Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 22Եզեկիել 35:1-151. Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.2. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Սէիր լերանը վրայ դարձուր ու անոր դէմ մարգարէութիւն ըրէ՛3. Եւ անոր ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Սէիր լեռ ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ ու քեզ բոլորովին պիտի ամայացնեմ։4. Քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ եւ դուն ամայի պիտի ըլլաս ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը’։5. «Որովհետեւ դուն հին օրերէն ատելութիւն ունեցար ու Իսրայէլի որդիները, իրենց պատուհասուած ժամանակը, անօրէնութեան ժամանակը լրանալուն, սուրին ձեռքը մատնեցիր,6. Անոր համար ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ քեզ արեան մէջ պիտի դնեմ եւ արիւնը քեզ պիտի հալածէ. քանի որ արիւնը չատեցիր, այն արիւնը քեզ պիտի հալածէ։7. Սէիր լեռը բոլորովին ամայի պիտի ընեմ եւ անկէ անցնողն ու դարձողը պիտի սպաննեմ։8. Ու անոր լեռները իր սպաննուածներովը պիտի լեցնեմ։ Քու բլուրներուդ վրայ. քու հովիտներուդ մէջ ու բոլոր ձորերուդ մէջ սուրով սպաննուածներ պիտի իյնան։9. Քեզ յաւիտենապէս պիտի ամայացնեմ եւ քու քաղաքներուդ մէջ անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։10. «Որովհետեւ դուն ըսիր թէ ‘Այս երկու ազգը ու այս երկու երկիրը իմս պիտի ըլլան ու անոնց պիտի տիրենք’ (թէեւ Տէրը հոն էր).11. Անոր համար, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ քու թշնամութիւնովդ անոնց դէմ գործադրուած բարկութեանդ ու նախանձիդ չափովը հատուցում պիտի ընեմ եւ քու դատաստանդ տեսած ատենս անոնք պիտի ճանչնան զիս։12. Ու պիտի գիտնաս թէ ես՝ Տէրս՝ լսեցի քու բոլոր հայհոյութիւններդ, որոնք Իսրայէլի լեռներուն դէմ գործածեցիր՝ ըսելով. ‘Անոնք աւերակ եղան, անոնք մեզի կերակուր տրուեցան’13. Եւ ձեր բերնովը ինծի դէմ հպարտացաք ու խօսքերնիդ ինծի դէմ շատցուցիք։ Ես զանոնք լսեցի»։14. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին ուրախութեան ատենը քեզ պիտի ամայացնեմ։15. Եւ ինչպէս դուն Իսրայէլի տանը ժառանգութեանը վրայ ուրախացար, երբ ամայացաւ, քեզի ալ այնպէս պիտի ընեմ։ Դո՛ւք, ո՛վ Սէիր լեռ ու Եդովմ, բոլորովին պիտի ամայանաք ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։Եզեկիել 36:1-381. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի լեռներուն մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ. ‘Ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.2. Որովհետեւ թշնամին ձեզի համար ըսաւ՝ «Վա՜շ, յաւիտենական բլուրներն ալ մեզի ժառանգութիւն եղան»’,3. Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեզ աւերեցին ու ամէն կողմէ ճնշուեցաք, այնպէս որ մնացած ազգերուն սեփականութիւն եղաք ու դուք լեզուանի մարդոց խօսքի առարկան ու ժողովուրդին նախատինքը եղաք.4. Անոր համար, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէ՛ք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն եւ ամայի եղած աւերակներուն ու պարապ թողուած քաղաքներուն, որոնք շրջակայ ազգերուն մնացորդին յափշտակութիւն ու նախատինք եղած են։5. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Մնացած ազգերուն համար ու Եդովմին համար անշուշտ իմ նախանձիս կրակովը խօսեր եմ, վասն զի անոնք սրտի ուրախութեամբ ու հոգիի հպարտութեամբ իմ երկիրս իրենց սեփականացուցին եւ զանիկա աւարի պէս յափշտակեցին’։6. Անոր համար Իսրայէլի երկրին վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ եւ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Քանի որ դուք ազգերէն նախատինք կրեցիք, ահա ես ալ իմ նախանձովս ու իմ բարկութիւնովս խօսեցայ’։7. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես իմ ձեռքս վերցուցի, որ ձեր բոլորտիքը եղող ազգերը իրենց անարգանքը կրեն։8. Բայց դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, ձեր ճիւղերը պիտի երկնցնէք ու իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի համար ձեր պտուղները պիտի բերէք, վասն զի անոնք մօտերս պիտի գան։9. Քանզի ահա ես ձեր կողմէն եմ ու ձեզի պիտի դառնամ եւ դուք պիտի մշակուիք ու պիտի սերմանուիք10. Ու ձեր վրայ մարդիկ՝ Իսրայէլի տունը՝ պիտի շատցնեմ ու քաղաքներու մէջ պիտի բնակին եւ աւերակները պիտի շէնցնեն։11. Ձեր վրայ մարդն ու անասունը պիտի շատցնեմ։ Անոնք պիտի շատնան ու պտղաբեր պիտի ըլլան եւ ձեր առաջուան կացութեանը պէս ձեր մէջ պիտի բնակին ու ձեր առաջուան վիճակէն աւելի աղէկ պիտի ընեմ ձեզ ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։12. Եւ ձեր վրայ մարդիկ՝ իմ ժողովուրդս Իսրայէլը՝ պիտի պտըտեցնեմ։ Անոնք քեզ պիտի ժառանգեն եւ դուն անոնց ժառանգութիւն պիտի ըլլաս ու անգամ մըն ալ զանոնք պիտի չսպառես՝ ՝’։13. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ քեզի համար կ’ըսեն թէ ‘Դուն մարդակեր երկիր մըն ես, քու ազգերդ սպառեցիր’,14. Անոր համար անգամ մըն ալ մարդ պիտի չուտես ու անգամ մըն ալ քու ազգերդ պիտի չսպառես, կ’ըսէ Տէր Եհովան։15. Անգամ մըն ալ ազգերու նախատինք պիտի չլսուի եւ անգամ մըն ալ ժողովուրդներու անարգանքը պիտի չկրես եւ քու ազգերդ պիտի չսպառես’։16. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ,17. Երբ Իսրայէլացիները իրենց երկրին մէջ բնակեցան, զանիկա իրենց ճամբայովը եւ գործերովը պղծեցին։ Անոնց ճամբան իմ առջեւս անմաքուր կնոջ մը պղծութեան պէս եղաւ,18. Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի այն արիւնին համար՝ որ իրենք թափեցին երկրի վրայ ու զանիկա իրենց կուռքերովը պղծեցին։19. Զանոնք ազգերուն մէջ ցրուեցի ու երկիրներու մէջ ցիրուցան եղան։ Զանոնք իրենց ճամբուն ու գործերուն համեմատ դատեցի20. Եւ իրենց գացած ազգերուն մէջ երթալնուն պէս՝ իմ սուրբ անունս պղծեցին, երբ իրենց համար ըսուեցաւ թէ ‘Ասոնք Եհովային ժողովուրդն են, բայց անոր երկրէն ելան’։21. Սակայն ես խնայեցի իմ սուրբ անուանս համար, որը պղծեցին այն ազգերուն մէջ, ուր մտան»։22. «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ թէ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛չ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, ո՛վ Իսրայէլի տուն, հապա իմ սուրբ անուանս համար, որը դուք ձեր մտած ազգերուն մէջ պղծեցիք։23. Ես սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս, որ ազգերուն մէջ պղծուեցաւ, որ դուք անոնց մէջ պղծեցիք ու ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, երբ անոնց աչքերուն առջեւ ձեր մէջ սրբուիմ։24. Ձեզ ազգերէն պիտի առնեմ ու բոլոր երկիրներէն ձեզ պիտի հաւաքեմ ու ձեզ ձեր երկիրը պիտի բերեմ։25. Ձեր վրայ մաքուր ջուր պիտի սրսկեմ ու պիտի մաքրուիք։ Ձեր բոլոր պղծութիւններէն ու ձեր բոլոր կուռքերէն ձեզ պիտի մաքրեմ։26. Ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ եւ ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ։27. Իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու դուք իմ օրէնքներուս մէջ պիտի քալէք ու իմ իրաւունքներս պիտի պահէք ու գործադրէք։28. Եւ պիտի բնակիք այն երկիրներուն մէջ, որ ձեր հայրերուն տուի ու դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք, ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ։29. Ձեր բոլոր պղծութիւններէն ձեզ պիտի ազատեմ ու ցորենը պիտի կանչեմ եւ զանիկա պիտի շատցնեմ ու ձեր վրայ սով պիտի չբերեմ։30. Ծառերուն պտուղն ու արտերուն բերքը պիտի շատցնեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ ազգերու մէջ սովի նախատինք չկրէք։31. Ձեր գէշ ճամբաները եւ չար գործերը պիտի յիշէք ու ձեր անօրէնութիւններուն համար եւ ձեր պղծութիւններուն համար դուք ձեր անձերէն պիտի զզուիք։32. Չէ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ձեզի յայտնի ըլլայ եւ ձեր ճամբաներէն ամչցէք ու շփոթեցէք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’։33. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը, երբ ձեր բոլոր անօրէնութիւններէն ձեզ մաքրեմ, քաղաքներուն մէջ մարդ պիտի բնակի ու աւերակները պիտի շինուին։34. Ամայի երկիրը, ամէն անցնողի աչքերուն առջեւ ամայի մնալու տեղ, պիտի մշակուի’։35. Ու պիտի ըսեն՝ ‘Այս ամայացած երկիրը Եդեմի դրախտին պէս եղաւ եւ աւերակ, ամայի ու փլած քաղաքները պարսպապատ ու մարդաբնակ եղան’։36. Ու ձեր բոլորտիքը մնացած ազգերը պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ փլածները կը շինեմ ու ամայացած երկիրը կը շէնցնեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ’»։37. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլի տանը խնդրանքը պիտի ընդունիմ, անոնց մարդիկը հօտի պէս պիտի շատցնեմ։38. Սուրբ հօտին պէս, Երուսաղէմի հանդիսաւոր տօներուն հօտին պէս, աւերուած քաղաքները մարդոց հօտերով այնպէս պիտի լեցուին, որ գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։Սաղմոսներ 131:1-31. Ո՛վ Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ Եւ իմ աչքերս չբարձրացան։ Ես մեծամեծ բաներու մէջ Եւ ինծմէ բարձր բաներու մէջ չքալեցի։2. Արդարեւ իմ անձս հանդարտեցուցի ու հանգստացուցի Իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս, Իմ անձս կաթէն կտրուած տղու մը պէս է։3. Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։Առակներ 29:2-32. Եթէ արդարները զօրանան, ժողովուրդը կ’ուրախանայ, Բայց երբ ամբարիշտը իշխանութիւն ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ։3. Իմաստութիւն սիրող մարդը իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց պոռնիկներուն ընկեր եղողը ստացուածքը կը ցրուէ։Ջեյմս 3:1-181. Եղբայրներս, շատ վարդապետող մի՛ ըլլաք, գիտնալով որ աւելի մեծ դատաստան պիտի ընդունինք.2. Վասն զի ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել։3. Գիտէք թէ ձիերուն բերանը սանձ կը դնենք, որպէս զի անոնք մեզի հնազանդին ու անոնց բոլոր մարմինը կը կառավարենք.4. Ահա նաւերն ալ որչա՜փ մեծ բաներ են եւ սաստիկ հովերէն կը քշուին, բայց շատ փոքր ղեկով մը կը կառավարուին՝ ղեկավարին կամքը ո՛ր կողմը որ ուզէ։5. Այսպէս ալ լեզուն պզտիկ անդամ մ’է, բայց մեծ բաներ կը խօսի։ Ահա քիչ մը կրակը ո՛րչափ բան բոցի կու տայ։6. Լեզուն ալ կրակ մըն է, անիրաւութեան տիեզերք մը։ Լեզուն մեր անդամներուն մէջ այնպէս դրուած է, որ բոլոր մարմինը կ’ապականէ եւ բնութեան շրջանը կը բռնկեցնէ ու ինք գեհեանէն կը բռնկի։7. Բոլոր գազաններուն ու թռչուններուն եւ սողուններուն ու ծովուն մէջ եղածներուն բնութիւնը կը նուաճուի եւ նուաճուած է մարդկութենէն։8. Բայց մարդ լեզուն չի կրնար նուաճել։ Անիկա անզուսպ չար է ու մահաբեր թոյնով լեցուն։9. Անով կ’օրհնենք Աստուած ու Հայրը եւ անով կ’անիծենք մարդիկ՝ որոնք Աստուծոյ նմանութիւնովը ստեղծուած են։10. Միեւնոյն բերնէն կ’ելլեն օրհնութիւն ու անէծք։ Ե՛ղբայրներս, պէտք չէ որ այս այսպէս ըլլայ։11. Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն բերնէն անոյշ ու լեղի կը բղխեցնէ՞։12. Միթէ կարելի՞ է, եղբա՛յրներս, որ թզենին ձիթապտուղ բերէ կամ որթատունկը՝ թուզ։ Նմանապէս կարելի չէ որ աղբիւրէ մը աղի ու անոյշ ջուր հոսի։13. Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ. թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով։14. Ապա եթէ դառն նախանձ եւ հակառակութիւն ունենաք սրտերնուդ մէջ, մի՛ պարծենաք ու ճշմարտութիւնը սուտ մի՛ հանէք։15. Այս իմաստութիւնը վերէն իջած չէ, հապա երկրաւոր, շնչաւոր եւ դիւական է։16. Քանզի ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները։17. Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։18. Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981