Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 9Եզեկիել 9:1-111. Ապա մեծ ձայնով կանչեց իմ ականջներուս ու ըսաւ. «Քաղաքին վրայ դահիճները մօտեցուցէ՛ք ու ամէն մէկը իր քանդող գործիքը իր ձեռքը թող առնէ։2. Ահա դէպի հիւսիս նայող վերի դրանը ճամբայէն վեց մարդ կու գար։ Ամէն մէկուն քանդող գործիքը իր ձեռքն էր։ Անոնց մէջ կտաւէ զգեստ հագած մարդ մը կար, որ մէջքը գրագիրի կաղամար ունէր։ Անոնք գացին պղնձէ սեղանին քով կայնեցան։3. Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը, որ քերովբէներուն վրայ էր, անոնց վրայէն տանը սեմը իջաւ եւ կանչեց կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը։4. Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Երուսաղէմ քաղաքին մէջէն անցիր ու անոր մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոցը ճակատներուն վրայ նշան դիր»։5. Իսկ միւսներուն ըսաւ. «Անոր ետեւէն քաղաքէն անցէք ու զարկէք. աչքերնիդ թող չխնայէ ու մի՛ ողորմիք.6. Ծերը, երիտասարդն ու կոյսը, պզտիկ տղաքն ու կիները սպաննեցէ՛ք ու կորսնցուցէ՛ք, բայց վրան նշան ունեցող մարդուն ամենեւին մի՛ մօտենաք։ Իմ սրբարանէս սկսեցէ՛ք»։ Ուստի տանը առջեւ եղող ծեր մարդոցմէն սկսան7. Եւ անոնց ըսաւ. «Տունը ապականեցէ՛ք ու գաւիթները մեռելներով լեցուցէ՛ք ու ելէ՛ք»։ Անոնք ելան ու քաղաքին մէջ շատեր զարկին։8. Երբ զանոնք զարկին ու ես մնացի, այն ատեն երեսիս վրայ ինկայ եւ աղաղակելով՝ ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, դուն Երուսաղէմի վրայ քու բարկութիւնդ թափելով՝ Իսրայէլի բոլոր մնացորդը բնաջի՞նջ պիտի ընես»։9. Ինծի ըսաւ. «Իսրայէլի եւ Յուդայի տանը անօրէնութիւնը խիստ շատ մեծ է ու երկիրը արիւնով լեցուեցաւ եւ քաղաքը անիրաւութիւնով լեցուեցաւ. վասն զի ըսին. ‘Տէրը երկիրը թողուց ու մեզ չի տեսներ’։10. Ուստի իմ աչքս ա՛լ պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. իրենց հատուցումը իրենց գլուխը պիտի բերեմ»։11. Ահա կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը կաղամար ունեցող մարդը լուր բերաւ ու ըսաւ. «Ինծի հրամայածիդ պէս ըրի»։Եզեկիել 10:1-221. Տեսայ թէ քերովբէներուն գլխուն վերեւ՝ երկնքի հաստատութեան մէջ շափիւղայ քարէ շինուած գահի նմանող բան մը կ’երեւնար։2. Կտաւէ զգեստ հագած մարդուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քրովբէներուն տակ եղող անիւներուն մէջտեղ մտի՛ր եւ ձեռքերդ քերովբէներուն մէջտեղ եղող կրակի կայծերով լեցո՛ւր ու քաղաքին վրայ ցանէ՛»։ Անիկա իմ աչքերուս առջեւ՝ մտաւ։3. Երբ այն մարդը մտաւ, քերովբէները տանը աջ կողմը կեցեր էին եւ ամպը ներքին գաւիթը լեցուցեր էր։4. Տէրոջը փառքը քերովբէներուն վրայէն տանը սեմը իջաւ եւ տունը՝ ամպով ու գաւիթը Տէրոջը փառքին պայծառութիւնովը լեցուեցաւ։5. Քերովբէներուն թեւերուն ձայնը մինչեւ արտաքին գաւիթը կը լսուէր՝ Ամենակարող Աստուծոյ ձայնին պէս՝ երբ կը խօսի։6. Երբ կտաւէ զգեստ հագած մարդուն հրամայեց ու ըսաւ թէ ‘Քերովբէներուն մէջտեղ եղող անիւներուն մէջէն կրակ առ’, անիկա գնաց անիւներուն քով կայնեցաւ։7. Քերովբէներէն մէկը իր ձեռքը քերովբէներուն մէջտեղ եղող կրակին երկնցուց ու առաւ եւ կտաւէ զգեստ հագնողին ձեռքը տուաւ։8. Անիկա ալ առաւ ու ելաւ (Ու քերովբէներուն թեւերուն տակ մարդու ձեռքի նման բան մը կ’երեւնար)։9. Եւ տեսայ թէ քերովբէներուն քով չորս անիւ կար, ամէն մէկ քերովբէին քով մէկ անիւ։ Անիւները ոսկեքարի կը նմանէին։10. Անոնց չորսին երեւոյթն ալ նոյնն էին, որպէս թէ անիւ անիւի մէջ անցած ըլլար։11. Գացած ատեննին իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային, աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար, վասն զի ո՛ր կողմը որ գլուխը կը նայէր, անոր ետեւէն կ’երթային։ Գացած ատեննին չէին դառնար։12. Անոնց մարմինը, կռնակներն ու ձեռքերն ու թեւերը եւ անիւները, այսինքն այն չորսին անիւները, ամէն կողմէ աչքերով լեցուն էին։13. Անիւներուն համար լսեցի որ անոնց անուն դրուեցաւ « Մրրիկ»14. Եւ ամէն մէկը չորս երես ունէր։ Առաջին երեսը քերովբէի երես էր, երկրորդը՝ մարդու երես էր, երրորդը՝ առիւծի երես էր, չորրորդը՝ արծիւի երես էր։15. Ու քերովբէները բարձրացան։ Քոբար գետին քով տեսնուած կենդանիները ասոնք էին16. Ու երբ քերովբէները կ’երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային ու երբ քերովբէները երկրէն բարձրանալու համար թեւերնին կը վերցնէին, անիւներն ալ անոնց քովէն չէին զատուիր։17. Երբ անոնք կայնէին, ասոնք ալ կը կայնէին, երբ անոնք բարձրանային, ասոնք ալ կը բարձրանային անոնց հետ. վասն զի անոնց մէջ կենդանիներուն ոգին կար։18. Տէրոջը փառքը տանը սեմին վրայէն ելաւ ու քերովբէներուն վրայ կայնեցաւ։19. Իմ աչքերուս առջեւ քերովբէները ելլելով՝ թեւերնին վերցուցին ու երկրէն բարձրացան. անիւներն ալ անոնց հետ ու Տէրոջը տանը արեւելեան դրանը մուտքը կայնեցան ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը անոնց վրայ էր։20. Քոբար գետին քով Իսրայէլի Աստուծոյն տակ տեսնուած կենդանիները ասոնք էին ու գիտցայ թէ անոնք քերովբէներ են։21. Ամէն մէկը չորս երես ու ամէն մէկը չորս թեւ ունէր եւ անոնց թեւերուն տակ մարդու ձեռքերու նմանութիւնը կար։22. Ու անոնց երեսներուն երեւոյթը այն երեսներուն կը նմանէր, որոնք Քոբար գետին քով տեսայ, թէ՛ անոնց կերպարանքը եւ թէ՛ իրենք։ Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։Սաղմոսներ 121:1-81. Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ։2. Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է, Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց։3. Անիկա քու ոտքդ պիտի չդողացնէ Ու քու Պահապանդ պիտի չքնանայ։4. Ահա Իսրայէլի Պահապանը Պիտի չմրափէ ու պիտի չքնանայ։5. Տէրը քու պահապանդ է. Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է։6. Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ, Ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը։7. Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ, Քու անձդ պիտի պահպանէ։8. Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։Առակներ 28:16-1616. Խոհեմութիւն չունեցող իշխանը շատ զրկանքներ կ’ընէ, Բայց ագահութենէ զզուողը իր կեանքը կ’աւելցնէ։Եբրայեցիներ 5:1-141. Վասն զի ամէն քահանայապետ մարդոց մէջէն առնուած՝ մարդոց համար կը կենայ Աստուծմէ կանչուած, որպէս զի պատարագներ ու զոհեր մատուցանէ մեղքերու համար2. Եւ կրնայ կարեկցիլ անոնց՝ որ տգէտ ու մոլորեալ են, վասն զի ինք ալ տկարութիւնով պաշարուած է3. Եւ այս պատճառով պարտաւոր է ինչպէս ժողովուրդին համար՝ նոյնպէս իր անձին համար ալ մեղքի պատարագ մատուցանել։4. Մէկը ինքնիրմէ այս պատիւը չառներ, հապա ան՝ որ Աստուծմէ կանչուած է, ինչպէս Ահարոն։5. Նոյնպէս ալ Քրիստոս ո՛չ թէ իր անձը մեծարեց քահանայապետ ըլլալու, հապա անիկա՝ որ ըսաւ իրեն. «Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ».6. Ինչպէս ուրիշ տեղ մըն ալ կ’ըսէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։7. Որ իր մարմնին օրերը սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով՝ ՝8. Թէպէտ ինք Որդի է, բայց իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ։9. Երբ կատարեալ եղաւ, բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ10. Ու Աստուծմէ կոչուեցաւ Քահանայապետ Մելքիսեդեկի կարգին պէս։11. Որուն վրայով շատ ըսելիք ունինք, որ դժուար է մեկնել, վասն զի ձեր լսելիքները բթացած են.12. Վասն զի թէպէտ պէտք էր որ մինչեւ հիմա ուսուցիչ ըլլայիք ու ժամանակին նայելով սորվեցնէիք, բայց դուք ալ պէտք է սորվիք թէ՝ որո՞նք են Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքները։ Դուք կաթի կը կարօտիք, ո՛չ թէ հաստատուն կերակուրի։13. Քանզի այն որ կաթնկեր է՝ արդարութեան խօսքին անհմուտ է, որովհետեւ տղայ է։14. Բայց հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981