Աստվածաշունչը մեկ տարում
Դեկտեմբեր 17

1. Աբդիի տեսիլքը։ Տէր Եհովան Եդովմին համար այսպէս կ’ըսէ. Տէրոջմէ լուր լսեցինք Ու ազգերուն դեսպան ղրկուեցաւ՝ ըսելով. «Ելէ՛ք ու անոր դէմ պատերազմի ելլենք»։
2. Ահա քեզ ազգերու մէջ պզտկցուցի, ուստի Դուն խիստ պիտի անարգուիս։
3. Քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեց, Ո՛վ ժայռերու խոռոչներուն մէջ բնակող Ու բարձր բնակարան ունեցող, Որ սրտիդ մէջ կ’ըսես՝ ‘Ո՞վ զիս գետինը պիտի իջեցնէ’։
4. Թէեւ արծիւի պէս բարձրանաս, Բոյնդ աստղերուն մէջ դնես, Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
5. Եթէ քեզի գողեր կամ գիշերային աւազակներ գային (Ինչպէ՜ս կործանեցար) Անոնք իրենց բաւելու չափ պիտի չգողնայի՞ն։ Եթէ քեզի կթողներ գային, Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն։
6. Եսաւ ինչպէ՜ս քննուեցաւ. Անոր ծածուկ տեղերը խուզարկուեցան։
7. Քու բոլոր դաշնակիցներդ քեզ մինչեւ սահմանը ղրկեցին, Քեզի հետ խաղաղութիւն կնքող մարդիկը քեզ խաբեցին Ու քեզի յաղթեցին։ Քու հացդ ուտողները քու տակդ որոգայթ լարեցին։ Անոր քով հանճար չկայ։
8. «Ահա այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Եդովմէն իմաստունները Ու Եսաւին լեռնէն հանճարը բնաջինջ պիտի ընեմ։
9. Քու կտրիճներդ, ո՛վ Թեման, պիտի զարհուրին, Որպէս զի Եսաւին լեռնէն ամէն մարդ սպաննուելով կոտորուի»։
10. «Քու եղբօրդ Յակոբին եղած անիրաւութեանը համար Ամօթը քեզ պիտի ծածկէ Ու յաւիտեան բնաջինջ պիտի ըլլաս։
11. Անոր դէմ կայնած օրդ, Երբ օտարազգիները անոր զօրքը գերի առին Ու օտարները անոր դռները մտան Ու Երուսաղէմի վրայ վիճակ ձգեցին, Դո՛ւն ալ անոնց պէս ըրիր։
12. Ու պէտք չէր որ՝ քու եղբօրդ օրը, Անոր օտարութեան օրը, անոր նայէիր Եւ Յուդայի որդիներուն վրայ՝ Անոնց կորուստին օրը՝ խնդայիր Ու անոնց նեղութեան օրը Քու բերանդ մեծցնէիր։
13. Ո՛չ ալ իմ ժողովուրդիս դուռը՝ Անոնց թշվառութեան օրը՝ մտնէիր, Անոնց կործանումին օրը Դուն ալ անոնց չարիքին վրայ նայէիր Եւ անոնց կործանումին օրը Անոնց ստացուածքին վրայ ձեռք դնէիր
14. Եւ ո՛չ թէ անոր ազատուածները կոտորելու համար Ճամբուն բերանը կայնէիր Ու անոր նեղութեան օրը Անոր մնացորդները մատնէիր»։
15. «Քանզի բոլոր ազգերուն վրայ Տէրոջը օրը մօտ է։ Քեզի քու ըրածիդ պէս պիտի ընեն. Քու հատուցումդ գլուխդ պիտի դառնայ։
16. Քանզի ինչպէս դուք իմ սուրբ լերանս վրայ խմեցիք, Բոլոր ազգերն ալ շարունակ պիտի խմեն. Պիտի խմեն ու պիտի կլլեն Ու չեղածի պէս պիտի ըլլան»։
17. «Բայց Սիօն լերանը վրայ փրկութիւն պիտի ըլլայ Եւ սրբութիւն պիտի ըլլայ։ Յակոբին տունը իրենց կալուածներուն պիտի տիրեն։
18. Յակոբին տունը՝ կրակ, Յովսէփին տունը՝ բոց Ու Եսաւին տունը յարդ պիտի ըլլայ։ Անոնց մէջ պիտի բռնկին, Զանոնք պիտի ուտեն Ու Եսաւին տանը մնացորդ մը պիտի չըլլայ, Քանզի Տէրը խօսեցաւ։
19. Եւ հարաւայինները Եսաւին լեռը պիտի ժառանգեն Ու դաշտայինները՝ Փղշտացիներուն երկիրը, Նաեւ Եփրեմին դաշտը ու Սամարիային դաշտը պիտի ժառանգեն։ Բենիամին Գաղաադը պիտի ժառանգէ ։
20. Իսրայէլի որդիներուն այս գերի զօրքերը Քանանացիներուն ունեցածը պիտի ժառանգեն մինչեւ Սարեփթա։ Երուսաղէմի գերիները, որոնք Սեփարադի մէջ են, Հարաւային քաղաքները պիտի ժառանգեն։
21. Ազատուողները պիտի ելլեն Սիօն լեռը՝ Եսաւին լեռը դատելու համար Ու թագաւորութիւնը Տէրոջը պիտի ըլլայ»։
7. Շուտով պատասխան տուր ինծի, ո՛վ Տէր. Իմ հոգիս մարեցաւ. Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ, Որպէս զի գուբը իջնողներուն պէս չըլլամ։
8. Առտուն քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր, Վասն զի քեզի յուսացի։ Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր, Վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի։
9. Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ զիս իմ թշնամիներէս, Վասն զի քեզ իմ ապաւէնս ըրի։
10. Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, Քանզի դուն ես իմ Աստուածս. Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ։
11. Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար կենդանացո՛ւր զիս, Քու արդարութեանդ համար իմ անձս նեղութենէ հանէ՛.
12. Քու ողորմութիւնովդ սատկեցուր իմ թշնամիներս Ու կորսնցուր բոլոր իմ անձս վշտացնողները, Վասն զի ես քու ծառադ եմ։
5. Աստուծոյ բոլոր խօսքերը մաքուր են։ Անիկա իրեն ապաւինողներուն ասպար է։
1. Անկէ յետոյ տեսայ չորս հրեշտակներ, որոնք երկրին չորս անկիւնը կեցեր էին ու երկրին չորս հովերը բռներ էին, որպէս զի երկրի վրայ հով չփչէ, ո՛չ ծովու վրայ, ո՛չ ալ ծառի մը վրայ։
2. Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ արեւելքէն եկաւ ու Կենդանի Աստուծոյ կնիքը ունէր եւ մեծ ձայնով աղաղակեց այն չորս հրեշտակներուն, որոնց իշխանութիւն տրուած էր երկրին ու ծովուն վնասելու
3. Ու ըսաւ. «Երկրին վնաս մի՛ ընէք, ո՛չ ծովուն, ո՛չ ալ ծառերուն, մինչեւ մեր Աստուծոյն ծառաներուն ճակատները կնքենք»։
4. Կնքուածներուն համրանքը լսեցի՝ որ էր հարիւր քառասունըչորս հազար՝ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ցեղերէն։
5. Յուդային ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ռուբէնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Գադին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած,
6. Ասերին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Նեփթաղիմին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Մանասէին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած,
7. Շմաւոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ղեւիին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Իսաքարին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած,
8. Զաբուղոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Յովսէփին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Բենիամինին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած։
9. Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձները հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած
10. Եւ մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին»։
11. Եւ բոլոր հրեշտակները, որ աթոռին ու երէցներուն եւ չորս կենդանիներուն բոլորտիքը կեցեր էին, իրենց երեսներուն վրայ աթոռին առջեւ ինկան ու Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին,
12. Ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնութիւն ու փառք եւ իմաստութիւն ու գոհութիւն եւ պատիւ ու զօրութիւն եւ կարողութիւն մեր Աստուծոյն՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։
13. Ու երէցներէն մէկը ինծի ըսաւ. «Ասոնք որ ճերմակ հանդերձներ հագած են՝ ո՞վ են եւ ո՞ւրկէ եկան»։
14. Ես ալ ըսի անոր. «Տէ՛ր իմ, դուն գիտես»։ Ըսաւ ինծի. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին.
15. Անոր համար Աստուծոյ աթոռին առջեւ են եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ եւ աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ։
16. Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին, ո՛չ ալ արեւը կամ տաքութիւն մը անոնց վրայ պիտի իյնայ.
17. Վասն զի Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981