1. Տէրոջը խօսքը, որ Յուդայի թագաւորներուն, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային օրերը Մօրստացի Միքիային եղաւ եւ Սամարիայի ու Երուսաղէմի վրայով անոր յայտնուեցաւ.
2. «Լսեցէ՛ք, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ, Մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ երկիր ու անոր բոլոր բնակիչներ՝ ՝։ Տէր Եհովան ձեզի դէմ վկայ ըլլայ, Տէրը՝ ինք իր սուրբ տաճարէն։
3. Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն պիտի ելլէ Եւ պիտի իջնէ ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ պիտի պտըտի։
4. Լեռները անոր տակ պիտի շարժին, Հովիտները պիտի հալին՝ Կրակին առջեւ հալած մոմի պէս Ու զարիվառէն թափուած ջուրի պէս։
5. Այս բոլորը պիտի ըլլան Յակոբին յանցանքին համար Ու Իսրայէլին տանը մեղքին համար։ Յակոբին յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Սամարիան չէ՞։ Եւ Յուդային բարձր տեղերուն յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Երուսաղէմը չէ՞։
6. Ուստի Սամարիան դաշտի քարակոյտի Ու այգի տնկելու տեղի պիտի վերածեմ, Անոր քարերը ձորին մէջ պիտի գլորեմ Ու անոր հիմերը պիտի բանամ։
7. Անոր բոլոր կուռքերը պիտի կոտրտին Ու անոր բոլոր նուիրուած բաները կրակով պիտի այրին։ Անոր բոլոր արձանները բնաջինջ պիտի ընեմ. Քանզի անոնք պոռնկատունի մը վարձքով հաւաքեց Ու անոնք պոռնկատուն պիտի դառնան։
8. Ասոր համար պիտի ողբամ ու պիտի հառաչեմ, Անծածկոյթ ու մերկ պիտի շրջիմ. Չագալներու պէս՝ կոծ ու ջայլամներու պէս՝ սուգ պիտի ընեմ։
9. Քանզի անոր վէրքերը անբուժելի են, Քանզի մինչեւ Յուդա եկաւ, Մինչեւ իմ ժողովուրդիս՝ դուռը, մինչեւ Երուսաղէմ հասաւ։
10. Գէթի մէջ մի՛ պատմէք ու բնաւ մի՛ լաք։ Բեթափրայի մէջ փոշիի մէջ թաւալէ։
11. Ո՛վ Սափիրի բնակիչ, քու մերկութիւնդ բանալով անցի՛ր. Սաանանի բնակիչ, դուրս մի՛ ելլեր, Բեթեսելի կոծը իր օթեւանը ձեզմէ պիտի հեռացնէ։
12. Վասն զի Մարօթի բնակիչները անձկութեամբ կը սպասեն, Քանզի մինչեւ Երուսաղէմի դուռը Տէրոջմէ չարիք իջաւ։
13. Երիվարը կառքին լծէ՛, ո՛վ Լաքիսի բնակիչ Սիօնի աղջկան մեղքին սկիզբը ասիկա է. Քանզի Իսրայէլի յանցանքները քու մէջդ գտնուեցան։
14. Անոր համար Մօրեսեթ-Գէթին ընծաներ պիտի տաս. Աքեզիբի տուները Իսրայէլի թագաւորներուն սուտ պիտի խօսին։
15. Տակաւին քեզի ժառանգ պիտի բերեմ, ո՛վ Մարեսայի բնակիչ. Իսրայէլի փառքը մինչեւ Ոդողոմ պիտի հասնի։
16. Քու սիրելի որդիներուդ համար մազերդ փետտէ՛ ու կտրէ՛, Կնտութիւնդ արծիւի պէս շատցուր, Քանզի անոնք քեզմէ գերութեան պիտի երթան։
1. Վա՜յ անոնց, որ անօրէնութիւն կը խորհին Ու իրենց անկողիններուն մէջ չարութիւն կը մտածեն Եւ առաւօտեան լոյսին ատենը զանոնք կը գործադրեն, Քանզի իրենց ձեռքերուն մէջ ոյժ կայ։
2. Անոնք ագարակներու կը ցանկան ու զանոնք կը յափշտակեն, Տուներու՝ զանոնք կ’առնեն։ Մարդուն՝ իր տանը, Մարդուն ու իր ժառանգութեանը զրկանք կ’ընեն։
3. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես ձեր ազգին համար չարիք կը խորհիմ, Ուրկէ պիտի չկրնաք ձեր պարանոցը հանել Ու պիտի չկրնաք հպարտութեամբ քալել, Վասն զի ժամանակը չար է։
4. Այն օրը ձեր վրայ առակ պիտի շինեն Ու դառն ողբով պիտի ողբան ու ըսեն. ‘Բոլորովին յափշտակուեցանք. Իմ ժողովուրդիս բաժինը փոխեց, Զանիկա ի՜նչպէս ինծմէ վերցուց. Մեր ագարակները ետ տալու տեղ՝ բաժնեց’»։
5. Անոր համար Տէրոջը ժողովին մէջ Վիճակով լար քաշող մը պիտի չունենաս։
6. Մարգարէութիւն ընողներուն՝ «Մարգարէութիւն մի՛ ընէք», կ’ըսեն. «Անոնց մարգարէութիւն պիտի չընեն, քանզի նախատինքը պիտի չվերնայ»։
7. Ո՛վ Յակոբի տուն, միթէ Տէրոջը հոգին կարճցա՞ւ, Անոր գործերը ասո՞նք են. Միթէ իմ խօսքերս ուղղութեամբ քալողին աղէկ չե՞ն։
8. Իմ ժողովուրդս շատոնց ոտքի ելաւ թշնամի ըլլալու համար։ Ապահովութեամբ անցնողներէն, պատերազմի դարձողներէն Հանդերձներուն վրայէն պատմուճանը կը կողոպտէք։
9. Իմ ժողովուրդիս կիները իրենց զուարճալի տուներէն կը վռնտէք, Անոնց տղաքներէն իմ փառքս կ’առնէք յաւիտեան։
10. Ելէ՛ք ու գացէ՛ք, Քանզի ասիկա հանգստութեան տեղ չէ։ Պիղծ ըլլալուն պատճառով Մեծ կործանումով բնաջինջ պիտի ըլլայ։
11. Եթէ մարդ մը հովի եւ ունայնութեան ետեւէ երթայ Ու ստութիւն խօսի՝ ըսելով ՝ «Գինիի ու օղիի համար քեզի մարգարէութիւն ընեմ», Անիկա պիտի ըլլայ այս ժողովուրդին մարգարէն։
12. Ո՜վ Յակոբ, ամէնքդ անշուշտ պիտի հաւաքեմ, Իսրայէլի մնացորդը պիտի հաւաքեմ, Բօսրայի ոչխարներուն պէս, Իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, մէկտեղ պիտի բերեմ։ Մարդոց բազմութեանը համար աղմուկ պիտի ըլլայ։
1. Ու ըսի. «Հիմա լսեցէ՛ք, ո՛վ Յակոբի գլխաւորներ Ու Իսրայէլի տանը իշխաններ. Պէտք չէ՞ որ դուք իրաւունքը ճանչնաք,
2. Դուք որ աղէկութիւնը կ’ատէք ու չարութիւնը կը սիրէք, Մարդոց վրայէն մորթերն ու անոնց ոսկորներէն միսերը կը հանէք։
3. Անոնք, որ իմ ժողովուրդիս միսը կ’ուտեն, Անոնց վրայէն մորթերը կը հանեն, Անոնց ոսկորները կը փշրեն, Զանոնք պտուկի մէջ ու կաթսայի մէջ եփելու միսի պէս կտոր կտոր կ’ընեն,
4. Այն ատեն Տէրոջը պիտի աղաղակեն, Բայց անոնց պատասխան պիտի չտայ Ու այն ժամանակ իր երեսը անոնցմէ պիտի ծածկէ, Վասն զի անոնք չար գործեր ըրին։
5. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը այն մարգարէներուն համար, Որոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն, Իրենց ակռաներովը կը խածնեն, Խաղաղութիւն կը քարոզեն, Անոնց բերանը բան չեն դներ, Բայց անոր դէմ պատերազմ կը հրատարակեն։
6. Անոր համար ձեզի գիշեր պիտի ըլլայ, Որպէս զի տեսիլք չտեսնէք։ Ձեզի խաւար պիտի ըլլայ, Որպէս զի գէշութիւն չընէք։ Մարգարէներուն վրայ արեւը պիտի մտնէ, Անոնց վրայ օրը պիտի խաւարի,
7. Տեսանողները պիտի ամչնան, Գուշակողները ամօթով պիտի ըլլան. Ամէնքն ալ իրենց շրթունքը պիտի ծածկեն, Վասն զի Աստուծմէ պատասխան մը պիտի չըլլայ։
8. Սակայն ես Տէրոջը Հոգիովը՝ Զօրութեամբ, դատաստանով եւ արիութեամբ լեցուած եմ, Որպէս զի Յակոբին իր յանցանքը Ու Իսրայէլին իր մեղքը յայտնեմ։
9. Հիմա ասիկա լսեցէ՛ք, Ո՛վ Յակոբի տանը գլխաւորներ Ու Իսրայէլի տանը իշխաններ, Դուք որ իրաւունքէն կը զզուիք, Ամէն ուղղութիւն կը ծռէք,
10. Սիօնը՝ արիւններով, Երուսաղէմը անիրաւութեամբ կը շինէք։
11. Անոր գլխաւորները կաշառքով կը դատեն, Անոր քահանաները վարձքով կը սորվեցնեն, Անոր մարգարէները ստակով գուշակութիւն կ’ընեն։ Տէրոջը վրայ կը կռթնին ու կ’ըսեն. «Չէ՞ որ Տէրը մեր մէջ է. Մեր վրայ չարիք պիտի չգայ»։
12. Ուրեմն ձեր պատճառով Սիօն ագարակի պէս պիտի հերկուի, Երուսաղէմ՝ աւերակներու դէզեր, Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ։
9. Ո՛վ Աստուած, քեզի նոր երգ պիտի երգեմ, Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս պիտի ըսեմ քեզի։
10. Թագաւորներուն փրկութիւն տուողը Ու իր Դաւիթ ծառան չար սուրէն ազատողը ա՛ն է։
11. Զիս ազատէ ու օտարներուն ձեռքէն փրկէ՛, Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։
12. Որպէս զի մեր որդիները իրենց երիտասարդութեանը մէջ տունկերու պէս մեծնան Ու մեր աղջիկները պալատի շէնքին համար փորագրուած անկիւնի քարերու պէս ըլլան։
13. Որպէս զի մեր ամբարները լեցուին Եւ տեսակ տեսակ կերակուրներ բղխեցնեն Ու մեր ոչխարները հազարաւոր եւ բիւրաւոր ծնանին մեր արտերուն մէջ։
14. Որպէս զի մեր արջառները բազմածին ըլլան Ու ամենեւին դժբաղդութեան եւ աւերումի վիժում չըլլայ, Ոչ ալ աղաղակ՝ մեր հրապարակներուն մէջ։
15. Երանի՜ այսպիսի վիճակի մէջ եղող ժողովուրդին. Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է։
10. Ծառան իր տիրոջ առջեւ մի՛ յանդիմաներ, Որպէս զի քեզ չանիծէ եւ դուն յանցաւոր ըլլաս։
1. Հինգերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու տեսայ որ երկնքէն աստղ մը ինկաւ երկրի վրայ։ Անդունդի գուբին բանալին անոր տրուեցաւ։
2. Ան ալ անդունդին գուբը բացաւ ու այն գուբէն ծուխ կ’ելլէր մեծ հնոցի մը ծուխին պէս ու խաւարեցան արեւն ու օդը՝ գուբին ծուխէն։
3. Ծուխէն մարախներ կ’ելլէին երկրի վրայ։ Անոնց զօրութիւն տրուեցաւ երկրի կարիճներուն ունեցած զօրութեանը պէս։
4. Անոնց ըսուեցաւ որ չվնասեն երկրի խոտին, ո՛չ ալ կանանչեղէնի մը եւ ո՛չ ծառի մը, հապա միայն ա՛յն մարդոց, որոնք իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին։
5. Անոնց հրաման տրուեցաւ, որ չսպաննեն զանոնք, հապա չարչարեն զանոնք հինգ ամիս ու անոնց տուած չարչարանքը կարիճի տուած չարչարանքին պէս էր՝ երբ մարդը կը խայթէ։
6. Այն օրերը մարդիկ մահը պիտի փնտռեն ու պիտի չգտնեն։ Պիտի ուզեն մեռնիլ, բայց մահը անոնցմէ պիտի փախչի։
7. Մարախներուն նմանութիւնը՝ պատերազմի պատրաստուած ձիերու պէս ու անոնց գլուխներուն վրայ ոսկեղէն պսակներու պէս եւ անոնց երեսները մարդոց երեսներու պէս էին
8. Ու անոնք մազեր ունէին կիներու մազերուն պէս ու անոնց ակռաները առիւծներու ակռաներուն պէս էին։
9. Զրահներ ունէին երկաթէ զրահներու պէս։ Անոնց թեւերուն ձայնը պատերազմի գացող շատ ձիեր լծուած կառքերու ձայնին պէս էր։
10. Կարիճներու նման պոչեր ունէին ու պոչերուն վրայ խայթոց։ Իշխանութիւն ունէին հինգ ամիս մարդոց վնասելու։
11. Իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը, որուն անունը Եբրայեցերէն Աբադոն եւ Յունարէն՝ Ապողղիոն։
12. Մէկ վայը անցաւ. ասկէ յետոյ ահա երկու վայեր ալ պիտի գան։
13. Վեցերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու ձայն մը լսեցի Աստուծոյ առջեւ եղող ոսկի սեղանին չորս եղջիւրներէն,
14. Որ կ’ըսէր վեցերորդ հրեշտակին, որ փողը ունէր. «Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած չորս հրեշտակները արձակէ»։
15. Այն չորս հրեշտակները արձակուեցան, որ պատրաստուած էին ժամուան ու օրուան եւ ամսուան ու տարուան համար, որպէս զի մարդոց երրորդ մասը մեռցնեն։
16. Ձիաւոր զօրքերուն համրանքը երկու բիւր բիւրաւոր էր։ Ես իմացայ անոնց համրանքը։
17. Տեսիլքին մէջ տեսայ ձիերը ու անոնց վրայ հեծնողները՝ որոնք ունէին հրեղէն ու յակնթեղէն եւ ծծմբեղէն զրահներ։ Ձիերուն գլուխները առիւծներու գլուխներու պէս էին. անոնց բերնէն կրակ ու ծուխ եւ ծծումբ կ’ելլէր։
18. Այս երեք [հարուած]ներէն մարդոց երրորդ մասը մեռաւ, այսինքն կրակէն ու ծուխէն ու ծծումբէն, որոնք անոնց բերնէն կ’ելլէին։
19. Վասն զի անոնց զօրութիւնը իրենց բերաններուն ու պոչերուն մէջ էր, քանզի անոնց պոչերը օձերու նման էին ու գլուխներ ունէին որոնցմով կը վնասէին։
20. Մնացեալ մարդիկը, որոնք այս հարուածներէն չսպաննուեցան, չապաշխարեցին ու իրենց ձեռքերուն գործերէն ետ չմնացին, որ երկրպագութիւն չընեն դեւերուն ու ոսկիէ եւ արծաթէ ու պղինձէ եւ քարէ ու փայտէ շինուած կուռքերուն, որոնք ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ ալ լսել ու ո՛չ քալել.
21. Նաեւ չապաշխարեցին իրենց մարդասպանութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց կախարդութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց պոռնկութենէն եւ ո՛չ իրենց գողութիւններէն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981