Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 5Եզեկիել 1:1-281. Երեսուներորդ տարուան չորրորդ ամսուան հինգին, երբ ես գերիներուն հետ Քոբար գետին քովն էի, երկինքը բացուեցաւ ու Աստուծոյ տեսիլքները տեսայ։2. Ամսուան հինգերորդ օրը (Յովաքին թագաւորին գերութեանը հինգերորդ տարին), Քաղդէացիներու երկրին մէջ,3. Քոբար գետին քով, Բուզիի որդիին Եզեկիէլ քահանային յայտնապէս Տէրոջը խօսքը եղաւ եւ հոն, անոր վրայ Տէրոջը ձեռքը եղաւ։4. Տեսայ թէ հիւսիսային կողմէն մրրկալից հով, մեծ ամպ ու բռնկած կրակ կու գար, որուն բոլորտիքը պայծառութիւն կար ու կրակին մէջէն, ոսկեպղնձի նմանութիւն մը կ’երեւնար ։5. Անոր մէջ չորս կենդանիի կերպարանք կար։ Անոնց երեւոյթը այսպէս էր։ Անոնք մարդու կերպարանք ունէին։6. Ամէն մէկը չորս երես եւ չորս թեւ ունէր։7. Անոնց ոտքերը շիտակ ոտքեր էին։ Անոնց ոտքերուն թաթը զուարակի ոտքին թաթին պէս էր ու փայլուն պղնձի պէս կը փայլէին։8. Անոնց չորս կողմերը անոնց թեւերուն տակ մարդու ձեռքեր կային։ Չորսն ալ երեսներ ու թեւեր ունէին։9. Անոնց թեւերը իրարու կցուած էին։ Անոնք երթալու ատեննին չէին դառնար։ Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։10. Անոնց երեսներուն ձեւը այսպէս էր ։ Չորսն ալ մարդու երես ունէին։ Աջ կողմէն առիւծի երես, չորսն ալ ձախ կողմէն եզի երես, չորսն ալ արծիւի երես ունէին։11. Անոնց երեսները այսպէս է ին։ Անոնց թեւերը վերէն կը տարածուէին։ Երկուքը իրարու կցուած էին ու երկուքը անոնց մարմինը կը ծածկէին։12. Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։ Ոգին ուր որ երթալու ըլլար՝ անոնք հոն կ’երթային։ Գացած ատեննին չէին դառնար։13. Եւ կենդանիներուն կերպարանքը, անոնց երեւոյթը, կրակի վառած կայծերու պէս՝ ջահերուն երեւոյթին պէս էր, որ կենդանիներուն մէջտեղը կը պտըտէր։ Այն կրակը լուսափայլ էր ու կրակէն փայլակներ կ’ելլէին։14. Կենդանիները փայլակի երեւոյթով կը վազէին ու կը դառնային։15. Կենդանիներուն նայեցայ եւ ահա գետնին վրայ, կենդանիներուն՝ ամէն մէկուն քով՝ չորս երեսով անիւ մը կար։16. Աիւներուն երեւոյթը ու անոնց շինուածքը ոսկեքարի կը նմանէին։ Չորսին ձեւը նոյնն էր։ Անոնց երեւոյթը ու շինուածքը այնպէս էր, որպէս թէ անիւ անիւի մէջ եղած ըլլար։17. Գացած ատեննին իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային, աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար։18. Անոնց շրջանակները բարձր ու ահեղ էին։ Չորսին ալ շրջանակները ամէն կողմէն աչքերով լեցուն էին։19. Երբ կենդանիները երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային։ Երբ կենդանիները երկրի երեսէն վերնային, անիւներն ալ կը վերնային։20. Ոգին ուր որ երթալու ըլլար, անոնք հոն, ոգիին գացած տեղը կ’երթային։ Անիւներն ալ անոնց հետ մէկտեղ կը վերնային. քանզի անիւներուն մէջ կենդանիներուն ոգին կար։21. Երբ անոնք երթային, ասոնք ալ կ’երթային ու երբ անոնք կենային, ասոնք ալ կը կենային ու երբ անոնք երկրի երեսէն վերնային, անոնք ալ անոնց հետ կը վերնային. քանզի անիւներուն մէջ կենդանիներուն ոգին կար։22. Կենդանիներուն գլխուն վրայ՝ երկնքի հաստատութեանը նմանութիւնը վերէն անոնց գլուխներուն վրայ տարածուած էր լուսափայլ ակնվանիի նման։23. Եւ այն հաստատութեանը տակ՝ անոնց թեւերը իրարու կողմ կը շտկուէին։ Ամէն մէկը մէկ կողմէն իր մարմինը ծածկող երկու թեւ ունէր։ Ամէն մէկը միւս կողմէն իր մարմինը ծածկող երկու թեւ ունէր։24. Ու երբ կ’երթային, անոնց թեւերուն ձայնը լսեցի՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս, Ամենակարողին ձայնին պէս, աղմուկի ձայնի ու բանակի ձայնի պէս։ Երբ կը կենային, իրենց թեւերը կ’իջեցնէին։25. Երբ անոնք կը կենային ու թեւերնին կ’իջեցնէին, անոնց գլխուն վրայի հաստատութենէն ձայն մը կ’ելլէր։26. Եւ անոնց գլխուն վրայի հաստատութենէն վեր, շափիւղայ քարի երեւոյթով աթոռի նմանութիւն մը կար։ Այն աթոռի նմանութեանը վրայ մարդու կերպարանքով նմանութիւն մը կար։27. Անոր մէջքին երեւոյթէն վեր ոսկեպղնձի նման՝ բոլորտիքը ու ներսը կրակի նմանութեան պէս տեսայ ու մէջքին երեւոյթէն վար կրակի նմանութեան պէս տեսայ, որ պայծառութեամբ շրջապատուած էր։28. Ինչպէս է անձրեւոտ օրը ամպի մէջ եղող ծիածանի երեւոյթը, այնպէս էր այն շրջապատուած պայծառութեանը երեւոյթը։ Ասիկա Տէրոջը փառքին նմանութեանը երեւոյթն էր։Եզեկիել 2:1-101. Երբ տեսայ, երեսիս վրայ ինկայ ու ձայն մը լսեցի. Ան ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ոտքերուդ վրայ կայնէ՛, որ քեզի հետ խօսիմ»։2. Երբ ինծի հետ կը խօսէր, Հոգին իմ վրաս եկաւ եւ զիս ոտքերուս վրայ վերցուց ու ինծի հետ խօսողին ձայնը լսեցի,3. Որ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ես քեզ Իսրայէլի որդիներուն, ինծի դէմ ապստամբող ազգին՝ կը ղրկեմ, որոնք՝ թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց հայրերը՝ մինչեւ այսօր ինծի դէմ յանցաւոր գտնուեցան։4. Անոնք պնդերես եւ խստասիրտ որդիներ են։ Ես քեզ անոնց կը ղրկեմ, որ անոնց ըսես. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’։5. Եւ անոնք թէ՛ լսեն եւ թէ՛ զանց ընեն (քանզի անոնք ապստամբներու տուն են), պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կայ։6. «Բայց դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, անոնցմէ մի՛ վախնար եւ անոնց խօսքերէն ալ մի՛ վախնար. թէեւ քու քովդ կամակոր ու ծուռ մարդիկ՝ ՝ կան եւ կարիճներու քով կը բնակիս, անոնց խօսքերէն մի՛ վախնար եւ անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են։7. Անոնց իմ խօսքերս ըսէ՛, լսեն կամ զանց ընեն, քանզի անոնք ապստամբ են։8. «Իսկ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի ըսածս լսէ՛, այն ապստամբ տանը պէս ապստամբ մի՛ ըլլար. բերանդ բաց ու քեզի տուածս կեր»։9. Նայեցայ եւ ահա տեսայ ինծի երկնցած ձեռք մը, որուն մէջ տոմս մը կար։10. Զանիկա իմ առջեւս բացաւ։ Անոր առջեւն ու ետեւը գրուած էր։ Անոր վրայ ‘Ողբեր, հառաչանք ու վա՜յ’ գրուած էին։Սաղմոսներ 119:153-160153. Տե՛ս իմ խեղճութիւնս ու զիս փրկէ՛, Վասն զի քու օրէնքդ չմոռցայ։154. Իմ իրաւունքս պաշտպանէ ու փրկէ՛ զիս, Քու խօսքիդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։155. Փրկութիւնը հեռու է ամբարիշտներէն, Վասն զի քու կանոններդ չփնտռեցին։156. Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ շատ են, Քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։157. Շատ են իմ հալածիչներս ու թշնամիներս. Բայց ես քու վկայութիւններէդ չխոտորեցայ։158. Անօրէնները տեսայ ու զզուեցայ. Վասն զի անոնք քու խօսքդ չէին պահեր։159. Նայէ՛, քու հրամաններդ որքա՜ն կը սիրեմ. Ո՛վ Տէր, քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։160. Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է Ու քու բոլոր արդար դատաստաններդ յաւիտենական են։Առակներ 28:12-1212. Երբ արդարները ուրախանան, մեծ փառք կ’ըլլայ, Բայց երբ ամբարիշտները բարձրանան, մարդ կը փնտռուի։Եբրայեցիներ 1:1-141. Շատ ձեւերով ու շատ կերպերով կանխաւ խօսած է Աստուած հայրերուն հետ՝ մարգարէներով։2. Այս վերջին օրերս իր Որդիովը խօսեցաւ մեզի հետ, որը ամէն բանի ժառանգորդ ըրաւ, որով աշխարհն ալ ստեղծեց։3. Ան իր փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը։ Ան իր զօրութեան խօսքովը ամէն բան կը բռնէ։ Իր անձով մեր մեղքերը սրբեց եւ նստաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծութեան աջ կողմը։4. Այնչափ բարձր եղաւ հրեշտակներէն, որչափ իր ժառանգած անունը բարձր է անոնց անուններէն։5. Վասն զի հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ» եւ դարձեալ՝ «Ես անոր Հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի Որդի պիտի ըլլայ»։6. Եւ դարձեալ՝ երբ անդրանիկը աշխարհ կը մտցնէ՝ կ’ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ անոր երկրպագութիւն թող ընեն»։7. Եւ հրեշտակներուն համար կ’ըսէ. «Որ իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ ու իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց»։8. Սակայն Որդիին համար կ’ըսէ. «Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից է. քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է.9. Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր. անոր համար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ քու ընկերներէդ աւելի»։10. Եւ՝ «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր ու երկինք քու ձեռքերուդ գործն է.11. Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս ու մնաս ու բոլորը լաթի պէս պիտի մաշին12. Ու վերարկուի պէս պիտի գալարես զանոնք եւ պիտի փոխուին, բայց դուն նոյն ինքն ես ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»։13. Եւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. «Իմ աջ կողմս նստէ՛, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան դնեմ»։14. Չէ՞ որ հրեշտակները սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981