Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 2Դանիել 7:1-281. Բաբելոնի Բաղտասար թագաւորին առաջին տարին, Դանիէլ երազ մը տեսաւ։ Իր անկողնին մէջ՝ իր գլխուն տեսիլքները եւ երազը գրեց համառօտ կերպով։2. Դանիէլ ըսաւ. «Գիշերը տեսիլքիս մէջ տեսայ թէ երկնքի չորս հովերը մեծ ծովուն վրայ կը յարձակէին3. Ու ծովէն չորս մեծ գազաններ ելան, որոնք իրարմէ տարբեր էին։4. «Առաջինը առիւծի պէս էր ու արծիւի թեւեր ունէր։ Երբ կը նայէի՝ անոր թեւերը փրցուեցան ու երկրէն վերցուեցաւ եւ մարդու պէս ոտքերու վրայ կայնեցաւ ու անոր մարդու սիրտ տրուեցաւ։5. «Երկրորդ գազանը արջի նման էր ու մէկ կողմը կայնեցաւ։ Բերանը՝ ակռաներուն մէջ՝ երեք կողի ոսկոր կար եւ անոր այսպէս ըսին. ‘Ելի՛ր, շատ միս կե՛ր’։6. «Անկէ ետքը տեսայ, ահա ինձի նման ուրիշ մը, որուն կռնակին վրայ թռչունի չորս թեւեր կային։ Այս գազանը չորս գլուխ ունէր։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ։7. Անկէ ետքը գիշերուան տեսիլքներու մէջ տեսայ չորրորդ գազան մը։ Անիկա ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր էր։ Անիկա մեծ երկաթէ ակռաներ ունէր։ Կ’ուտէր ու կը փշրէր ու մնացածը ոտքերովը կը կոխկռտէր։ Իրմէ առաջ եկող գազաններէն տարբեր էր։ Տասը եղջիւր ունէր։8. Երբ եղջիւրները կը դիտէի, ահա անոնց մէջ ուրիշ պզտիկ եղջիւր մը ելաւ, որուն առջեւէն միւս եղջիւրներէն երեքը խլուեցան եւ ահա այս եղջիւրին վրայ մարդու աչքերու պէս աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան կար։9. «Երբ կը դիտէի, աթոռներ դրուեցան ու Հինաւուրցը նստաւ։ Անոր զգեստը՝ ձիւնի պէս ճերմակ ու գլխուն մազը բուրդի պէս էր։ Անոր աթոռը՝ կրակի բոցի պէս ու անիւները վառած կրակի պէս էին։10. Անոր առջեւէն կրակի գետ մը կ’ելլէր ու կը վազէր։ Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընէին անոր եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնէին։ Ատեանը բազմեցաւ դատելու ու գրքերը բացուեցան։11. Երբ այն կողմը կը նայէի, այն եղջիւրին մեծ խօսքերուն ձայնին համար, տեսայ թէ գազանը սպաննուեցաւ եւ անոր մարմինը կորսուեցաւ ու կրակի բոցերու տրուեցաւ։12. Թէեւ միւս գազաններուն իշխանութիւնը վերցուեցաւ, բայց ժամանակ մը անոր կեանքը երկարեցաւ։13. Գիշերը տեսիլքի մէջ կը տեսնէի, թէ ամպերով Որդի Մարդոյ նման մէկը կու գար, մինչեւ հասաւ անոր որ յաւիտեան կենդանի է ու Որդին Մարդոյ անոր մօտեցուցին։14. Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի։15. «Ես՝ Դանիէլս՝ հոգիով իմ ներսիդիս վշտացայ եւ իմ տեսիլքներս զիս խռովեցին։16. Հոն կայնողներէն մէկուն մօտեցայ ու բոլոր բաներուն իմաստը անոր հարցուցի եւ անիկա ինծի խօսեցաւ ու այս բաներուն մեկնութիւնը ինծի իմացուց.17. ‘Այս չորս գազանները չորս թագաւորներ են, որոնք երկրէն պիտի ելլեն։18. Եւ Բարձրեալին սուրբերը պիտի առնեն թագաւորութիւնը ու անոնք պիտի ժառանգեն թագաւորութիւնը յաւիտեան եւ յաւիտեանս յաւիտենից’։19. «Ետքը չորրորդ գազանին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ ուզեցի, որ բոլոր միւսներէն տարբեր էր ու խիստ ահեղ էր. անոր ակռաները երկաթէ եւ եղունգները պղնձէ էին, անիկա կ’ուտէր, կը փշրէր ու մնացածը ոտքերովը կը կոխկռտէր։20. Նոյնպէս հարցուցի անոր գլխուն վրայի տասը եղջիւրներուն մասին ու միւսին մասին, որուն առջեւէն երեքը ինկան, այսինքն այն եղջիւրին մասին, որ աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան ունէր ու միւսներէն աւելի մեծ կ’երեւէր։21. Երբ կը դիտէի՝ այդ եղջիւրը միւսներէն մեծ կ’երեւէր եւ կը տեսնէի, որ այդ եղջիւրը սուրբերուն հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց յաղթեց,22. Մինչեւ որ յաւիտեան կենդանին եկաւ եւ Բարձրեալին սուրբերուն իրաւունք տրուեցաւ ու ժամանակը հասաւ, որ սուրբերը թագաւորութիւնը առնեն։23. Անիկա այսպէս ըսաւ. ‘Չորրորդ գազանը երկրի վրայ չորրորդ թագաւորութիւնը պիտի ըլլայ, որ բոլոր թագաւորութիւններէն տարբեր պիտի ըլլայ ու բոլոր երկիրը պիտի ուտէ ու զանիկա պիտի կոխկռտէ ու փշրէ24. Այն տասը եղջիւրները տասը թագաւորներ են, որ այն թագաւորութենէն պիտի ելլեն։ Անոնցմէ ետքը ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ անիկա առաջուաններէն տարբեր պիտի ըլլայ։ Անիկա երեք թագաւոր պիտի կործանէ,25. Բարձրեալին դէմ խօսքեր պիտի ըսէ ու Բարձրեալին սուրբերը պիտի սպառէ եւ պիտի մտածէ ժամանակներ ու օրէնքներ փոխել։ Անոնք մինչեւ ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ անոր ձեռքը պիտի տրուին։26. Թէեւ ատեանը պիտի բազմի, բայց անոր իշխանութիւնը պիտի վերցնեն, վերջապէս զանիկա բնաջինջ պիտի ընեն ու կորսնցնեն։27. Թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը ու բոլոր երկնքին տակ եղող թագաւորութիւններուն մեծութիւնը Բարձրեալին սուրբերուն ժողովուրդին պիտի տրուի։ Անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն պիտի ըլլայ ու բոլոր իշխանները անոր պիտի ծառայեն ու պիտի հնազանդին’»։28. «Խօսքին վերջը մինչեւ հոս է։ Իմ խորհուրդներս զիս՝ Դանիէլս՝ խիստ խռովեցուցին ու երեսիս գոյնը փոխուեցաւ եւ այս խօսքը սրտիս մէջ պահեցի»։Դանիել 8:1-271. «Բաղտասար թագաւորին թագաւորութեանը երրորդ տարին2. Տեսիլքի մէջ Եղամի գաւառին Շուշան մայրաքաղաքն էի, Ուլա գետին քով։3. Աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ գետին քով խոյ մը կայնած էր։ Անիկա երկու եղջիւր ունէր։ Եղջիւրներէն մէկը միւսէն բարձր էր։ Այն բարձրը ետքէն ելաւ։4. Տեսայ այն խոյը, որ իր եղջիւրներով դէպի արեւմուտք, դէպի հիւսիս ու դէպի հարաւ կը զարնէր ու բնաւ գազան մը անոր առջեւ չէր կրնար կայնիլ եւ անոր ձեռքէն ազատուող չկար. այնպէս որ անիկա իր ուզածին պէս ըրաւ ու մեծցաւ։5. «Երբ կը մտածէի, ահա արեւմուտքէն արագընթաց արու այծ մը՝ քօշ մը՝ տեսայ, որուն ոտքերը գետնին չէին դպչիր։ Քօշը իր աչքերուն մէջտեղ ուշագրաւ եղջիւր մը ունէր։6. Անիկա հասաւ մինչեւ երկու եղջիւր ունեցող խոյը, որը տեսայ թէ գետին քով կայնած էր ու իր կատաղի զօրութիւնովը խոյին վրայ յարձակեցաւ։7. Տեսայ թէ երբ խոյին մօտեցաւ, զայրացաւ եւ խոյին զարկաւ ու անոր երկու եղջիւրները կոտրեց։ Խոյը ոյժ չունէր, որ դիմանար։ Ան զինք գետինը զարկաւ ու կոխկռտեց։ Մէ՛կը չկար, որ խոյը անոր ձեռքէն ազատէր։8. Երբ քօշը խիստ մեծցաւ, ուժովցածին պէս՝ այն մեծ եղջիւրը կոտրեցաւ եւ անոր տեղ դէպի երկնքի չորս հովերը ուրիշ չորս աչքառու եղջիւրներ ելան։9. Անոնցմէ մէկին մէջէն պզտիկ եղջիւր մը ելաւ։ Անիկա դէպի հարաւ, դէպի արեւելք ու դէպի փառաւոր երկիրը խիստ մեծցաւ10. Ու մինչեւ երկնքի զօրքը մեծցաւ եւ քանի մը զօրք ու աստղեր գետինը ձգեց ու զանոնք կոխկռտեց11. Մինչեւ որ զօրքերու Իշխանը ինքզինք բարձրացուց ու անկէ մշտնջենապէս այրուող զոհը վերցուեցաւ եւ անոր սրբարանին բնակարանը կործանուեցաւ։12. Ու զօրք մը ամբարշտութեամբ մշտնջենապէս այրուող զոհին դէմ դրաւ ու ճշմարտութիւնը գետինը զարկաւ։ Ինչ որ ըրաւ՝ յաջողեցաւ։13. Լսեցի որ սուրբ մը կը խօսէր եւ ուրիշ սուրբ մը առաջին խօսողին ըսաւ. ‘Մշտնջենապէս այրուող զոհին ու աւերող ամբարշտութեանը ու սրբարանին զօրքին կոխկռտուելուն տեսիլքը մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ’։14. Առաջինը ինծի ըսաւ. ‘Մինչեւ երկու հազար երեք հարիւր օր, ետքը սրբարանը պիտի մաքրուի’։15. «Երբ ես՝ Դանիէլս՝ տեսիլքը տեսայ ու մեկնութիւնը կ’ուզէի հասկնալ, ահա իմ առջեւս մարդու կերպարանքով մէկը կանգնեցաւ։16. Ես Ուլա գետին մէջէն մարդու ձայն լսեցի, որ կը կանչէր ու կ’ըսէր.17. ‘Ո՛վ Գաբրիէլ, տեսիլքը ատոր հասկցուր’։ Գաբրիէլը իմ կեցած տեղիս մօտ եկաւ, վախցայ ու երեսիս վրայ ինկայ։ Անիկա ինծի ըսաւ. «Հասկցի՛ր, որդի՛ մարդոյ, որ այս տեսիլքը վերջին ժամանակին համար է»։18. Երբ անիկա ինծի հետ կը խօսէր, ես թմրած՝ երեսիս վրայ գետինը ինկած էի։ Անիկա ինծի դպաւ ու զիս իմ կեցած տեղս կայնեցուց19. Ու ըսաւ. ‘Ահա քեզի կ’իմացնեմ բարկութեանս վերջը ըլլալիքը, վասն զի այս տեսիլքը վերջի ժամանակին համար է։20. Այն տեսնուած խոյին երկու եղջիւրները՝ Մարերու ու Պարսիկներու թագաւորներն են։21. Այդ այծը՝ քօշը՝ Յոյներու թագաւորն է ու անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը առաջին թագաւորն է։22. Ան որ կոտրեցաւ ու անոր տեղը չորսը ելաւ, այս կը ցուցնէ թէ այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ո՛չ թէ անոր զօրութիւնովը։23. Անոնց թագաւորութեանը վերջը, երբ ամբարիշտները իրենց ամբարշտութեան չափը լեցնեն, պնդերես ու խորագէտ թագաւոր մը պիտի ելլէ։24. Անոր իշխանութիւնը պիտի զօրանայ, բայց ո՛չ թէ իր զօրութիւնովը ու անիկա ահաւոր աւերներ պիտի գործէ եւ իր կատարածներուն մէջ պիտի յաջողի, պիտի կործանէ զօրաւոր մարդիկն ու սուրբերու ժողովուրդը։25. Իր խորամանկութեամբ պիտի յաջողի իր նենգաւոր ճամբաներուն մէջ ու իր սրտին մէջ պիտի հպարտանայ ու խաղաղութեան մէջ շատերը պիտի կորսնցնէ եւ իշխաններուն Իշխանին դէմ պիտի դնէ, բայց առանց ձեռքի պիտի կոտրի։26. Իրիկուան ու առտուան տեսիլքը, որ ցուցուեցաւ՝ ճշմարիտ է. բայց դուն տեսիլքը գոցէ, քանզի վերջի օրերու համար է’։27. «Ու ես՝ Դանիէլս՝ մարեցայ եւ քանի մը օր հիւանդացայ։ Ետքը ելայ թագաւորին գործով զբաղեցայ ու տեսիլքին համար զարմացումի մէջ էի։ Մէկը չկար որ ինծի հասկցնէր»։Սաղմոսներ 137:1-61. Բաբելոնի գետերուն քով՝ Հո՛ն կը նստէինք Ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք։2. Անոր մէջ՝ ուռիներուն վրայ Կախեցինք մեր քնարները.3. Վասն զի մեզ գերի ընողները Հոն մեզմէ երգ մը խնդրեցին Ու մեր կողոպտիչները ուրախութիւն, Ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն»։4. Տէրոջը երգը ի՛նչպէս երգենք Օտար երկրի մէջ։5. Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, Թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ.6. Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի, Եթէ քեզ չյիշեմ, Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս Աւելի մեծ չհամարեմ։Առակներ 29:14-1414. Աղքատները ճշմարտութեամբ դատող թագաւորին աթոռը Յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ։2 Պետրոս 3:1-181. Սիրելինե՛ր, այս երկրորդ թուղթը կը գրեմ, անով ձեր անկեղծ միտքը արթնցնելու որ յիշէք2. Եւ նախապէս սուրբ մարգարէներէն ըսուած խօսքերը եւ մեր՝ այսինքն Տէրոջը ու Փրկչին առաքեալներուն՝ պատուէրները մտքերնիդ բերէք։3. Բայց նախ ասիկա գիտցէք, թէ վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն4. Եւ պիտի ըսեն. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր։5. Քանզի անոնք (որոնց ուզածը այս է,) այն բանը մոռցեր են, թէ երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը.6. Որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ։7. Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքվ կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը։8. Այս մէկ բանը ձեզմէ ծածուկ չմնայ, սիրե՛լիներ, թէ Տէրոջը քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է ու հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս։9. Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն։10. Սակայն Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին։11. Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով12. Ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին։13. Սակայն իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի։14. Ուստի, սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով։15. Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ՝ իրեն տրուած իմաստութիւնովը գրեց ձեզի.16. Ինչպէս բոլոր թուղթերուն մէջ ալ այս բաներուն վրայով կը խօսի. որոնց մէջ քանի մը դժուարիմաց խօսքեր կը գտնուին, որոնք տգէտներն ու անհաւատները ծուռ կը մեկնեն, ինչպէս ուրիշ գրքեր ալ՝ իրենց անձին կորուստին համար։17. Ուրեմն դուք, սիրելիներ, առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք.18. Հապա աճեցէ՛ք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին շնորհքովը ու գիտութիւնովը։ Անոր փառք հիմա ու մինչեւ յաւիտեան։ Ամէն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981