Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 22Նահում 1:1-151. Նինուէի պատգամը եւ Ելկեսացի Նաւումին տեսիլքին գիրքը։2. Եհովան նախանձոտ ու վրէժխնդիր Աստուած է։ Եհովան վրէժ առնող ու բարկութեան տէր է։ Եհովան իր հակառակորդներէն վրէժ կ’առնէ, Իր թշնամիներուն դէմ ոխ կը պահէ։3. Եհովան երկայնամիտ է ու անոր զօրութիւնը մեծ է, Բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր։ Եհովային ճամբան մրրիկի ու փոթորիկի մէջ է Ու ամպերը անոր ոտքերուն փոշին են։4. Ծովուն կը սաստէ ու զանիկա կը ցամքեցնէ Եւ բոլոր գետերը կը չորցնէ։ Բասանն ու Կարմեղոսը կը թառամին Եւ Լիբանանի ծաղիկը կը թառամի։5. Լեռները անկէ կը դողան ու բլուրները կը հալին։ Երկիրը անոր երեսէն կը խախտի, Աշխարհն ու անոր բոլոր բնակիչները։6. Անոր ցասումին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ Եւ անոր սաստիկ բարկութեանը Ո՞վ կրնայ դէմ դնել։ Անոր սրտմտութիւնը կրակի պէս կը թափի Ու ապառաժները անկէ կը խորտակուին։7. Եհովան բարի է, նեղութեան օրը ամրութիւն է, Իրեն ապաւինողները կը ճանչնայ։8. Բայց այն քաղաքին տեղը յորդահոս հեղեղով բոլորովին պիտի ջնջէ Եւ խաւարը պիտի հալածէ անոր թշնամիները։9. Եհովային դէմ ի՞նչ կը ծրագրէք։ Բնաջինջ ընողը անիկա է։ Թշնամիներէն երկրորդ անգամ վրէժ պիտի չլուծէ։10. Քանզի անոնք՝ փուշերու պէս փաթթուած Ու իրենց ըմպելիքովը գինովցածի պէս են, Բոլորովին չորցած յարդի պէս պիտի այրին։11. Քեզմէ՝ Եհովային դէմ չարութիւն մտածող մը, Անօրէն խորհրդական մը ելաւ։12. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Թէեւ անոնք խաղաղութեան մէջ են ու բազմաթիւ են, Սակայն անոնք պիտի կոտորուին ու անցնին։ Թէեւ քեզ նեղեցի, ա՛լ պիտի չնեղեմ։13. Հիմա քու վրայէդ անոր լուծը պիտի վերցնեմ Ու քու կապերդ պիտի կտրեմ»։14. Տէրը քեզի համար հրամայեց, Անգամ մըն ալ քու անունդ պիտի չտարածուի։ Քու աստուածներուդ տունէն Քանդակուած եւ ձուլածոյ կուռքերը բնաջինջ պիտի ընեմ։ Զանիկա քու գերեզմանդ պիտի ընեմ, Քանզի դուն անարգ եղար»։15. Ահա լեռներուն վրայ աւետիս բերողին, Խաղաղութիւն քարոզողին ոտքերը։ Տօներդ պահէ՛, ո՛վ Յուդա, ուխտերդ կատարէ՛. Քանզի ա՛լ քու մէջէդ անօրէն պիտի չանցնի, Անիկա բոլորովին կտրուեցաւ։Նահում 2:1-131. Խորտակողը քու երեսիդ դէմ ելաւ։ Պարիսպը պահպանէ՛, ճամբան դիտէ՛, Մէջքերդ ուժովցո՛ւր ու բոլոր ոյժդ վրադ հաւաքէ՛։2. Քանզի Տէրը Յակոբին վայելչութիւնը Իսրայէլին վայելչութեանը պէս նորոգեց, Վասն զի աւարառուները զանիկա կողոպտեցին Ու անոնց որթատունկին ճիւղերը աւերեցին.3. Անոր զօրաւոր մարդոց վահանը կարմրեցաւ Անոր քաջ մարդիկը ծիրանի հագան. Անոր պատրաստութեանը օրը կառքը պողպատի փայլունութիւն՝ ՝ պիտի ունենայ, Նիզակները պիտի երերցուին։4. Կառքերը փողոցներուն մէջ պիտի կատղին, Հրապարակներուն մէջ իրարու պիտի բաղխին։ Անոնց երեւոյթը ջահերու պէս պիտի ըլլայ Ու փայլակներու պէս պիտի վազեն։5. Իր կտրիճները պիտի յիշէ։ Անոնք քալած ատեննին պիտի գլորին, Իսկ թշնամիները պարսպին մօտենալու պիտի արտորան Ու պատսպարան պիտի պատրաստուի։6. Գետերուն դռները պիտի բացուին Ու պալատը պիտի փլչի։7. Ու նախասահմանուեցաւ, որ անիկա գերութեան ելլէ Եւ անոր աղախինները կուրծքերնուն զարնելով Ու աղաւնիի պէս մնչելով անոր հետ երթան։8. Նինուէն շատ ժամանակէ ի վեր ջուրերու աւազանի պէս էր. Սակայն անոնք փախչելով՝ ‘Կայնեցէ՛ք, կայնեցէ՛ք, պիտի ըսեն, Բայց դարձող պիտի չըլլայ։9. Արծաթ յափշտակեցէ՛ք, ոսկի յափշտակեցէ՛ք, Քանզի անոր զարդերը անթիւ են Ու ամէն ցանկալի սպասներու առատութիւն կայ։10. Պարապ ու պարպուած ու դատարկուած է։ Սրտերը կը հալին ու ծունկերը իրարու կը զարնուին, Բոլոր մէջքերը կը դողան Ու ամենուն երեսները գոյներնին կը նետեն։11. Ո՞ւր է առիւծներուն բնակարանը Եւ առոյգ առիւծներուն արօտը։ Արու առիւծը, մատակ առիւծը Ու առիւծին կորիւնը ո՞ւր կը պտըտէին։ Զանոնք վախցնող չկայ։12. Առիւծը իր կորիւններուն բաւական եղածին չափ կը պատառէր Ու իր մատակ առիւծներուն համար կը խեղդէր։ Իր մորիները՝ որսով, Իր բնակարանները յափշտակութեամբ կը լեցնէր։13. «Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Եւ քու կառքերդ պիտի այրեմ ու ծուխի պիտի դարձնեմ ։ Սուրը պիտի ուտէ քու առոյգ առիւծներդ։ Քու որսդ երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ Եւ քու դեսպաններուդ ձայնը անգամ մըն ալ պիտի չլսուի»։Նահում 3:1-191. Վա՜յ արիւններու քաղաքին Որ բոլորովին ստութեամբ ու յափշտակութեամբ լեցուն է։ Հոն որսը պակաս չէ։2. Ահա խարազանին ձայնը, Անիւին շարժման ձայնը, Սրընթաց ձիուն ու ցնցուող կառքին շաչիւնը ։3. Ձիաւորը կը վերցնէ փայլուն սուրը ու շողշողուն նիզակը՝ ՝ Եւ շատ վիրաւորներ ու խիստ շատ մեռելներ կ’ըլլան։ Դիակները անթիւ են, անոնք դիակներուն վրայ կը գլորին4. Պոռնիկին պոռնկութիւններուն շատութեանը համար, Որ խիստ շնորհալի ու կախարդութիւններու տէր ըլլալով՝ Իր պոռնկութիւններովը՝ ազգեր Եւ իր կախարդութիւններովը ազգատոհմեր կը ծախէր։5. «Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Քու երեսիդ դէմ քու քղանցքդ պիտի բանամ, Քու մերկութիւնդ՝ ազգերուն, Քու անարգանքդ թագաւորներուն պիտի ցուցնեմ։6. Քու վրադ պղծութիւններ պիտի նետեմ, Քեզ խայտառակ պիտի ընեմ, Քեզ իբր օրինակ պիտի դնեմ»։7. Ամէն քեզ տեսնող Քեզմէ պիտի փախչի ու պիտի ըսէ. ‘Նինուէն աւերակ եղաւ, Անոր վրայ ո՞վ պիտի ողբայ’։ Քեզի ուրկէ՞ մխիթարիչ փնտռեմ։8. Միթէ դուն Նով-Ամոնէն աղէ՞կ ես, Որ գետերուն քով կը բնակէր Ու ջուրերով շրջապատուած էր, Ծովը անոր խրամն էր, Ջուրը անոր պարիսպն էր։9. Անոր զօրութիւնը՝ Եթովպիա ու Եգիպտոս էին Ու ծայր չունէր։ Փուդացիներն ու Լիբէացիները քեզի օգնական էին։10. Անիկա ալ աքսորուեցաւ ու գերութեան գնաց, Անոր տղաքներն անգամ ամէն ճամբու գլուխ գետինը զարնուեցան, Անոր պատուական մարդոց վրայ վիճակ ձգեցին։ Անոր բոլոր մեծամեծները շղթաներով կապուեցան։11. Դուն ալ պիտի գինովնաս ու անյայտ ըլլաս, Դուն ալ թշնամիէն պահուելու տեղ պիտի փնտռես։12. Քու բոլոր բերդերդ կանխահաս պտուղներ ունեցող թզենիներու պէս պիտի ըլլան, Որոնք երբ թօթուեն, ուտողին բերանը կ’իյնան։13. Ահա քու ժողովուրդդ քու մէջդ կիներու պէս պիտի ըլլան, Քու երկրիդ դռները անշուշտ քու թշնամիներուդ առջեւ պիտի բացուին, Կրակը պիտի ուտէ քու նիգերդ։14. Պաշարումի համար քեզի ջուրեր քաշէ՛, Բերդերդ ամրացո՛ւր. Ցեխի մէջ մտի՛ր ու կաւը կոխէ՛ Եւ աղիւսին փուռը նորոգէ՛։15. Հոն կրակը քեզ պիտի ուտէ, Սուրը քեզ պիտի կտրտէ, Ջորեակի պէս քեզ պիտի հատցնէ, ուստի Քեզ ջորեակի պէս շատցուր, Քեզ մարախի պէս շատցուր։16. Քու վաճառականներդ երկնքի աստղերէն աւելի շատցուցիր. Ջորեակը տարածեց իր թեւերը, ետքը թռաւ։17. Քու թագակիրներդ մարախի պէս, Զօրավարներդ անթիւ մարախներու պէս են, Որոնք ցուրտ օրը ցանկերու վրայ կը հանգչին. Երբ արեւը ծագի՝ կը չուեն Ու անոնց ո՛ւր ըլլալը չի գիտցուիր։18. Քու հովիւներդ կը քնանան, ո՛վ Ասորեստանի թագաւոր, Քու ազնուականներդ կը պառկին, Քու ժողովուրդդ լեռներու վրայ ցրուեցան Ու մէկը չկայ որ զանոնք հաւաքէ։19. Քու կոտրուածքիդ ճար չկայ, Քու վէրքդ անդարմանելի է. Ամէն անոնք որ քու լուրդ կը լսեն՝ քեզի համար ծափ կը զարնեն, Քանզի քու չարութիւնդ որո՞ւ վրայ եկած չէ։Սաղմոսներ 145:17-2117. Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ Ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ։18. Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, Այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։19. Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ Եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։20. Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ, Սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ։21. Իմ բերանս Տէրոջը գովութիւնը պիտի պատմէ Ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից։Առակներ 30:16-1616. Գերեզմանը, ամուլ արգանդը, Երկիրը, որ ջրով չի կշտանար Ու կրակը, որ «Հերիք է», չ’ըսեր։Հայտնություն 12:1-171. Երկնքի մէջ մեծ նշան մը երեւցաւ։ Կին մը արեւը հագած էր ու լուսինը ձգած իր ոտքերուն տակ եւ իր գլխուն վրայ տասներկու աստղէ պսակ մը։2. Ան յղի էր ու երկունքի մէջ ըլլալով ծնանելու համար շատ նեղութիւն քաշելով՝ կը պոռար։3. Երկնքի մէջ ուրիշ նշան մը երեւցաւ եւ ահա մեծ շառագոյն վիշապ մը, որ եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունէր եւ իր գլուխներուն վրայ եօթը թագ։4. Անոր պոչը երկնքի աստղերուն երրորդ մասը կը քաշէր ու զանոնք երկրի վրայ ձգեց եւ վիշապը կեցաւ այն կնոջ առջեւ, որ ծնանելու վրայ էր, որպէս զի երբ ծնանի, անոր զաւակը կլլէ։5. Կինը արու զաւակ մը ծնաւ, որ երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը։ Անոր զաւակը յափշտակուեցաւ Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով։6. Կինն ալ անապատը փախաւ, ուր անոր տեղ պատրաստուած էր Աստուծմէ, որպէս զի հոն կերակրուի հազար երկու հարիւր վաթսուն օր։7. Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ,8. Բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։9. Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ։10. Եւ մեծ ձայն մը լսեցի երկնքի մէջ, որ կ’ըսէր. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը. վասն զի մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը վար ձգուեցաւ, որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր։11. Եւ անոնք անոր յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը եւ իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ։12. Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։13. Ու երբ վիշապը տեսաւ որ ինք երկրի վրայ ձգուեցաւ, արու զաւակ ծնանող կնոջ ետեւէն ինկաւ։14. Այն կնոջ մեծ արծիւի երկու թեւեր տրուեցան, որպէս զի անապատ իր տեղը թռչի օձին երեսէն, ուր պիտի կերակրուէր ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ։15. Եւ օձը իր բերնէն գետի պէս ջուր վազցուց կնոջ ետեւէն, որպէս զի զանիկա հեղեղով ընկղմէ։16. Բայց երկիրը օգնեց կնոջը։ Իր բերանը բացաւ եւ կլլեց այն գետը, որ վիշապը իր բերնէն վազցուց։17. Վիշապը բարկացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն հետ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահէին ու Յիսուսին վկայութիւնը ունէին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981