1. Բայց վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը Լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, Ժողովուրդները հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն
2. Եւ շատ ազգեր պիտի երթան ու ըսեն. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տո՛ւնը ելլենք, Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ, Որ անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ Վասն զի օրէնքը՝ Սիօնէն Ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի յայտնուի։
3. Անիկա շատ ժողովուրդներու մէջ դատաստան պիտի ընէ, Զօրաւոր ազգերը՝ մինչեւ հեռաւոր տեղերը՝ պիտի յանդիմանէ։ Անոնք իրենց սուրերը՝ խոփեր, Իրենց նիզակները յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ Եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին,
4. Հապա ամէն մարդ իր որթատունկին տակ Ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, Վախցնող պիտի չըլլայ. Վասն զի զօրքերուն Տէրոջը բերանը խօսեցաւ։
5. Քանզի բոլոր ժողովուրդները՝ Ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, Բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից Մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք։
6. «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, կաղը պիտի հաւաքեմ Ու աքսորուածը պիտի հաւաքեմ, Զանիկա ալ, որ նեղեցի։
8. Դո՛ւն, ո՛վ հօտի աշտարակ, Սիօնի աղջկան բլո՛ւր, Մինչեւ քեզի պիտի գայ, Քեզի պիտի հասնի, առաջուան իշխանութիւնը Ու թագաւորութիւնը՝ Երուսաղէմին աղջկան։
9. Հիմա ինչո՞ւ բարձրաձայն կը պոռաս. Միթէ քու մէջդ թագաւոր չկա՞յ, Կամ քու խորհրդականդ կորսուեցա՞ւ, Որ քեզ ծննդական կնոջ պէս ցաւ բռնեց։
10. Ցաւ քաշէ՛ ու ծննդականի պէս երկունքի մէջ եղի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Քանզի հիմա քաղաքէն պիտի ելլես Ու դաշտի մէջ պիտի բնակիս Ու մինչեւ Բաբելոն պիտի երթաս Եւ հոն պիտի ազատիս։ Հոն Տէրը քեզ պիտի ազատէ քու թշնամիներուդ ձեռքէն։
11. Հիմա քու վրադ շատ ազգեր հաւաքուեցան, որոնք կ’ըսէն. «Թող անիկա պղծուի Ու մեր աչքերը Սիօնը թող տեսնեն»։
12. Բայց անոնք Տէրոջը խորհուրդները չեն գիտեր Ու անոր դիտաւորութիւնը չեն հասկնար, Քանզի ինք զանոնք կը հաւաքէ՝ ինչպէս որաները կալին մէջ կը հաւաքուին ։
13. Ելի՛ր ու կալը ծեծէ՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Քանզի քու եղջիւրդ երկաթէ պիտի ընեմ, Քու կճղակներդ պղնձէ պիտի ընեմ Ու շատ ժողովուրդներ պիտի մանրես։ Անոնց վաստակը՝ Եհովային Եւ անոնց ստացուածքը բոլոր երկրին Տէրոջը պիտի նուիրեմ։
1. Հիմա, ո՛վ ամրութեան աղջիկ, քեզ ամրացուր. Մեզ պաշարած են։ Գաւազանով պիտի զարնեն Իսրայէլի դատաւորին ծնօտին։
2. Եւ դո՛ւն, ո՛վ Բեթլէհէմ Եփրաթա, Թէեւ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ պզտիկ ես, Բայց քեզմէ պիտի ելլէ Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ։ Ու անոր ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է։
3. Անոր համար անոնց ձեռք պիտի տայ՝ Մինչեւ ծնանողին ծնանելու ժամանակը Եւ անոր եղբայրներուն մնացորդը Իսրայէլի որդիներուն պիտի դառնայ։
4. Անիկա պիտի կենայ ու Տէրոջը զօրութիւնովը Եւ իր Տէր Աստուծոյն անուանը մեծավայելչութիւնովը պիտի հովուէ։ Անոնք պիտի բնակին. Քանզի հիմա մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի մեծնայ։
5. Անիկա խաղաղութիւն պիտի բերէ, Երբ Ասորեստանցին մեր երկիրը մտնէ Ու մեր պալատներուն մէջ ոտք կոխէ, Անոր դէմ եօթը հովիւ Եւ ութը իշխաններ պիտի հանենք։
6. Անոնք Ասորեսատանը սուրով Ու Նեբրովթը իր դռներուն մէջ պիտի սպառեն։ Անիկա մեզ պիտի ազատէ Ասորեստանցիներէն, Երբ անոնք մեր երկիրը մտնեն Ու մեր սահմաններուն մէջ ոտք կոխեն։
7. Յակոբին մնացորդը շատ ժողովուրդներուն մէջ Ցօղի պէս պիտի ըլլայ, որ Տէրոջմէ կու գայ Եւ շաղի պէս, որ կանանչ խոտի վրայ կ’իջնէ. Որ մարդէ չի սպասեր Ու մարդու որդիներէն չի յուսար։
8. Յակոբին մնացորդը ազգերու մէջ, Շատ ժողովուրդներու մէջ այնպէս պիտի ըլլայ, Ինչպէս առիւծ մը՝ անտառի գազաններուն մէջ, Կամ առոյգ առիւծ մը՝ ոչխարներու հօտերուն մէջ, Որ եթէ անցնի՝ կը կոխկռտէ ու կը պատառէ Եւ ազատող մը չըլլար։
9. Քու ձեռքդ քու հակառակորդներուդ վրայ պիտի բարձրանայ Ու բոլոր թշնամիներդ պիտի կոտրտին։
10. «Եւ այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Քու ձիերդ քու մէջէդ բնաջինջ պիտի ընեմ, Քու կառքերդ պիտի կորսնցնեմ.
11. Քու երկրիդ քաղաքները բնաջինջ պիտի ընեմ, Բոլոր պարիսպներդ պիտի փլցնեմ.
12. Քու ձեռքէդ կախարդութիւնները բնաջինջ պիտի ընեմ, Ա՛լ գուշակութիւն ընողներ պիտի չունենաս։
13. Քու մէջէդ քու կուռքերդ Ու արձաններդ բնաջինջ պիտի ընեմ Ու ա՛լ քու ձեռքերուդ գործերուն երկրպագութիւն պիտի չընես։
14. Քու մէջէդ Աստարովթի կուռքերը պիտի կործանեմ Ու քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ։
1. Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես Ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։
2. Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ Եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։
3. Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը Ու անոր մեծութիւնը անքննելի է։
4. Մէկ սերունդը միւսին պիտի գովէ քու գործերդ Եւ քու զօրութիւններդ պիտի պատմէ։
5. Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը Ու քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ։
6. Եւ քու ահաւոր գործերուդ վրայ պիտի խօսին Ու ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ։
7. Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակեն Եւ քու արդարութիւնովդ պիտի ցնծան։
8. Ողորմած ու գթած է Տէրը, Երկայնամիտ ու բազումողորմ է։
9. Տէրը ամենուն բարի է Ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են։
11. Կան անձեր, որոնք իրենց հայրը կ’անիծեն Եւ մայրը չեն օրհներ։
12. Կան անձեր, որոնք իրենց աչքին առջեւ մաքուր են, Սակայն իրենց աղտեղութենէն լուացուած չեն։
13. Մարդ կայ, որուն աչքերը խիստ ամբարտաւան են Ու անոր արտեւանունքները բարձրացած են։
14. Մարդ կայ, որուն ակռաները սուրերու պէս են Եւ անոր ժանիքները դանակներու պէս են, Աղքատները երկրի վրայէն Ու տնակները մարդոց մէջէն ուտելու համար։
1. Տեսայ ուրիշ զօրաւոր հրեշտակ մը, որ երկնքէն կ’իջնէր։ Ամպ հագած էր եւ իր գլխուն վրայ ծիածան կար։ Իր երեսը արեւի պէս էր եւ իր ոտքերը՝ կրակի սիւներու պէս։
2. Իր ձեռքը գրքոյկ մը ունէր բացուած։ Իր աջ ոտքը ծովուն վրայ դրաւ եւ ձախը՝ ցամաքին վրայ
3. Եւ մեծ ձայնով աղաղակեց առիւծի մը մռնչիւնին պէս։ Երբ աղաղակեց, եօթը որոտումները իրենց ձայներովը խօսեցան
4. Երբ եօթը որոտումները խօսեցան, ես պիտի գրէի, բայց երկնքէն ձայն մը լսեցի որ կ’ըսէր. «Կնքէ այն բաները որոնք եօթը որոտումները խօսեցան ու զանոնք մի՛ գրեր»։
5. Այն հրեշտակը որ ծովուն վրայ ու ցամաքին վրայ կայնած տեսայ, իր [աջ] ձեռքը երկինք վերցուց
6. Ու երդում ըրաւ յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին վրայ, որ ստեղծեց երկինքը ու ինչ որ անոր մէջ է ու երկիրը եւ ինչ որ անոր մէջ է եւ ծովը ու ինչ որ անոր մէջ է, թէ՝ ա՛լ ժամանակ պիտի չըլլայ.
7. Հապա եօթներորդ հրեշտակին ձայնին օրերը՝ երբ փողը հնչեցնէ, Աստուծոյ խորհուրդը պիտի կատարուի, ինչպէս իր ծառաներուն, մարգարէներուն ծանուցանեց։
8. Այն ձայնը, որ երկնքէն լսեցի, նորէն խօսեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Գնա՛, ա՛ռ այն բաց գրքոյկը՝ որ ծովուն ու ցամաքին վրայ կայնող հրեշտակին ձեռքն է»։
9. Ես ալ հրեշտակին գացի ու ըսի անոր. «Տո՛ւր ինծի այդ գրքոյկը»։ Ան ըսաւ ինծի. «Ա՛ռ ասիկա ու կե՛ր եւ քու փորիդ մէջ դառնութիւն պիտի պատճառէ, բայց բերնիդ մէջ մեղրի պէս անոյշ պիտի ըլլայ»։
10. Եւ գրքոյկը հրեշտակին ձեռքէն առի ու կերայ զանիկա։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր եւ ուտելէս ետքը փորիս մէջ դառնութիւն զգացի։
11. Ան ըսաւ ինծի. «Պէտք է որ դուն նորէն մարգարէութիւն ընես շատ ժողովուրդներու եւ ազգերու ու լեզուներու եւ թագաւորներու վրայով»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981