Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 24Սոփոնիա 1:1-181. Տէրոջը խօսքը, որ Եզեկիայի որդիին Ամարիայի որդիին Գոդողիայի որդիին Քուսիի որդիին Սոփոնիային եղաւ՝ Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդիին Յովսիային օրերը։2. «Երկրին երեսէն ամէն բան բոլորովին պիտի կորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։3. «Մարդն ու անասունը պիտի կորսնցնեմ, Երկնքի թռչուններն ու ծովուն ձուկերը Եւ գայթակղութիւնները ամբարիշտներուն հետ պիտի կորսնցնեմ, Երկրի երեսէն մարդը պիտի բնաջնջեմ», կ’ըսէ Տէրը։4. «Իմ ձեռքս Յուդայի վրայ, Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի երկնցնեմ. Այս տեղէն բնաջինջ պիտի ընեմ Բահաղին մնացորդը, Քուրմերուն անունը՝ քահանաներուն հետ,5. Տանիքներու վրայ երկնքի զօրքերուն երկրպագութիւն ընողները Երկրպագութիւն ընելով Տէրոջմով երդում ընողները, Մեղքոմով երդում ընողները,6. Տէրոջմէ ետ դարձողները ու Տէրը չփնտռողները Եւ զանիկա չխնդրողները»։7. Տէր Եհովային առջեւ լուռ կեցի՛ր, Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, Քանզի Տէրը զոհ պատրաստեց, իր կոչնականները հրաւիրեց։8. Եւ Տէրոջը զոհին օրը Իշխաններն ու թագաւորին տղաքները Ու բոլոր օտար զգեստ հագնողները պիտի պատժեմ։9. Այն օրը սեմին վրայէն բոլոր ցատկողները, Իրենց Տէրոջը տունը զրկանքով ու նենգութեամբ լեցնողները պիտի պատժեմ»։10. «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Ձուկերու դռնէն աղաղակի ձայն Եւ Մասենայէն՝ հեծութիւն Ու բլուրներէն մեծ կոտորած պիտի ըլլայ։11. Ողբացէ՛ք ո՛վ Մաքթէսի բնակիչներ, Քանզի բոլոր վաճառական ժողովուրդը կորսուեցաւ, Բոլոր արծաթ բերողները կոտորուեցան։12. Այն ժամանակ Երուսաղէմը ճրագներով պիտի քննեմ Ու գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը պիտի պատժեմ, Որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝ ‘Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք’։13. Անոնց ստացուածքը՝ աւար, Անոնց տուները աւերակ պիտի ըլլան։ Տուներ պիտի շինեն, բայց անոնց մէջ պիտի չբնակին, Այգիներ պիտի տնկեն, բայց անոնց գինին պիտի չխմեն»։14. Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ։ Տէրոջը օրուան ձայնը կու գայ, Զօրաւորը հոն դառնապէս պիտի աղաղակէ։15. Այն օրը բարկութեան օր է. Նեղութեան ու տառապանքի օր, Կործանումի ու աւերումի օր, Խաւարի ու մէգի օր, Ամպի ու մառախուղի օր է։16. Պարսպապատ քաղաքներու դէմ Եւ բարձր աշտարակներու դէմ փողի ու աղաղակի օր է։17. Մարդիկ նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ Կոյրերու պէս պիտի պտըտին, Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին։ Անոնց արիւնը՝ փոշիի պէս Ու մարմինները աղբի պէս պիտի թափուին։18. Տէրոջը բարկութեան օրը Անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ Զանոնք ազատելու կարող պիտի չըլլան։ Բոլոր երկիրը անոր նախանձին կրակովը պիտի սպառի, Քանզի անիկա խիստ շուտով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի հատցնէ։Սոփոնիա 2:1-151. Քննեցէ՛ք ձեր անձերը, քննեցէ՛ք՝ ՝, Ո՛վ չամչցող ազգ,2. Դեռ մղեղի պէս մէկ կողմ չքշուած, Դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, Դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած3. Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, Թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք։4. Քանզի Գազանը պիտի լքուի, Ասկաղոնը պիտի ամայանայ, Ազովտոսը կէսօրուան ատեն պիտի վռնտուի Եւ Ակկարոնը արմատէն պիտի խլուի։5. Վա՜յ ծովեզերքը բնակողներուն, Քերեթիներու ազգին։ Ո՛վ Քանան, Փղշտացիներու երկիր, Տէրոջը խօսքը քեզի դէմ է, Քեզ ալ պիտի աւերեմ, այնպէս որ բնակիչ չունենաս։6. Ծովեզերքը հովիւներու բնակարաններ ու աւազաններ՝ ՝ Ու հօտերու փարախներ պիտի ըլլան։7. Ծովեզերքը Յուդային տանը մնացորդին պիտի ըլլայ։ Հոն պիտի արածին։ Իրիկունը Ասկաղոնին տուներուն մէջ պիտի պառկին, Քանզի անոնց Տէր Աստուածը անոնց այցելութիւն պիտի ընէ Եւ զանոնք գերութենէ պիտի դարձնէ։8. Մովաբին նախատինքը Ու Ամմոնին որդիներուն հայհոյութիւնները լսեցի, Որոնք իմ ժողովուրդս նախատեցին Ու անոնց սահմանին դէմ հպարտացան։9. Անոր համար Իսրայէլին Աստուածը՝ զօրքերու Տէրը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Կենդանի եմ ես, որ Մովաբը Սոդոմին պէս Ու Ամմոնին որդիները Գոմորին պէս Եղիճներու կալուածք, աղի հանք Ու յաւիտենապէս ամայի պիտի ըլլայ։ Իմ ժողովուրդիս մնացորդը զանոնք պիտի յափշտակէ Ու իմ ազգիս մնացորդները զանոնք պիտի ժառանգեն։10. Ասիկա անոնց հպարտութեանը համար պիտի ըլլայ, Քանզի անոնք զօրքերու Տէրոջը ժողովուրդը նախատեցին Ու անոր դէմ հպարտացան։11. Տէրը անոնց վրայ ահարկու պիտի ըլլայ, Քանզի անիկա երկրի բոլոր աստուածները բնաջինջ պիտի ընէ Եւ ազգերու բոլոր կղզիները, Ամէն մէկը իր տեղը, երկրպագութիւն պիտի ընեն իրեն։12. Դո՛ւք ալ, ո՛վ Եթովպիացիներ, Իմ սուրովս պիտի սպաննուիք։13. Անիկա իր ձեռքը հիւսիսին վրայ պիտի երկնցնէ Ու Ասորեստանցին պիտի կորսնցնէ Եւ Նինուէն աւերակի Ու անապատի պէս չոր երկրի պիտի վերածէ14. Եւ անոր մէջ հօտեր, Ազգերու բոլոր գազանները պիտի պառկին։ Հաւալուսն ու ոզնին ալ Անոր խոյակներուն մէջտեղերը գիշերը պիտի անցընեն։ Պատուհաններէն ձայն պիտի լսուի, Սեմերուն մէջ աւերում պիտի ըլլայ, Քանզի եղեւնափայտը պիտի քակուի։15. Զբօսասէր քաղաքը ասիկա է, որ ապահովութեամբ կը բնակէր. Որ իր սրտին մէջ կ’ըսէր թէ ‘Ես եմ ու ինծմէ զատ ուրիշ մէկը չկայ’, Ի՜նչպէս աւերակ ու գազաններու որջ եղաւ։ Անկէ ամէն անցնող պիտի սուլէ ու ձեռքը պիտի շարժէ։Սոփոնիա 3:1-191. Վա՜յ ապստամբ ու պիղծ քաղաքին, Հարստահարութիւն ընող քաղաքին։2. Խօսք մտիկ չըրաւ, խրատ չընդունեց, Տէրոջը չապաւինեցաւ, իր Աստուծոյն չմօտեցաւ։3. Անոր իշխանները անոր մէջ մռնչող առիւծներ են, Անոր դատաւորները երեկոյեան գայլեր են, Որոնք մինչեւ առտու բան մը չեն թողուր։4. Անոր մարգարէները սնապարծ ու նենգաւոր մարդիկ են, Անոր քահանաները սրբարանը պղծեցին Ու օրէնքը բռնադատեցին։5. Արդար Տէրը անոր մէջ է, Անիկա անօրէնութիւն չի գործեր. Առաւօտէ առաւօտ իր իրաւունքը կը ցուցադրէ ու ետ չի մնար, Բայց անիրաւը ամչնալ չի գիտեր։6. «Ազգերը բնաջինջ ըրի, Անոնց աշտարակները կործանուեցան։ Անոնց փողոցները աւերեցի, Որպէս զի անոնցմէ անցնող չըլլայ։ Անոնց քաղաքները ամայացան, Անմարդ ու անբնակ եղան։7. Ըսի թէ ‘Դուն անշուշտ ինծմէ պիտի վախնաս Ու խրատ պիտի ընդունիս’։ Անոր բնակարանը բնաջինջ պիտի ըլլայ, Որչափ որ սահմանած էի, Սակայն անոնք կանուխ ելան Ու իրենց բոլոր գործերը ապականեցին»։8. «Ուրեմն ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, Մինչեւ այն օրը, որ որսի համար ոտքի ելլեմ։ Քանզի վճռած եմ ազգերը հաւաքել, Թագաւորութիւնները գումարել, Որպէս զի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս, Իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս թափեմ. Քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի։9. Վասն զի այն ժամանակ ժողովուրդներուն շրթունքները Մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ, Որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն Ու մէկ սրտով անոր ծառայութիւն ընեն։10. Եթովպիայի գետերուն անդիի կողմէն Ինծի աղերսողները, իմ ցրուածներուս աղջիկը, Ինծի պատարագ պիտի մատուցանեն։11. «Այն օրը պիտի չամչնաս քու այն բոլոր գործերուդ համար, Որոնցմով ինծի դէմ ապստամբեցար։ Քանզի այն ատեն քու հպարտութիւնովդ զուարճացողները քու մէջէդ պիտի վերցնեմ Ու անգամ մըն ալ իմ սուրբ լերանս վրայ պիտի չգոռոզանան։12. Քու մէջդ խոնարհ ու աղքատ ժողովուրդ մը իբր մնացորդ պիտի թողում, Որոնք Տէրոջը անուանը պիտի յուսան։13. Իսրայէլին մնացորդները անօրէնութիւն պիտի չընեն Ու սուտ պիտի չխօսին, Անոնց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու պիտի չգտնուի. Քանզի անոնք պիտի արածին ու պիտի պառկին Ու վախցնող պիտի չըլլայ»։14. Ցնծա՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Բարձրաձայն աղաղակէ՛, ո՛վ Իսրայէլի, Բոլոր սրտով ուրախ եւ զուարթ եղի՛ր, Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ։15. Տէրը քու դատապարտութիւնդ հեռացուց քեզմէ, Քու թշնամիդ վռնտեց. Իսրայէլի թագաւորը՝ Տէրը՝ քու մէջդ է, Անգամ մըն ալ չարիք պիտի չտեսնես։16. Այն օրը Երուսաղէմին պիտի ըսուի՝ ‘Մի՛ վախնար’ Ու Սիօնին՝ ‘Ձեռքերդ թող չթուլնան’։17. Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, Անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ Ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ Եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ։18. « Հանդիսաւոր օրուան մը նման քեզմէ ցրուածները պիտի հաւաքեմ Ու նախատինքը քեզմէ պիտի հեռացնեմ։19. Ահա ես այն ժամանակ բոլոր քեզ նեղողները պիտի սպառեմ։ Կաղը պիտի ազատեմ ու վռնտուածը պիտի հաւաքեմ։ Զանոնք գովելի ու անուանի պիտի ընեմ Այն բոլոր երկիրներուն մէջ ուր նախատինք կրեր էին։Սաղմոսներ 147:1-61. Գովեցէք Տէրը, վասն զի բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը, Վասն զի քաղցր ու վայելուչ է օրհնութիւնը։2. Տէրը կը շինէ Երուսաղէմը, Իսրայէլի ցրուածները կը հաւաքէ,3. Սրտով կոտրածները կը բժշկէ Ու անոնց խոցերը կը փաթթէ։4. Աստղերուն թիւը կը համրէ, Անոնց ամէնքն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ։5. Մեծ է մեր Տէրը ու իր զօրութիւնը շատ է. Անոր իմաստութիւնը անհուն է։6. Տէրը կը հաստատէ խեղճերը Ու ամբարիշտները մինչեւ հողը կը խոնարհեցնէ։Առակներ 30:18-1918. Այս երեք բաները ինծի զարմանալի կ’երեւնան Եւ չորս բան կայ, որոնք չեմ հասկնար։19. Օդին մէջ՝ արծիւին ճամբան, Ապառաժին վրայ՝ օձին ճամբան, Ծովուն մէջ՝ նաւուն ճամբան Ու աղջկան քով՝ այր մարդուն ճամբան։Հայտնություն 14:1-201. Տեսայ, որ Գառնուկը կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունըչորս հազարը, որոնք ունէին [անոր անունը եւ] անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած։2. Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս ու մեծ որոտումի ձայնի մը պէս ու լսած ձայնս քնարահարներուն քնարները զարնելու ձայնին կը նմանէր։3. Եւ նոր երգ մը կ’երգէին աթոռին ու չորս կենդանիներուն ու երէցներուն առջեւ եւ մէ՛կը չէր կրնար այն երգը սորվիլ բացի այն հարիւր քառասունըչորս հազարէն, որոնք երկրէն գնուած էին։4. Ասոնք անոնք են որ կիներու հետ չխառնակուեցան, քանզի կոյս են։ Ասոնք Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ. ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու5. Եւ անոնց բերանը սուտ չգտնուեցաւ, վասն զի անբիծ են ։6. Եւ ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։7. Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։8. Անոր ետեւէն ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ ու ըսաւ. «Ինկա՜ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը, վասն զի բոլոր ազգերը արբեցուց իր կատաղի պոռնկութեանը գինիով»։9. Անոնց ետեւէն երրորդ հրեշտակը մըն ալ եկաւ ու մեծ ձայնով մը ըսաւ. «Ով որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն ընէ եւ դրոշմը իր ճակատին վրայ կամ իր ձեռքին վրայ ընդունի,10. Անիկա Աստուծոյ սրտմտութեան գինիէն պիտի խմէ, որ անխառն լեցուած է անոր բարկութեանը գաւաթին մէջ եւ կրակով ու ծծումբով պիտի տանջուի սուրբ հրեշտակներուն առջեւ ու Գառնուկին առջեւ։11. Անոնց տանջանքին ծուխը պիտի ելլէ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ցորեկ ու գիշեր հանգստութիւն պիտի չունենան անոնք՝ որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընեն եւ անոր անուանը դրոշմը կ’ընդունին»։12. Հոս է սուրբերուն համբերութիւնը, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները ու Յիսուսին հաւատքը կը պահեն։13. Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Գրէ՛ Այսուհետեւ երանելի են այն մեռելները՝ որոնք Տէրոջմով կը ննջեն». «Այո՛, կ’ըսէ Հոգին, որ իրենց աշխատութենէն հանգչին ու իրենց գործերը իրենց ետեւէն կ’երթան»։14. Տեսայ ճերմակ ամպ մը ու այն ամպին վրայ մէկը նստեր էր Որդի մարդոյ նման եւ իր գլուխը ոսկիէ պսակ մը ու իր ձեռքը սուր մանգաղ մը ունէր։15. Տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ, որ ամպին վրայ նստողին մեծ ձայնով կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Երկնցո՛ւր քու մանգաղդ ու հնձէ. վասն զի հնձելու ժամանակը եկաւ, վասն զի երկրի հունձքը հասունցած է»։16. Ան որ ամպին վրայ կը նստէր, իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկիրը հնձուեցաւ։17. Ու երկնքին մէջի տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ։ Ասիկա ալ սուր մանգաղ մը ունէր։18. Ու սեղանէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ, որ կրակի վրայ իշխանութիւն ունէր ու մեծ ձայնով կանչեց անոր՝ որ սուր մանգաղը ունէր ու ըսաւ. «Երկնցո՛ւր քու սուր մանգաղդ ու երկրի այգիին ողկոյզները կթէ, վասն զի անոր խաղողները հասունցած են»։19. Այն հրեշտակն ալ իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկրին այգիին խաղողները կթեց ու Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ ձգեց։20. Հնձանը քաղաքէն դուրս կոխուեցաւ ու հնձանէն արիւն կ’ելլէր, որ մինչեւ ձիերուն սանձերը ու հազար վեց հարիւր ասպարէզ կը հասնէր ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981