Աստվածաշունչը մեկ տարում
Դեկտեմբեր 21

1. Հիմա Տէրոջը ըսածը լսեցէ՛ք։ «Ելի՛ր ու լեռներուն առջեւ դատ վարէ՛ Եւ բլուրները քու ձայնդ թող լսեն»։
2. «Ո՛վ լեռներ ու երկրի ամուր հիմեր, Տէրոջը դատը լսեցէ՛ք, Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին հետ դատ ունի Ու Իսրայէլին հետ պիտի վիճի»։
3. «Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քեզի ի՞նչ ըրի Ու ի՞նչ բանով քեզ յոգնեցուցի. Ինծի պատասխան տո՛ւր,
4. Վասն զի քեզ Եգիպտոսէն հանեցի Ու ծառայութեան տունէն քեզ փրկեցի Եւ քու առջեւէդ Մովսէսը, Ահարոնն ու Մարիամը ղրկեցի։
5. Ո՛վ իմ ժողովուրդս, միտքդ բե՛ր Ինչ որ Մովաբացիներու Բաղակ թագաւորը խորհեցաւ Ու ինչ որ Բէովրեան Բաղաամը անոր պատասխանեց Եւ ինչ որ եղաւ Սատիմէն մինչեւ Գաղգաղա, Որպէս զի Տէրոջը արդարութիւնը գիտնաս»։
6. «Տէրոջը առջեւ ինչո՞վ երթամ Ու Բարձրեալ Աստուծոյն առջեւ իյնամ. Արդեօք անոր առջեւ ողջակէզներո՞վ, Մէկ տարեկան հորթերո՞վ երթամ։
7. Արդեօք Տէրը հազարաւոր խոյերու Կամ բիւրաւոր իւղի գետերու պիտի հաւնի՞. Արդեօք իմ յանցանքիս համար իմ անդրանի՞կս Ու հոգիիս մեղքին համար որովայնիս պտո՞ւղը տամ»։
8. Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը Ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, Բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել Ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել։
9. Տէրոջը ձայնը քաղաքին կը կանչէ Ու իմաստունը քու անունդ պիտի տեսնէ. «Գաւազանին մտիկ ըրէ՛ք, որ զայն կը պատրաստէ»։
10. Անօրէնին տանը մէջ տակաւին անօրէնութեան գանձեր կա՞ն Ու պակաս արդու՝ որ պիղծ է։
11. Միթէ անօրէնութեան կշիռներ Ու խարդախ քարերու քսակ ունեցողը մաքուր պիտի սեպե՞մ։
12. Քանզի անոր հարուստները զրկանքով լեցուն են Եւ անոր բնակիչները սուտ կը խօսին Ու իրենց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու ունին։
13. Ուստի ես ալ քեզ զարնելով պիտի հիւանդացնեմ Եւ քու մեղքերուդ համար քեզ պիտի ամայացնեմ։
14. Դուն պիտի ուտես ու պիտի չկշտանաս Եւ քու անօթութիւնդ փորիդ մէջ պիտի ըլլայ։ Պիտի յափշտակես, բայց պիտի չկարենաս ազատել Ու ազատածդ սուրի պիտի մատնեմ։
15. Դուն պիտի սերմանես, բայց պիտի չհնձես. Դուն ձիթապտուղ պիտի կոխես, բայց իւղով պիտի չօծուիս. Քաղցու պիտի պատրաստես, բայց գինի պիտի չխմես։
16. Քանզի Ամրիին հրամանները կը պահուին Եւ Աքաաբին տանը բոլոր գործերը Եւ դուք անոնց խորհուրդներովը կը քալէք, Որպէս զի քեզ ամայացնեմ Եւ քու բնակիչներդ՝ սուլելու ենթակայ. Ուստի իմ ժողովուրդիս նախատինքը պիտի կրէք»։
1. Վա՜յ ինծի, որ ամառնային պտուղը քաղուածի պէս, Այգեկութէն մնացած ճիռերու պէս եղայ։ Ուտելու ողկոյզ չկայ։ Հոգիս կանխահաս պտուղներու կը ցանկայ։
2. Բարեպաշտը երկրէն կորսուեցաւ։ Մարդոց մէջ ուղիղ մէկը չկայ։ Ամէնքը արիւններու համար դարան կը մտնեն։ Ամէն մարդ իր եղբայրը որոգայթով կ’որսայ։
3. Ձեռքերով չարութիւն ընելու համար Իշխանը պարգեւ կը պահանջէ Եւ դատաւորը կաշառքի կը նայի ։ Մեծ մարդը իր սրտին ցանկութեանը համեմատ կը խօսի։ Այսպէս զանիկա կը ծռեն։
4. Անոնց աղէկը՝ փուշի պէս, Շիտակը փշեղէն ցանկէն գէշ է. Քու դէտերուդ օրը քու պատիժդ եկաւ, Անոնց շփոթութիւնը հիմա պիտի ըլլայ։
5. Բարեկամի մի՛ հաւատաք, Մտերիմ բարեկամի մի՛ ապաւինիք, Ծոցդ պառկողէն բերնիդ դռներուն հսկէ՛.
6. Քանզի տղան իր հայրը կ’անարգէ, Աղջիկը՝ իր մօրը դէմ ու հարսը իր կեսուրին դէմ կ’ելլէ. Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքն են։
7. Բայց ես Տէրոջը պիտի սպասեմ, Իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ, Իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ։
8. Ո՛վ իմ թշնամիս, վրաս մի՛ խնդար. Թէեւ իյնամ՝ պիտի ելլեմ, Թէեւ խաւարի մէջ նստիմ՝ Տէրը ինծի լոյս պիտի ըլլայ։
9. Տէրոջը բարկութիւնը պիտի կրեմ Քանզի անոր դէմ մեղք գործեցի Մինչեւ անիկա իմ դատս պաշտպանէ ու ինծի իրաւունք ընէ, Զիս լոյսը հանէ ու իրեն արդարութիւնը տեսնեմ։
10. Այն ատեն իմ թշնամիս պիտի տեսնէ. Ամօթը պիտի ծածկէ զանիկա, որ ինծի կ’ըսէր թէ՝ «Ո՞ւր է քու Տէր Աստուածդ»։ Իմ աչքերս զանիկա պիտի տեսնեն. Հիմա անիկա փողոցներուն ցեղին պէս ոտքի կոխան պիտի ըլլայ։
11. Այն օրը որ քու պարիսպներդ շինուին Նոյն օրը Աստուծոյ խօսքը հեռացած պիտի ըլլայ։
12. Այն օրը Ասորեստանէն եւ պարսպապատ քաղաքներէն Ու պարիսպէն մինչեւ Գետը Եւ ծովէ ծով ու լեռնէ լեռ քեզի պիտի գան։
13. Սակայն երկիրը ամայի պիտի ըլլայ իր բնակիչներուն պատճառով, Որպէս զի իրենց գործերուն պտուղէն ուտեն ։
14. Քու գաւազանովդ հովուէ՛ քու ժողովուրդդ, Քու ժառանգութեանդ խաշինքը, Որ առանձին անտառ մը կը նստի Կարմեղոսի մէջ։ Անոնք հին օրերու պէս Բասանի ու Գաղաադի մէջ թող արածին։
15. Անոր հրաշքներ պիտի ցուցնեմ, Ինչպէս այն օրերը, երբ Եգիպտոսէն ելար։
16. Ազգերը պիտի տեսնեն Ու իրենց բոլոր քաջութենէն պիտի ամչնան։ Բերնի վրայ ձեռք պիտի դնեն Ու անոնց ականջները պիտի խլանան։
17. Օձի պէս հող պիտի լզեն, Երկրի սողուններուն պէս Իրենց պահուըտած տեղերուն մէջ պիտի դողան, Մեր Տէր Աստուծմէն պիտի զարհուրին Ու քեզմէ պիտի վախնան։
18. Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ, Որ անօրէնութեան կը ներէ Ու իր ժառանգութեանը մնացորդին յանցանքը անտես կ’ընէ. Իր բարկութիւնը յաւիտեան չի պահեր, Քանզի ողորմութիւնը կը սիրէ։
19. Անիկա պիտի դառնայ, մեզի ողորմութիւն պիտի ընէ, Մեր անօրէնութիւնները ոտքին տակ պիտի առնէ։ Այո՛, անոնց բոլոր մեղքերը Ծովուն խորութեանը մէջ պիտի նետես։
20. Յակոբին ճշմարտութիւն պիտի ընես Եւ Աբրահամին՝ ողորմութիւն, Ինչպէս հին օրերէն ի վեր Մեր հայրերուն երդումով խոստացեր ես։
10. Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն Եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։
11. Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն Ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն.
12. Որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը Մարդոց որդիներուն գիտցնեն։
13. Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է Ու քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
14. Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները Եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ։
15. Ամենուն աչքերը քեզի կը սպասեն Ու ժամանակին անոնց կերակուրը դուն իրենց կու տաս։
16. Քու ձեռքդ կը բանաս Ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։
15. Տզրուկը երկու աղջիկ ունի։ «Տո՛ւր, տո՛ւր», կ’ըսեն ։ Այս երեքը չեն կշտանար Ու չորս բան կայ, որոնք «Հերիք է», չեն ըսեր.
1. Ինծի եղէգ մը տրուեցաւ գաւազանի պէս։ Հրեշտակը կայներ էր ու կ’ըսէր. «Ելի՛ր ու չափէ՛ Աստուծոյ տաճարն ու սեղանը եւ անոր մէջ երկրպագութիւն ընողները։
2. Բայց գաւիթը, որ տաճարէն դուրս է, ձգէ՛ եւ մի՛ չափեր, վասն զի անիկա հեթանոսներուն տրուած է ու անոնք սուրբ քաղաքը պիտի կոխկռտեն քառասունըերկու ամիս։
3. Ես իմ երկու վկաներուս զօրութիւն պիտի տամ եւ անոնք քուրձ հագած հազար երկու հարիւր վաթսուն օր մարգարէութիւն պիտի ընեն։
4. Ասոնք այն երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակներն են, որոնք երկրին Տէրոջը առջեւ կը կենան։
5. Եւ եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, անոնց բերաններէն կրակ պիտի ելլէ ու իրենց թշնամիները ուտէ։ Եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, պիտի սպաննուի։
6. Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէս զի իրենց մարգարէութեան օրերը անձրեւ չգայ ու ջուրերուն վրայ իշխանութիւն ունին՝ զանոնք արիւն դարձնելու եւ ամէն կերպ պատուհասներով երկիրը զարնելու՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն։
7. Երբ իրենց վկայութիւնը կատարեն, այն ատեն անդունդէն ելլող գազանը անոնց հետ պատերազմ պիտի ընէ, անոնց պիտի յաղթէ ու պիտի սպաննէ զանոնք։
8. Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան այն մեծ քաղաքին հրապարակին մէջ, որ հոգեւորապէս կը կոչուի Սոդոմ ու Եգիպտոս, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ։
9. Եւ ժողովուրդներն ու ցեղերը եւ լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները երեք ու կէս օր ու պիտի չթողուն որ անոնց դիակները գերեզմաններու մէջ թաղեն։
10. Անոնք որ երկրի վրայ կը բնակին, պիտի ուրախանան ու խնդան անոնց վրայ, մինչեւ անգամ իրարու ընծաներ պիտի ղրկեն. վասն զի այս երկու մարգարէները երկրի բնակիչները չարչարած էին։
11. Երեք ու կէս օր ետքը Աստուծմէ կենդանութեան հոգի մտաւ անոնց մէջ ու իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան եւ զանոնք տեսնողներուն վրայ մեծ վախ ինկաւ։
12. Երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցին, որ կ’ըսէր անոնց. «Վե՛ր ելէք, հո՛ս եկէք »։ Եւ անոնք ամպով երկինք բարձրացան։ Անոնց թշնամիներն ալ զանոնք տեսան։
13. Նոյն ժամուն մեծ երկրաշարժ մը եղաւ ու քաղաքին տասներորդ մասը կործանեցաւ, եօթը հազար մարդիկ մեռան ու մնացածները վախով լեցուեցան ու փառք տուին երկնքի Աստուծոյն։
14. Երկրորդ վայը անցաւ։ Երրորդ վայը շուտով պիտի գայ։
15. Եօթներորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքի մէջ մեծ ձայներ եղան, որ կ’ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։
16. Քսանըչորս երէցները, որոնք իրենց աթոռներուն վրայ նստած էին Աստուծոյ առջեւ, իրենց երեսներուն վրայ ինկան եւ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին՝ ըսելով.
17. «Քեզի գոհութիւն կը մատուցանենք, Ամենակալ Տէր Աստուած, որ ե՛ս եւ որ էիր, որ քու մեծ զօրութիւնդ առիր ու թագաւորեցիր։
18. Եւ ազգերը բարկացան, վասն զի եկաւ քու բարկանալու ժամանակդ, երբ պիտի դատես մեռելները, պիտի վարձատրես քու ծառաներդ, մարգարէներդ, սուրբերդ եւ քու անունէդ վախցողները, մեծերն ու պզտիկները եւ պիտի ապականես երկիրը ապականողները»։
19. Երկնքի մէջ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ եւ անոր ուխտին տապանակը իր տաճարին մէջ երեւցաւ ու եղան փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ ու երկրաշարժ եւ խոշոր կարկուտ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981