Աստվածաշունչը մեկ տարում
Նոյեմբեր 26

1. Զիս դէպի արեւելք նայող դուռը տարաւ։
2. Ահա արեւելեան ճամբայէն Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը կու գար ու անոր ձայնը շատ ջուրերու ձայնին պէս էր ու երկիրը անոր փառքէն լուսաւորուեցաւ։
3. Տեսած տեսիլքս նման էր այն տեսիլքին, որ տեսայ երբ քաղաքը կործանելու եկայ։ Այս տեսիլքները Քոբար գետին քով տեսած տեսիլքիս պէս էին։ Երեսիս վրայ ինկայ
4. Եւ Տէրոջը փառքը դէպի արեւելք նայող դրանը ճամբայէն տունը մտաւ։
5. Հոգին զիս վերցուց եւ ներքին գաւիթը տարաւ։ Տէրոջը փառքը տունը լեցուցեր էր։
6. Ձայն մը լսեցի, որ տաճարէն ինծի կը խօսէր (ու իմ քովս մարդ մը կայներ էր)
7. Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ յաւիտեան բնակելու աթոռիս տեղը եւ իմ ոտքերուս գարշապարներուն տեղը ասիկա է ։ Իսրայէլի տունը իրենք ու իրենց թագաւորները, իրենց պոռնկութիւններովը ու իրենց թագաւորներուն դիակներովը իրենց բարձր տեղերուն մէջ ա՛լ իմ սուրբ անունս պիտի չպղծեն։
8. Վասն զի իրենց սեմերը իմ սեմերուս ու իրենց դրանդիքը իմ դրանդիքներուս մօտ դրին, այնպէս որ իմ ու անոնց մէջտեղ միայն պատ մը մնաց։ Իրենց ըրած գարշութիւններովը իմ սուրբ անունս պղծեցին. ես ալ իմ բարկութիւնովս խորտակեցի զանոնք։
9. Հիմա թող իրենց պոռնկութիւնը ու իրենց թագաւորներուն դիակները ինծմէ հեռացնեն, այն ատեն յաւիտեան անոնց մէջ պիտի բնակիմ»։
10. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը նկարագրէ՛ այս տաճարը, անոր երեւոյթը եւ յատակագիծը, որպէս զի ամչնան իրենց անօրէնութիւններէն։
11. Եթէ իրենց բոլոր ըրածներէն ամչնան, այն ատեն նկարագրէ՛ տաճարը, անոր կարգն ու սարքը, անոր մուտքն ու ելքը ու բոլոր ձեւերը եւ ծանօթացուր բոլոր կանոններն ու օրէնքները եւ գրէ՛ անոնց աչքերուն առջեւ, որպէս զի պահեն ու կատարեն զանոնք։
12. Այս է տաճարին օրէնքը։ Անոր բոլոր սահմանը շրջանակաձեւ լերանը գլխուն վրայ ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ահա տաճարին օրէնքը ասիկա է։
13. Ասոնք են սեղանին չափերը կանգունով (կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ է). խոր տեղը մէկ կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն եւ անոր սահմանը՝ անոր եզերքին վրայ՝ շուրջանակի մէկ թիզ պիտի ըլլայ։ Այս պիտի ըլլայ սեղանին հիմը։
14. Ու գետնին խոր տեղէն մինչեւ վարի շրջանակը երկու կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։
15. Կրակարանը չորս կանգուն բարձր պիտի ըլլայ։ Կրակարանէն վեր չորս եղջիւր պիտի ըլլայ։
16. Կրակարանը տասներկու կանգուն երկայն ու տասներկու կանգուն լայն, չորս կողմն ալ հաւասար ըլլալով ՝ քառակուսի պիտի ըլլայ։
17. Անոր բոլորտիքը եղող շրջանակը տասնըչորս կանգուն երկայն ու տասնըչորս կանգուն լայն պիտի ըլլայ։ Բոլորտիքը եղող սահմանը կէս կանգուն ու խոր տեղը շուրջանակի մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։ Անոր աստիճանները դէպի արեւելք պիտի ըլլան»։
18. Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասոնք պիտի ըլլան սեղանին կանոնները՝ այն օրը որ զանիկա շինեն անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանելու ու արիւն սրսկելու համար։
19. Սադովկի սերունդէն եղող Ղեւտացի քահանաներուն, որոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան, դուն անոնց մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը պիտի տաս։
20. Անոր արիւնէն պիտի առնես ու սեղանին չորս եղջիւրներուն վրայ ու շրջանակին ու անոր սահմանին վրայ պիտի դնես։ Զանիկա պիտի սրբես եւ անոր համար քաւութիւն պիտի ընես։
21. Մեղքի պատարագին զուարակը պիտի առնես եւ սրբարանէն դուրս՝ տաճարին որոշուած տեղը պիտի այրես։
22. Ու երկրորդ օրը մեղքի պատարագի համար այծերէն անարատ նոխազ մը պիտի մատուցանես։ Սեղանը պիտի սրբես՝ ինչպէս զուարակով սրբեցիր։
23. Երբ սրբելը լմնցնես, արջառներէն անարատ զուարակ մը ու ոչխարներէն անարատ խոյ մը պիտի մատուցանես։
24. Զանոնք Տէրոջը առջեւ պիտի մօտեցնես ու քահանաները անոնց վրայ աղ պիտի ցանեն ու զանոնք Տէրոջը իբր ողջակէզ պիտի ընեն։
25. Եօթը օր մեղքի պատարագի համար՝ օրը մէկմէկ նոխազ պիտի մատուցանես։ Նաեւ արջառներէն զուարակ մը ու ոչխարներէն խոյ մը պիտի մատուցանես, որոնք անարատ պէտք է ըլլան ։
26. Եօթը օր սեղանին քաւութիւն պիտի ընես եւ զանիկա սրբես ու նուիրես։
27. Երբ այն օրերը լմննան, ութերորդ օրը քահանաները սեղանին վրայ ձեր ողջակէզները ու ձեր խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ’», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
1. Զիս սրբարանին դէպի արեւելք նայող դուրսի դրանը ճամբան դարձուց։ Անիկա գոց էր։
2. Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս դուռը գոց պիտի մնայ, պիտի չբացուի, անկէ մարդ պիտի չմտնէ. քանզի անկէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը մտաւ, անոր համար գոց պիտի մնայ։
3. Անիկա իշխանին համար պիտի ըլլայ, հոն միայն իշխանը պիտի նստի Տէրոջը առջեւ հաց ուտելու համար։ Անիկա սրահին դրանը ճամբայէն պիտի մտնէ ու նոյն ճամբայէն պիտի ելլէ»։
4. Զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն տանը առջեւ տարաւ։ Տեսայ թէ Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր. ուստի երեսիս վրայ ինկայ։
5. Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Տէրոջը տանը բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր օրէնքներուն վրայով քեզի ըսածներս միտքդ պահէ՛։ Աչքերովդ տե՛ս եւ ականջներովդ լսէ՛։ Տանը մուտքերը ու սրբարանին բոլոր ելքերը աղէկ դիտէ՛
6. Եւ ապստամբներուն՝ Իսրայէլի տանը՝ ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ալ հերիք է ձեզի ձեր բոլոր պղծութիւնները, ո՛վ Իսրայէլի տուն,
7. Որ դուք սրտով անթլփատ ու մարմնով անթլփատ օտարազգիներ մօտեցուցիք, որ իմ սրբարանիս մէջ մտնեն ու իմ տունս պղծեն, երբ դուք իմ հացս, ճարպն ու արիւնը կը մատուցանէիք։ Ձեր բոլոր պղծութիւններէն զատ անոնք իմ ուխտս խափանեցին։
8. Իմ սուրբ բաներուս պահպանութիւն չըրիք, հապա իմ սրբարանիս մէջ ձեր ուզածին պէս պահապաններ դրիք’»։
9. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիներուն մէջ եղող բոլոր օտարազգիներէն՝ սրտով անթլփատ ու մարմնով անթլփատ ոեւէ օտարազգի իմ սրբարանս պիտի չմտնէ։
10. Մանաւանդ Ղեւտացիները, որոնք ինծմէ հեռացան, երբ Իսրայէլի որդիները ինծմէ մոլորեցան ու իրենց կուռքերուն ետեւէն գացին, ուստի իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն։
11. Իմ սրբարանիս մէջ տանը դռները որոշուած սպասաւորներ ու տաճարին սպասաւորներ պէտք է գտնուին, որպէս զի ժողովուրդին համար ողջակէզներ ու զոհեր մորթեն ու անոնց ծառայութիւն ընելու համար անոնց առջեւ կայնին։
12. Որովհետեւ անոնց կուռքերուն առջեւ ծառայութիւն ըրին ու Իսրայէլի տանը գայթակղութեան ու անօրէնութեան պատճառ եղան, անոր համար անոնց վրայ իմ ձեռքս վերցուցի։ Անոնք իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն։
13. Ինծի պիտի չմօտենան քահանայութիւն ընելու ու իմ բոլոր սուրբ բաներուս եւ ամենասուրբ բաներուս պիտի չմօտենան, հապա իրենց անարգանքը ու իրենց պղծութիւնները պիտի կրեն։
14. Սակայն զանոնք տանը վրայ պահապան պիտի դնեմ անոր ծառայելու ու անոր մէջ եղած բոլոր գործերուն համար»։
15. «Բայց Ղեւտացի քահանաները, այսինքն Սադովկի որդիները, որոնք իմ սրբարանիս պահպանութիւնը կատարեցին երբ Իսրայէլի որդիները ինծմէ մոլորեցան, անոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան եւ ճարպն ու արիւնը ինծի մատուցանելու համար անոնք իմ առջեւս պիտի կայնին», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
16. Անոնք իմ սրբարանս պիտի մտնեն ու ինծի ծառայութիւն ընելու համար պիտի մօտենան իմ սեղանիս եւ պահպանութիւն պիտի ընեն։
17. Երբ ներսի գաւիթին դռներէն մտնեն՝ կտաւէ զգեստներ պիտի հագնին ու ներսի գաւիթին դռները ու ներսը ծառայութիւն ըրած ատեննին իրենց վրայ բուրդ պիտի չհագնին։
18. Իրենց գլուխներուն վրայ կտաւէ ապարօշ թող կրեն ու մէջքերնին կտաւէ վարտիքներ թող ունենան։ Քրտնցնող բան պիտի չհագնին։
19. Երբ դուրսի գաւիթը ժողովուրդին ելլեն, իրենց պաշտամունքին զգեստները թող հանեն ու զանոնք սուրբ սենեակներուն մէջ դնեն եւ ուրիշ զգեստներ հագնին, որպէս զի իրենց զգեստներովը ժողովուրդը չսրբեն։
20. Գլուխնին թող չածիլեն, ո՛չ ալ մազերնին երկնցնեն, հապա միայն գլուխին մազերը կարճցնեն։
21. Ոեւէ քահանա գինի պէտք չէ խմէ, երբ ներքին գաւիթը մտնէ։
22. Որբեւարին կամ արձակուածը իրենց կին պէտք չէ առնեն, հապա Իսրայէլի սերունդէն եղող կոյսը կամ քահանայէ մը որբեւարի մնացած կինը առնեն։
23. Իմ ժողովուրդիս՝ սուրբ ու անսուրբ բաներուն տարբերութիւնը պէտք է սորվեցնեն եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը անոնց գիտցնեն։
24. Ու դատերու ատեն անոնք պէտք է կենան դատաստան ընելու համար ու իմ օրէնքներուս համեմատ զանոնք դատեն։ Իմ բոլոր տօներուս մէջ իմ օրէնքներս ու կանոններս պիտի պահեն ու շաբաթներս սրբեն։
25. Եւ մարդու մեռելի քով պիտի չերթան՝ որ չանմաքրուին. հապա միայն հօր, կամ մօր, կամ տղու, կամ աղջկայ, կամ եղբօր, կամ չամուսնացած քրոջ քով կրնան երթալ։
26. Մէկուն սրբուելէն ետքը եօթը օր պիտի հաշուեն։
27. Անիկա սրբարանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար ներսի գաւիթը՝ սրբարանը մտած օրը՝ իր մեղքի պատարագը թող մատուցանէ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
28. Ասիկա անոնց ժառանգութիւն պիտի չըլլայ։ Անոնց ժառանգութիւնը ես եմ ու Իսրայէլի մէջ անոնց կալուած մի՛ տաք։ Անոնց կալուածը ես եմ։
29. Հացի ընծան ու մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը պիտի ուտեն։ Իսրայէլին տրուած ամէն նուէր անոնց պիտի ըլլայ։
30. Ամէն բանի երախայրիները ու ձեր բոլոր ընծաները քահանային պիտի ըլլան։ Ձեր գործերուն երախայրին քահանային պիտի տաք, որպէս զի ձեր տանը վրայ օրհնութիւն բերէք։
31. Քահանաները բնաւ ինքնիրեն մեռած կամ գազաններէ մեռցուած անասունի միս պիտի չուտեն, թռչուն ըլլայ կամ չորքոտանի։
1. Աղէ՜, օրհնեցէ՛ք Տէրը, ով Տէրոջ բոլոր ծառաներ, Որ Տէրոջ տունը կը կենաք գիշերները։
2. Սուրբ տեղը ձեռքերնիդ վերցուցէ՛ք Ու օրհնեցէ՛ք Տէրը։
3. Երկինքը ու երկիրը ստեղծող Տէրը Թող օրհնէ քեզ Սիօնէն։
7. Արդարը աղքատներուն իրաւունքը կը ճանչնայ, Բայց չար մարդը տեղեակ չըլլար։
1. Ուրեմն մէկդի՛ ձգելով ամէն չարութիւն ու ամէն խաբէութիւն ու կեղծաւորութիւն եւ նախանձ ու ամէն չարախօսութիւն՝
2. Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէս զի անով մեծնաք [մինչեւ փրկութիւն],
3. Քանզի Տէրոջը քաղցր ըլլալուն համը առիք։
4. Մօտեցէ՛ք անոր, այն կենդանի Վէմին որ թէպէտ մարդոցմէ անարգուած է, բայց Աստուծմէն ընտրուած ու պատուական է,
5. Դուք ալ կենդանի քարերու պէս շինուիք հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով Աստուծոյ հաճելի հոգեւոր պատարագներ մատուցանելու։
6. Որովհետեւ գրքին մէջ ալ կայ. «Ահա՛ Սիօնի մէջ ընտիր, պատուական անկիւնի վէմ մը կը դնեմ եւ ով որ անոր հաւատայ՝ բնաւ պիտի չամչնայ»։
7. Ուստի ձեզի հաւատացեալներուդ պատուական է ան, բայց անհաւատներուն՝ «Այն քարը որ շինողները անարգեցին՝ անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ
8. Եւ գլորման վէմ ու գայթակղութեան քար անոնց՝ որ խօսքին չհաւատալով կը գայթակղին», որուն սահմանուած ալ էին։
9. Բայց դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց.
10. Որ ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. որ առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք։
11. Սիրե՛լիներ, կ’աղաչեմ, պանդուխտներու եւ օտարականներու պէս մէկդի՛ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք հոգիին դէմ կը պատերազմին,
12. Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը։
13. Ուստի հնազանդ եղէ՛ք ամէն մարդկային հեղինակութեան Տէրոջը համար, թէ՛ թագաւորին՝ որ բարձրագոյն հեղինակութիւնն է,
14. Թէ՛ կուսակալներուն՝ անոր կողմէն ղրկուածներու պէս, չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար։
15. Վասն զի Աստուծոյ կամքը այսպէս է, որ բարեգործութեամբ անխելք մարդոց տգիտութիւնը պապանձեցնէք.
16. Ազատներու պէս ըլլալով եւ ո՛չ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս։
17. Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէ՛ք. թագաւորը յարգեցէ՛ք։
18. Ծառաները ամէն բանի մէջ վախով հնազանդ ըլլան իրենց տէրերուն, ո՛չ միայն բարերարներուն ու հեզերուն, հապա ժանտաբարոներուն ալ։
19. Քանզի Աստուծմէ է այս շնորհքը, երբ մէկը բարի խղճմտանքով անիրաւ տեղ վիշտ կը կրէ։
20. Վանս զի գովեստի արժանի ի՛նչ կայ եթէ մեղք գործելով ծեծուիք ու համբերէք։ Բայց եթէ բարիք գործելով չարչարուիք ու համբերէք, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է։
21. Քանզի դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց, որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք։
22. Ան մեղք չգործեց ու իր բերնին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ,
23. Բայց կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր.
24. Որ մեր մեղքերը իր մարմնովը խաչափայտին վրայ վերցուց, որպէս զի մենք մեղքերէն ազատինք ու արդարութեան համար ապրինք. որուն վէրքերովը դուք բժշկուեցաք։
25. Վասն զի մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա ձեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին դարձաք։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981