Աստվածաշունչը մեկ տարում
Նոյեմբեր 20

1. Տասնըմէկերորդ տարուան, երրորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2. «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ու անոր ժողովուրդին ըսէ՛. ‘Դուն քու մեծութիւնովդ որո՞ւ կը նմանիս’։
3. Ահա Ասորեստանցին Լիբանանի մէջ եղող եղեւինի մը պէս էր, անոր ոստերը գեղեցիկ ու տերեւախիտ ճիւղերը հովանի էին ու հասակը բարձր էր եւ անոր գլուխը խիտ ճիւղերու՝ ՝ մէջ էր։
4. Ջուրերը զանիկա մեծցուցին, անդունդները զանիկա բարձրացուցին, իրենց գետերը անոր տնկուած տեղին բոլորտիքը կը պտըտէին ու իրենց վտակները դաշտին բոլոր ծառերուն կը ղրկէին։
5. Այս պատճառով անոր հասակը դաշտին բոլոր ծառերէն բարձր եղաւ ու տարածուելով՝ ջուրերուն շատութենէն անոր ոստերը շատցան եւ ճիւղերը երկնցան։
6. Անոր ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները բոյն կը շինէին ու ճիւղերուն տակ դաշտի բոլոր գազանները կը ծնանէին։ Անոր հովանիին տակ բոլոր մեծ ազգերը կը բնակէին։
7. Իր մեծութիւնովը ու ճիւղերուն երկայնութիւնովը գեղեցիկ էր, վասն զի անոր արմատը շատ ջուրերու քով էր։
8. Աստուծոյ դրախտին եղեւինները զանիկա չէին ծածկեր, մայրի ծառերը անոր ոստերուն չէին նմանիր ու սօսիները անոր շառաւիղներուն պէս չէին. Աստուծոյ դրախտին մէջ բնաւ ծառ մը գեղեցկութեամբ անոր նման չէր։
9. Իր ոստերուն շատութիւնովը գեղեցիկ էր ու Աստուծոյ դրախտին մէջ եղող Եդեմի բոլոր ծառերը անոր կը նախանձէին։
10. Ասոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ հասակով բարձրացաւ ու գլուխը ամպերու հասցուց, իր սիրտը իր բարձրութիւնովը հպարտացաւ։
11. Ես ալ զանիկա ազգերու մէջ զօրաւոր մէկուն ձեռքը տուի, որ անշուշտ անոր հատուցում պիտի ընէ։ Զանիկա վռնտեցի։
12. Ու օտարները, ազգերուն բռնաւորները, զանիկա կտրեցին եւ զանիկա թողուցին։ Անոր ճիւղերը լեռներու վրայ ու հովիտներու մէջ ինկան։ Անոր ճիւղերը երկրի բոլոր ձորերուն մէջ կոտրտեցան ու երկրի բոլոր ժողովուրդները անոր հովանիէն հեռացան ու զանիկա թողուցին։
13. Անոր ինկած ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները պիտի բնակին եւ անոր ճիւղերուն վրայ դաշտի գազանները պիտի կենան։
14. Ջրասուն ծառերը բնաւ իրենց հասակին վրայ պիտի չհպարտանան եւ իրենց գլուխը խիտ ճիւղերու մէջ պիտի չվերցնեն։ Բոլոր ջուրով ոռոգուածները անոնց հպարտութեանը համար անոնց պիտի չյարին. վասն զի ամէնքը գետնին տակերը մահուան ձեռքը տրուած են՝ գուբը իջնող մարդոց որդիներուն մէջ»։
15. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Գերեզմանը իջած օրը՝ սուգ բռնել տուի, անոր համար անդունդը ծածկեցի ու անոր գետերը արգիլեցի։ Շատ ջուրեր արգիլուեցան ու անոր համար Լիբանանը սուգ բռնեց եւ անոր համար դաշտի բոլոր ծառերը թառամեցան։
16. Երբ զանիկա գուբը իջնողներուն հետ գերեզմանը իջեցուցի, անոր կործանումին ձայնէն ազգերը դողացուցի։ Եդեմի բոլոր ծառերը, Լիբանանի ընտիր ու գեղեցիկ ծառերը եւ ջուրով ոռոգուածները, սանդարամետ իջնողները մխիթարուեցան։
17. Անոնք ալ անոր հետ՝ սուրով սպաննուածներուն քով գերեզմանը իջան, նաեւ անոր բազուկը եղողները, որոնք անոր հովանիին տակ՝ ազգերուն մէջ կը նստէին։
18. Դուն այսպիսի փառքով ու մեծութեամբ որո՞ւ կը նմանիս Եդեմի ծառերուն մէջ։ Դուն Եդեմի ծառերուն հետ գետնին տակ պիտի նետուիս ու սուրով սպաննուածներուն հետ անթլփատներուն մէջ պիտի պառկիս։ Փարաւոն ու անոր բոլոր ժողովուրդը այսպէս պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
1. Տասնըերկրորդ տարուան տասնըերկրորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2. «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին վրայ ողբա՛ ու անոր ըսէ՛. ‘Դուն ազգերու մէջ առոյգ առիւծի կը նմանիս Եւ ծովերու մէջ վիշապի պէս ես։ Դուն գետերուդ վրայ կը յարձակիս Ու ոտքերովդ ջուրերը կը խառնես Եւ անոնց գետերը կը պղտորես’։
3. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես շատ ազգերու ժողովուրդով Իմ ցանցս քու վրադ պիտի տարածեմ Եւ քեզ իմ ուռկանովս պիտի հանեմ։
4. Քեզ գետինը պիտի նետեմ, Քեզ դաշտի երեսին վրայ պիտի ձգեմ, Քու վրադ երկնքի բոլոր թռչունները պիտի իջեցնեմ.
5. Քու մարմինդ լեռներուն վրայ պիտի դնեմ, Քու դիակներովդ ձորերը պիտի լեցնեմ։
6. Երկիրը, ուր դուն կը լողաս, մինչեւ լեռները Քու արիւնովդ պիտի ողողեմ Ու հեղեղատները քեզմով պիտի լեցուին։
7. Ու երբ քեզ ջնջեմ՝ երկինքը պիտի ծածկեմ Ու անոր աստղերը պիտի խաւարեցնեմ. Արեւը ամպով պիտի ծածկեմ Ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։
8. Քու վերեւդ երկնքի բոլոր լուսաւորները պիտի խաւարեցնեմ, Քու երկրիդ վրայ մութը պիտի տիրէ’, Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
9. «Երբ քու կործանումիդ լուրը Ազգերուն ու քեզի անծանօթ երկիրներու հասցնեմ, Շատ ժողովուրդներու սիրտը պիտի խռովեցնեմ։
10. Քու պատճառովդ շատ ժողովուրդներ պիտի տժգունին, Քու պատճառովդ անոնց թագաւորները խիստ պիտի զարհուրին, Երբ իմ սուրս անոնց երեսին առջեւ երերցնեմ։ Քու կործանումիդ օրը Ամէն մարդ իր հոգիին համար ամէն վայրկեան պիտի սարսափի»։
11. Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Բաբելոնի թագաւորին սուրը քու վրադ պիտի գայ։
12. Հսկաներուն սուրերովը քու զօրութիւնդ պիտի կործանեմ։ Բոլոր ազգերու եղեռնագործները պիտի գան եւ Եգիպտոսի հպարտութիւնը պիտի կործանեն եւ Անոր զօրութիւնը պիտի խորտակեն։
13. Եւ անոր բոլոր անասունները Շատ ջուրերու քովէն պիտի կորսնցնեմ։ Անգամ մըն ալ մարդու ոտքը զանոնք պիտի չպղտորէ։ Անասունի կճղակներն ալ զանոնք պիտի չպղտորեն։
14. Այն ատեն անոնց ջուրերը ականակիտ պիտի ընեմ Եւ անոնց գետերը իւղի պէս պիտի քալեցնեմ»։
15. Տէր Եհովան կ’ըսէ. «Երբ Եգիպտոսի երկիրը աւերակ դարձնեմ, Երկիրը բոլորովին ամայանայ, Երբ անոր բոլոր բնակիչները զարնեմ, այն ատեն Պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
16. «Այս ողբն է զոր պիտի ըսեն։ Ազգերուն աղջիկները պիտի ըսեն, Եգիպտոսի վրայ ու անոր բոլոր ժողովուրդին վրայ պիտի ըսեն»։
17. Տասնըերկրորդ տարուան, առաջին ամսուան տասնըհինգին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
18. «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի ժողովուրդին վրայ ողբա՛, Զանիկա ու երեւելի ազգերուն աղջիկները Գուբը իջնողներուն հետ գետնին տակերը իջեցո՛ւր։
19. ‘Դուն որմէ՞ գեղեցիկ ես. Իջի՛ր ու անթլփատներուն հետ պառկէ՛’։
20. Անոնք սուրով սպաննուածներուն մէջ պիտի իյնան։ Անիկա սուրի տրուեցաւ։ Զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդը քաշկռտեցէ՛ք։
21. Գերեզմանին մէջ զօրաւոր կտրիճները Անոր օգնութիւն ընողներուն հետ անոր պիտի խօսին։ Անոնց սուրով սպաննուած անթլփատները հոն իջած կը պառկին։
22. Ասուր ու իր բոլոր ժողովուրդը հոն են։ Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են, Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են։
23. Անոնց գերեզմանները գուբին խորունկ տեղերը տեղաւորուած են։ Անոր ժողովուրդը գերեզմանին բոլորտիքն են։ Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են. Անոնք, որ կենդանիներու երկրին մէջ վախ կ’ազդէին,
24. Եղամ ու իր բոլոր ժողովուրդը Հո՛ն, անոր գերեզմանին բոլորտիքն են։ Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են Ու անթլփատ իջան երկրին խորերը։ Անոնք որ կենդանիներու երկիրը կը վախցնէին, Հիմա գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։
25. Սպաննուածներուն մէջ անկողին պատրաստեցին անոր ու իր ժողովուրդին, Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են. Ամէնքը սուրով սպաննուած անթլփատներ են, Թէպէտեւ անոնք կենդանիներու երկրին մէջ զանոնք կը վախցնէին, Հիմա գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։ Անոնք սպաննուածներուն մէջ դրուած են։
26. Մոսոքն ու Թոբէլը եւ անոնց բոլոր ժողովուրդը հոն են։ Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են։ Ամէնքը սուրով սպաննուած անթլփատներ են, Թէպէտեւ անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ զանոնք կը վախցնէին։
27. Անոնք անթլփատներէն ինկող հսկաներուն հետ պիտի չպառկին. Որոնք իրենց պատերազմական զէնքերովը գերեզման իջան Եւ իրենց սուրերը իրենց գլուխներուն տակ դրին. Սակայն անոնց անօրէնութիւնները իրենց ոսկորներուն վրայ պիտի ըլլան, Թէեւ անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ հսկաներուն սարսափն էին։
28. Դուն անթլփատներուն մէջ պիտի կոտորուիս Ու սուրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկիս։
29. Եդովմ, իր թագաւորներն ու բոլոր իշխանները հոն են, Որոնք իրենց զօրութիւնովը սուրով սպաննուածներուն հետ դրուած են։ Անոնք անթլփատներուն հետ Ու գուբը իջնողներուն հետ կը պառկին։
30. Հիւսիսի բոլոր իշխանները եւ բոլոր Սիդոնացիները հոն են, Որոնք սպաննուածներուն հետ իջան։ Անոնք իրենց բռնութեամբ կատարած աւերներէն կ՛ամչնան, Անոնք սուրով սպաննուածներուն հետ անթլփատ կը պառկին Ու գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։
31. Փարաւոն զանոնք պիտի տեսնէ եւ մխիթարուի Անոնց բոլոր զօրութեան եւ իր բոլոր վիրաւորներուն վրայ, Որոնք սուրով սպաննուեցան», Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
32. «Քանզի կենդանիներուն երկրին մէջ իմ վախս դրի։ Անոնք անթլփատներուն մէջ սուրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկին, Այսինքն Փարաւոն ու անոր բոլոր ժողովուրդը», Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
1. Խորունկ տեղերէն քեզի կանչեցի, ո՛վ Տէր։
2. Ո՛վ Տէր, իմ ձայնս լսէ։ Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն իմ աղօթքիս ձայնին։
3. Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։
4. Բայց քու քովդ է թողութիւնը, Որպէս զի քեզմէ վախնան։
28. Եթէ ամբարիշտները բարձրանան, մարդիկ կը պահուին, Բայց եթէ անոնք կորսուին, արդարները կը շատնան։
1. Յակոբոս՝ Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին ծառայ՝ տասներկու ցեղերուդ, որ ամէն կողմ ցրուած էք, ողջո՛յն։
2. Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք,
3. Գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ։
4. Բայց համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ, որպէս զի կատարեալ ու ամբողջ ըլլաք ու բանի մը պակասութիւն չունենաք։
5. Իսկ եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։
6. Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասն զի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է.
7. Այն մարդը թող չկարծէ թէ Տէրոջմէ բան մը պիտի առնէ.
8. Երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ։
9. Խոնարհ եղբայրը իր բարձրութեանը վրայ թող պարծենայ
10. Եւ ան որ հարուստ է՝ իր խոնարհութեանը վրայ, վասն զի անիկա խոտի ծաղկին պէս պիտի անցնի.
11. Քանզի արեւը սաստիկ տաքութիւնով մը կը ծագի ու կը ցամքեցնէ խոտը եւ անոր ծաղիկը կը թափի ու անոր երեւոյթին գեղեցկութիւնն ալ կը կորսուի. նոյնպէս ալ հարուստը իր ճամբաներուն մէջ պիտի թառամի։
12. Երանելի է այն մարդը, որ փորձութեան կը համբերէ։ Վասն զի եթէ փորձուելով ընտիր գտնուի, կենաց պսակը պիտի առնէ, որ Տէրը զինք սիրողներուն խոստացաւ։
13. Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. «Աստուծմէ կը փորձուիմ». վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ։
14. Սակայն ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած.
15. Անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի։
16. Մի՛ խաբուիք, իմ սիրելի՛ եղբայրներս.
17. Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ, որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ։
18. Իր ուզելովը մեզ ծնաւ ճշմարտութեան խօսքովը, որպէս զի մենք իր ստեղծածներուն երախայրի մը ըլլանք։
19. Ուստի, իմ սիրելի՛ եղբայրներս, ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ շանր՝ բարկանալու մէջ,
20. Վասն զի մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր։
21. Ուստի ամէն աղտեղութիւն ու չարութիւն մէկդի ձգելով, հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել։
22. Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք՝ ինքզինքնիդ խաբելով։
23. Վասն զի եթէ մէկը միայն լսէ խօսքը ու չկատարէ, կը նմանի մարդու մը՝ որ հայելիի մէջ աչքերը տնկած իր բնական երեսը կը դիտէ.
24. Վասն զի դիտելով կը տեսնէ ինքզինք ու կ’անցնի կ’երթայ եւ շուտ մը կը մոռնայ թէ ի՛նչպիսի մէկն էր։
25. Բայց ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ։
26. Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չի դներ, այլ իր սիրտը կը խաբէ, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է։
27. Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. «Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981