Աստվածաշունչը մեկ տարում
Նոյեմբեր 25

1. Զիս տաճարը տարաւ ու անոր դրանդիքները չափեց։ Մէկ կողմէն վեց կանգուն լայն ու միւս կողմէն վեց կանգուն լայն էր, խորանին լայնութեանը համեմատ։
2. Դրանը լայնութիւնը տասը կանգուն էր։ Դրանը քովերը մէկ կողմէն հինգ կանգուն ու միւս կողմէն հինգ կանգուն էին։ Անոր երկայնութիւնը՝ քառասուն կանգուն ու լայնութիւնը քսան կանգուն չափեց։
3. Ներս մտաւ եւ դրանը դրանդիքները՝ երկու կանգուն ու դուռը վեց կանգուն չափեց ու դրանը լայնութիւնը՝ եօթը կանգուն էր։
4. Անոր երկայնութիւնը չափեց քսան կանգուն ու լայնութիւնը՝ քսան կանգուն, տաճարին լայնութեան համեմատ ու ինծի ըսաւ. ‘Ասիկա է Սրբութիւն Սրբութեանցը’։
5. Տանը պատը՝ վեց կանգուն ու տանը բոլորտիքը եղող սենեակներուն լայնութիւնը չորս կանգուն չափեց։
6. Սենեակները իրարու վրայ էին երեք դստիկոնով ու թիւով՝ երեսուն եւ անոնց գերանները կը մտնէին տաճարին այն պատին մէջ, որ սենեակներուն համար շինուած էր բոլորակաձեւ, որպէս զի անոր կռթնին, բայց տանը պատին չէին կռթնիր։
7. Սենեակները ելլելու համար՝ շրջանակաւոր սանդուխ մը կար վեր ելլելու համար, որ տանը բոլորտիքը կը դառնար։ Երթալով տունը կը լայննար եւ այսպէս վարի դստիկոնէն վերի դստիկոնը միջին դստիկոնէն կ’ելլէին։
8. Ու բոլորակաձեւ տանը բարձրութիւնը տեսայ. սենեակներուն հիմերը ամբողջ մէկ եղէգ, այսինքն վեց մեծ կանգուն էին։
9. Սենեակներուն պատին լայնութիւնը դուրսէն հինգ կանգուն էր ու մնացածը սենեակներուն ներսի կողմն էր։
10. Դուրսի սենեակներուն մէջտեղը, տանը բոլորտիքը, քսան կանգուն լայն միջոց մը կար։
11. Սենեակներուն մուտքերը մնացած տեղին կը նայէին. մուտքին մէկը՝ դէպի հիւսիս եւ մուտքին միւսը դէպի հարաւ կը նայէր։ Մնացած տեղին լայնութիւնը շրջանակաձեւ հինգ կանգուն էր։
12. Զատուած տեղին առջեւ, դէպի արեւմտեան ծայրը եղող շէնքին լայնութիւնը եօթանասուն կանգուն էր ու շէնքին պատը շրջանակաձեւ հինգ կանգուն լայն ու երկայնութիւնը իննիսուն կանգուն էր։
13. Տանը երկայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց ու զատուած տեղը ու շէնքը իր պատերովը հարիւր կանգուն երկայն էր։
14. Տանը ու զատուած տեղին երեսը դէպի արեւելք հարիւր կանգուն լայն էր։
15. Տանը ետեւի կողմէն՝ զատուած տեղին առջեւի շէնքին երկայնութիւնը եւ անոր սիւնազարդ սրահները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, ներքին տաճարին ու գաւիթին սրահներուն հետ, հարիւր կանգուն չափեց։
16. Դրանը սեմերն ու վանդակապատ պատուհանները եւ շրջանակաձեւ այն երեք շէնքերուն սեմերուն դէմ եղող սիւնազարդ սրահները ամէն կողմէն տախտակով շինուած էին՝ գետնէն մինչեւ պատուհանները։ Պատուհանները ծածկուած էին։
17. Դրանը վերեւ՝ մինչեւ ներքին տունը եւ դուրսէն ու բոլոր պատը շրջանակաձեւ էին ներսէն ու դուրսէն, իրենց չափերովը։
18. Այս տախտակամածին վրայ քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին։ Երկու քերովբէներուն մէջտեղ արմաւենի մը ու ամէն մէկ քերովբէն երկու երես ունէր։
19. Այսինքն մէկ կողմը դէպի արմաւենին մարդու երես ու միւս կողմը դէպի արմաւենին առոյգ առիւծի երես։ Բոլոր տանը շուրջի քանդակը այսպէս էր։
20. Յատակէն մինչեւ դրանը վերեւը քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին, նոյնպէս ալ տաճարին պատին վրայ ։
21. Տաճարին դրանդիքները քառակուսի էին։ Սրբարանին երեսը, մէկուն երեւոյթը միւսին երեւոյթին պէս էր։
22. Փայտէ սեղանը երեք կանգուն բարձր էր։ Երկայնութիւնը երկու կանգուն էր եւ իր անկիւնները իրմէ էին։ Անոր երկայնութիւնը ու քովերը փայտէ էին։ Առաջնորդս ինծի ըսաւ. ‘Ասիկա է Տէրոջը առջեւ եղող սեղանը’։
23. Տաճարն ու սրբարանը երկու դուռ ունէին։
24. Դռները երկերկու փեղկ ունէին։ Փեղկերը երկուքի կը ծալլուէին։ Երկու փեղկ մէկը ունէր ու երկու փեղկ՝ միւսը։
25. Անոնց եւ տաճարին դռներուն վրայ, պատերուն վրայի քանդակուածին պէս քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին։ Դուրսէն սրահին երեսը փայտէ սանդուխ մը կար։
26. Սրահին քովերը ու տանը սենեակներուն մէջ եւ սանդուխներուն վրայ, մէկ կողմէն ու միւս կողմէն վանդակապատ պատուհաններ ու արմաւենիներ կային։
1. Անկէ ետքը զիս դէպի հիւսիս եղող ճամբովը արտաքին գաւիթը հանեց եւ զիս զատուած տեղին դէմը եղող ու դէպի հիւսիս նայող շէնքին առջեւի սենեակները տարաւ։
2. Այս սենեակներուն հիւսիսային մուտքին առջեւի երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը յիսուն կանգուն էր։
3. Ներսի գաւիթին քսան կանգուն ին դէմ ու դուրսի գաւիթին սալայատակին դէմ, իրարու առջեւ, երեք դստիկոնով սիւնազարդ սրահներ կային։
4. Սենեակներուն առջեւ՝ ներսէն տասը կանգուն լայն ճեմելիք մը ու մէկ կանգուն ճամբայ մը կար։ Անոնց դռները դէպի հիւսիս էին։
5. Վերի սենեակները նեղ էին, վասն զի սիւնազարդ սրահները անոնցմէ, այսինքն շէնքին վարի ու միջին սենեակներէն, հեռու էին։
6. Քանզի անոնք երեք դստիկոն էին ու գաւիթներուն սիւներուն պէս սիւներ չունէին։ Անոր համար գետնէն, այսինքն վարի ու միջին սենեակներէն աւելի կը նեղնային։
7. Սենեակներուն դէմ, դուրսի գաւիթին կողմը, սենեակներուն առջեւի դուրսի պատին երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր,
8. Նայնպէս դուրսի գաւիթը նայող սենեակներուն երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր, իսկ տաճարին առջեւ հարիւր կանգուն էր։
9. Այս սենեակներուն տակէն, դուրսի գաւիթէն անոնց երթալու համար արեւելեան կողմէն, մուտք մը կար։
10. Գաւիթին պարսպին լայնութեանը մէջ դէպի արեւելք, զատուած տեղին ու շէնքին առջեւ սենեակներ կային։
11. Անոնց առջեւ ճամբայ մը կար հիւսիսային սենեակներուն երեւոյթին պէս, թէ՛ անոնց երկայնութեանը, թէ՛ անոնց լայնութեանը եւ թէ՛ անոնց բոլոր ելքերուն եւ անոնց ձեւերուն ու դռներուն կողմէ։
12. Նոյնպէս էին հարաւային սենեակներուն մուտքերը։ Ճամբուն գլուխը մուտք մը կար, այսինքն արեւելեան ճամբուն բերանը՝ պատին առջեւի շիտակ ճամբան։
13. Ինծի ըսաւ. «Զատուած տեղին առջեւ եղող հիւսիսային կողմի սենեակները ու հարաւային կողմի սենեակները սուրբ սենեակներն են ուր Տէրոջը մօտեցող քահանաները ամենասուրբ բաները պիտի ուտեն։ Հոն պիտի դնեն ամենասուրբ բաները ու հացի ընծան ու մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը, քանզի այն տեղը սուրբ է։
14. Երբ քահանաները հոն մտնեն, սուրբ տեղէն դուրսի գաւիթը պիտի չելլեն, հապա իրենց պաշտօնի զգեստները հոն պիտի թողուն, վասն զի անոնք սուրբ են եւ ուրիշ հանդերձներ հագնելով՝ ժողովուրդին վերաբերեալ բաներուն պիտի մօտենան»։
15. Երբ ներքին տունը չափեց լմնցուց, զիս դէպի արեւելք նայող դուռը հանեց ու զայն ամէն կողմէն չափեց։
16. Արեւելեան կողմը չափի եղէգով՝ շրջանակաձեւ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։
17. Հիւսիսային կողմն ալ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։
18. Հարաւային կողմն ալ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։
19. Արեւմտեան կողմը դարձաւ ու հինգ հարիւր եղէգ չափեց։
20. Զանիկա չորս կողմէն չափեց. անիկա հինգ հարիւր եղէգ երկայն ու հինգ հարիւր եղէգ լայն էր ու պարիսպ ունէր՝ սուրբ ու անսուրբ տեղերը իրարմէ զատելու համար։
1. Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է Որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։
2. Այն ազնիւ իւղին պէս է, Որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ, Ահարոնին մօրուքին վրայ վազեց Ու մինչեւ անոր զգեստներուն ծայրը իջաւ։
3. Սիօնի լեռներուն վրայ իջած Հերմոնի շաղին պէս է, Վասն զի Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը Ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան։
6. Չար մարդուն ամբարշտութեանը մէջ որոգայթ կայ, Բայց արդարը ցնծութեան եւ ուրախութեան մէջ պիտի ըլլայ։
1. Պետրոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ օտարականներուդ, որ ցրուած էք Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ, ընտրուած՝
2. Հօր Աստուծոյ կանխագիտութեանը համեմատ՝ Հոգիին սրբացնելովը, հնազանդութեան եւ Յիսուս Քրիստոսին արիւնին սրսկուելուն համար. շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ թող շատնան։
3. Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը,
4. Անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեանը համար՝ որ երկինքը պահուած է մեզի,
5. Որ Աստուծոյ զօրութիւնովը պահպանուած էք հաւատքով այն փրկութեանը համար՝ որ պատրաստուած է վերջին ժամանակը յայտնուելու.
6. Որով կ’ուրախանաք, թէեւ հիմա, ինչպէս հարկը կը պահանջէ, քիչ մը ատեն տրտմած էք զանազան փորձութիւններով
7. Որպէս զի ձեր հաւատքին փորձառութիւնը (որ կորստական ոսկիէն աւելի պատուական է, թէեւ ոսկին կրակով կը փորձուի,) գտնուի գովութիւնով ու պատիւով եւ փառքով Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը.
8. Որ դուք չտեսած կը սիրէք եւ որը հիմա ալ չէք տեսներ, բայց կը հաւատաք անոր եւ ուրախ էք անպատմելի եւ փառաւոր խնդութեամբ,
9. Որպէս ձեր հաւատքին արդիւնք՝ հոգիներուն փրկութիւնը ընդունեցիք։
10. Այդ փրկութեան համար փնտռեցին ու քննեցին մարգարէները, որ մարգարէացան ձեզի ըլլալու շնորհքը։
11. Ու կը քննէին թէ ե՞րբ կամ ի՞նչպիսի ատեն կ’իմացընէր իրենց մէջ եղած Քրիստոսին Հոգին, որ առաջ կը վկայէր Քրիստոսին չարչարուիլը ու անկէ յետոյ փառաւորուիլը։
12. Անոնց յայտնուեցաւ, որոնք ո՛չ թէ իրենց՝ հապա մեզի մատակարարեցին այն բաները, որոնք հիմա ձեզի պատմուեցան անոնց ձեռքով՝ որ աւետարանը քարոզեցին ձեզի Սուրբ Հոգիով, որ երկնքէն ղրկուեցաւ. որոնց հրեշտակները կը ցանկան տեսնել ակնկառոյց։
13. Ձեր մտքերը գօտեպնդեցէ՛ք՝ արթուն կեցած՝ կատարելապէս յուսացէք այն շնորհքին որ ձեզի պիտի տրուի Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը։
14. Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով,
15. Հապա ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։
16. Վասն զի գրուած է. «Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ»։
17. Եթէ Հայր կը կոչէք զանիկա՝ որ առանց աչառութեան կը դատէ ամէն մէկը իր գործին համեմատ, ուրեմն ձեր պանդխտութեան ժամանակը վախո՛վ անցուցէք,
18. Գիտնալով որ դուք ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով փրկուեցաք, որ ձեր հայրերէն ստացաք անուղիղ ճամբաներով,
19. Հապա Քրիստոսին պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ անբիծ ու անարատ գառի մը.
20. Որ ճանչցուած էր աշխարհի սկիզբէն առաջ ու վերջին ատենը յայտնուեցաւ ձեզի համար,
21. Որուն միջոցով Աստուծոյ հաւատացիք, որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց եւ անոր փառաւորութիւն տուաւ, որպէս զի ձեր հաւատքը ու յոյսը Աստուծոյ վրայ ըլլայ։
22. Ձեր անձերը մաքրեցէ՛ք Հոգիին միջոցաւ՝ ճշմարտութեանը հնազանդելով, եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ ըլլալով։ Սուրբ սրտով մէկզմէկ պի՛նդ սիրեցէք,
23. Նորէն ծնած ըլլալով՝ ո՛չ թէ ապականացու սերմէն, հապա՝ անապականացուէն Աստուծոյ կենդանի ու յաւիտենական խօսքովը։
24. Վասն զի ամէն մարմին խոտի պէս է եւ մարդուն բոլոր փառաւորութիւնը՝ խոտի ծաղիկի պէս. խոտը կը չորնայ ու անոր ծաղիկը կը թափթփի.
25. Բայց Տէրոջը խօսքը յաւիտեան կը մնայ, այսինքն այն խօսքը, որ աւետարանով ձեզի քարոզուեցաւ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981