ուրկէ իրաւունք չունին ուտելու անոնք որ խորանին ծառայութիւն կ’ընեն։11. Քանզի այն անասուններուն՝ որոնց արիւնը սուրբ տեղը կը տարուի մեղքի համար քահանայապետին ձեռքով՝ անոնց մարմինները բանակէն դուրս կ’այրուին.12. Ուստի Յիսուս ալ, իր արիւնովը ժողովուրդը սրբելու համար, դռնէն դուրս չարչարուեցաւ։13. Ուրեմն եկէք իրեն ելլենք բանակէն դուրս, մեր վրայ առնելով անոր նախատինքը։14. Վասն զի մենք հոս մնայուն քաղաք չունինք, հապա հանդերձեալը կը փնտռենք։15. Ուստի անոր ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին։16. Իսկ բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի։17. Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ։18. Մեզի համար աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ։19. Եւ մանաւանդ կ’աղաչեմ որ այս ընէք, որպէս զի աւելի շուտով ձեզի դառնամ։20. Խաղաղութեան Աստուածը որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, որ յաւիտենական ուխտին արիւնովը ոչխարներուն մեծ Հովիւն է,21. Ձեզ ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ իր կամքը ընելու եւ ձեր մէջ իր առջեւ հաճելի եղածը ընէ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, որուն փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։22. Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբա՛յրներ, այս յորդորական խօսքիս համբերել, վասն զի համառօտաբար գրեցի ձեզի։23. Գիտցէք թէ մեր եղբայրը Տիմոթէոս արձակուած է, որուն հետ, եթէ շուտով գայ, պիտի տեսնեմ ձեզ։24. Բարեւ ըրէ՛ք ձեր բոլոր առաջնորդներուն ու բոլոր սուրբերուն. ձեզի բարեւ կ’ընեն անոնք որ Իտալիայէն են։ Շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981