1. Զիս նորէն տաճարին դրանը ետեւը բերաւ։ Արեւելեան կողմէն տանը սեմին տակէն ջուրեր կ’ելլէին, քանզի տանը երեսը դէպի արեւելք էր ու ջուրերը տանը աջ կողմին տակէն՝ սեղանին հարաւային կողմէն կ’իջնէին։
2. Ապա զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն հանեց եւ առաջնորդեց դէպի արտաքին դուռը, որ արեւելք կը նայէր եւ ջուրը կը հոսէր դէպի հարաւային կողմը։
3. Այն մարդը, որ իր ձեռքը լար ունէր, դէպի արեւելք գնաց ու հազար կանգուն չափեց եւ զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ գարշապարներս կ’ելլէին ։
4. Հազար կանգուն եւս չափեց եւ զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ ծունկերս կ’ելլէին ։ Հազար կանգուն եւս չափեց ու զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ մէջքս կ’ելլէին ։
5. Նորէն հազար կանգուն ալ չափեց, ուր այնպիսի գետ մը եղած էր, ուրկէ չէի կրնար անցնիլ. վասն զի ջուրերը յորդեր էին ու այնպիսի գետ մը կազմեր էին, ուրկէ մարդ չէր կրնար անցնիլ՝ առանց լողալու՝ ՝»։
6. Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Տեսա՞ր, որդի՛ մարդոյ» եւ զիս տարաւ ու գետին եզերքը պտըտցուց։
7. Երբ կը պտըտէի, տեսայ թէ գետին երկու եզերքը խիստ շատ ծառեր կային։
8. Ինծի ըսաւ. «Այս ջուրերը արեւելեան կողմէն կ’ելլեն ու անապատը կ’իջնեն ու ծովը կ’երթան եւ ծովուն խառնուելով, անոր ջուրերը կը թարմացնեն։
9. Գետը ուր որ երթայ՝ բոլոր կենդանիները պիտի ապրին։ Ձուկերը խիստ շատ պիտի առատանան, քանզի այս ջուրը ուր որ մտնէ՝ կը մաքրէ եւ ուր որ հոսանքը երթայ՝ հոն կեանքը պիտի ապրի։
10. Անոր վրայ Ենգադդիէ մինչեւ Ենեգլայիմ ձկնորսներ պիտի կայնին։ Հոն ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ։ Ձուկերը տեսակ տեսակ պիտի ըլլան։ Մեծ ծովուն ձուկերուն պէս խիստ շատ պիտի շատնան։
11. Բայց անոր տղմալից տեղերն ու ճախինները պիտի չթարմանան, անոնք աղի համար պիտի պահուին։
12. Ու գետին երկու եզերքները ամէն տեսակ պտղաբեր ծառեր պիտի բուսնին, որոնց տերեւը պիտի չթառամի ու պտուղը չհատնի։ Ամէն ամիս նորէն պտուղ պիտի տան, վասն զի անոր ջուրերը սրբարանէն կ’ելլեն եւ անոնց պտուղը կերակուրի համար ու տերեւները բուժարար պիտի ըլլան»։
13. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ասոնք են սահմանները այն երկրին, որ իբր ժառանգութիւն պիտի բաժնէք Իսրայէլի տասներկու ցեղերուն (Յովսէփը երկու բաժին պիտի ունենայ)։
14. Ամէն մարդ իր եղբօրը պէս պիտի ժառանգէ, վասն զի իմ ձեռքս վերցուցի որ զանիկա ձեր հայրերուն տամ, որը դուք պիտի ժառանգէք։
15. Ահա երկրին սահմանը՝ հիւսիսային կողմը՝ մեծ ծովէն Եթլոնի ճամբան մինչեւ Սեդադ, Եմաթ,
16. Բերոթա, Սեբրայիմ (որ Դամասկոսի ու Եմաթի միջեւ կը գտնուի) ու մինչեւ Աւրանի սահմանը եղող Ասեր-Աթթիքոնը։
17. Այսպէս, երկրին սահմանը կ՛երկարի ծովէն մինչեւ Ասար-Ենան, որ Դամասկոսի հիւսիսային սահմանն է, նաեւ Եմաթին սահմանը պիտի ըլլայ։
18. Արեւելեան սահմանը՝ Աւրանի մէջէն ու Դամասկոսի մէջէն եւ Գաղաադի մէջէն ու Յորդանանի քով եղող Իսրայէլի երկրին մէջէն՝ մինչեւ արեւելեան ծովը։
19. Դէպի հարաւային սահմանը՝ Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը Կադէսի մէջ ու մինչեւ մեծ ծովը իջնող հեղեղատը պիտի ըլլայ։
20. Արեւմտեան սահմանը՝ մեծ ծովը պիտի ըլլայ, սահմանէն մինչեւ Եմաթին դէմ։
21. Այս երկիրը բաժնեցէք Իսրայէլի ցեղերուն։
22. Զանիկա ժառանգութեան համար վիճակով բաժնեցէք թէ՛ ձեզի եւ թէ՛ ձեր մէջ բնակող ու ձեր մէջ զաւակներ ծնանող օտարականներուն։ Անոնք բնիկներու պէս պիտի ըլլան Իսրայէլի որդիներուն մէջ։ Անոնք ձեզի հետ ժառանգութիւն պիտի առնեն Իսրայէլի ցեղերուն պէս։
23. Այն ցեղին մէջ որ օտարականը պանդխտացած է, անկէ անոր ժառանգութիւն պիտի տաք», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
1. «Ցեղերուն անունները ասոնք են։ Հիւսիսի ծայրէն՝ Եթլոնի ճամբուն քով դէպի Եմաթ երթալով՝ մինչեւ Ասար-Ենան, որ Դամասկոսի սահմանն է դէպի հիւսիս մինչեւ Եմաթի քով ու արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմուտք Դանին մէկ բաժին ըլլայ։
8. «Յուդայի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը պիտի ըլլայ այն ընծան, որ պիտի նուիրէք ու անիկա քսանըհինգ հազար եղէգ լայնութիւն եւ միւս բաժիններէն մէկուն չափ երկայնութիւն պիտի ունենայ, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը եւ սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։
9. Տէրոջը նուիրելու ընծանիդ քսանըհինգ հազար եղէգ լայն պէտք է ըլլայ։
10. Եւ սուրբ ընծան ասոնց ըլլայ, այսինքն քահանաներուն։ Հիւսիսէն՝ երկայնքը քսանըհինգ հազար եղէգ, արեւմուտքէն՝ լայնքը տասը հազար եղէգ, արեւելքէն՝ լայնքը տասը հազար եղէգ, հարաւէն՝ երկայնքը քսանըհինգ հազար եղէգ ու Տէրոջը սրբարանը անոր մէջտեղը պէտք է ըլլայ։
11. Այս բաժինը Սադովկի որդիներէն սրբուած քահանաներուն պիտի ըլլայ, որոնք իմ պահպանութիւնս ըրին։ Ու երբ Իսրայէլի որդիները մոլորեցան, անոնք չմոլորեցան, ինչպէս Ղեւտացիները մոլորեցան։
12. Երկրին ընծայէն՝ այս ընծան անոնց համար ամենասուրբ պիտի ըլլայ՝ Ղեւտացիներու սահմանին քով։
13. Քահանաներուն սահմանին քով Ղեւտացիներուն բաժինը պէտք է ըլլայ քսանըհինգ հազար եղէգ երկայն ու տասը հազար եղէգ ՝ լայն։ Բոլոր երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար ու լայնութիւնը տասը հազար ըլլայ։
14. Անկէ պէտք չէ ծախեն ու փոխեն ու երկրին երախայրին ուրիշի վրայ պէտք չէ դարձնեն, վասն զի անիկա Տէրոջը նուիրուած է։
15. «Քսանըհինգ հազարին քով լայնութենէն մնացած հինգ հազարը անսուրբ պիտի ըլլայ՝ քաղաքին համար, բնակութեան համար ու արուարձաններուն համար եւ քաղաքը անոր մէջտեղը պէտք է ըլլայ։
16. Անոր չափերը ասոնք ըլլան՝ հիւսիսային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եւ հարաւային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եւ արեւելեան կողմը չորս հազար հինգ հարիւր ու արեւմտեան կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եղէգ։
17. Եւ քաղաքին արուարձանը դէպի հիւսիս՝ երկու հարիւր յիսուն ու դէպի հարաւ՝ երկու հարիւր յիսուն եւ դէպի արեւելք՝ երկու հարիւր յիսուն ու դէպի արեւմուտք՝ երկու հարիւր յիսուն եղէգ պէտք է ըլլայ։
18. Եւ սուրբ ընծային քով երկայնութենէն մնացած դէպի արեւելք՝ տասը հազարը ու դէպի արեւմուտք՝ տասը հազարը (որ սուրբ ընծային քով է), անոր բերքը քաղաքին ծառայութիւն ընողներուն կերակուր պիտի ըլլայ։
19. Եւ քաղաքին ծառայութիւնը ընողները Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն պիտի ըլլան։
20. Բոլոր ընծան քսանըհինգ հազարով քսանըհինգ հազար քառակուսի ըլլալու է՝ սուրբ ընծայ քաղաքին կալուածին հետ։
21. «Սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն մնացածը իշխանին պիտի ըլլայ։ Նուիրուած քսանըհինգ հազարին դէմ մինչեւ արեւելեան սահմանը ու դէպի արեւմուտք քսանըհինգ հազարին դէմ մինչեւ արեւմտեան սահմանը ցեղերուն բաժիններուն քով իշխանին պիտի ըլլայ։ Ասիկա պիտի ըլլայ սուրբ ընծան ու տաճարին սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։
22. Իշխանին բաժինին մէջտեղը եղող Ղեւտացիներուն կալուածէն ու քաղաքին կալուածէն դուրս ՝ Յուդայի սահմանին ու Բենիամինի սահմանին մէջտեղը իշխանինը պիտի ըլլայ։
28. Ու Գադի սահմանին քով հարաւային կողմը դէպի հարաւ երկրին սահմանը, Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը Կադէսի մէջ ու մինչեւ մեծ ծովը իջնող հեղեղատը պիտի ըլլայ։
29. «Այս է այն երկիրը, որ Իսրայէլի ցեղերուն վիճակով պիտի բաժնէք ժառանգութեան համար ու անոնց բաժինները ասոնք են», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
30. «Քաղաքին ելքերը ասոնք են. Հիւսիսային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով
31. (Ու քաղաքին դռները Իսրայէլի ցեղերուն անուններուն համեմատ պիտի ըլլան). երեք դուռ դէպի հիւսիս. մէկ դուռ Ռուբէնին, մէկ դուռ Յուդային ու մէկ դուռ Ղեւիին
32. Եւ արեւելեան կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով ՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Յովսէփին, մէկ դուռ Բենիամինին ու մէկ դուռ Դանին
33. Եւ հարաւային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով, երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Շմաւոնին, մէկ դուռ Իսաքարին ու մէկ դուռ Զաբուղոնին.
34. Արեւմտեան կողմէն ալ չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով ՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Գադին, մէկ դուռ Ասերին ու մէկ դուռ Նեփթաղիմին։
35. Բոլոր շրջապատը տասնըութ հազար չափ պիտի ըլլայ ու այն օրէն քաղաքին անունը Եհովաշամա պիտի ըլլայ»։
8. Անիկա Եգիպտոսի անդրանիկները զարկաւ Մարդէն մինչեւ անասուն։
9. Նշաններ ու հրաշքներ ղրկեց քու մէջդ, ո՛վ Եգիպտոս, Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն վրայ։
10. Շատ ազգեր զարկաւ Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննեց։
11. Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը, Բասանի Ովգ թագաւորը Եւ Քանանի բոլոր թագաւորութիւնները
12. Ու անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուաւ, Իր Իսրայէլ ժողովուրդին ժառանգութիւն։
14. Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը դատէ Եւ իր ծառաներուն կ’ողորմի։
9. Իմաստուն մարդը, երբ յիմարին հետ վիճաբանութիւն ընէ, Թէ՛ սրդողի եւ թէ՛ ծիծաղի՝ հանգիստ չըլլար։
1. Քանի որ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմնով, դուք ալ նո՛յն մտքով զինուեցէք. վասն զի ան որ մարմնով չարչարուեցաւ՝ մեղանչելէ դադարեցաւ.
2. Որպէս զի ալ ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն պէս՝ հապա Աստուծոյ կամքին պէս ապրիք մարմնի մէջ մնացած ատեն։
3. Վասն զի հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք։
4. Ու կը զարմանան՝ որ դուք նոյն անառակութեան մէջ անոնց հետ չէք վազեր ու հայհոյութիւն կ’ընեն,
5. Որոնք պատասխան պիտի տան անոր՝ որ պատրաստ է դատել կենդանիներն ու մեռելները։
6. Քանզի ասոր համար մեռելներուն ալ աւետարանը քարոզուեցաւ, որպէս զի դատուին մարդոց կողմանէ մարմնով ու հոգիով կենդանի ըլլան Աստուծոյ կողմանէ։
7. Սակայն ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք։
8. Եւ ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ։
9. Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք առանց տրտունջ ընելու։
10. Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք Աստուծոյ զանազան շնորհներէն բարի տնտեսներու պէս։