Աստվածաշունչը մեկ տարում
Դեկտեմբեր 14

1. «Լսեցէ՛ք այս խօսքը, ո՛վ Սամարիայի լերանը վրայ եղող Բասանի կովեր, Որ աղքատներուն զրկանք կ’ընէք, Տնանկները ոտքի տակ կ’առնէք, Ձեր տէրերուն՝ ‘Բեր որ խմենք’, կ’ըսէք։
2. Տէր Եհովան իր սրբութիւնովը երդում ըրաւ, Թէ՝ ահա ձեր վրայ օրեր պիտի գան, Երբ ձեզ կարթերով պիտի վերցնեն Ու ձեր սերունդը՝ ձուկի կարթերով։
3. Ձեզմէ իւրաքանչիւրը խրամատներէն դուրս պիտի հանուիք Ու բերդը պիտի նետուիք», կ’ըսէ Տէրը։
4. «Բեթէլ եկէ՛ք ու յանցանք գործեցէ՛ք, Գաղգաղայի մէջ յանցանք ընելը շատցուցէ՛ք, Ամէն առտու ձեր զոհերը Ու ամէն երեք օրը անգամ մը ձեր տասանորդները բերէ՛ք։
5. Շնորհակալութեան զոհը խմորեալ մատուցանեցէ՛ք Ու կամաւոր ընծաներ յայտարարեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք, Քանզի այսպէս սիրեցիք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ», Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
6. «Ես ալ ձեզի ձեր քաղաքներուն մէջ՝ ակռայի մաքրութիւն Ու ձեր բոլոր տեղերը հացի կարօտութիւն տուի, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
7. «Հունձքէն երեք ամիս առաջ անձրեւը դադրեցուցի, Ո՛չ մէկ քաղաքի վրայ անձրեւ տեղացուցի. Բայց միւս քաղաքին վրայ անձրեւ տեղացուցի։ Վիճակի մը վրայ անձրեւ եկաւ, Բայց միւս վիճակը, որուն վրայ անձրեւ չեկաւ, չորցաւ։
8. Երկու երեք քաղաք՝ ջուր խմելու համար՝ Մէկ քաղաքի մէջ հաւաքուեցան, Բայց չգոհացան։ Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
9. «Ձեզ խորշակահարութեամբ ու դալուկով զարկի, Խառնիճը կերաւ ձեր բազմաթիւ պարտէզները Ու այգիները եւ թզենիներն ու ձիթենիները, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
10. «Եգիպտոսի ճամբուն մէջ՝ ՝ ձեր վրայ ժանտախտ ղրկեցի, Ձեր երիտասարդները սուրով մեռցուցի, Թողուցի որ ձեր ձիերը գերի տարուին, Ձեր բանակներուն գարշահոտութիւնը մինչեւ ձեր քիթը հասցուցի, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
11. «Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին պէս ձեզ ալ կործանեցի, Կրակէ հանուած խանձուողի պէս եղաք, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
12. Անոր համար քեզի այսպէս պիտի ընեմ, ո՛վ Իսրայէլ, Քանի որ քեզի այս բանը պիտի ընեմ, Ուստի քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ, ո՛վ Իսրայէլ»։
13. Ահա Ան, որ լեռները հաստատեց ու հովը ստեղծեց, Որ յայտնէ մարդուն՝ անոր խորհուրդը։ Ան որ արշալոյսը կը խաւարեցնէ Ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ կը քալէ, Անոր անունը Եհովա՝ զօրքերու Աստուած է։
1. Լսեցէ՛ք այս խօսքը, որ ձեր վրայ իբր ողբ ըսի, Ո՛վ Իսրայէլի տուն։
2. «Իսրայէլի կոյսը ինկած է, անգամ մըն ալ պիտի չելլէ։ Իր երկրին վրայ ձգուած է, զանիկա վերցնող չկայ»։
3. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Այն քաղաքին մէջ, ուրկէ հազար կ’ելլէր, Հարիւր պիտի մնայ. Ուրկէ հարիւր կ’ելլէր, Տասը պիտի մնայ Իսրայէլի տանը»։
4. Տէրը Իսրայէլի տանը այսպէս կ’ըսէ. «Զիս փնտռեցէ՛ք, որպէս զի ապրիք։
5. Բայց Բեթէլը մի՛ փնտռէք, Գաղգաղա մի՛ մտնէք, Բերսաբէէն մի՛ անցնիք, Քանզի Գաղգաղա անշուշտ գերութեան պիտի քշուի Ու Բեթէլ պիտի ոչնչանայ»։
6. Տէրը փնտռեցէք, որպէս զի ապրիք։ Չըլլայ թէ Յովսէփի տանը մէջ կրակի պէս բորբոքի Եւ զանիկա ուտէ ու Բեթէլի մէջ զանիկա մարող չըլլայ։
7. Դուք որ իրաւունքը օշինդրի կը դարձնէք, Արդարութիւնը գետինը կը ձգէք,
8. Փնտռեցէ՛ք զանիկա, որ Բազմաստեղն ու Հայկը շինեց, Որ մահուան ստուերը առաւօտեան լոյսի կը դարձնէ, Ցորեկը գիշերուան պէս կը մթնցնէ, Որ ծովուն ջուրերը կը կանչէ, Զանոնք երկրի երեսին վրայ կը տարածէ։ Անոր անունը Եհովա է,
9. Որ զօրաւորին վրայ յանկարծ կորուստ կը բերէ Ու կորուստը մինչեւ ամրոցը կը հասցնէ։
10. Դրանը մէջ յանդիմանողը կ’ատեն, Շիտակ խօսողէն կը զզուին։
11. Քանի որ աղքատին վրայ կը կոխէք Ու անկէ ցորենի պարգեւներ կ’առնէք, Թէեւ տաշուած քարէ տուներ ալ շինէք, Անոնց մէջ պիտի չբնակիք։ Թէեւ ցանկալի այգիներ ալ տնկէք, Անոնց գինին պիտի չխմէք։
12. Քանզի գիտեմ թէ որքան շատ են ձեր անօրէնութիւնները Եւ որքան մեծ են ձեր մեղքերը։ Արդարը կը նեղէք, կաշառք կ’առնէք Ու դրանը մէջ տնանկներուն դատը կը ծռէք։
13. Անոր համար ան որ խելացի է, այն ատեն պիտի լռէ, Քանզի ժամանակը չար է։
14. Բարութիւն փնտռեցէ՛ք, ո՛չ թէ՝ չարութիւն, որպէս զի ապրիք։ Այսպէս զօրքերու Տէր Աստոածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ, ինչպէս ըսիք։
15. Չարութիւնը ատեցէ՛ք ու բարութիւնը սիրեցէ՛ք Եւ դրանը մէջ իրաւունքը հաստատեցէ՛ք։ Թերեւս զօրքերու Տէր Աստուածը Յովսէփին մնացորդին ողորմի։
16. Անոր համար զօրքերու Աստուածը՝ տէր Եհովան՝ այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն հրապարակի մէջ ողբ պիտի ըլլայ Ու ամէն փողոցի մէջ ‘Վա՜յ, վա՜յ’, պիտի ըսեն։ Երկրագործը՝ սուգի ու ողբ գիտցողները ողբալու պիտի կանչեն։
17. Եւ ամէն այգիի մէջ ողբ պիտի ըլլայ, Քանզի քու մէջէդ պիտի անցնիմ», կ’ըսէ Տէրը։
18. Վա՜յ ձեզի, որ Տէրոջը օրուանը կը ցանկաք։ Ձեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ Տէրոջը օրը։ Անիկա խաւար է եւ ո՛չ թէ լոյս։ Այնպէս պիտի ըլլաք։
19. Որպէս թէ մարդ մը առիւծին երեսէն փախչի Ու արջ մը անոր հանդիպի, Կամ տունը մտնէ ու ձեռքը պատին կռթնցնէ Ու օձը զայն խայթէ։
20. Ահա Տէրոջը օրը խաւար է եւ ո՛չ թէ՝ լոյս։ Անոր մէջ մառախուղ կայ եւ ո՛չ թէ պայծառութիւն։
21. Ձեր տօները կ’ատեմ ու կը մերժեմ, Ձեր հանդիսաւոր ժողովներէն հաճոյք պիտի չառնեմ։
22. Եթէ ինծի ողջակէզներ ու ձեր հացի ընծաները մատուցանէք ալ՝ Պիտի չընդունիմ Եւ ձեր գէր անասուններուն՝ խաղաղութեան զոհերուն՝ պիտի չնայիմ։
23. Քու երգերուդ ձայնը ինծմէ հեռացուր, Քանզի քու տաւիղներուդ եղանակը պիտի չլսեմ։
24. Բայց իրաւունքը ջուրի պէս թող վազէ Ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր գետի պէս։
25. Միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի Ինծի զոհեր ու ընծանե՞ր մատուցանեցիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։
26. Դուք՝ ձեր Մողոքի խորանները Ձեր Քիունի կուռքերը Եւ ձեզի համար շինուած աստուածներուն աստղը կրեցիք։
27. Ուստի ձեզ Դամասկոսէն անդին գերի պիտի քշեմ», Կ’ըսէ Տէրը, որուն անունը զօրքերու Աստուած է։
5. Արդարը թող զիս խրատէ եւ զարնէ ողորմութեամբ, Բայց անօրէնին իւղը թող չօծէ գլուխս, Վասն զի անդադար անոնց չարութիւններուն դէմ պիտի աղօթեմ։
6. Երբ անոնց դատաւորները ապառաժներու մէջ ձգուին, Այն ատեն իմ խօսքերս պիտի լսեն, վասն զի քաղցր են։
7. Ինչպէս հերկողը ու ճեղքողը կը ցրուէ երկրի վրայ, Այնպէս անոնց ոսկորները գերեզմանին բերանը ցիրուցան եղան.
8. Սակայն, ո՛վ Տէր Եհովա, իմ աչքերս դէպի քեզ են. Քեզի՛ յուսացի, իմ հոգիս անպաշտպան մի՛ ձգեր։
9. Ինծի համար լարուած որոգայթէն Ու անօրէնութիւն գործողներուն վարմերէն զիս պահէ։
10. Ամբարիշտները իրենց ցանցերուն մէջ պիտի իյնան, Մինչ միայն ես անվնաս պիտի անցնիմ։
26. Շատերը իշխանին օգնութիւնը կը փնտռեն, Բայց Տէրոջմէն է մարդուն իրաւունքը։
1. Այս բաներէն ետքը տեսայ, թէ երկնքի մէջ բացուած դուռ մը կար։ Առաջին ձայնը որ լսեցի՝ փողի նման էր, որ ինծի հետ կը խօսէր ու կ’ըսէր. «Հոս ելիր ու ասկէ ետքը ըլլալու բաները քեզի ցուցնեմ»։
2. Եւ շուտ մը Հոգին իմ վրաս եկաւ։ Տեսայ թէ աթոռ մը դրուած էր երկնքի մէջ։
3. Աթոռին վրայ մէկը նստեր էր։ Նստողը յասպիս ու սարդիոն քարերու երեւոյթին նման էր։
4. Աթոռին շուրջը քահանաներ՝ զմրուխտի երեւոյթով եւ այդ աթոռին բոլորտիքը քսանըչորս աթոռներ եւ այն աթոռներուն վրայ քսանըչորս երէցներ նստեր էին՝ ՝ ճերմակ հանդերձներ հագած ու գլուխնին ոսկիէ պսակներ ունէին ։
5. Աթոռէն փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ կ’ելլէին։ Աթոռին առջեւ եօթը հատ բորբոքած կրակի լամբարներ կային, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն էին։
6. Աթոռին առջեւ ապակեղէն ծով մը՝ ակնվանիի նման եւ աթոռին մէջ ու աթոռին բոլորտիքը՝ չորս կենդանիներ, որոնք աչքերով լեցուն էին առջեւէն ու ետեւէն։
7. Առաջին կենդանին առիւծի նման էր ու երկրորդ կենդանին՝ զուարակի նման եւ երրորդ կենդանին՝ մարդու երես ունէր ու չորրորդ կենդանին՝ թռչող արծիւի նման։
8. Չորս կենդանիներէն իւրաքանչիւրը շուրջանակի վեց վեց թեւ ունէր ու ներսէն աչքերով լեցուն ու չէին հանգչեր ո՛չ ցորեկը ո՛չ ալ գիշերը՝ ըսելով. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր Ամենակալ, որ էր եւ որ է եւ որ պիտի գայ»։
9. Երբ այն կենդանիները փառք ու պատիւ եւ գոհութիւն կու տային աթոռին վրայ նստողին, որ կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից,
10. Քսանըչորս երէցները աթոռին առջեւ կ’իյնային ու երկրպագութիւն կ’ընէին յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին։ Իրենց պսակները աթոռին առջեւ կը ձգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981