Աստվածաշունչը մեկ տարում
Դեկտեմբեր 1

1. Բաղտասար թագաւորը իր մեծամեծներէն հազար հոգիի մեծ կոչունք տուաւ ու հազարին առջեւ գինի խմեց։
2. Երբ Բաղտասար գինիէն զուարթացաւ, հրամայեց որ իր հօրը Նաբուգոդոնոսորին Երուսաղէմի տաճարէն հանած ոսկիէ ու արծաթէ անօթները բերեն, որպէս զի թագաւորն ու իր մեծամեծները, իր կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեն։
3. Ուստի Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը տաճարէն հանուած ոսկի անօթները բերին եւ թագաւորն ու իր մեծամեծները, իր կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեցին։
4. Անոնք գինի խմեցին ու ոսկիէ, արծաթէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ աստուածները գովեցին։
5. Նոյն ժամուն մարդու ձեռքի մատեր ելան ու աշտանակին դէմ, թագաւորական պալատին պատին ծեփին վրայ գրեցին եւ թագաւորը այն գրող ձեռքին թաթը տեսաւ։
6. Այն ատեն թագաւորին գոյնը փոխուեցաւ ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին, այնպէս որ մէջքին յօդուածները կը քակուէին ու ծունկերը իրարու կը զարնուէին։
7. Թագաւորը բարձրաձայն աղաղակեց որ հմայողները, Քաղդեանները ու բաղդ նայողները գան։ Թագաւորը Բաբելոնի իմաստուններուն ըսաւ. «Ո՛վ որ այս գիրը կարդայ ու մեկնութիւնը ինծի իմացնէ, ծիրանի պիտի հագնի ու անոր պարանոցը ոսկի մանեակ պիտի դրուի եւ թագաւորութեան երրորդ իշխանը պիտի ըլլայ»։
8. Ուստի թագաւորին բոլոր իմաստունները եկան, բայց չկրցան կարդալ ու անոր մեկնութիւնը թագաւորին իմացնել։
9. Այն ատեն Բաղտասար թագաւորը սաստիկ խռովեցաւ ու երեսին գոյնը փոխուեցաւ։ Անոր մեծամեծներն ալ սարսափեցան։
10. Թագուհին թագաւորին ու անոր մեծամեծներուն խօսքերը իմանալով՝ կոչունքին պալատը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. քու խորհուրդներդ քեզ չխռովեցնեն ու երեսիդ գոյնը թող չփոխուի.
11. Քու թագաւորութեանդ մէջ մարդ մը կայ, որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Քու հօրդ օրերը անոր վրայ լոյս, հանճար ու աստուածներուն իմաստութեանը պէս իմաստութիւն տեսնուեցաւ եւ քու հայրդ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զանիկա մոգերուն, հմայողներուն, Քաղդեաններուն ու բաղդ նայողներուն վրայ իշխան դրաւ։
12. Քանզի այն մարդուն քով, այսինքն Դանիէլին, որուն անունը թագաւորը Բաղտասասար դրաւ, գերազանց հոգի, գիտութիւն ու հանճար կայ երազները մեկնելու, առեղծուածները յայտնելու ու դժուարին խնդիրները լուծելու։ Դանիէլը թող կանչուի ու անիկա մեկնութիւնը պիտի իմացնէ»։
13. Այն ատեն Դանիէլը թագաւորին առջեւ տարուեցաւ։ Թագաւորը խօսեցաւ ու Դանիէլին ըսաւ. «Իմ թագաւոր հօրս Հրէաստանէն բերած Հրէաստանի գերիներէն եղող Դանիէլը դո՞ւն ես,
14. Վասն զի քեզի համար լսեցի թէ քու ներսդ աստուածներու հոգի կայ եւ քու քովդ լոյս, հանճար ու գերազանց իմաստութիւն կը գտնուի։
15. Հիմա իմ առջեւս իմաստուններ ու հմայողներ բերուեցան, որպէս զի այս գրուածը կարդան ու զայն մեկնեն, բայց անոնք չկրցան այս խօսքը մեկնել։
16. Ես քեզի համար լսեցի թէ մեկնելու եւ դժուարին խնդիրներ լուծելու կարող ես։ Եթէ դուն այդ գրուածը կարենաս կարդալ եւ զայն մեկնել, ծիրանի պիտի հագնիս եւ քու պարանոցդ ոսկի մանեակ պիտի դրուի ու թագաւորութեան երրորդ իշխանը պիտի ըլլաս»։
17. Այն ատեն Դանիէլ պատասխան տուաւ ու թագաւորին ըսաւ. «Քու պարգեւներդ քեզի ըլլան ու նուէրներդ ուրիշին տուր. բայց ես այն գրուածը թագաւորին պիտի կարդամ ու մեկնեմ զայն։
18. Ո՛վ թագաւոր, Բարձրեալն Աստուած քու հօրդ Նաբուգոդոնոսորին թագաւորութիւն ու մեծութիւն եւ պատիւ ու փառք տուաւ.
19. Անոր տուած մեծութենէն բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր երեսէն կը դողային ու կը վախնային։ Անիկա ուզածը կը մեռցնէր եւ ուզածը ողջ կը թողուր։ Անիկա ուզածը կը բարձրացնէր եւ ուզածը կը ցածցնէր։
20. Բայց, երբ անոր սիրտը հպարտացաւ ու անոր հոգին ամբարտաւանութեամբ լեցուեցաւ, իր թագաւորութեան աթոռէն ինկաւ ու պատիւը անկէ առնուեցաւ։
21. Անիկա մարդոց որդիներուն մէջէն վռնտուեցաւ ու անոր սիրտը անասուններու պէս եղաւ եւ անոր բնակութիւնը վայրենի էշերու հետ եղաւ։ Արջառներու պէս խոտ կը կերցնէին անոր ու անոր մարմինը երկնքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչեւ որ գիտցաւ թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալն Աստուած կը տիրէ ու իր ուզած մարդը անոր վրայ կը դնէ։
22. Ու դո՛ւն, ո՛վ Բաղտասար, անոր որդին, քու սիրտդ չխոնարհեցուցիր, թէեւ այս բոլորը գիտէիր,
23. Այլ երկնքի Տէրոջը դէմ քեզ բարձրացուցիր ու անոր տանը անօթները քու առջեւդ բերին եւ դուն ու քու մեծամեծներդ, քու կիներդ ու հարճերդ անոնցմով գինի խմեցիք։ Դուն արծաթէ, ոսկիէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ շինուած աստուածները գովեցիր, որոնք ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ ալ բան մը գիտեն։ Բայց այն Աստուածը որուն ձեռքն է շունչդ եւ որունն են քու բոլոր ճամբաներդ, չփառաւորեցիր.
24. Անոր համար այն ձեռքի թաթը անոր կողմէ ղրկուեցաւ, որ այս գրուածքը գրեց։
25. Այսպէս գրուած է. ‘ ՄԱՆԷ, ՄԱՆԷ, ԹԵԿԷՂ ՈՒ ՓԱՐՍԻՆ’
26. Այս խօսքին մեկնութիւնն այս է. ‘Մանէ, Աստուած քու թագաւորութիւնդ համրեց ու զանիկա վերջացուց։
27. Թեկէղ, կշիռքով կշռուեցար եւ պակաս գտնուեցար։
28. Փարսին, քու թագաւորութիւնդ բաժնուեցաւ եւ Մարերու ու Պարսիկներու տրուեցաւ’»։
29. Այն ատեն Բաղտասար հրամայեց ու Դանիէլին ծիրանի հագցուցին ու պարանոցը ոսկի մանեակ դրին եւ անոր համար մունետիկ կանչել տուին՝ թէ ‘Թագաւորութեանը երրորդ իշխանը եղաւ’։
30. Նոյն գիշերը Քաղդէացիներու Բաղտասար թագաւորը սպաննուեցաւ։ Մարերու Դարեհ թագաւորը առաւ թագաւորութիւնը, երբ հազիւ վաթսունըերկու տարեկան էր։
1. Դարեհի առջեւ հաճոյ երեւցաւ, որ թագաւորութեանը վրայ հարիւր քսան կուսակալներ դնէ, որոնք բոլոր թագաւորութեանը մէջ ըլլան։
2. Անոնց վրայ երեք հրամանատար կարգեց, որոնցմէ մէկը Դանիէլն էր. որպէս զի կուսակալները ասոնց հաշիւ տան, որպէս զի թագաւորը չվնասուի։
3. Եւ Դանիէլ միւս հրամանատարներէն եւ կուսակալներէն նախապատիւ էր, վասն զի անոր վրայ գերազանց հոգի կար ու թագաւորը կը մտածէր զանիկա բոլոր թագաւորութեանը վրայ դնել։
4. Հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորութեանը գործերուն մէջ Դանիէլին դէմ գանգատելու պատճառ մը գտնել կը ջանային, բայց անոնք բնաւ պատճառ մը կամ չարութիւն մը չկրցան գտնել, վասն զի անիկա հաւատարիմ էր ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։
5. Ուստի այս մարդիկը ըսին. «Մենք այս Դանիէլին դէմ ամենեւին գանգատելու պատճառ մը պիտի չգտնենք, մինչեւ որ անոր Աստուծոյն օրէնքին կապուած բան մը գտնենք»։
6. Այն ատեն հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորին քով հաւաքուեցան ու անոր այսպէս ըսին.
7. «Ո՛վ Դարեհ թագաւոր, յաւիտեան ողջ կեցի՛ր։ Թագաւորութեան բոլոր հրամանատարները, նախարարները, կուսակալները, խորհրդականներն ու կառավարիչները խորհուրդ ըրին, որ թագաւորական հրամանով մը օրէնք մը հաստատուի։ ‘Ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի’։
8. Հիմա, ո՛վ թագաւոր, այս օրէնքը հաստատէ ու հրովարտակը ստորագրէ, որպէս զի Մարերու եւ Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ չփոխուի»։
9. Ուստի Դարեհ թագաւորը հրովարտակն ու արգելիչ օրէնքը ստորագրեց։
10. Երբ Դանիէլ իմացաւ թէ հրովարտակը ստորագրուեցաւ, իր տունը գնաց։ Իր սենեակին պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բաց էին։ Օրը երեք անգամ ծունկի վրայ գալով կ’աղօթէր ու իր Աստուծոյն գոհութիւն կը մատուցանէր իր նախկին սովորութեանը պէս։
11. Ուստի այս մարդիկը հաւաքուեցան ու Դանիէլը գտան, որ իր Աստուծոյն առջեւ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէր։
12. Այն ատեն մօտեցան ու թագաւորին առջեւ թագաւորին արգելիչ օրէնքին համար ըսին. «Դուն արգելիչ օրէնք մը չստորագրեցի՞ր, թէ ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այդ խօսքը ճշարիտ է՝ Մարերու ու Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ»։
13. Այն ատեն անոնք թագաւորին ըսին. «Հրէաստանի գերութեան որդիներէն Դանիէլը քեզ եւ քու ստորագրած արգելիչ օրէնքդ բանի տեղ չի դներ, ո՛վ թագաւոր ու օրը երեք անգամ իր խնդրանքը կը մատուցանէ իր Աստուծոյն»։
14. Այն ատեն թագաւորը այս խօսքերը լսածին պէս՝ շատ տրտմեցաւ ու մտածեց Դանիէլը ազատել ու մինչեւ արեւուն մտնելը ջանաց զանիկա ապրեցնել,
15. Բայց այն մարդիկը թագաւորին քով եկան ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, գիտցիր թէ Մարերու ու Պարսիկներու օրէնքը այս է, որ թագաւորին հաստատած ոեւէ արգելիչ օրէնք ու հրաման չի փոխուիր»։
16. Այն ատեն թագաւորը հրամայեց, որ Դանիէլը բերեն եւ զանիկա առիւծներուն գուբը նետեն։ Թագաւորը Դանիէլին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, անիկա քեզ պիտի ազատէ»։
17. Ու քար մը բերին ու գուբին բերանը դրին։ Թագաւորը զանիկա իր կնիքովը ու իր մեծամեծներուն կնիքովը կնքեց, որպէս զի Դանիէլին վիճակը չփոխուի։
18. Ետքը թագաւորը իր տունը գնաց ու գիշերը անօթի անցուց։ Իր առջեւ նուագարաններ բերել չտուաւ ու քունը փախաւ։
19. Թագաւորը արշալոյսին կանուխ ելաւ ու արտորնօք առիւծներուն գուբը գնաց։
20. Երբ գուբին մօտեցաւ, տրտում ձայնով մը Դանիէլին պոռաց, եւ թագաւորը Դանիէլին ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, կենդանի Աստուծոյ ծառան, քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, կարող եղա՞ւ քեզ առիւծներէն ազատել»։
21. Այն ատեն Դանիէլ թագաւորին պատասխանեց. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր.
22. Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց ու ինծի չվնասեցին. վասն զի անոր առջեւ անմեղ գտնուեցայ եւ քու առջեւդ ալ, ո՛վ թագաւոր, յանցանք մը գործած չեմ»։
23. Այն ատեն թագաւորը շատ ուրախացաւ ու հրամայեց որ Դանիէլը գուբէն հանեն։ Դանիէլը գուբէն հանեցին ու անոր վրայ ոեւէ վնաս չտեսնուեցաւ, վասն զի իր Աստուծոյն հաւատաց։
24. Թագաւորը հրամայեց ու Դանիէլին վրայ չարախօսութիւն ընող մարդիկը բերին եւ զանոնք ու անոնց տղաքները ու կիները առիւծներուն գուբը նետեցին։ Անոնք դեռ գուբին յատակը չհասած՝ առիւծները անոնց վրայ յարձակեցան ու անոնց բոլոր ոսկորները փշրեցին։
25. Այն ատեն Դարեհ թագաւորը բոլոր երկրի ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն այսպէս գրեց. «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ.
26. Ինծմէ հրաման ելաւ, որ իմ թագաւորութեանս բոլոր իշխանութեանը մէջ՝ Դանիէլին Աստուծոյն երեսէն դողան ու վախնան, վասն զի անիկա կենդանի Աստուած է ու յաւիտեան կը կենայ եւ անոր թագաւորութիւնը չաւրուիր ու անոր իշխանութիւնը մինչեւ վերջը կը մնայ ։
27. Անիկա կ’ազատէ ու կը փրկէ եւ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ ու հրաշքներ կ’ընէ եւ Դանիէլը առիւծներուն բերնէն ազատեց»։
28. Այսպէս Դանիէլ Դարեհի թագաւորութեանը ու Պարսիկ Կիւրոսի թագաւորութեանը ատեն յաջողութիւն գտաւ։
10. Եգիպտացիներու անդրանիկները՝ ՝ զարնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
11. Ու Իսրայէլը անոնց մէջէն հանողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
12. Հզօր ձեռքով ու տարածուած բազուկով, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
13. Կարմիր ծովը երկուքի բաժնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
14. Ու Իսրայէլը անոր մէջէն անցընողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
15. Եւ Փարաւոնը ու անոր զօրքը Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
16. Իր ժողովուրդը անապատին մէջ պտըտցնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
17. Մեծ թագաւորներ զարնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
18. Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
19. Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
20. Ու Բասանի Ովգ թագաւորը, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
21. Եւ անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
22. Իր Իսրայէլ ծառային՝ ժառանգութիւն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
23. Մեր խոնարհութեանը մէջ մեզ յիշողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
24. Ու մեր թշնամիներէն մեզ փրկողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
25. Բոլոր մարմիններուն հաց տուողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
26. Գոհացէ՛ք երկնքի Աստուծմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
12. Սուտ խօսքերու ականջ դնող իշխանին Բոլոր ծառաները չար կ’ըլլան։
13. Աղքատն ու բռնաւորը իրարու հանդիպեցան. Երկուքին ալ աչքերուն լոյս տուողը Տէրն է։
1. Սուտ մարգարէներ ալ կային ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ սուտ վարդապետներ պիտի ըլլան, որոնք գաղտուկ պիտի մտցնեն կորստաբեր հերձուածներ ու զիրենք ծախու առնող Տէրը ուրանալով՝ իրենց վրայ պիտի բերեն արագահաս կորուստը։
2. Շատեր անոնց կորստական ընթացքներուն՝ ՝ ետեւէն պիտի երթան, որոնց համար ճշմարտութեան ճամբուն պիտի հայհոյեն.
3. Եւ ագահութիւնով՝ խորամանկութեամբ հնարուած խօսքերով ձեզ պիտի շահագործեն. որոնց դատապարտութիւնը շատոնցմէ պատրաստ ըլլալով ՝ պիտի չուշանայ ու անոնց կորուստը պիտի չմրափէ։
4. Վասն զի եթէ Աստուած մեղք գործող հրեշտակներուն չխնայեց, հապա խաւարի կապերով տարտարոսը ձգած՝ դատաստանի պահել տուաւ
5. Ու առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց. միայն թէ Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ.
6. Եւ Սոդոմ ու Գոմորի քաղաքները մոխիր դարձնելով ու կործանելով դատապարտեց, ետքը ամբարիշտ մարդոց օրինակ ըրաւ զանոնք.
7. Բայց ազատեց արդար Ղովտը, որ անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր էր.
8. (Վասն զի այն արդարը անոնց մէջ կենալով՝ աչքովը տեսնելով ու ականջովը լսելով, օրէ օր արդար հոգին կը տանջուէր անոնց անօրէն վարքովը.)
9. Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել եւ անիրաւները տանջանքի համար դատաստանի օրուան պահել։
10. Մանաւանդ անոնք որ պղծալից ցանկութեամբ մարմնի ետեւէ կ’երթան եւ տէրութիւնը կ’անարգեն, ինքնահաւան եւ յանդուգն են, չեն վախնար մեծափառներուն հայհոյելէ։
11. Երբ հրեշտակները, որ անոնցմէ շատ մեծ են զօրութիւնով ու կարողութիւնով, Տէրոջը առջեւ հայհոյութեամբ դատապարտութիւն չեն բերեր անոնց վրայ։
12. Բայց ասոնք անբան անասուններու պէս, (որ բնականէն որսացուելու եւ սպաննուելու համար են) կը հայհոյեն անոնց որ չեն ճանչնար. անոնք իրենց ապականութիւնովը պիտի ապականին,
13. Անիրաւութեան վարձքը ընդունելով։ Անոնք ցորեկուան մէջ եղած զեղխութիւնը զուարճութիւն կը սեպեն։ Արատ ու բիծ են, իրենց խաբէութիւններովը զուարճանալով՝ երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին.
14. Շնութեամբ լեցուն աչքեր ունին, որ մեղքէ չեն դադարիր. անհաստատ հոգիները կը խաբեն. ագահութեան վարժուած սրտեր ունին եւ անիծեալ զաւակներ են։
15. Շիտակ ճամբան ձգելով մոլորեցան՝ Բէովրեան Բաղաամին ճամբուն հետեւելով, որ անիրաւութեան վարձքը սիրեց։
16. Բայց իր անօրէնութեանը յանդիմանութիւնը առաւ, երբ անխօս էշը մարդկային ձայնով խօսելով՝ մարգարէին յիմարութիւնը արգիլեց։
17. Ասոնք ջուր չունեցող աղբիւրներ են ու փոթորիկէն քշուած մէգեր, որոնց համար թանձր խաւարը պահուած է յաւիտեան։
18. Քանզի ունայնութեան հպարտ խօսքեր ընելով՝ գիջութիւններով, մարմնի ցանկութիւններով կը խաբեն զանոնք որ քիչ մը առաջ փախեր էին անոնցմէ՝ որ մոլորութեան մէջ կը պտըտին.
19. Անոնց ազատութիւն կը խոստանան, բայց իրենք ապականութեան ծառաներ են. վասն զի ինչ բանէ որ մէկը յաղթուի, անոր ծառայ կ’ըլլայ։
20. Վանս զի եթէ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին գիտութիւնովը աշխարհին պղծութիւններէն հրաժարելէ յետոյ դարձեալ այն բաներէն բռնուած յաղթուին, անոնց վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ։
21. Վանս զի աղէկ էր անոնց՝ որ բնաւ արդարութեան ճամբան ճանչցած չըլլային, քան թէ ճանչնալէ յետոյ ետ դառնային այն սուրբ պատուիրանքէն՝ որ իրենց յանձնուեցաւ։
22. Սակայն անոնց պատահեցաւ հին ճշմարիտ առակը, որ կ’ըսէ. «Շունը նորէն իր փսխածին կը դառնայ ու լուացուած խոզը՝ ցեխի մէջ թապլտկելու»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981