Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 6Եզեկիել 3:1-271. Ձայնը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այդ տոմսը կե՛ր ու գնա՛ Իսրայէլի տանը խօսէ՛»։2. Ես իմ բերանս բացի ու այն տոմսը ինծի կերցուց3. Եւ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այս իմ քեզի տուած տոմսս փորդ ու աղիքներդ լեցուր»։ Ես զանիկա կերայ։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր։4. Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, աղէ՜, Իսրայէլի տունը գնա՛ ու իմ խօսքերս անոնց ըսէ՛,5. Վասն զի դուն դժուարիմաց խօսք եւ ծանր լեզու ունեցող ազգի մը չղրկուեցար, հապա Իսրայէլի տանը։6. Դժուարիմաց խօսք ու ծանր լեզու ունեցող շատ ազգերու չէ, որոնց խօսքերը դուն չես հասկնար։ Յիրաւի եթէ քեզ անոնց ղրկէի, անոնք քեզի մտիկ պիտի ընէին։7. Բայց Իսրայէլի տունը քեզի մտիկ ընել պիտի չուզեն, վասն զի չեն ուզեր ինծի մտիկ ընել, որովհետեւ բոլոր Իսրայէլի տունը պնդերես ու խստասիրտ է։8. Ահա անոնց երեսին դէմ քու երեսդ պինդ ու անոնց ճակատին դէմ քու ճակատդ պինդ ըրի։9. Քու ճակատդ վէմէն ամուր՝ ադամանդի պէս ըրի։ Անոնցմէ մի՛ վախնար ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են»։10. Ապա ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, իմ բոլոր խօսքերս որոնք քեզի պիտի յայտնեմ, սրտիդ մէջ ընդունէ՛ ու ականջներովդ լսէ՛11. Եւ գնա՛ գերիներուն մէջ մտիր, քու ժողովուրդիդ որդիներուն մէջ ու անոնց խօսէ՛ եւ անոնց ըսէ՛. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’, մտիկ ընեն կամ զանց ընեն»։12. Այն ատեն Հոգին զիս վերցուց ու ետեւէս մեծ երկրաշարժի ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Տէրոջը փառքը օրհնեալ ըլլայ’։13. Կենդանիներու թեւերուն իրարու զարնուելուն ձայնն ու անոնց քովի անիւններուն ձայնը ու մեծ երկրաշարժի ձայնն էր, որ լսեցի ։14. Հոգին զիս վերցուց տարաւ ու ես իմ հոգիիս տաքութենէն դառնութեամբ գացի ու Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ զօրութեամբ։15. Քոբար գետին քով բնակող Թելապիպի գերիներուն հասայ ու անոնց նստած տեղը նստայ։ Հոն եօթը օր անոնց մէջ ապշած նստայ։16. Եօթը օր ետքը Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.17. «Որդի մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի։ Երբ որ իմ բերնէս խօսք մը լսես զանոնք իմ կողմէ զգուշացուր։18. Երբ ամբարիշտին ըսեմ թէ ‘Անշուշտ պիտի մեռնի՛ս ու դուն զանիկա չզգուշացնես եւ չըսես որ ամբարիշտը ապրելու համար՝ իր չար ճամբայէն զգուշանայ, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։19. Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը զգուշացնես ու անիկա իր ամբարշտութենէն եւ չար ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած կ’ըլլաս։20. Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ եւ չարութիւն ընէ ու ես անոր առջեւ գայթակղութիւն դնեմ, որ անիկա մեռնի, զանիկա չզգուշացնելուդ համար անիկա իր մեղքին մէջ պիտի մեռնի եւ անոր ըրած արդարութիւնը պիտի չյիշուի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։21. Իսկ եթէ դուն այն արդարը զգուշացնես, որպէս զի մեղք չգործէ ու եթէ անիկա մեղք չգործէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի խրատ մտիկ ընելուն համար ու դուն քու հոգիդ ազատած պիտի ըլլաս’»։22. Հոն Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու ինծի ըսաւ. «Ե՛լ, դա՛շտը գնա ու հոն քեզի հետ պիտի խօսիմ»։23. Ես ելայ, դաշտը գացի եւ ահա հոն կայներ էր Տէրոջը փառքը՝ Քոբար գետին քով տեսնուած փառքին պէս ու ես երեսիս վրայ ինկայ։24. Հոգին իմ վրաս եկաւ ու զիս ոտքի կանգնեցուց եւ ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Գնա՛, տունդ պահուըտէ25. Ու դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, ահա քու վրադ կապեր պիտի դնեն, անոնցմով քեզ պիտի կապեն, որպէս զի չկարենաս մարդոց մէջ ելլել։26. Քու լեզուդ քու քիմքիդ պիտի փակցնեմ ու համր պիտի ըլլաս եւ պիտի չկրնաս զանոնք յանդիմանել, վասն զի անոնք ապստմաբներու տուն են։27. Բայց երբ ես քեզի հետ խօսիմ, քու բերանդ պիտի բանամ ու անոնց պիտի ըսես. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’։ Լսողը թող լսէ ու զանց ընողը թող զանց ընէ. վասն զի անոնք ապստամբներու տուն են»։Եզեկիել 4:1-171. «Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի աղիւս մը ա՛ռ ու զանիկա առջեւդ դի՛ր։ Անոր վրայ քաղաք մը, այսինքն Երուսաղէմը, նկարէ՛։2. Անոր բոլորտիքը պաշարում դի՛ր եւ անոր դէմ մարտկոց շինէ՛ ու անոր դէմ պատնէշ կանգնեցո՛ւր եւ անոր դէմ բանակ կազմէ՛ ու անոր բոլորտիքը պատերազմական մեքենաներ՝ ՝ դի՛ր։3. Եւ դուն քեզի երկաթէ տապակ մը ա՛ռ ու զանիկա քու եւ քաղաքին մէջտեղ երկաթէ պարիսպի պէս դի՛ր ու քու երեսդ անոր դէմ շտկէ, որ անիկա պաշարուի ու զանիկա պաշարէ։ Ասիկա Իսրայէլի տանը համար նշան ըլլայ»։4. «Ապա դուն քու ձախ կողմիդ վրայ պառկէ՛ ու անոր վրայ դի՛ր Իսրայէլի տանը անօրէնութիւնը։ Անոր վրայ պառկած օրերուդ թիւովը անոնց անօրէնութիւնը պիտի կրես,5. Քանզի ես անոնց անօրէնութեանը տարիները՝ օրերու թիւով քու վրադ դրի, երեք հարիւր իննիսուն օր, որպէս զի Իսրայէլի տանը անօրէնութիւնը կրես։6. Երբ այն օրերը լմնցնես, պառկիր քու աջ կողմիդ վրայ ու քառասուն օր Յուդայի տանը անօրէնութիւնը կրէ՛։ Ամէն մէկ տարիին տեղ մէկ օր տուի քեզի։7. Քու երեսդ դէպի Երուսաղէմի պաշարումը շտկէ ու քու բազուկդ մերկացո՛ւր ու անոր վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛։8. Ահա քու վրադ կապեր պիտի դնեմ, որպէս զի մէկ կողմէդ միւս կողմը չդառնաս, մինչեւ քու պաշարման օրերդ լմնցնես»։9. Դուն քեզի ցորեն, գարի, բակլայ, ոսպ, կորեկ ու հաճար ա՛ռ։ Զանոնք ամանի մը մէջ դիր ու անոնցմէ քեզի հաց շինէ՛։ Զանիկա, քու ձախ կողմիդ վրայ պառկած օրերուդ համրանքովը՝ երեք հարիւր իննսուն օր ուտես։10. Ուտելու կերակուրդ կշիռքով ըլլայ, օրը քսան սիկղ։ Օրը մէկ անգամ պիտի ուտես։11. Ջուրը չափով, հիմենի մը մէկ վեցերորդ մասը պիտի խմես։ Օրը մէկ անգամ պիտի խմես։12. Քու կերակուրդ գարեղէն շօթերու պէս շինելով պիտի ուտես, զանիկա անոնց աչքին առջեւ մարդու աղբի վրայ եփելով»։13. Տէրը ըսաւ. «Իսրայէլի որդիները այսպէս անմաքրութեամբ պիտի ուտեն իրենց հացը այն ազգերուն մէջ, ուր զանոնք պիտի քշեմ»։14. Ես ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա իմ անձս չեմ պղծած եւ իմ տղայութենէս մինչեւ հիմա մեռած, կամ գազանէ պատառուած կենդանիի միս չեմ կերած ու իմ բերանս պիղծ միս չէ մտած»։15. Ինծի ըսաւ. «Նայէ՛, քեզի մարդու աղբին տեղ կովու քակոր տուի, որ քու հացդ անոր վրայ եփես.։16. Նաեւ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ահա ես Երուսաղէմի մէջ հացին ցուպը պիտի կոտրեմ ու հացը կշիռքով ու անձկութեամբ պիտի ուտեն ու ջուրը չափով եւ ապշութեամբ պիտի խմեն։17. Վասն զի հացի ու ջուրի կարօտութիւն պիտի քաշեն ու իրարու սոսկումով պիտի նային եւ իրենց անօրէնութիւնովը պիտի հալին»։Սաղմոսներ 119:161-168161. Իշխանները զուր տեղ զիս հալածեցին, Բայց իմ սիրտս քու խօսքէդ վախցաւ։162. Ես կը ցնծամ քու խօսքերովդ, Շատ աւար գտնողի պէս։163. Ստութիւնը ատեցի ու անարգեցի, Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։164. Օրը եօթը անգամ կ’օրհնեմ քեզ Քու արդար դատաստաններուդ համար։165. Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ Ու անոնց գայթակղութիւն չկայ։166. Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի Եւ քու պատուիրանքներդ կատարեցի։167. Իմ անձս քու վկայութիւններդ պահեց Ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ։168. Քու հրամաններդ եւ քու վկայութիւններդ պահեցի, Վասն զի իմ բոլոր ճամբաներս քու առջեւդ են։Առակներ 28:13-1313. Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, Բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ։Եբրայեցիներ 2:1-181. Անոր համար պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն, որ չըլլայ թէ պակսինք։2. Վասն զի եթէ այն խօսքը որ հրեշտակներուն ձեռքով ըսուեցաւ, հաստատուն եղաւ եւ ամէն յանցանք ու անհնազանդութիւն արդար հատուցում առին,3. Հապա մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք՝ եթէ անհոգ ըլլանք այնպիսի մեծ փրկութեան մը մասին, որ նախ Տէրոջմէն հռչակուեցաւ ու լսողներուն ձեռքով հաստատուեցաւ.4. Աստուած ալ վկայեց նշաններով ու հրաշքներով եւ զանազան զօրութիւններով ու Սուրբ Հոգիին պարգեւներովը, ինչպէս ինք կամեցաւ։5. Վասն զի ո՛չ թէ հրեշտակներուն հնազանդեցուց այն գալու աշխարհը, որուն վրայով մենք կը խօսինք.6. Հապա մէկը տեղ մը վկայեց ու ըսաւ. «Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես կամ մարդու որդին՝ որ անոր այցելութիւն կ’ընես։7. Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն. փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա եւ քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ կեցուցիր զանիկա,8. Ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուցիր»։ Ուստի ամէնքը անոր հնազանդեցուց, անոր չհնազանդող բան չձգեց. բայց հիմա ամէնքը անոր հնազանդած չենք տեսներ։9. Սակայն Յիսուսը փառքով ու պատուով պսակուած կը տեսնենք՝ որ հրեշտակներէն քիչ մը վար եղած էր մահուան չարչարանքին համար, որպէս զի Աստուծոյ շնորհքովը ամենուն համար մահ ճաշակէ։10. Որովհետեւ կը վայլէ, որ Ան (որուն համար եւ որով եղան բոլոր բաները) շատ որդիներ փառքը մտնելու համար, իրենց փրկութեան առաջնորդը չարչարանքով կատարեալ ընէ։11. Վասն զի ան որ կը սրբէ ու ան որ կը սրբուի, ամէնքն ալ մէկէ են. անոր համար ինք ամօթ չի սեպեր եղբայր կոչել զանոնք՝ ըսելով.12. «Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ, ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ»։13. Եւ դարձեալ՝ «Ես Աստուծոյ պիտի յուսամ» եւ դարձեալ՝ «Ահա ես ու այն զաւակները, որոնք Աստուած ինծի տուաւ»։14. Որովհետեւ զաւակները մարմնին ու արիւնին հաղորդակցեցան, ինքն ալ անոնց բաժնեկից եղաւ, որպէս զի իր մահովը փճացնէ զանիկա որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, այսինքն՝ Սատանան15. Եւ ազատէ զանոնք որ մահուան վախովը միշտ ծառայութեան մէջ կ’ապրէին։16. Քանզի բնաւ հրեշտակներուն չ’օգներ, հապա Աբրահամին սերունդին կ’օգնէ։17. Անոր համար ան պէտք էր բոլորովին եղբայրներուն նմանէր, որպէս զի ինք ողորմած ըլլայ ու հաւատարիմ քահանայապետ՝ Աստուծոյ կողմանէ, ժողովուրդին մեղքերը քաւելու համար։18. Քանզի ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981