Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 27Եզեկիել 45:1-251. Ու երբ երկիրը վիճակով իբր ժառանգութիւն բաժնէք, երկրէն քսանըհինգ հազար եղէգ երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ սուրբ ընծայ մատուցանեցէք Տէրոջը. ասիկա իր շուրջի բոլոր սահմաններուն մէջ սուրբ ըլլայ։2. Ասկէ քառակուսի չափուած՝ հինգ հարիւրով հինգ հարիւր սրբարանին համար պիտի ըլլայ։ Անիկա շուրջը յիսուն կանգուն արուարձան ունենալու է։3. Այս չափով՝ երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար ու լայնութիւնը տասը հազար չափէ, որուն մէջ պիտի ըլլայ սրբարանը, այսինքն՝ ամենասուրբ տեղը։4. Ասիկա Տէրոջը ծառայութեան համար մօտեցող սրբարանի պաշտօնեաներուն, քահանաներուն համար՝ սուրբ պիտի ըլլայ, որպէս զի անոնց՝ տուներու համար տեղ մը սրբարանին համար սուրբ տեղ մը ըլլայ։5. Տանը ծառայութիւն ընող Ղեւտացիները քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ կալուած պէտք է ունենան, նաեւ ՝ քսան սենեակ։6. Եւ հինգ հազար լայնութեամբ ու քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ՝ քաղաքին կալուածը պիտի տաք սրբարանին ընծային հետ. ասիկա բոլոր Իսրայէլի տանը պիտի պատկանի։7. Իշխանին կալուածը ՝ սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, սուրբ ընծային եւ քաղաքին կալուածին դէմ դէպի արեւմուտք ու դէպի արեւելք պէտք է ըլլայ։ Երկայնութիւնը արեւմտեան սահմանէն մինչեւ արեւելեան սահմանը միւս բաժիններէն մէկուն հետ հաւասար պէտք է ըլլայ։8. Իսրայէլի երկրէն ասիկա անոր կալուած թող ըլլայ։ Իմ իշխաններս անգամ մըն ալ իմ ժողովուրդս պէտք չէ հարստահարեն։ Մնացած երկիրը Իսրայէլի տանը պիտի տրուի իրենց ցեղերուն համեմատ։9. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ա՛լ հերիք է ձեզի, ո՛վ Իսրայէլի իշխաններ։ Զրկանքն ու յափշտակութիւնը վերցուցէ՛ք եւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրէ՛ք։ Իմ ժողովուրդէս ձեր բռնի պահանջները վերցուցէ՛ք։10. Ձեր կշիռքները արդար, ձեր արդուն՝ արդար ու ձեր մարը արդար պէտք է ըլլայ։11. Արդուն ու մարը մէկ չափ ըլլալու են, որպէս զի մարը քոռին մէկ տասներորդը պարունակէ ու արդուն ալ քոռին մէկ տասներորդը։ Քոռին նայելով պիտի ըլլայ անոնց չափը։12. Սիկղը քսան կերատ պիտի ըլլայ։ Ձեր մնասը քսան սիկղ, քսանըհինգ սիկղ, տասնըհինգ սիկղ պիտի ըլլայ։13. «Ձեր մատուցանելու ընծան այսպէս ըլլալու է՝ ցորենի քոռէն արդուին մէկ վեցերորդ մասը ու գարիի քոռէն արդուին մէկ վեցերորդ մասը։14. Իւղին կանոնը ասիկա ըլլայ ՝ իւղին մարէն՝ մարին մէկ տասներորդը ամէն քոռէն, այսինքն ամէն խօմէրէն, որ տասը մար կը պարունակէ, վասն զի տասը մարը մէկ խօմէր է։15. Իսրայէլի ջրարբի արօտներուն հօտերէն՝ երկու հարիւրէն մէկ ոչխար։ Ասոնք պիտի մատուցանեն իբրեւ հացի ընծայ ու ողջակէզ եւ խաղաղութեան զոհ, որպէս զի իրենց համար քաւութիւն ըլլայ», կ՛ըսէ Տէր Եհովան։16. Երկրին բոլոր ժողովուրդը այս ընծան Իսրայէլի իշխանին տալու պարտաւոր պէտք է ըլլան։17. Տօներու ու ամսագլուխներու ու շաբաթներու մէջ, Իսրայէլի տանը ամէն հանդիսաւոր օրերուն մէջ, ողջակէզները ու հացի ընծան եւ ըմպելի նուէրը իշխանը պիտի առնէ։ Մեղքի պատարագն ու հացի ընծան ու ողջակէզը եւ խաղաղութեան զոհը անիկա պիտի մատուցանէ՝ Իսրայէլի տանը քաւութիւն ընելու համար։18. Տէր Եհովան այսպէս կ՛ըսէ. «Առաջին ամսուան առաջին օրը արջառներէն մէկ անարատ զուարակ առ եւ սրբարանը մաքրէ՛։19. Քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն պիտի առնէ եւ տանը դրանդիքներուն վրայ ու սեղանին շրջանակին չորս անկիւններուն վրայ եւ ներքին գաւիթին դրանը դրանդիքներուն վրայ պիտի քսէ։20. Ամսուան եօթներորդ օրն ալ սխալած կամ անմիտ մարդու համար այնպէս ըրէ՛, որպէս զի տանը համար քաւութիւն ըլլայ»։21. Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը ձեզի զատիկ ըլլայ։ Եօթը օր տօն պիտի պահուի ու բաղարջ պիտի ուտուի։22. Այն օրը իշխանը իրեն համար ու երկրին բոլոր ժողովուրդին համար զուարակ մը պիտի մատուցանէ իբրեւ մեղքի պատարագ։23. Տօնին եօթը օրը Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէ։ Այն եօթը օրուան մէջ՝ օրը եօթը զուարակ ու եօթը անարատ խոյ։ Ամէն օր այծերէն մէկ նոխազ՝ իբրեւ մեղքի պատարագ։24. Իւրաքանչիւր զուարակին համար՝ մէկ արդու եւ իւրաքանչիւր խոյի համար՝ մէկ արդու հացի ընծայ։ Իւրաքանչիւր արդուի համար մէկ հիմէն իւղ պիտի մատուցանէ։25. Նոյնպէս ալ եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը. տօնին ատենը եօթը օր այս մեղքի պատարագին, ողջակէզին, հացի ընծային ու իւղին պէս պիտի մատուցանէ։Եզեկիել 46:1-241. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ներքին գաւիթին դէպի արեւելք նայող դուռը գործի վեց օրերը գոց պիտի ըլլան. միայն շաբաթ օրն ու ամսագլխուն պիտի բացուի։2. Իշխանը այս դրանը դուրսէն սրահին ճամբայէն պիտի մտնէ, դրանը դրանդիքներուն քով պիտի կայնի։ Քահանաները անոր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն։ Անիկա դրանը սեմին վրայ երկրպագութիւն պիտի ընէ ու ելլէ։ Այն դուռը մնչեւ իրիկուն պիտի չգոցուի։3. Ու երկրին ժողովուրդը շաբաթ օրերը ու ամսագլուխները Տէրոջը առջեւ այս դրանը մուտքին մէջ երկրպագութիւն պիտի ընեն»։4. Իշխանին շաբաթ օրը Տէրոջը մատուցանելու ողջակէզը վեց անարատ գառ ու մէկ անարատ խոյ ըլլալու է։5. Եւ խոյին համար իբր հացի ընծայ մէկ արդու ու գառներուն համար իբր հացի ընծայ ձեռքէն եկածը եւ ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ մատուցանելու է ։6. Ու ամսագլխուն՝ արջառներէն մէկ անարատ զուարակ ու վեց գառ ու մէկ խոյ, որոնք անարատ պէտք է ըլլան։7. Եւ զուարակին համար մէկ արդու եւ խոյին համար մէկ արդու հացի ընծայ մատուցանելու է ու գառներուն համար՝ ինչ որ ձեռքէն կու գայ եւ ամէն մէկ արդուի համար՝ մէկ հիմէն իւղ։8. Երբ իշխանը գայ՝ դրանը սրահին ճամբէն պէտք է մտնէ եւ նոյն ճամբէն ելլէ։9. Երկրին ժողովուրդը, եթէ հանդիսաւոր օրերու մէջ երկրպագութիւն ընելու համար Տէրոջը առջեւ գան, հիւսիսային դրանը ճամբայէն մտնողը հարաւային դրանը ճամբայէն պէտք է ելլէ ու հարաւային դրանը ճամբայէն մտնողը հիւսիսային դրանը ճամբայէն պէտք է ելլէ։ Մտած դրանը ճամբայէն թող չդառնան, հապա անոր դիմացի դռնէն ելլեն։10. Իշխանը անոնց մտած ատենը անոնց հետ թող մտնէ ու անոնց ելած ատենը անոնց հետ թող ելլէ։11. Տօներու մէջ ու հանդիսաւոր օրերու մէջ հացի ընծան ամէն զուարակի համար արդու մը եւ ամէն խոյի համար արդու մը պիտի ըլլայ, իսկ գառներուն համար՝ ձեռքէն եկածը։ Ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ ըլլալու է։12. Եթէ իշխանը կամաւոր ողջակէզ մը կամ կամաւոր խաղաղութեան զոհ մը Տէրոջը մատուցանելու ըլլայ, դէպի արեւելք նայող դուռը թող բանան։ Անիկա իր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհը պէտք է մատուցանէ՝ ինչպէս շաբաթ օրը կը մատուցանէ ու ապա ելլէ եւ անոր ելլելէն ետքը դուռը պէտք է գոցեն։13. Ամէն օր մէկ տարեկան անարատ գառնուկ մը Տէրոջը ողջակէզ մատուցանէ14. Եւ անոր հետ ամէն առտու արդուին մէկ վեցերորդ մասը հացի ընծայ մատուցանէ՛ ու հիմէնին մէկ երրորդ մասը իւղ՝ նաշիհին հետ խառնելու համար. ասիկա յաւիտենական կանոնով Տէրոջը մշտնջենաւոր հացի ընծայ պիտի ըլլայ ։15. Գառնուկն ու հացի ընծան ու իւղը ամէն առտու պէտք է մատուցանեն, որպէս մշտնջենական ողջակէզ։16. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Երբ իշխանը իր որդիներէն մէկուն պարգեւ տայ, այդ անոր որդիներուն ժառանգութիւն պիտի ըլլայ. անիկա ժառանգական կալուած մը պիտի ըլլայ անոնց։17. Իսկ երբ ժառանգութենէն իր ծառաներէն մէկուն պարգեւ տայ, այն ատեն անիկա մինչեւ թողութեան տարին անորը պէտք է ըլլայ, բայց ետքը իշխանին պէտք է դառնայ, վասն զի իշխանին ժառանգութիւնը միայն իր որդիներուն պիտի ըլլայ։18. Իշխանը ժողովուրդին ժառանգութենէն բան մը կտրելու չէ, զանոնք իրենց կալուածէն զրկելով։ Ան իր սեփական կալուածէն տալու է իր որդիներուն ժառանգութիւնը, որպէս զի իր ժողովուրդէն ոեւէ մէկը իր կալուածէն չզրկուի»։19. Ապա զիս դրանը քով եղող մուտքէն քահանաներուն դէպի հիւսիս նայող սուրբ սենեակները տարաւ։ Հոն ետեւէի կողմերը դէպի արեւմուտք տեղ մը կար20. Ու ինծի ըսաւ. «Ասիկա այն տեղն է, ուր քահանաները յանցանքի պատարագին ու մեղքի պատարագին միսը պիտի խաշեն ու հոն հացի ընծան պիտի եփեն, որ չըլլայ թէ դուրսի գաւիթը հանեն ու ժողովուրդը սրբեն»։21. Յետոյ զիս դուրսի գաւիթը հանեց ու գաւիթին չորս անկիւններէն անցուց։ Գաւիթին ամէն մէկ անկիւնը մէկմէկ գաւիթ կար։22. Գաւիթին չորս անկիւններուն մէջ քառասուն կանգուն երկայնութեամբ ու երեսուն՝ լայնութեամբ բոլորակաձեւ գոցուած՝ ՝ գաւիթներ կային. չորսին չափը մէկ էր։23. Անոնց չորսին ալ բոլորտիքը, շէնքերու շարք մը կար ու այն շարքին տակ բոլորակաձեւ կրակարաններ շինուած էին։24. Ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք խոհանոցներն են, ուր տաճարին պաշտօնեաները ժողովուրդին զոհը պիտի եփեն»։Սաղմոսներ 135:1-71. Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը, Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ,2. Որ Տէրոջը տունը կը կենաք, Մեր Աստուծոյն տանը սրահներուն մէջ։3. Օրհնեցէ՛ք Տէրը, վասն զի Տէրը բարի է. Սաղմո՛ս ըսէք անոր անուանը, վասն զի քաղցր է։4. Վասն զի Տէրը իրեն համար ընտրեց Յակոբը Ու Իսրայէլը՝ իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլալու։5. Վասն զի ես իմացայ, թէ Եհովան մեծ է Ու մեր Տէրը՝ բոլոր աստուածներէն։6. Տէրը ամէն ինչ որ ուզեց ըրաւ երկնքի ու երկրի մէջ, Ծովերուն ու բոլոր անդունդներուն մէջ։7. Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ, Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։Առակներ 29:8-88. Ծաղրող մարդիկ քաղաքը կը բռնկեցնեն, Բայց իմաստունները բարկութիւնը կը դադրեցնեն։1 Պետրոս 3:1-221. Նմանապէս կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝2. Տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը։3. Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն մազերու հիւսուածքներով եւ ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով,4. Հապա սրտին ծածուկ մարդը անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը թող ըլլայ, որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է։5. Վասն զի ատենօք սուրբ կիները, որոնք իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած էին, անձերնին կը զարդարէին՝ իրենց այրերուն հնազանդ ըլլալով.6. Ինչպէս Սառա հնազանդ էր Աբրահամին եւ զանիկա տէր կը կոչէր։ Դուք՝ եթէ բարեգործ ըլլաք ու ոեւէ երկիւղ չունենաք՝ անոր զաւակները կ’ըլլաք։7. Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ։8. Վերջապէս ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ։9. Չըլլայ որ չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէք կամ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք, այլ ընդհակառակն՝ օրհնեցէ՛ք, գիտնալով որ այս բանին համար կանչուեցաք, որպէս զի օրհնութիւն ժառանգէք։10. Վասն զի ան որ կ’ուզէ կեանքը սիրել ու բարի օրեր տեսնել, իր լեզուն թող դադրեցնէ չարութենէ ու իր շրթունքները՝ նենգութիւն խօսելէ։11. Թող չարութենէ ետ քաշուի ու բարութիւն ընէ, թող խաղաղութիւն փնտռէ եւ անոր ետեւէն երթայ։12. Վասն զի Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է։13. Եւ ո՞վ ձեզի չարիք մը պիտի հասցնէ՝ եթէ դուք բարիին հետեւիք։14. Բայց եթէ արդարութեան համար չարչարուիք ալ՝ երանելի էք եւ անոնց ահէն մի՛ վախնաք ու մի՛ շփոթիք.15. Հապա Տէր Աստուածը սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն։16. Մաքուր խղճմտանք ունեցէք, որպէս զի անոնք որ ձեզ կը բամբասեն իբրեւ չարագործներ ամօթով մնան, անոնց պէս որ Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը կը պախարակեն։17. Վանս զի աւելի աղէկ է բարեգործութիւն ընելով չարչարուիլ, եթէ Աստուծոյ կամքը այդ է, քան թէ չարագործութիւն ընելով։18. Վասն զի Քրիստոս ալ մեղքի համար մէկ անգամ չարչարուեցաւ, Արդարը անարդարներուն համար, որպէս զի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ։ Ան թէպէտ մեռաւ մարմնով, բայց կենդանի է հոգիով.19. Որով բանտի մէջ եղած հոգիներուն ալ գնաց ու քարոզեց.20. Որոնք ատեն մը ապստամբ էին, երբ Աստուծոյ երկայնմտութիւնը կը համբերէր անոնց Նոյին օրերը՝ երբ տապանը կը շինուէր, որուն մէջ քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ազատեցան.21. Որ մեզ ալ՝ այն օրինակին պէս՝ մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ, (ո՛չ թէ մարմնին աղտը մէկդի ձգելը, հապա բարի խղճմտանքին վկայութիւնը առ Աստուած,) Յիսուս Քրիստոսին յարութիւնովը.22. Որ երկինք գացած՝ Աստուծոյ աջ կողմն է, հրեշտակներն ու իշխանութիւնները եւ զօրութիւնները իրեն հնազանդ են։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981