Աստվածաշունչը մեկ տարում
Նոյեմբեր 24

1. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, գոգին վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Գոգ, Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխան։
2. Ես քեզ պիտի շրջապատեմ, քեզ պիտի տանիմ եւ հիւսիսի ծայրերէն քեզ պիտի հանեմ ու քեզ Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի բերեմ։
3. Քու աղեղդ քու ձախ ձեռքէդ վար պիտի ձգեմ։ Քու նետերդ աջ ձեռքէդ վեր պիտի նետեմ։
4. Դուն քու բոլոր գունդերովդ ու քեզի հետ եղող ժողովուրդներով Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի իյնաս։ Քեզ ամէն տեսակ թեւ ունեցող գիշատիչ թռչունի ու դաշտի գազաններու կերակուր պիտի տամ։
5. Դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս, վասն զի ես խօսեցայ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
6. Մագոգի վրայ ու կղզիներուն մէջ ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ կրակ պիտի ղրկեմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը։
7. Եւ իմ սուրբ անունս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ պիտի ճանչցնեմ ու պիտի չթողում որ անգամ մըն ալ իմ սուրբ անունս պղծուի։ Ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը՝ Իսրայէլի մէջ եղող Սուրբը։
8. Ահա կու գայ ու պիտի կատարուի’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ ‘Իմ որոշած օրս ասիկա է։
9. Իսրայէլի քաղաքներուն բնակիչները պիտի ելլեն ու կրակ պիտի վառեն ու զէնքերը պիտի այրեն։ Ասպարներով, վահաններով, աղեղներով, նետերով, բիրերով ու նիզակներով եօթը տարի կրակ պիտի վառեն։
10. Դաշտէն փայտ պիտի չբերեն, ո՛չ ալ անտառներէն պիտի կտրեն, հապա զէնքերով կրակ պիտի վառեն։ Զիրենք թալլողները պիտի թալլեն ու զիրենք կողոպտողները պիտի կողոպտեն’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
11. Այն օրը Իսրայէլի մէջ Գոգին գերեզմանի տեղ պիտի տամ Անցորդներու Ձորը՝ ծովուն արեւելեան կողմը։ Անիկա անցորդները պիտի արգիլէ ու հոն Գոգը ու անոր բոլոր բազմութիւնը պիտի թաղեն եւ զանիկա Գոգի Բազմութեան Ձորը պիտի կոչեն։
12. Իսրայէլի որդիները երկիրը մաքրելու համար եօթը ամիս զանոնք պիտի թաղեն։
13. Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը զանոնք պիտի թաղեն։ Ասիկա անոնց անուն մը պիտի ըլլայ այն օրը՝ որպէս զի ես փառաւորուիմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
14. Ու մարդիկ պիտի որոշեն՝ որ շարունակ երկրին մէջ պտըտին ու անցնողներուն հետ՝ երկրի երեսին վրայ մնացածները թաղեն, որպէս զի զանիկա մաքրեն. անոնք եօթը ամիս ետքը պիտի փնտռեն։
15. Ու երկրին մէջէն անցնողները անցած ատեննին երբ մարդու ոսկոր տեսնեն, քովը նշան մը պիտի դնեն, որպէս զի թաղողները զանիկա Գոգի Բազմութեանը Ձորը թաղեն։
16. Ու քաղաքին անունն ալ Համոնա պիտի ըլլայ։ Այսպէս երկիրը պիտի մաքրեն։
17. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն տեսակ թեւաւոր թռչունի ու դաշտի բոլոր գազաններուն ըսէ՛. ‘Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք. ձեզի համար կատարած զոհիս, Իսրայէլի լեռներուն վրայ կատարուելու մեծ զոհին։ Ամէն կողմէ մօտեցէ՛ք, որպէս զի միս ուտէք ու արիւն խմէք։
18. Զօրաւորներուն միսը ուտէք ու երկրի իշխաններուն արիւնը խմէք՝ խոյերու, գառներու, նոխազներու եւ զուարակներու, որոնք Բասանի գէր անասուններն են։
19. Ձեզի համար կատարած զոհէս՝ մինչեւ որ կշտանաք ճարպ պիտի ուտէք ու մինչեւ որ գինովնաք՝ արիւն պիտի խմէք։
20. Իմ սեղանիս վրայ ձիերէն ու կառքի անասուններէն, զօրաւորներէն ու ամէն պատերազմող մարդէն պիտի կշտանաք’»։
21. Տէր Եհովան կ’ըսէ. «Ազգերու մէջ իմ փառքս պիտի դնեմ ու բոլոր ազգերը իմ ըրած դատաստաններս ու անոնց վրայ դրած ձեռքս պիտի տեսնեն։
22. Ու Իսրայէլի տունը այն օրէն յետոյ պիտի գիտնան թէ իրենց Տէր Աստուածը ես եմ։
23. Եւ ազգերը պիտի գիտնան թէ Իսրայէլի տունը՝ իրենց անօրէնութեանը եւ ինծի ապստամբ ըլլալնուն համար՝ գերի եղաւ ու ես իմ երեսս անոնցմէ ծածկեցի։ Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը տուի ու ամէնքը սուրով ինկան։
24. Իրենց պղծութեանը համեմատ ու իրենց յանցանքներուն համեմատ իրենց հատուցում ըրի ու իմ երեսս իրենցմէ ծածկեցի’։
25. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Հիմա Յակոբը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու բոլոր Իսրայէլի տանը պիտի ողորմիմ։ Իմ սուրբ անուանս համար նախանձախնդիր պիտի ըլլամ։
26. Երբ անոնք իրենց երկրին մէջ ապահովութեամբ բնակին ու վախցնող մը չըլլայ, այն ատեն իրենց անարգանքը ու իրենց ինծի դէմ ըրած բոլոր յանցանքները պիտի կրեն։
27. Երբ զանոնք ժողովուրդներէն դարձնեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրներէն հաւաքեմ, այն ատեն անոնց մէջ շատ ազգերու աչքերուն առջեւ պիտի սրբուիմ
28. Եւ պիտի գիտնան թէ ես եմ անոնց Տէր Աստուածը. որովհետեւ զանոնք ազգերու մէջ գերի քշեցի ու զանոնք նորէն իրենց երկիրը դարձուցի եւ հոն մարդ մը չթողուցի։
29. Անգամ մըն ալ իմ երեսս անոնցմէ պիտի չծածկեմ, քանզի իմ Հոգիս Իսրայէլի տանը վրայ թափեցի’»։
1. Մեր գերութեան քսանըհինգերորդ տարուան, առաջին ամսուան տասներորդ օրը, քաղաքին զարնուելուն տասնըչորրորդ տարին, նոյն օրը Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու զիս հոն տարաւ։
2. Զիս Աստուծոյ տեսիլքներով Իսրայէլի երկիրը տարաւ եւ խիստ բարձր լերան մը վրայ դրաւ։ Հոն՝ հարաւային կողմը՝ քաղաքի մը նման շինուածք մը կար։
3. Երբ զիս հոն տարաւ, մարդ մը ելաւ, որուն երեւոյթը պղնձի պէս էր եւ որուն ձեռքը քթանէ լար մը ու չափելու համար եղէգ մը կար։ Անիկա դուռը կայներ էր։
4. Այն մարդը ինծի ըսաւ. ‘Որդի՛ մարդոյ, աչքերովդ տե՛ս ու ականջներովդ լսէ՛ ու բոլոր ցուցուցածներուս ուշադրութիւն ըրէ՛, վասն զի դուն հոս բերուեցար որպէս զի այս բաները քեզի ցուցնեմ, որ տեսածդ Իսրայէլի տանը պատմես’։
5. Դուրսէն տանը շուրջը պարիսպ մը կար։ Այն մարդուն ձեռքը չափելու համար վեց կանգուն երկայն եղէգ մը կար (կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ հաշուելով)։ Երբ չափեց պարիսպին լայնութիւնը՝ եղէգ մը ու բարձրութիւնը եղէգ մըն էր։
6. Անիկա դէպի արեւելք նայող դուռը եկաւ ու աստիճաններուն վրայ ելաւ։ Դրանը մէկ սեմը եղէգ մը լայն էր։
7. Ամէն մէկ խուցը եղէգ մը երկայն ու եղէգ մը լայն էր ու խուցերուն միջոցը հինգ կանգուն էր։ Դրանը սրահին քով եղող դրանը սեմը ներսէն մէկ կանգուն էր։
8. Անիկա դրանը սրահը ներսէն մէկ եղէգ չափեց։
9. Դրանը սրահը ութը կանգուն չափեց ու անոր դրանդիքը երկու կանգուն էր ու դրանը սրահը ներսի կողմէն էր։
10. Արեւելեան դրանը խուցերը՝ մէկ կողմէն երեք ու միւս կողմէն երեք հատ էին, երեքին չափը նոյնն էր եւ դրանդիքներուն չափը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն նոյնն էր։
11. Դրանը մուտքին լայնութիւնը տասը կանգուն չափեց, դրանը երկայնութիւնը՝ տասներեք կանգուն։
12. Խուցերուն առջեւ մէկ կողմէն մէկ կանգունի բացուածք ու միւս կողմէն մէկ կանգունի բացուածք մը կար։ Խուցերը մէկ կողմէն՝ վեց կանգուն ու միւս կողմէն վեց կանգուն էին։
13. Դուռը չափեց՝ մէկ խուցին տանիքէն մինչեւ միւսին տանիքը՝ լայնութիւնը տասնըհինգ կանգուն էր։ Մուտքերը իրարու դէմ էին։
14. Դրանդիքը վաթսուն կանգուն չափեց մինչեւ դրան շուրջի գաւիթին դրանդիքը։
15. Մուտքի դրան ճակատէն մինչեւ ներքին գաւիթը յիսուն կանգուն էր։
16. Խուցերուն եւ անոնց դրանդիքներուն քով, դրանը ներսի կողմէն կլոր վանդակապատ պատուհաններ ունէին։ Սրահներն ալ այսպէս էին։ Ներսի կողմէն կլոր պատուհաններ ունէին եւ դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային։
17. Զիս դուրսի գաւիթը մտցուց եւ հոն ալ սենեակներ ու գաւիթին համար շինուած կլոր սալայատակ մը կար. սալայատակին շուրջը երեսուն սենեակ կար։
18. Դռներուն քովի սալայատակը դռներուն երկայնութեանը դէմ եղող վարի սալայատակն էր։
19. Ու անիկա վարի դրանը առջեւէն մինչեւ ներքին սրահին առջեւ դուրսէն՝ դէպի արեւելք ու հիւսիս՝ լայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց։
20. Եւ դուրսի գաւիթին դէպի հիւսիս նայող դրանը երկայնութիւնը ու լայնութիւնը չափեց։
21. Մէկ կողմը երեք խուցեր ունէր ու երեք հատ ալ միւս կողմը։ Անոր դրանդիքներն ու սրահները առաջին դրանը չափովն էին։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։
22. Պատուհաններն ու սրահները ու արմաւենիները դէպի արեւելք նայող դրանը չափովն էին։ Եօթը աստիճանով կ’ելլէին այն դուռը, որուն առջեւ էին սրահները։
23. Ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր՝ հիւսիսային դրանը ու արեւելեան դրանը դէմ։ Մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը հարիւր կանգուն չափեց։
24. Ապա զիս հարաւային կողմը տարաւ։ Հոն ալ դուռ մը կար։ Անոր դրանդիքներն ու սրահները չափեց, որոնք նոյն չափերը ունէին։
25. Անոր սրահներուն շուրջը նոյն պատուհաններուն պէս պատուհաններ ունէին։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։
26. Այն դուռը ելլելու համար եօթը աստիճան կար։ Անոր սրահները անոնց առջեւ էին։ Անոր դրանդիքներուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ կային։
27. Ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր՝ դէպի հարաւ։ Մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը՝ դէպի հարաւ՝ հարիւր կանգուն չափեց։
28. Զիս հարաւային դռնէն ներսի գաւիթը մտցուց։ Հարաւային դուռը չափեց, որ նոյն չափերուն համեմատ էր ։
29. Անոր խուցերն ու դրանդիքներն ու սրահները նոյն չափերը ունէին։ Անոր ու անոր սրահներուն շուրջը պատուհաններ կային։ Անոր երկայնութիւնը յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։
30. Շուրջի սրահները քսանըհինգ կանգուն երկայն ու հինգ կանգուն լայն էին։
31. Սրահները դէպի դուրսի գաւիթն էին։ Դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։
32. Զիս ներսի գաւիթը տարաւ դէպի արեւելք ու դուռը չափեց, որ նոյն չափերը ունէր։
33. Անոր խուցերն ու դրանդիքներն ու սրահները նոյն չափերը ունէին։ Անիկա ու անոր սրահները շուրջանակի պատուհաններ ունէին. անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։
34. Անոր սրահները դէպի դուրսի գաւիթն էին։ Անոր դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։
35. Զիս հիւսիսային դուռը տարաւ ու նոյն չափերուն համեմատ չափեց
36. Խուցերը, դրանդիքներն ու սրահները, որոնց շուրջ պատուհաններ կային։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։
37. Անոր դրանդիքները դէպի դուրսի գաւիթն էին ու դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։
38. Սենեակ մը կար, որուն մուտքը դռներուն քովի դրանդիքներուն մօտ էր։ Ողջակէզը հոն կը լուային։
39. Դրանը սրահին մէջ մէկ կողմէն՝ երկու սեղան ու միւս կողմէն երկու սեղան կար, որպէս զի անոնց վրայ ողջակէզն ու մեղքի պատարագն ու յանցանքի պատարագը մորթեն։
40. Եւ հիւսիսային մուտքի դրան դուրսի կողմը՝ երկու սեղան ու միւս կողմը եղող դրանը սրահին մէջ երկու սեղան կար։
41. Դրանը քով մէկ կողմէն չորս սեղան ու միւս կողմէն չորս սեղան կար, բոլորը ութը սեղան։ Անոնց վրայ կը մորթէին։
42. Չորս սեղանները, որոնք ողջակէզի համար էին, տաշուած քարէ մէկ ու կէս կանգուն երկայն ու մէկ ու կէս կանգուն լայն ու մէկ կանգուն բարձր էին։ Ողջակէզն ու զոհը մորթելու գործիքները անոնց վրայ կը դնէին։
43. Ներսէն կլոր չորս մատնաչափ եզերք մը՝ ՝ շինուած էր ու սեղաններուն վրայ զոհին միսը կը դրուէր ։
44. Ներսի դրանը դուրսի կողմը, հիւսիսային դրանը քով եղող ներսի գաւիթին մէջ, երգողներուն համար սենեակներ կային։ Անոնց երեսը դէպի հարաւ էր։ Մէկը արեւելեան դրանը քով էր ու երեսը դէպի հիւսիս էր։
45. Ինծի ըսաւ. «Այն սենեակը, որ դէպի հարաւ կը նայի, տանը պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։
46. Այն սենեակը, որ դէպի հիւսիս կը նայի, սեղանին պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։ Անոնք Սադովկի որդիներն են, որոնք Ղեւիի որդիներէն Տէրոջը կը մօտենան՝ անոր ծառայութիւն ընելու համար։
47. Գաւիթը չափեց, որուն երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը հարիւր կանգուն էր։ Անիկա քառակուսի էր։ Սեղանը տանը առջեւ էր։
48. Զիս տանը սրահը տարաւ։ Սրահին դրանդիքները չափեց՝ հինգ կանգուն մէկ կողմէն ու հինգ կանգուն միւս կողմէն էր։ Դրանը լայնութիւնը մէկ կողմէն երեք կանգուն ու միւս կողմէն երեք կանգուն էր։
49. Սրահին երկայնութիւնը՝ քսան կանգուն ու լայնութիւնը տասնըմէկ կանգուն էր։ Հոն [տասը] աստիճաններով կ’ելլէին։ Դրանդիքներուն քով երկու սիւներ կային։ Մէկը՝ մէկ կողմէն, միւսն ալ՝ միւս կողմէն։
10. Քու Դաւիթ ծառայիդ սիրոյն Անդին մի՛ դարձներ քու օծեալիդ երեսը։
11. Տէրը երդում ըրաւ Դաւիթին ճշմարտութեամբ Ու ետ չի դառնար անկէ. «Քու որովայնիդ պտուղէն մէկը Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ։
12. Եթէ քու որդիներդ պահեն իմ ուխտս ու վկայութիւններս Որոնք անոնց պիտի սորվեցնեմ, Այն ատեն անոնց որդիներն ալ Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստին յաւիտեան»։
13. Վասն զի Տէրը Սիօնը ընտրեց Եւ զանիկա իրեն բնակութեան համար ուզեց,
14. Ըսելով. «Այս է իմ յաւիտենական հանգստավայրս։ Ասոր մէջ պիտի բնակիմ, վասն զի ասիկա ուզեցի։
15. Անոր պաշարը առատութեամբ պիտի օրհնեմ Ու անոր աղքատները հացով պիտի կշտացնեմ
16. Եւ անոր քահանաներուն փրկութիւն պիտի հագցնեմ Ու անոր սուրբերը ուրախութեամբ պիտի ցնծան։
17. Այն տեղը Դաւիթին եղջիւր պիտի բուսցնեմ Ու ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար։
18. Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ, Բայց անոր վրայ իր թագը պիտի ծաղկի։
5. Իր ընկերին շողոքորթութիւն ընող մարդը, Անոր քայլերուն որոգայթ կը լարէ։
1. Աղէ՜ հիմա, հարուստներ, լացէ՛ք, ողբացէ՛ք ան թշուառութիւններուն համար՝ որոնք ձեր վրայ պիտի գան։
2. Ձեր հարստութիւնը ապականած է ու ձեր հանդերձները՝ ցեցի կերակուր եղած։
3. Ձեր ոսկին ու արծաթը ժանգոտած են եւ անոնց ժանգը ձեզի դէմ վկայ պիտի ըլլայ ու ձեր մարմինը պիտի ուտէ կրակի պէս։ Վերջին օրերուն համար գանձ դիզեցիք։
4. Ահա ձեր արտերը հնձող բանուորներուն վարձքը՝ որ ետ պահեցիք՝ կ’աղաղակէ ու հնձողներուն բողոքը զօրութեան Տէրոջը ականջներուն հասաւ։
5. Երկրին վրայ փափկութեամբ եւ հեշտութեամբ ապրեցաք, սրտերնիդ սնուցանեցիք՝ որպէս թէ մորթուելու օրուան համար։
6. Դատապարտեցի՛ք ու սպաննեցի՛ք արդարը, որ ձեզի հակառակ չկենայ։
7. Ուստի համբերո՛ղ եղէք, ե՛ղբայրներ, մինչեւ Տէրոջը գալուստը։ Ահա երկրագործը կը սպասէ երկրին պատուական պտուղին՝ անոր համար համբերելով, մինչեւ առաջին ու վերջին անձրեւը առնէ։
8. Դո՛ւք ալ համբերութիւն ունեցէ՛ք, սրտերնիդ հաստա՛տ բռնեցէք. վասն զի Տէրոջը գալուստը մօտ է։
9. Զիրար մի՛ տրտմեցնէք, ե՛ղբայրներ, որպէս զի չդատապարտուիք։ Ահա դատաւորը դրանը քով կայներ է։
10. Ե՛ղբայրներս, չարչարանքներու ու համբերութեան համար օրինակ առէք մարգարէները, որոնք Տէրոջը անունովը խօսեցան։
11. Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է։
12. Արդ՝ ամէն բանէ առաջ, եղբայրնե՛րս, երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ, ո՛չ երկրի վրայ, ո՛չ ալ ուրիշ երդում մը. հապա ձեր Այոն այո ըլլայ եւ Ոչը՝ ոչ, որ չըլլայ թէ դատապարտութեան տակ իյնաք։
13. Եթէ ձեզմէ մէկը նեղութեան մէջ է, աղօթք թող ընէ։ Եթէ մէկը ուրախ է, սաղմոս թող երգէ։
14. Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։
15. Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր։
16. Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք ու աղօ՛թք ըրէք իրարու համար, որպէս զի բժշկուիք։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի։
17. Եղիան մեզի պէս կրքերու ենթակայ մարդ մըն էր։ Աղօթք ըրաւ որ անձրեւ չգայ եւ երեք տարի ու վեց ամիս երկրի վրայ անձրեւ չեկաւ։
18. Եւ նորէն աղօթք ըրաւ ու երկինք անձրեւ տուաւ եւ երկիր իր պտուղը բուսցուց։
19. Ե՛ղբայրներ, եթէ ձեզմէ մէկը ճշմարտութենէն մոլորի, մէկը թող զանիկա դարձի բերէ։
20. Գիտցած եղէք թէ ան, որ մեղաւորը իր մոլորութեան ճամբայէն կը դարձնէ, հոգի մը մահուանէ կ’ազատէ ու մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981