Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 8Եզեկիել 7:1-271. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.2. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, մտի՛կ ըրէ. Տէր Եհովան Իսրայէլի երկրին համար այսպէս կ’ըսէ. ‘Վախճանը, երկրին չորս կողմին վրայ վախճանը հասեր է։3. Հիմա քու վրադ վախճանը կու գայ Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի ղրկեմ Եւ քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմ Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։4. Իմ աչքս քեզի պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. Հապա քու ճամբաներդ քու վրադ պիտի դնեմ Եւ քու պղծութիւններդ քու վրադ պիտի ըլլան Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։5. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Չարիք մը, ահա չարիք մը կու գայ։6. Վախճանը կու գայ, վախճանը կու գայ։ Քեզի դէմ արթնցաւ, ահա կու գայ։7. Ո՛վ երկրի բնակիչ, կարգը քեզի կու գայ, Ժամանակը կու գայ, խռովութեան օրը մօտեցաւ Եւ ո՛չ թէ լեռներուն ցնծութիւնը։8. Հիմա մօտերս իմ սրտմտութիւնս քու վրադ պիտի թափեմ Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի բորբոքի Ու քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմ Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։9. Իմ աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. Քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի հատուցում պիտի ընեմ, Քանզի քու պղծութիւններդ քու մէջդ են Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, որ կը զարնեմ»։10. «Ահա օրը, ահա օրը կու գայ։ Կարգը քեզի հասաւ, Գաւազանը ծաղկեցաւ, ամբարտաւանութիւնը ընձիւղեցաւ։11. Բռնութիւնը ելաւ ու ամբարշտութեան գաւազան եղաւ։ Անոնցմէ մարդ պիտի չմնայ. Անոնց բազմութենէն ու ստացուածքէն բան մը պիտի չմնայ, Անոնց մէջ վայելչութիւն պիտի չըլլայ»։12. «Ժամանակը եկաւ, օրը մօտեցաւ. Գնողը թող չուրախանայ ու ծախողը թող չողբայ, Քանզի բոլոր բազմութեանը վրայ բարկութիւնը կու գայ ։13. Վասն զի ծախողը իր ծախածին պիտի չդառնայ, Թէեւ ողջ ըլլան, Վասն զի անոր բոլոր բազմութեանը համար եղած տեսիլքը ետ պիտի չդառնայ, Մարդ իր կեանքին անօրէնութիւնովը պիտի չուժովնայ։14. Փողը հնչեցուցին, ամէն բան պատրաստեցին, Բայց պատերազմի գացող չկայ. Վասն զի իմ բարկութիւնս անոր բոլոր բազմութեանը վրայ է»։15. Դուրսէն սուր ու ներսէն ժանտախտ ու սով պիտի ըլլայ։ Դաշտը եղողը սուրով պիտի մեռնի, Սովն ու ժանտախտը պիտի ուտեն քաղաքին մէջ եղողները։16. Անոնցմէ ողջ մնացողները Լեռները պիտի ապաստանին ու աղաւնիներու պէս պիտի ըլլան։ Ամէնքը պիտի հեծեն, ամէն մէկը իր անօրէնութեանը համար։17. Բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան Ու ծունկերը ջուրի պէս պիտի հալին։18. Անոնք քուրձեր պիտի հագնին Ու սոսկումը պիտի ծածկէ զանոնք։ Ամէն երեսի վրայ ամօթ, Ամէն գլխու վրայ կնտութիւն պիտի ըլլայ։19. Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն, Անոնց ոսկին անարգ բան մը պիտի սեպուի։ Անոնց արծաթն ու ոսկին Տէրոջը բարկութեան օրը Կարող պիտի չըլլան զիրենք ազատել. Անով պիտի չկրնան իրենց անձը կշտացնել, Ո՛չ ալ իրենց փորը լեցնել։ Վասն զի անիկա իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը եղաւ։20. Իրենց զարդերուն փառքը հպարտութեան դարձուցին Եւ անով իրենց գարշութիւններ, իրենց պղծութիւններուն պատկերներ շինեցին։ Այս պատճառով զանոնք անարգանքի պիտի մատնեմ։21. Զանիկա օտարներուն ձեռքը պիտի տամ, որպէս զի յափշտակեն, Երկրի ամբարիշտներուն՝ որպէս զի զանիկա կողոպտեն Ու զանիկա պիտի պղծեն։22. Իմ երեսս անոնցմէ պիտի դարձնեմ, Իմ գաղտնի տեղս պիտի պղծեն, Հոն յափշտակողներ պիտի մտնեն, Զանիկա պիտի պղծեն։23. «Շղթայ մը շինէ, Վասն զի երկիրը արիւնոտ ոճիրներով լեցուեցաւ Ու քաղաքը բռնութիւնով լեցուեցաւ։24. Ազգերուն խիստ չարերը պիտի բերեմ, Որ անոնց տուները ժառանգեն։ Եւ ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ Ու անոնց սուրբ տեղերը պիտի պղծուին։25. Կործանումը կու գայ։ Խաղաղութիւն պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնուի։26. Պատուհասի վրայ պատուհաս պիտի գայ, Գուժի վրայ գոյժ պիտի ըլլայ. Մարգարէէն տեսիլք պիտի ուզեն, Քահանայէն՝ օրէնքը ու ծերերէն խորհուրդը պիտի կորսուի։27. Թագաւորը սուգ պիտի բռնէ, Իշխանը սոսկում պիտի հագնի, Երկրին ժողովուրդին ձեռքերը վախով պիտի թուլնան. Անոնց ճամբաներուն համաձայն անոնց հատուցում պիտի ընեմ Եւ անոնց դատաստաններուն համաձայն զանոնք պիտի դատեմ Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։Եզեկիել 8:1-181. Վեցերորդ տարուան, վեցերորդ ամսուան հինգերորդ օրը, ես իմ տանս մէջ կը նստէի եւ Յուդայի ծերերը իմ առջեւս կը նստէին ու հոն Տէր Եհովային ձեռքը իմ վրաս ինկաւ։2. Նայեցայ ու ահա մարդու կերպարանք մը կար կրակի երեւոյթով։ Անոր մէջքէն վար կրակ էր ու անոր մէջքէն վեր ոսկեպղինձի նման փայլուն երեւոյթ մը կար։3. Անիկա ձեռքի նմանութիւն մը երկնցուց ու իմ գլխուս մազերէն բռնեց ու Հոգին զիս երկրի ու երկնքի մէջտեղ վերցուց եւ զիս Աստուծոյ տեսիլքով Երուսաղէմ, դէպի հիւսիս նայող ներքին դրանը մուտքը տարաւ, ուր նախանձի կուռքը կը կենար։4. Ահա հոն, դաշտին մէջ տեսած տեսիլքիս պէս Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը հո՛ն էր։5. Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, հիմա քու աչքերդ դէպի հիւսիս վերցուր»։ Երբ աչքերս դէպի հիւսիս վերցուցի, ահա սեղանին դրանը մուտքին հիւսիսային կողմը այս Նախանձի կուռքը տեսայ։6. Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս այն մեծ պղծութիւնները, որոնք Իսրայէլի տունը հոս կ’ընէ, որպէս զի ես իմ սրբարանէս հեռանամ։ Բայց նորէն դարձիր ու աւելի մեծ պղծութիւններ պիտի տեսնես»։7. Զիս գաւիթին դուռը տարաւ ու տեսայ որ պատին վրայ ծակ մը կար։8. Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, հիմա այս պատը փորէ՛»։ Երբ պատը փորեցի, դուռ մը տեսայ։9. Ինծի ըսաւ. «Մտի՛ր ու տե՛ս այն չար պղծութիւնները, որոնք անոնք հոս կ’ընեն»։10. Ես մտայ ու տեսայ ամէն տեսակ սողուններու ու գարշելի անասուններու պատկերներ եւ Իսրայէլի տանը բոլոր կուռքերը պատին վրայ շուրջանակի փորուած էին։11. Անոնց առջեւ կայնած էին Իսրայէլի տանը ծերերէն եօթանասուն մարդ։ Եւ Սափանի որդին Յեզոնիան ալ անոնց մէջ կայնած էր։ Ամէն մէկը ձեռքը բուրվառ մը ունէր ու խունկին ծուխը ամպի պէս վեր կ’ելլէր։12. Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս թէ ինչէ՜ր կ’ընեն Իսրայէլի տանը ծերերը մութ տեղը, ամէն մարդ իր ծածուկ պատկերատանը մէջ. վասն զի անոնք կ’ըսեն թէ՝ ‘Տէրը մեզ չի տեսներ, Տէրը երկիրը թողուց’»։13. Ինծի ըսաւ. «Նորէն դարձիր եւ անոնց ըրած աւելի մեծ պղծութիւնները պիտի տեսնես»։14. Զիս Տէրոջը տանը դէպի հիւսիս նայող դրանը մուտքը տարաւ, ուր Թամուզի համար լացող կիներ կը նստէին։15. Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս. նորէն դարձիր ու ասոնցմէ աւելի մեծ պղծութիւններ պիտի տեսնես»։16. Զիս Տէրոջը տանը ներքին գաւիթը տարաւ։ Տէրոջը տաճարին դուռը, սրահին ու սեղանին մէջտեղ, քսանըհինգ մարդ կար։ Անոնք կռնակնին Տէրոջը տաճարին դարձուցեր էին ու երեսնին դէպի արեւելք ու արեւուն երկրպագութիւն կ’ընէին։17. Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, տեսա՞ր. միթէ Յուդայի տանը պզտի՞կ բան կ’երեւնայ իրենց հոս ըրած պղծութիւնները, որ երկիրն ալ բռնութիւնով լեցուցին ու զիս բարկացնել ջանացին։ Ահա ճիւղը իրենց քթին կ’երկնցնեն։18. Ու ես ալ սրտմտութեամբ պիտի վարուիմ անոնց հետ ։ Աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ։ Անոնք իմ ականջներուս մեծ ձայնով պիտի կանչեն, սակայն անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։Սաղմոսներ 120:1-71. Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը աղաղակեցի Ու անիկա ինծի պատասխան տուաւ։2. Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս սուտ շրթունքներէն Ու նենգաւոր լեզուէն։3. Ո՛վ նենգաւոր լեզու, քեզի ի՞նչ պիտի տրուի Եւ քեզի ի՞նչ պիտի աւելցուի՝ ՝.4. Զօրաւոր մարդուն սուր նետերը Ու գիհիին կայծերը։5. Վա՜յ ինծի, որ Մոսոքի մէջ պանդուխտ եղայ Եւ Կեդարի վրաններուն քովերը բնակեցայ։6. Շատ ժամանակ իմ անձս բնակեցաւ Խաղաղութիւնը ատողներուն հետ։7. Ես խաղաղասէր էի. Բայց երբ կը խօսէի, անոնք կռիւ կ’ընէին ։Առակներ 28:15-1515. Աղքատ ժողովուրդի վրայ իշխող ամբարիշտը Մռնչողը առիւծի ու անյագ արջի կը նմանի ։Եբրայեցիներ 4:1-161. Ուրեմն վախնանք, որ չըլլայ թէ անոր հանգիստը մտնելու խոստումէն, որ մեզի մնացեր է, ձեզմէ մէկը զրկուի։2. Վասն զի մենք ալ անոնց պէս աւետիս առած ենք. բայց անոնց շահ մը չըրաւ այն խօսքը լսելը, քանզի հաւատքով ընդունուած չէր լսողներէն։3. Իսկ մենք որ հաւատացինք, հանգիստը պիտի մտնենք. ինչպէս ըսաւ. «Ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ Իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ Թէեւ իր գործերը աշխարհի սկիզբէն լրացած էին։4. Վասն զի գիրքը այսպէս կ’ըսէ տեղ մը եօթներորդ օրուան համար. «Աստուած եօթներորդ օրը հանգչեցաւ իր բոլոր գործերէն»։5. Ու հոս նորէն կ’ըսէ. «Իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։6. Ուստի ոմանք հոն պիտի մտնեն։ Բայց անոնք որ նախապէս աւետիսը առած էին, անհաւատութեան համար չմտան։7. Նորէն օր մը կը սահմանէ ու կ’ըսէ. «Այսօր»ը Դաւիթին բերնով այնքան ժամանկէ յետոյ, ինչպէս ըսուեցաւ. «Այսօր, եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք, ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք»։8. Վասն զի եթէ Յեսու հանգչեցուցած ըլլար զանոնք, ա՛լ անկէ ետքը ուրիշ օրուան համար չէր ըսուեր։9. Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ։10. Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն։11. Ուրեմն ջանանք այն հանգիստը մտնել, որ չըլլայ թէ մէկը նոյն անհաւատութեան մէջ իյնայ։12. Վանս զի Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները։13. Չկայ արարած մը որ անոր դէմ չերեւնայ, հապա ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը։14. Արդ՝ մենք որ մեծ Քահանայապետ մը ունինք երկինքը գացած, Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ ամուր բռնենք մեր դաւանութիւնը։15. Քանզի ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի։16. Ուստի ա՛լ համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին, որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981