Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 15Ամոս 6:1-141. «Վա՜յ Սիօնի մէջ հանգիստ բնակողներուն Ու Սամարիայի լերանը վրայ՝ ապահովութեամբ նստողներուն, Ազգերու գլուխին երեւելիներուն, Որոնց կը դիմէ Իսրայէլի տունը։2. Քաղանէն անցէ՛ք ու տեսէ՛ք, Անկէ մեծ Եմաթը գացէ՛ք Ու Փղշտացիներուն Գէթը իջէք։ Միթէ անոնք այս թագաւորութիւններէն աղէ՞կ են, Կամ անոնց սահմանը ձեր սահմանէն մե՞ծ է։3. « Վա՜յ անոնց, որ չար օրը կը հեռացնեն Ու բռնութեան աթոռը կը մօտեցնեն,4. Փղոսկրեայ մահիճներու մէջ կը պառկին, Իրենց անկողիններուն վրայ կ’երկննան, Հօտերէն՝ գառնուկները Ու գոմերու մէջէն պարարտ հորթերը կ’ուտեն։5. Տաւիղի ձայնով խաղ կը կանչեն, Դաւիթին պէս իրենց երաժշտական գործիքներ կը հնարեն,6. Գաւաթներով գինի կը խմեն, Ծանրագին իւղերով կ’օծուին Եւ Յովսէփին աւերումին վրայ չեն ցաւիր։7. Ուստի գերի քշուողներուն առաջինը պիտի ըլլաք Եւ ձեր խնճոյքներուն ուրախութեան ձայնը պիտի դադրի»։8. Տէր Եհովան իր անձին վրայ երդում ըրաւ (Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Աստուածը)։ «Ես Յակոբին հպարտութենէն կը զզուիմ, Անոր պալատները կ’ատեմ, Քաղաքն ու բոլոր անոր մէջ եղողները թշնամիին պիտի մատնեմ»։9. Եթէ տան մէջ տասը մարդ մնալու ըլլայ, Անոնք ալ պիտի մեռնին։10. Եւ երբ մէկուն ազգականը, որ զինք կ’ատէ, զինք վերցնէ Ոսկորները տունէն դուրս հանելու համար Ու տանը մէջ եղողին հարցնէ՝ ‘Ալ ուրիշ մէկը կա՞յ քովդ’ Եւ անիկա ըսէ՝ ‘Ո՛չ’, Այն ատեն հարցնողը պիտի ըսէ. ‘Լո՛ւռ կեցիր, Քանզի Տէրոջը անունը պէտք չէ յիշենք’։11. Ահա Տէրը կը հրամայէ Ու մեծ տունը պիտի կործանի Ու պզտիկ տունը պիտի ճեղքուի։12. Միթէ ձիերը ապառաժի վրայ կը վազե՞ն, Կամ ծովը եզներով կը հերկուի՞։ Բայց դուք իրաւունքը՝ դառնութեան Եւ արդարութեան պտուղը օշինդրի դարձուցիք։13. «Ո՜վ ոչինչ բանով ուրախացողներ, Որ ըսիք թէ ‘Չէ՞ որ մեր ուժովը մեզի եղջիւրներ առինք’,14. Անոր համար ահա ես, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Ձեր վրայ ազգ մը ոտքի պիտի հանեմ, Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Աստուածը, Որ ձեզ Եմաթի մուտքէն մինչեւ անապատի ձորը պիտի նեղէ»։Ամոս 7:1-171. Տէր Եհովան ինծի ասիկա ցուցուց. Ահա ան վերջին խոտին բուսնելուն սկիզբը մարախներ ստեղծեց։ Ահա վերջին խոտը թագաւորին հունձքէն ետքն էր։2. Երբ անոնք երկրին խոտը ամբողջութեամբ կերան, Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, ներէ՛. Յակոբը ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է»։3. Տէրը ասոր համար զղջաց։ «Ասիկա պիտի չըլլայ», ըսաւ Տէրը։4. Տէր Եհովան ինծի ասիկա ցուցուց։ Ահա Տէր Եհովան կրակը կը կանչէր, որպէս զի անով դատաստան ընէ։ Անիկա մեծ անդունդը կերաւ, Արտերը սպառեց։5. Ու ես ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, դադարէ՛. Յակոբը ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է»։6. Տէրը ասոր համար զղջաց։ «Ասիկա պիտի չըլլայ», ըսաւ Տէր Եհովան։7. Եւ ինծի ցուցուց։ Տէրը կապարալարով շինուած պարսպի մը վրայ կայներ էր Ու ձեռքը կապարալար մը կար։8. Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես, ո՛վ Ամովս»։ Ու ես ըսի. «Կապարալար մը»։ Տէրը ըսաւ. «Ահա ես իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ կապարալար մը կը դնեմ. Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ։9. Իսահակին բարձր տեղերը աւերակ պիտի ըլլան Ու Իսրայէլին սրբարանները պիտի աւերուին Ու Յերոբովամին տանը վրայ սուրով պիտի ելլեմ»։10. Բեթէլի քուրմը՝ Ամասիա՝ Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին լուր ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի տանը մէջ Ամովս քեզի դէմ դաւաճանութիւն կ’ընէ. Երկիրը չի կրնար անոր բոլոր խօսքերը տանիլ.11. Քանզի Ամովս այսպէս կ’ըսէ. «Յերոբովամ սուրով պիտի մեռնի Ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ»։12. Ամասիա ըսաւ Ամովսին. «Ո՛վ տեսանող, գնա՛, Յուդայի երկիրը փախի՛ր։ Հոն հաց կե՛ր եւ հոն մարգարէութիւն ըրէ՛։13. Անգամ մըն ալ Բեթէլի մէջ մարգարէութիւն մի՛ ըներ, Քանզի անիկա թագաւորին սրբարանն է Ու թագաւորութեանը տունն է»։14. Ամովս պատասխան տուաւ ու Ամասիային ըսաւ. «Ես ո՛չ մարգարէ էի, ո՛չ ալ մարգարէի որդի, Հապա ես արջառներու հովիւ ու մոլաթուզ քաղող էի։15. Տէրը զիս հօտին ետեւէն առաւ Եւ ինծի ըսաւ. ‘Գնա՛, իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին՝ մարգարէութիւն ըրէ՛’։16. Եւ հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ՛. Դուն կ’ըսես թէ՝ ‘Իսրայէլի համար մարգարէութիւն մի՛ ըներ Ու Իսահակի տանը դէմ մի՛ խօսիր’։17. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու կինդ քաղաքին մէջ պոռնկութիւն պիտի ընէ, Քու տղաքներդ ու աղջիկներդ սուրով պիտի իյնան, Քու երկիրդ լարով պիտի բաժնուի, Դուն պիղծ երկրի մը մէջ պիտի մեռնիս Ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ’»։Սաղմոսներ 142:1-71. Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաղակեմ, Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաչեմ։2. Իմ գանգատս անոր առջեւ կը թափեմ. Իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։3. Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր, Դուն իմ շաւիղս գիտցար։ Իմ քալած ճամբուս մէջ Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին։4. Աջ կողմս կը նայիմ ու կը տեսնեմ թէ Ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։ Ապաւէնը ինծմէ կորսուեցաւ. Բնաւ մէկը չկայ, որ իմ անձիս համար հոգ ընէ։5. Ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի Ու ըսի. «Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս Եւ իմ բաժինս կենդանիներու երկրին մէջ։6. Ակա՛նջ դիր իմ աղաղակիս, Վասն զի շատ նուաստացայ։ Ազատէ՛ զիս իմ հալածիչներէս, Վասն զի ինծմէ զօրաւոր են։7. Իմ անձս բանտէն հանէ՛, Որպէս զի քու անուանդ գոհութիւն մատուցանեմ։ Արդարները իմ չորս կողմս պիտի պատեն, Երբ ինծի բարութիւն ընես»։Առակներ 29:27-2727. Անօրէն մարդը արդարներուն զզուելի է, Իսկ ուղղութեամբ քալողը ամբարշտին զզուելի է։Հայտնություն 5:1-141. Աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքը գիրք մը տեսայ՝ ներսէն ու դուրսէն գրուած եւ եօթը կնիքով կնքուած։2. Զօրաւոր հրեշտակ մը տեսայ, որ մեծ ձանով կը կանչէր. «Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու եւ ատոր կնիքները քակելու»։3. Բայց ո՛չ երկնքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ ու ո՛չ երկրի տակ գտնուեցաւ մէկը՝ որ կարող ըլլար այն գիրքը բանալ, ո՛չ ալ անոր նայիլ։4. Ես ալ սաստիկ կու լայի՝ քանի որ մէ՛կը արժանի չգտնուեցաւ այն գիրքը բանալու ո՛չ ալ անոր նայելու։5. Ու երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Մի՛ լար, ահա Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը, Դաւիթին Արմատը, յաղթեց եւ որ այն գիրքը պիտի բանայ ու անոր եօթը կնիքները պիտի քակէ։6. Տեսայ թէ աթոռին ու չորս կենդանիներուն մէջտեղ եւ երէցներուն մէջտեղ կայնած Գառնուկ մը կար, որպէս թէ մորթուած, որ եօթը եղջիւր ու եօթը աչք ունէր, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են, որ բոլոր երկիր կը ղրկուին։7. Անիկա եկաւ ու աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքէն գիրքը առաւ։8. Երբ գիրքը առաւ, չորս կենդանիներն ու քսանըչորս երէցները Գառնուկին առջեւ ինկան եւ ամէնքն ալ քնարներ ունէին ու ոսկիէ խնկամաններ՝ խունկով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են։9. Նոր երգ մը կ’երգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես դուն այդ գիրքը առնելու եւ ատոր կնիքները քակելու. վասն զի մորթուեցար ու քու արիւնովդ մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ10. Եւ մեզ մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր որպէս զի երկրի վրայ թագաւորենք»։11. Եւ նայեցայ՝ նաեւ շատ հրեշտակներու ձայն լսեցի, որոնք աթոռին ու կենդանիներուն եւ երէցներուն բոլորտիքն էին ու անոնց թիւն էր բիւր բիւրաւոր եւ հազար հազարաւոր.12. Որոնք մեծ ձայնով կ’ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է զօրութիւն ու հարստութիւն եւ իմաստութիւն ու կարողութիւն եւ պատիւ ու փառք եւ օրհնութիւն առնելու»։13. Բոլոր արարածները, որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ու երկրի տակ եւ ծովու մէջ ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կային՝ լսեցի որ կ’ըսէին. «Աթոռին վրայ նստողին եւ Գառնուկին օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից»։14. Եւ չորս կենդանիները կ’ըսէին. «Ամէն» ու երէցները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981