Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 30Դանիել 3:1-301. Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ոսկիէ արձան մը շինեց, անոր բարձրութիւնը՝ վաթսուն կանգուն ու լայնութիւնը վեց կանգուն։ Զանիկա Բաբելոնի գաւառը, Դուրա դաշտին մէջ կանգնեցուց։2. Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հրամայեց, որ կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները հաւաքեն, որպէս զի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին գան։3. Այն ատեն կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին եկան ու Նաբուգոդոնոսորին կանգնեցուցած արձանին առջեւ կայնեցան։4. Մունետիկը բարձրաձայն կը կանչէր. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ազգեր ու լեզուներ, ձեզի կ’ըսուի.5. ‘Երբ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններու ձայնը լսէք, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած ոսկի արձանին առջեւ պիտի իյնաք ու երկրպագութիւն ընէք’։6. Ո՛վ որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, նոյն ժամուն բորբոքած կրակի հնոցին մէջ պիտի նետուի»։7. Ուստի երբ բոլոր ժողովուրդները փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսեցին, բոլոր ժոովուրդները, ազգերն ու լեզուները ինկան եւ Նաբուգոդոնոսորին կանգնեցուցած ոսկի արձանին երկրպագութիւն ըրին։8. Այն ատեն քանի մը Քաղդէացի մարդիկ մօտեցան ու Հրեաներուն վրայով ամբաստանութիւն ըրին9. Եւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին խօսեցան ու ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր.10. Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, հրաման ըրիր որ ամէն մարդ որ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին եւ ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսէ, իյնայ ու ոսկի արձանին երկրպագութիւն ընէ11. Եւ ո՛վ որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետուի։12. Քանի մը Հրեայ մարդիկ կան, որոնք դուն Բաբելոնի գաւառին գործերուն վրայ դրիր, այսինքն Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը, այս մարդիկը քեզ բանի տեղ չեն դներ, ո՛վ թագաւոր. քու աստուածներդ չեն պաշտեր եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն չեն ըներ»։13. Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր սրտմտութեամբ եւ բարկութեամբ հրամայեց, որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը բերեն, ուստի զանոնք թագաւորին առջեւ բերին։14. Նաբուգոդոնոսոր անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով, խորհրդո՞վ է որ իմ աստուածներս չէք պաշտեր եւ իմ ոսկի արձանիս երկրպագութիւն չէք ըներ։15. Հիմա եթէ պատրաստ էք փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսած ատեննիդ իյնալ ու իմ շինած արձանիս երկրպագութիւն ընել, աղէկ. բայց եթէ երկրպագութիւն չընէք, նոյն ժամուն՝ բորբոքած կրակին հնոցին մէջ պիտի նետուիք եւ ո՜վ է այն Աստուածը, որ ձեզ իմ ձեռքէս պիտի ազատէ»։16. Պատասխան տուին Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր, այս բանին վրայով քեզի պատասխան տալու հարկաւորութիւն չունինք։17. Ահա մեր պաշտած Աստուածը մեզ բորբոքած կրակի հնոցէն ազատելու կարող է. քու ձեռքէդ ալ մեզ պիտի ազատէ, ո՛վ թագաւոր։18. Բայց քեզի յայտնի ըլլայ, ո՛վ թագաւոր, որ մենք քու աստուածներդ պիտի չպաշտենք եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն պիտի չընենք»։19. Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բարկութեամբ լեցուեցաւ ու անոր երեսին երեւոյթը փոխուեցաւ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին վրայ եւ հրամայեց որ հնոցը սովորականէն եօթնապատիկ աւելի վառեն20. Ու իր զօրքին մէջ եղող զօրաւոր մարդոցը հրամայեց, որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը կապեն ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեն։21. Այն ատեն այս մարդիկը իրենց անդրավարտիքներովը, բաճկոններովը, վերարկուներովն ու բոլոր հանդերձներովը կապեցին ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեցին։22. Թագաւորին հրամանը ստիպողական ըլլալուն ու հնոցին շատ տաք ըլլալուն համար Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը վերցնող մարդիկը կրակին բոցէն սպաննուեցան։23. Բայց այս երեք մարդիկը՝ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը՝ կապուած ինկան բորբոքած կրակի հնոցին մէջ։24. Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ապշած՝ արտորնօք ոտքի ելաւ, իր խորհրդականներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Մենք կրակին մէջ երեք կապուած մարդ չնետեցի՞նք»։ Անոնք պատասխան տուին ու թագաւորին ըսին. «Այո՛, ո՛վ թագաւոր»։25. Թագաւորը ըսաւ. «Ահա ես կրակին մէջ չորս արձակուած մարդ կը տեսնեմ, որ կը քալեն։ Անոնք ամենեւին վնաս մը չեն քաշեր։ Չորրորդին դէմքը աստուածներու որդիի մը կը նմանի»։26. Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բորբոքած կրակի հնոցին դրանը մօտենալով՝ ըսաւ. «Ո՜վ Բարձրեալ Աստուծոյն ծառաները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, դո՛ւրս ելէք ու հոս եկէ՛ք»։ Այն ատեն Սեդրաքը, Միսաքը եւ Աբեդնագովը կրակին մէջէն ելան։27. Կուսակալները, նախարարները, կառավարիչներն ու թագաւորին խորհրդականները հաւաքուեցան եւ տեսան այս մարդիկը, որոնց մարմիններուն վրայ կրակը ամենեւին ազդած չէր ու անոնց գլխուն մէկ մազը խանձած չէր ու անոնց անդրավարտիքները գոյներնին նետած չէին, անոնց վրայ կրակին հոտն անգամ չկար։28. Նաբուգոդոնոսոր ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուածը, որ իր հրեշտակը ղրկեց ու իր ծառաները ազատեց. վասն զի անոր ապաւինելով՝ թագաւորին խօսքը անարգեցին ու իրենց մարմինները կրակի տուին, որպէս զի իրենց Աստուծմէն զատ ուրիշ Աստուծոյ մը ծառայութիւն ու երկրպագութիւն չընեն։29. Արդ՝ ես կը հրամայեմ որ ոեւէ ժողովուրդ, ազգ ու լեզու, որ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուծոյն դէմ սխալ բան մը ըսէ, կտոր կտոր ըլլայ ու անոր տունը աղբանոց ըլլայ. վասն զի ուրիշ Աստուած չկայ, որ կարող ըլլար այսպէս ազատել»։30. Այն ատեն թագաւորը աւելի մեծցուց Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը Բաբելոնի գաւառին մէջ։Դանիել 4:1-371. Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ բոլոր երկրին վրայ բնակող բոլոր ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն՝ «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ։2. Ինծի հաճոյ երեւցաւ, որ Բարձրեալ Աստուծոյն ինծի ըրած նշաններն ու հրաշքները ձեզի յայտնեմ։3. Անոր նշանները որքա՜ն մեծ ու հրաշքները որքա՜ն զօրաւոր են. անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն է ու անոր իշխանութիւնը դարէ դար կը մնայ»։4. «Ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ երբ իմ տանս մէջ հանգիստ էի ու պալատիս մէջ կը զուարճանայի,5. Երազ մը տեսայ, որ զիս վախցուց եւ անկողնիս վրայ իմ խորհուրդներս ու իմ գլխուս տեսիլքները զիս խռովեցին։6. Ուստի Բաբելոնի բոլոր իմաստունները իմ առջեւս բերելու հրաման ըրի, որպէս զի անոնք ինծի երազին մեկնութիւնը գիտցնեն։7. Այն ատեն մոգերը, հմայողները, Քաղդեաններն ու բաղդ նայողները եկան ու ես երազը անոնց առաջեւ ըսի, բայց անոնք չկրցան մեկնութիւնը ինծի գիտցնել։8. Վերջապէս Դանիէլը առջեւս եկաւ, որուն անունը իմ աստուծոյս անուանը համեմատ Բաղտասասար կը կոչուի եւ որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Անոր առջեւ երազը պատմեցի ու ըսի.9. ‘Ո՛վ մոգերուն իշխանը Բաղտասասար, որովհետեւ գիտեմ որ քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներու հոգին կայ ու ոեւէ գաղտնիքը լուծելը քեզի դժուար չէ։ Երազս պատմեմ, լսէ՛ եւ զայն մեկնէ՛։10. «Իմ անկողնիս մէջ գլխուս տեսիլքները ասոնք էին։ Ես կը տեսնէի, որ երկրի մէջ ծառ մը կար։ Ան շատ բարձր էր։11. Այն ծառը մեծցաւ եւ ուժովցաւ ու անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ ու անիկա բոլոր երկրի ծայրերէն կը տեսնուէր։12. Անոր տերեւները գեղեցիկ ու պտուղը առատ էր։ Անոր վրայ ամենուն համար կերակուր կար։ Դաշտի անասունները անոր շուքին տակ կը նստէին ու երկնքի թռչունները անոր ոստերուն վրայ կը բնակէին։ Ամէն մարմին անկէ կը կերակրուէր։13. Երազիս մէջ տեսայ, որ երկնքէն սուրբ պահապան մը՝ ՝ իջաւ։14. Անիկա ուժով կանչեց ու այսպէս ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք, ոստերը մէկդի հանեցէ՛ք. տերեւները թօթափեցէ՛ք ու պտուղները ցրուեցէ՛ք։ Անոր տակէն անասունները ու ոստերէն թռչունները թող փախչին.15. Բայց արմատները երկրին մէջ թողուցէ՛ք ու երկաթէ եւ պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղովը թող թրջուի եւ անոր բաժինը անասուններու հետ երկրի խոտին մէջ թող ըլլայ։16. Անոր միտքը մարդու մտքէն թող փոխուի ու անոր անասունի միտք թող տրուի։ Անոր վրայէն եօթը ժամանակ թող անցնի։17. Այս վճիռը՝ պահապաններուն հրամանովն է ու այս որոշումը՝ սուրբերուն խօսքովն է. որպէս զի ապրողները գիտնան թէ Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ ու անոր վրայ մարդոց անարգը կը դնէ»։18. «Ես՝ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորս՝ այս երազը տեսայ ու դո՛ւն, ո՛վ Բաղտասասար, անոր մեկնութիւնը ըսէ՛, վասն զի իմ թագաւորութեանս բոլոր իմաստունները կարող չեղան անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել. բայց դուն կարող ես, քանզի քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներուն հոգին կայ»։19. Այն ատեն Դանիէլ, որուն անունը Բաղտասասար էր, մէկ ժամու չափ՝ ՝ ահաբեկած մնաց ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին։ Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Բաղտասասար, երազը կամ անոր մեկնութիւնը թող քեզ չխռովեցնէ»։ Պատասխան տուաւ Բաղտասասարն ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, երազը՝ քեզ ատողներուն ու անոր մեկնութիւնը քու թշնամիներուդ ըլլայ։20. Այն ծառը, որ մեծցաւ եւ ուժովցաւ ու անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ ու անիկա բոլոր երկրի մէջ կը տեսնուէր21. Եւ անոր տերեւները գեղեցիկ ու պտուղը առատ էր ու անոր վրայ ամենուն համար կերակուր կար, անոր տակ դաշտի անասունները կը բնակէին ու անոր ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները կը կենային,22. Անիկա դո՛ւն ես, ո՛վ թագաւոր, որ մեծցար եւ ուժովցար եւ քու մեծութիւնդ բարձրացաւ ու մինչեւ երկինք հասաւ եւ քու իշխանութիւնդ մինչեւ երկրի ծայրերը հասաւ ։23. Թագաւորը սուրբ պահապան մը տեսաւ, որ երկնքէն իջաւ ու ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք ու զանիկա տապալեցէ՛ք, բայց անոր արմատներն ու կոճղը երկրի մէջ թողուցէ՛ք ու երկաթէ ու պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղովը թրջուի եւ անոր բաժինը դաշտի անասուններուն հետ թող ըլլայ, մինչեւ անոր վրայէն եօթը ժամանակ անցնի’.24. Այս է մեկնութիւնը, ո՛վ թագաւոր, այս է Բարձրեալին վճիռը, որ իմ թագաւոր տիրոջս վրայ հասած է։25. Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ ու քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու երկնքի ցօղովը թրջուիս եւ քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ։26. Բայց երբ ըսուեցաւ թէ ‘Այն ծառին արմատները թող մնան’, կը նշանակէ թէ երկնաւոր իշխանութիւնը ճանչնալէդ ետքը՝ քու թագաւորութիւնդ պիտի վերահաստատուի։27. Անոր համար, ո՛վ թագաւոր, թող իմ թելադրութիւնս քեզի հաճելի երեւնայ, քու մեղքերդ արդարութեամբ ու քու անօրէնութիւններդ աղքատներուն ողորմելով մէկդի ձգէ՝ ՝. թերեւս հանգստութիւնդ երկարի»։28. Այս բոլորը Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պատահեցաւ։29. Տասներկու ամիսէն, երբ Բաբելոնի թագաւորութեան պալատին վրայ կը ճեմէր,30. Թագաւորը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես իմ զօրութիւնովս ու կարողութիւնովս իմ մեծութեանս փառքին համար թագաւորութեան տուն շինեցի»։31. Երբ խօսքը դեռ թագաւորին բերանն էր, երկնքէն ձայն մը իջաւ. «Քեզի՛ կ’ըսուի, ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր, թագաւորութիւնը քեզմէ գնաց։32. Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ, քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ»։33. Նոյն ժամուն ըսուածը կատարուեցաւ ու Նաբուգոդոնոսոր մարդոց մէջէն վռնտուեցաւ ու արջառներու պէս խոտ կ’ուտէր եւ անոր մարմինը երկնքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչեւ որ մազերը արծիւներու փետուրներու պէս ու եղունգները թռչուններու մագիլներու պէս երկնցան։34. «Այդ օրերը լրանալէ վերջը, ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ աչքերս երկինք վերցուցի ու խելքս ինծի դարձաւ եւ Բարձրեալը օրհնեցի ու գովեցի ու փառաւորեցի զանիկա, որ յաւիտեան կենդանի է ու անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է եւ անոր թագաւորութիւնը դարէ դար կը մնայ։35. Երկրի բոլոր բնակիչները ոչինչի պէս կը սեպուին եւ անիկա երկնքի զօրքերուն մէջ ու երկրի բնակիչներուն մէջ իր ուզածը կ’ընէ ու անոր ձեռքին դէմ դնող, կամ անոր ‘Ի՞նչ կ’ընես’ ըսող չկայ։36. Այն ատեն խելքս ինծի դարձաւ ու իմ թագաւորութեանս պատիւին հետ իմ փառքս ու վայելչութիւնս ինծի դարձան եւ իմ խորհրդականներս ու մեծամեծներս զիս փնտռեցին ու իմ թագաւորութեանս մէջ հաստատուեցայ եւ ինծի աւելի մեծ վեհափառութիւն տրուեցաւ»։37. «Հիմա ես՝ Նաբուգոդոնոսորս երկնքի Թագաւորը կը գովեմ եւ կը բարձրացնեմ ու կը փառաւորեմ, վասն զի անոր բոլոր գործերը ճշմարիտ են ու ճամբաները արդար են ու անիկա կարող է ամբարտաւանութեամբ քալողները ցածցնել»։Սաղմոսներ 136:1-91. Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է. Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։2. Գոհացէ՛ք աստուածներուն Աստուծմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։3. Գոհացէ՛ք տէրերուն Տէրոջմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։4. Մինակ մեծ հրաշքներ ընողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է,5. Երկինքը իմաստութեամբ ստեղծողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։6. Երկիրը ջուրերուն վրայ տարածողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։7. Մեծամեծ լուսաւորներ ստեղծողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։8. Արեգակը՝ որպէս զի ցորեկին իշխէ, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։9. Լուսինը ու աստղերը՝ որպէս զի գիշերին իշխեն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։Առակներ 29:11-1111. Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ, Բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ։2 Պետրոս 1:1-211. Շմաւոն Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառայ եւ առաքեալ՝ ձեզի, որ մեզի հետ նոյն պատուական հաւատքին հասաք մեր Աստուծոյն ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսին արդարութիւնովը.2. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ աւելնան Աստուծոյ ու մեր Տէրոջը Յիսուսին գիտութիւնովը։3. Ինչպէս իր աստուածային զօրութիւնը կեանքի եւ աստուածպաշտութեան վերաբերեալ բոլոր բաները մեզի տուաւ անոր գիտութիւնովը՝ որ մեզ փառքով ու առաքինութիւնով հրաւիրեց,4. Որոնցմով ամենամեծ ու պատուական խոստումներ տրուած են մեզի, որպէս զի ասնոցմով աստուածային բնութեանը հաղորդակցինք՝ աշխարհի ցանկութենէն յառաջ եկած ապականութենէն փախչելով։5. Եւ այս բանին համար բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն6. Եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն ու ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն7. Ու աստուածպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր,8. Քանի որ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ։9. Բայց որուն քով որ այս բաները չկան, անիկա կոյր է ու կարճատես, որ մոռցեր է իր առաջուան մեղքերէն մաքրուիլը։10. Ասոր համար, ե՛ղբայրներ, աւելի ջանք ըրէ՛ք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք, վասն զի այս ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չիյնաք.11. Քանզի ասանկով ձեզի առատօրէն իրաւունք պիտի շնորհուի մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին յաւիտենական թագաւորութիւնը մտնել։12. Ուստի երբեք զանցառու պիտի չըլլամ այս բաները մտքերնիդ ձգելու, թէեւ գիտէք եւ հաստատուած էք ներկայ ճշմարտութեանը վրայ։13. Պարտականութիւն կը սեպեմ, որքան ատեն որ մարմնի մէջ եմ, մտքերնիդ ձգելով՝ ձեզ արթնցնել։14. Քանզի գիտեմ թէ ես շուտով այս իմ մարմնէս պիտի մերկանամ, ինչպէս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը յայտնեց ինծի։15. Ուստի պիտի ջանամ որ իմ աշխարհէն ելլելէս ետքն ալ միշտ կարող ըլլաք այս բաները յիշել։16. Վասն զի ո՛չ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալով՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով։17. Վասն զի ինք Հօր Աստուծմէն փառք ու պատիւ առաւ այն մեծավայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը եկաւ, թէ՝ «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։18. Եւ երկնքէն եկած այս ձայնը լսեցինք մենք, որ անոր հետ էինք սուրբ լերանը վրայ։19. Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սրտերնուդ մէջ ծագի։20. Բայց առաջ ասիկա գիտցէք, թէ գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։21. Վասն զի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981