14. Փողոցներուն մէջ կոյրերու պէս աստանդական պտըտեցան, արիւնով ապականեցան, Այնպէս որ մարդ կարող չէր անոնց զգեստներուն դպչիլ։
15. Անոնց կը կանչէին. «Ե՛տ քաշուեցէք, ո՛վ անմաքուրներ, ե՛տ քաշուեցէք, ե՛տ քաշուեցէք, մի՛ դպչիք». Անոնք փախան ու ասդին անդին պտըտեցան. ազգերու մէջ ըսուեցաւ. «Անոնք անգամ մըն ալ հոս պիտի չբնակին»։
16. Տէրոջը բարկութիւնը ցրուեց զանոնք, անգամ մըն ալ անոնց չի նայիր. Քահանաներուն պատիւ չըրին, ծերերուն չգթացին։
17. Մեզի գալիք օգնութեանը համար պարապ տեղ մինչեւ հիմա աչքերնիս մաշեցան. Դիտելով սպասեցինք այնպիսի ազգի մը, որ չէր կրնար մեզ ազատել։
18. Մեր քայլերը կ’որսան, որպէս զի մեր փողոցներուն մէջ չպտըտինք. Մեր վախճանը մօտեցաւ, մեր օրերը լեցուեցան, յիրաւի մեր վախճանը հասաւ։
19. Մեզ հալածողները երկնքի արծիւներէն արագընթաց եղան. Մեզ լեռներու վրայ հալածեցին, անապատի մէջ մեզի համար դարանամուտ եղան։
20. Մեր ռնգունքներուն շունչը, Տէրոջը օծեալը, անոնց որոգայթներուն մէջ բռնուեցաւ, Որու համար մենք կ’ըսէինք. ‘Ազգերուն մէջ անոր հովանիին տակ պիտի ապրինք’։
21. Ցնծա՛ եւ ուրախ եղի՛ր, ո՛վ Եդովմի աղջիկ, որ Հուս երկրին մէջ կը բնակիս. Քեզի ալ պիտի անցնի բաժակը. պիտի գինովնաս ու ինքզինքդ պիտի մերկացնես։
22. Քու անօրէնութիւնդ վերջացաւ, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ա՛լ քեզ գերի պիտի չքշեն։ Քու անօրէնութիւնդ պիտի պատժէ, ո՛վ Եդովմի աղջիկ, քու մեղքերդ պիտի յայտնէ։
1. Մեզի եղածը յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Նայէ՛ ու մեր նախատինքը տե՛ս։
2. Մեր ժառանգութիւնը օտարներուն անցաւ, Մեր տուները՝ օտարազգիներուն։
3. Հայր չունեցող որբեր եղանք, Մեր մայրերը որբեւարիներու պէս են։
4. Մեր ջուրը ստակով խմեցինք, Մեր փայտը ծախու կ’առնենք։
5. Լուծը մեր պարանոցին վրայ ըլլալով կը հալածուինք, Կ’աշխատինք ու հանգստութիւն չունինք։
6. Հացով կշտանալու համար Դէպի Եգիպտոս ու Ասորեստան ձեռք երկնցուցինք։
7. Մեր հայրերը մեղք գործեցին եւ չկան Ու անոնց անօրէնութիւններուն պատիժը մենք կը կրենք։
8. Ծառաներ տիրեցին մեր վրայ, Անոնց ձեռքէն մեզ ազատող չկայ։
9. Անապատի սուրին երեսէն Մեր հացը՝ մեր կեանքը վտանգելով ձեռք բերինք.
10. Սովին սաստկութեանը պատճառով Մեր մորթը փուռի պէս տաքցաւ։
11. Կիները Սիօնի մէջ խայտառակուեցան Ու կոյսերը՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ։
14. Բայց առանց քու կամքիդ չուզեցի բան մը ընել, որպէս զի քու բարերարութիւնդ իբր թէ ստիպմամբ եղած չըլլայ, հապա՝ կամաւ։
15. Թերեւս այս պատճառաւ անիկա քիչ մը ատեն զատուեցաւ, որպէս զի զանիկա յաւիտեան ունենաս,
16. Ո՛չ թէ ծառայի մը պէս, հապա ծառայէ վեր, սիրելի եղբօր պէս եւ եթէ ինծի այսպէս սիրելի է, որչա՜փ աւելի պիտի ըլլայ քեզի՝ թէ՛ մարմնի կողմանէ ու թէ՛ Տէրոջը։
17. Ու եթէ զիս քեզի հաղորդակից կը սեպես, ընդունէ զանիկա՝ իմ տեղս։
18. Եւ եթէ քեզի անիրաւութիւն մը ըրած է կամ պարտք մը ունի՝ զայն իմ հաշիւիս անցուր։
19. Ես՝ Պօղոսս՝ իմ ձեռքովս գրեցի։ Ես կը վճարեմ, որ չըսեմ քեզի թէ դուն ալ քու անձդ ինծի պարտական ես։
20. Այո՛, եղբա՛յր, թող քեզմէ ունենամ այս օգուտը Տէրոջմով. հանգչեցուր իմ աղիքս Տէրոջմով։
21. Քու հնազանդութեանդ վստահելով գրեցի քեզի, քանզի գիտեմ որ ըսածէս աւելին պիտի ընես։
22. Ասկէ զատ ինծի բնակարան մըն ալ պատրաստէ, վասն զի կը յուսամ թէ Աստուած ձեր աղօթքներուն պատասխանելով զիս ձեզի պիտի ղրկէ։
23. Բարեւ կ’ընէ քեզի Եպափրասը՝ իմ գերութեան ընկերս Քրիստոս Յիսուսով։
24. Նաեւ Մարկոսը, Արիստարքոսը, Դեմասը, Ղուկասը, իմ գործակիցներս։
25. Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր հոգիին հետ ըլլայ։ Ամէն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981