Աստվածաշունչը մեկ տարում
Նոյեմբեր 21

1. Դարձեա՛լ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2. «Որդի՛ մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիներուն խօսէ՛ ու ըսէ՛. ‘Եթէ երկրի մը վրայ սուր բերեմ ու այն երկրին ժողովուրդը իրենց մէջէն մարդ մը ընտրեն ու զանիկա իրենց համար դէտ դնեն
3. Ու անիկա այն երկրին վրայ սուրին գալը տեսնէ եւ փողը հնչեցնէ ու ժողովուրդը զգուշացնէ
4. Եւ եթէ փողին ձայնը լսողը չզգուշանայ եւ սուրը գայ՝ զանիկա վերցնէ, անոր արիւնը իր գլուխը պիտի ըլլայ։
5. Անիկա փողին ձայնը լսեց ու չզգուշացաւ, անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ. բայց զգուշացողը իր հոգին պիտի ազատէ։
6. Իսկ եթէ դէտը սուրին գալը տեսնէ եւ փողը չհնչեցնէ ու ժողովուրդը չզգուշանայ եւ սուրը գայ ու անոնցմէ մէկը վերցնէ, իր անօրէնութեանը համար վերցուեցաւ. բայց անոր արիւնը դէտին ձեռքէն պիտի պահանջեմ’։
7. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի, որ իմ խօսքս լսես եւ իմ կողմէս զանոնք զգուշացնես։
8. Երբ ամբարշտին ըսեմ՝ «Ո՛վ ամբարիշտ, անշուշտ պիտի մեռնիս», բայց դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն չզգուշացնես, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։
9. Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն զգուշացնես, որպէս զի անկէ դառնայ ու անիկա իր ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած պիտի ըլլաս»։
10. Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը ըսէ. ‘Դուք այսպէս կը խօսիք ու կ’ըսէք. «Մեր յանցանքներն ու մեղքերը մեր վրայ են ու մենք անոնց մէջ կը մաշինք, ուրեմն ի՞նչպէս պիտի ապրինք»’։
11. Անոնց ըսէ՛. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ Դարձէ՛ք, դարձէ՛ք ձեր չար ճամբաներէն։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’»։
12. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ քու ժողովուրդիդ որդիներուն ըսէ՛. ‘Արդարին արդարութիւնը՝ անոր յանցանք ըրած օրը զանիկա պիտի չազատէ ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը՝ իր ամբարշտութենէն դարձած օրը իրեն գլորման պատճառ պիտի չըլլայ. ո՛չ ալ արդարը մեղք գործած օրը իր արդարութիւնովը պիտի կրնայ ապրիլ’։
13. Երբ ես արդարին ըսեմ թէ անշուշտ պիտի ապրի ու անիկա իր արդարութեանը ապաւինելով անօրէնութիւն ընէ, անոր բոլոր արդարութիւնը պիտի չյիշուի, հապա անիկա իր ըրած անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի։
14. Ու երբ ամբարշտին ըսեմ թէ ‘Դուն անշուշտ պիտի մեռնիս’ ու անիկա իր մեղքէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ,
15. Այն ամբարիշտը գրաւը ետ տայ ու յափշտակածը հատուցանէ եւ անօրէնութիւն չընելով՝ կեանքի կանոններուն համեմատ քալէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։
16. Անոր գործած բոլոր մեղքերը պիտի չյիշուին։ Անիկա իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ, անշուշտ պիտի ապրի»։
17. Քու ժողովուրդիդ որդիները կ’ըսեն թէ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’. սակայն իրենց ճամբան է որ ուղիղ չէ։
18. Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու անօրէնութիւն ընէ, անիկա անոր մէջ պիտի մեռնի։
19. Երբ ամբարիշտը իր ամբարշտութենէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անոնցմով պիտի ապրի։
20. Բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Ես ձեր ամէն մէկուն դատաստանը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի տեսնեմ, ո՛վ Իսրայէլի տուն»։
21. Մեր գերութեանը տասնըերկրորդ տարուան, տասներորդ ամսուան հինգերորդ օրը, Երուսաղէմէն ազատուած մը ինծի եկաւ ու ըսաւ. ‘Քաղաքը զարնուեցաւ’։
22. Դեռ այն ազատուածը չեկած՝ իրիկունը՝ Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու իմ բերանս բացաւ, ապա առաւօտուն անիկա ինծի եկաւ ու երբ բերանս բացուեցաւ՝ ա՛լ համր չէի։
23. Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
24. «Որդի՛ մարդոյ, այս Իսրայէլի երկրին աւերակներուն բնակիչները կը խօսին ու կ’ըսեն. ‘Աբրահամ մէ՛կ մարդ էր ու երկիրը ժառանգեց։ Մենք որ շատուոր ենք, անշուշտ երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուեցաւ’։
25. Անոր համար ըսէ անոնց, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք միսը արիւնով կ’ուտէք ու աչքերնիդ ձեր կուռքերուն կը վերցնէք։ Արիւն կը թափէք ու այդ երկի՞րը պիտի ժառանգէք։
26. Դուք ձեր սուրերուն կ’ապաւինիք, պղծութիւն կ’ընէք, ամէն մէկդ իր ընկերին կինը կը պղծէ։ Այս երկիրը պիտի ժառանգէ՞ք’։
27. Անոնց այսպէս ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կենդանի եմ, որ աւերակներուն մէջ եղողները սուրով պիտի իյնան ու դաշտին երեսը եղողները գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան եւ բերդերուն ու քարայրներուն մէջ եղողները ժանտախտով պիտի մեռնին։
28. Երկիրը բոլորովին պիտի ամայացնեմ եւ անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի կորսուի։ Իսրայէլի լեռներն ալ պիտի ամայացնեմ եւ անոնց վրայէն անցնող պիտի չըլլայ։
29. Երբ երկիրը բոլորովին ամայացնեմ իրենց ըրած բոլոր գարշութիւններուն համար, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։
30. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիները պատերուն քով ու տուներուն դռներուն քով քու վրադ կը խօսակցին, ամէն մարդ իր եղբօրը կը խօսի ու կ’ըսէ. ‘Հիմա եկէ՛ք ու լսեցէ՛ք թէ ի՞նչ է Տէրոջը ըսած խօսքը’։
31. Անոնք ժողովուրդին գալուն պէս քեզի կու գան ու քու առջեւդ իմ ժողովուրդիս պէս կը նստին եւ քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն կատարեր. վասն զի անոնք իրենց բերնովը կը ձեւացնեն թէ համաձայն են, բայց սրտերնին իրենց ագահութեանը ետեւէն կ’երթան։
32. Ահա դուն անոնց՝ քաղցրաձայն ու հմուտ նուագածուի մը ախորժելի երգին պէս ես, որոնք քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն գործադրեր։
33. Սակայն երբ ասիկա ըլլայ (եւ պիտի ըլլայ), այն ատեն պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կար»։
1. Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի հովիւներուն դէմ մարգարէութիւն ըրէ՛, մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ հովիւներուն. ‘Վա՜յ Իսրայէլի հովիւներուն, որոնք ինքզինքնին կ’արածեն։ Հովիւները հօտը արածելու չե՞ն։
3. Դուք ճարպը կ’ուտէք ու բուրդը կը հագնիք եւ գէրը կը մորթէք, բայց հօտը չէք արածեր։
4. Տկարները չուժովցուցիք ու հիւանդները չբժշկեցիք եւ կոտրածը չփաթթեցիք ու մոլորածը չդարձուցիք եւ կորսուածը չփնտռեցիք. հապա բռնութիւնով ու խստութիւնով անոնց վրայ տիրեցիք։
5. Անոնք հովիւ չունենալնուն համար ցրուեցան ու ցրուելով՝ դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան։
6. Իմ ոչխարներս լեռներու վրայ ու բարձր բլուրներու վրայ մոլորեցան եւ իմ ոչխարներս բոլոր երկրի երեսին վրայ ցրուեցան ու հարցնող ու փնտռող չեղաւ’։
7. «Անոր համար, ո՛վ հովիւներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք.
8. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որովհետեւ հովիւ չըլլալուն համար իմ հօտս յափշտակուեցաւ ու իմ ոչխարներս դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան եւ իմ հովիւներս իմ ոչխարներս չփնտռեցին ու հովիւները ինքզինքնին արածեցին ու իմ հօտս չարածեցին’,
9. Անոր համար, ո՛վ հովիւներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք,
10. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես հովիւներուն դէմ եմ ու իմ ոչխարներս անոնցմէ պիտի պահանջեմ եւ զանոնք ոչխար արածելէն պիտի դադրեցնեմ ու հովիւները անգամ մըն ալ պիտի չարածեն։ Իմ ոչխարներս անոնց բերնէն պիտի հանեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ անոնց կերակուր չըլլան’։
11. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես՝ ինքս՝ իմ ոչխարներս պիտի պահանջեմ ու փնտռեմ։
12. Ինչպէս հովիւը, երբ իր ցրուած ոչխարներուն ետեւէն կ’ըլլայ ու իր հօտը կը փնտռէ, այնպէս ալ ես իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ ու պիտի ազատեմ զանոնք այն տեղերէն, ուր ամպի ու մառախուղի ատեն ցրուեցան։
13. Զանոնք ժողովուրդներէն պիտի հանեմ, զանոնք երկիրներէն պիտի հաւաքեմ ու զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ։ Զանոնք Իսրայէլի լեռներուն վրայ, ձորերուն մէջ ու երկրին ամէն բնակելի տեղերը պիտի արածեմ.
14. Զանոնք աղէկ արօտի մէջ պիտի արածեմ ու անոնց փարախը Իսրայէլի բարձր լեռներուն վրայ պիտի ըլլայ։ Հոն աղէկ փարախի մէջ պիտի պառկին ու Իսրայէլի լեռներուն վրայ պարարտ արօտի մէջ պիտի արածին։
15. Ես պիտի արածեմ իմ ոչխարներս ու զանոնք ես պիտի պառկեցնեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
16. Կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ եւ կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի առողջացնեմ, բայց պարարտն ու զօրաւորը պիտի պահեմ. զանոնք իրաւունքով պիտի արածեմ’։
17. «Ձեզի, ո՛վ իմ ոչխարներս, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ոչխարին ու ոչխարին, խոյերուն ու նոխազներուն մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։
18. Միթէ աղէկ արօտի մէջ արածուիլը քի՞չ բան է ձեզի, որ ձեր արօտներուն մնացորդը ձեր ոտքերով կը կոխկռտէք ու մաքուր ջուրերն ալ խմե՞լը, որ մնացածները ձեր ոտքերով կը պղտորէք։
19. Իմ ոչխարներս ձեր ոտքերուն կոխկռտածը կ’ուտեն ու ձեր ոտքերով պղտորածը կը խմեն’։
20. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ինքս դատաստան պիտի ընեմ պարարտ ոչխարին ու նիհար ոչխարին մէջտեղ։
21. Քանի որ դուք ձեր կողքով եւ ուսով հրեցիք ու ձեր եղջիւրներով բոլոր տկարներուն զարկիք, մինչեւ որ դուրսը ցրուեցիք զանոնք,
22. Ես ալ իմ ոչխարներս պիտի ազատեմ ու անգամ մըն ալ պիտի չյափշտակուին։ Ոչխարին ու ոչխարին մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։
23. Անոնց վրայ հովիւ մը, այսինքն իմ ծառաս Դաւիթը պիտի կեցնեմ, որպէս զի զանոնք հովուէ։ Անիկա պիտի հովուէ զանոնք։ Անիկա պիտի ըլլայ անոնց հովիւը։
24. Ես՝ Տէրս՝ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ իմ ծառաս Դաւիթ անոնց վրայ իշխան պիտի ըլլայ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։
25. Եւ անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ մը պիտի ընեմ ու այն երկրէն չար գազանները բնաջինջ պիտի ընեմ, որ անապատին մէջ ապահովութեամբ բնակին ու անտառներուն մէջ քնանան։
26. Զանոնք ու իմ լերանս շրջակայ տեղերը օրհնութիւնով պիտի լեցնեմ ու անձրեւները իրենց ժամանակին պիտի իջեցնեմ, որոնք օրհնութեան անձրեւներ պիտի ըլլան։
27. Դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ։ Անոնք իրենց երկրին վրայ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու երբ անոնց լուծին կապերը կոտրեմ ու զանոնք գերի տանող ձեռքէն ազատեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։
28. Անոնք անգամ մըն ալ ազգերէն պիտի չյափշտակուին ու երկրի գազանները զանոնք պիտի չուտեն. այլ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու վախցնող մը պիտի չըլլայ։
29. Անոնց անուանի տունկ մը պիտի բուսցնեմ ու անգամ մըն ալ երկրին վրայ սովով պիտի չսպառին ու ազգերէն նախատինք պիտի չկրեն
30. Եւ պիտի գիտնան թէ ես՝ իրենց Տէր Աստուածը՝ իրենց հետ եմ ու իրենք՝ Իսրայէլի տունը՝ իմ ժողովուրդս են’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
31. «Դուք, իմ ոչխարներս, իմ արօտիս ոչխարները, մարդիկ էք ու ես ձեր Աստուածն եմ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
5. Ես Տէրոջը կը սպասեմ, իմ անձս կը սպասէ Ու անոր խօսքին կը յուսամ։
6. Առտուան սպասողներէն, առտուան սպասողներէն աւելի Իմ անձս Տէրոջը կը սպասէ ։
7. Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ, Վասն զի Տէրոջը քով ողորմութիւն կայ Ու անոր քով շատ փրկութիւն կայ։
8. Անիկա պիտի փրկէ Իսրայէլը Իր բոլոր անօրէնութիւններէն։
1. Շատ անգամ յանդիմանուած մարդը, երբ իր պարանոցը խստացնէ, Յանկարծ պիտի կոտրուի ու բժշկութիւն պիտի չգտնէ։
1. Ե՛ղբայրներս, աչառութեամբ մի՛ պահէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ փառաց Տէրոջ հաւատքը։
2. Քանզի եթէ ձեր ժողովին մէջ մարդ մը մտնելու ըլլայ որ ունենայ ոսկի մատանի եւ փառաւոր հանդերձներ, հոն աղքատ մըն ալ մտնելու ըլլայ աղտոտ հանդերձներով
3. Եւ նայիք անոր վրայ որ փառաւոր հանդերձներ ունի ու ըսէք. «Դուն հոս նստէ պատուով», իսկ աղքատին՝ «Ոտքի՛ կայնէ, կամ նստէ պատուանդանիս քով»,
4. Ձեր մէջ խտրութիւններ չէ՞ք դներ ու չար խորհուրդներու դատաւոր չէ՞ք ըլլար։
5. Մտիկ ըրէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս, չէ՞ որ Աստուած աշխարհի աղքատները ընտրեց, որոնք հաւատքով հարուստ են ու ժառանգորդ արքայութեանը, որը զինք սիրողներուն խոստացաւ,
6. Բայց դուք աղքատները անարգեցիք։ Հարուստները չե՞ն որ ձեզ կը հարստահարեն ու ձեզ դատարանները կը քաշեն։
7. Անոնք չե՞ն որ կը հայհոյեն այն բարի անուան, որ ձեր վրայ դրուած է։
8. Արդ՝ եթէ դուք արքայական օրէնքը կը կատարէք գրքին ըսածին համեմատ, թէ՝ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս», աղէկ կ’ընէք.
9. Բայց եթէ աչառութիւն կ’ընէք մե՛ղք կը գործէք եւ օրէնքէն պիտի յանդիմանուիք օրինազանցներու պէս։
10. Քանզի ով որ բոլոր օրէնքը պահէ ու բանի մը մէջ յանցաւոր ըլլայ, անիկա ամենուն պարտական կ’ըլլայ։
11. Վասն զի ան որ ըսաւ թէ «Շնութիւն մի՛ ըներ», ըսաւ թէ «Մի՛ սպաններ». ուստի եթէ շնութիւն չընես բայց սպաննութիւն ընես, օրինազանց կ’ըլլաս։
12. Այնպէ՛ս խօսեցէք եւ այնպէ՛ս ըրէք՝ որպէս թէ ազատութեան օրէնքովը պիտի դատուիք։
13. Վասն զի դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ անոր որ ողորմութիւն չըներ եւ ողորմութիւնը կը պարծենայ դատաստանին դիմաց։
14. Ի՞նչ օգուտ է, եղբա՛յրներս, եթէ մէկը ըսէ թէ հաւատք ունի ու գործ չունենայ. միթէ հաւատքը կրնա՞յ փրկել զանիկա։
15. Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ ըլլայ կամ օրուան կերակուրին կարօտ
16. Ու ձեզմէ մէկը անոնց ըսէ. «Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք ու կշտացէք», բայց մարմնին պէտք եղած բաները անոնց չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի։
17. Այսպէս ալ հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է։
18. Նաեւ կրնայ մէկը ըսել թէ՝ «Դուն հաւատք ունիս, ես ալ գործեր ունիմ. դուն քու հաւատքդ ցուցուր ինծի առանց գործերու ու ես քեզի ցուցնեմ իմ հաւատքս իմ գործերովս։
19. Դուն կը հաւատաս թէ Աստուած մէկ է։ Աղէկ կ’ընես, դեւերն ալ կը հաւատան եւ կը սարսափին
20. Բայց կ’ուզե՞ս գիտնալ, ո՛վ սնոտի մարդ թէ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։
21. Աբրահամ՝ մեր հայրը՝ գործերով չարդարացա՞ւ, երբ իր որդին Իսահակը սեղանին վրայ հանեց զոհ ընելու ։
22. Կը տեսնե՞ս թէ հաւատքը անոր գործերուն հետ մէկտեղ գործեց ու այն գործերով հաւատքը կատարեալ եղաւ։
23. Եւ գրքին խօսքը կատարուեցաւ, որ կ’ըսէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու ան իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ եւ ինք Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ»։
24. Կը տեսնէ՞ք թէ մարդ գործերով կ’արդարանայ, ո՛չ թէ՝ միայն հաւատքով։
25. Նոյնպէս ալ Ռախաբ պոռնիկը չէ՞ որ գործերով արդարացաւ, երբ լրտեսները ներս առաւ եւ ուրիշ ճամբայով արձակեց անոնք ։
26. Քանզի ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981