Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 11Հոսեա 13:1-151. Երբ Եփրեմ դողալով կը խօսէր, Իսրայէլի մէջ ան բարձրացաւ, Բայց Բահաղով յանցաւոր եղաւ ու մեռաւ։2. Հիմա նորէն մեղք կը գործեն Ու իրենց համար արծաթէ Ձուլածոյ կուռքեր ու արձաններ կը շինեն, Որոնք արհեստաւորի գործեր են։ Անոնց զոհ կը մատուցանեն ու կ’ըսեն. «Զոհ ընող մարդիկ թող հորթերը համբուրեն»։3. Անոր համար անոնք՝ առաւօտեան ամպի պէս, Կանուխ իջած վաղանցիկ ցօղին պէս, Կալէն փոթորիկով վերցուած մղեղին պէս Ու ծխնելոյզէն ելած ծուխին պէս պիտի ըլլան։4. Սակայն ես Եգիպտոսի երկրէն ի վեր քու Տէր Աստուածդ եմ Ու ինծմէ զատ ուրիշ աստուած մի՛ ճանչնար, Քանզի ինծմէ զատ ուրիշ Փրկիչ չկայ։5. Ես քեզ անապատի մէջ՝ Խիստ անջրդի երկրի մէջ ճանչցայ։6. Անոնք իրենց արօտին համեմատ կշտացան, Կշտացան ու անոնց սիրտը հպարտացաւ։ Անոր համար զիս մոռցան։7. Ուստի անոնց առիւծի պէս պիտի ըլլամ, Ճամբուն քովի ինձի պէս դարանամուտ պիտի ըլլամ։8. Իր ձագերը կորսնցուցած արջի պէս անոնց վրայ պիտի յարձակիմ Ու անոնց սրտին վարագոյրը պիտի պատռտեմ, Զանոնք առիւծի պէս պիտի ուտեմ։ Դաշտի գազանը պիտի պատառէ զանոնք։9. Դուն քեզ կորսնցուցիր, ո՛վ Իսրայէլ, Բայց քու օգնութիւնդ միայն ինծմէ է։10. Հիմա ո՞ւր է քու թագաւորդ, Որպէս զի քու բոլոր քաղաքներդ ազատէ Եւ ո՞ւր են այն իշխանները, որ քեզ պահեն, Որոնց համար ըսիր թէ «Ինծի թագաւոր ու իշխաններ տուր»։11. Իմ բարկուիթւնովս քեզի թագաւոր տուի Ու իմ սրտմտութիւնովս հեռացուցի։12. Եփրեմին անօրէնութիւնը կապուած է, Անոր մեղքը պահուած է։13. Անոր վրայ ծննդական կնոջ ցաւերը պիտի հասնին։ Անիկա իմաստուն տղայ չէ, Ապա թէ ոչ՝ արգանդին բերանը այնչափ ատեն չէր կենար։14. Զանոնք գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկեմ, Զանոնք մահուանէ պիտի ազատեմ։ Ըսէ՛, ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու տանջանքդ. Ըսէ՛, ո՛վ գերեզման, ո՞ւր է աւերումդ։ Իմ աչքերէս գութը պիտի ծածկուի։15. Թէեւ անիկա եղբայրներուն մէջ պտղաբեր ըլլայ, Արեւելեան հովը պիտի գայ, Անապատէն Տէրոջը հովը պիտի ելլէ. Անոր աղբիւրը պիտի ցամքի, Անոր աղբերակը պիտի չորնայ. Անոր բոլոր թանկագին առարկաներուն գանձը պիտի կողոպտուի։Հոսեա 14:1-91. Ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուծոյդ դարձիր, Քանզի քու անօրէնութեանդ պատճառով գլորեցար։2. Այս խօսքերը ձեզի հետ առէք ու Տէրոջը դարձէ՛ք. Անոր ըսէ՛ք. «Ամէն անօրէնութիւն վերցո՛ւր Եւ բարութիւնը ընդունէ՛ Ու մեր շրթունքներուն պտուղները պիտի մատուցանենք։3. Ասորեստանցին մեզ պիտի չփրկէ. Ձիերու վրայ պիտի չհեծնենք Ու անգամ մըն ալ մեր ձեռքերուն գործին՝ ‘Մեր Աստուածն ես’ պիտի չըսենք, Քանզի որբը քեզմէ ողորմութիւն կը գտնէ»։4. Անոնց անհաւատութիւնը պիտի բժշկեմ, Զանոնք յօժարութեամբ պիտի սիրեմ։ Քանզի իմ բարկութիւնս անոնցմէ վերցուեցաւ։5. Իսրայէլին ցօղի պէս պիտի ըլլամ, Անիկա շուշանի պէս պիտի ծաղկի Եւ իր արմատները Լիբանանի եղեւիններուն պէս պիտի արձակէ։6. Անոր ճիւղերը պիտի տարածուին, Անոր վայելչութիւնը ձիթենիի պէս պիտի ըլլայ, Անոր անուշահոտութիւնը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։7. Անոնք իմ հովանիիս տակ պիտի բնակին, Պարտէզի պէս պիտի կենդանանան Ու որթատունկի պէս պիտի բողբոջին։ Անոր յիշատակը Լիբանանի գինիին պէս պիտի ըլլայ։8. Եփրեմ պիտի ըսէ. «Կուռքերու հետ ի՞նչ գործ ունիմ»։ Ես անոր խնդրանքը լսեցի ու անոր խնամք տարի. Ես կանանչ մայրի ծառի պէս եմ, Քու պտուղը ինծմէ է։9. Ո՞վ է իմաստուն, որ ասոնք հասկնայ, Կամ խոհեմ, որ ասոնք գիտնայ։ Քանզի Տէրոջը ճամբաները շիտակ են, Արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն. Բայց յանցաւորները անոնց մէջ պիտի գլորին։Սաղմոսներ 140:1-51. Ո՛վ Տէր, չար մարդէն զիս փրկէ՛ Ու բռնաւոր մարդէն զիս պահէ՛,2. Որոնք սրտերնուն մէջ չար բաներ կը մտածեն Ու ամէն օր կռիւներու համար կը հաւաքուին։3. Իրենց լեզուները օձի պէս սրեցին։ Իժի թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ։ (Սէլա։)4. Ո՛վ Տէր, զիս ամբարշտին ձեռքէն պահէ՛. Զիս բռնաւոր մարդէն պահպանէ՛, Որոնք իմ գնացքներս խափանելու խորհուրդ ըրին։5. Ամբարտաւանները ինծի համար գաղտնի որոգայթ ու չուաններ լարեցին, Ուռկան փռեցին իմ ճամբուս վրայ, Վարմեր դրին ինծի համար։ (Սէլա։)Առակներ 29:23-2323. Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ, Բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի։Հայտնություն 1:1-201. Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ եւ իր հրեշտակին ձեռքով ղրկելով՝ իր Յովհաննէս ծառային իմացուց,2. Որ Աստուծոյ խօսքին վկայութիւնը ըրաւ ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութիւնը՝ ինչ որ տեսաւ։3. Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի ժամանակը մօտ է։4. Յովհաննէս՝ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Ասիոյ մէջ են, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Անկէ որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ ու եօթը Հոգիներէն՝ որոնք անոր աթոռին առջեւ են5. Եւ Յիսուս Քրիստոս հաւատարիմ վկայէն, որ մեռելներէն յարութիւն առնողներէն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը. Անոր որ մեզ սիրեց ու մեզ իր արիւնովը մեր մեղքերէն լուաց6. Եւ մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով. անոր փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։7. Ահա ամպերով կու գայ ու ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա եւ անոնք որ զանիկա խոցեցին։ Անոր վրայ կոծ պիտի ընեն երկրին բոլոր ազգերը։ Այո՛, Ամէն։8. «Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան», կ’ըսէ Տէր [Աստուած], որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ, Ամենակալը։9. Ես Յովհաննէս ձեր եղբայրը եւ Յիսուս Քրիստոսին նեղութեանը ու արքայութեանը եւ համբերութեանը մէջ ընկերակիցը, Պատմոս ըսուած կղզին էի՝ Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար։10. Եւ կիրակի օրը Հոգին իմ վրաս եկաւ ու ետեւէս մեծ ձայն մը լսեցի փողի ձայնի պէս, որ կ’ըսէր.11. « Ինչ որ կը տեսնես, գրքի մը մէջ գրէ ու ղրկէ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Եփեսոսի, Զմիւռնիայի, Պերգամոնի, Թիւատիրի, Սարդիկէի, Փիղադեղփիայի եւ Լաւոդիկիայի մէջ են»։12. Եւ դարձայ այն ձայնին կողմը, տեսնելու թէ ո՞վ է ինծի խօսողը։ Երբ դարձայ՝ եօթը ոսկեղէն աշտանակներ տեսայ13. Եւ եօթը աշտանակներուն միջեւ՝ մէկը Որդի Մարդոյ նման՝ պճղնաւոր պատմուճան մը հագած ու կուրծքին վրայ ոսկի գօտի մը կապած։14. Իր գլուխը եւ մազերը բուրդի ու ձիւնի պէս ճերմակ էին եւ իր աչքերը՝ կրակի բոցի պէս։15. Իր ոտքերը՝ ոսկեպղինձի նման, որպէս թէ հնոցի մէջ կրակ դարձած ու իր ձայնը՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս16. Եւ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղ ունէր ու իր բերնէն սրած երկբերան սուր մը կ’ելլէր եւ իր երեսը արեւու պէս էր՝ որ իր զօրութիւնովը կը փայլի։17. Երբ տեսայ զանիկա, իր ոտքը ինկայ մեռելի պէս ու իր աջ ձեռքը իմ վրաս դրաւ ու ըսաւ ինծի. «Մի՛ վախնար. ես եմ Առաջինը ու Վերջինը։18. Ես կենդանի եմ ու ես ա՛ն եմ որ մեռայ եւ ահա կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ես ունիմ մահուան ու դժոխքին բանալիները։19. [Ուստի] գրէ ինչ որ կը տեսնես, զայն որ կայ ու զայն որ ետքը պիտի ըլլայ.20. Եօթը աստղերուն խորհուրդը՝ որ իմ աջ ձեռքիս մէջ տեսար եւ եօթը ոսկեղէն աշտանակները. այն եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են եւ եօթը աշտանակները եօթը եկեղեցիներն են»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981