Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 25Անգայ 1:1-141. Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարուան վեցերորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը Անգէ մարգարէին միջոցով Յուդայի իշխանին Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուին եղաւ՝ ըսելով,2. Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու այսպէս կ’ըսէ. «Այս ժողովուրդը կ’ըսէ թէ դեռ ժամանակը չէ հասած, Տէրոջը տունը վերաշինելու»։3. Այն ատեն Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով.4. «Արդեօք ժամանա՞կն է, որ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք, Իսկ այս տունը աւերակ մնայ»։5. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք։6. Շատ ցանեցիք, բայց քիչ բերիք։ Կերաք, բայց չկշտացաք։ Խմեցիք, բայց ծարաւնիդ չանցուցիք։ Հագուեցաք, բայց չտաքցաք Ու վարձքով բանողը ծակ քսակի համար կը վաստկի»։7. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք։8. Լեռը ելէ՛ք, փայտ բերէ՛ք Ու տունը շինեցէ՛ք եւ անոր պիտի հաճիմ Ու պիտի փառաւորուիմ։9. Շատին սպասեցիք, բայց քիչը եկաւ. Երբ ձեր տուները բերիք, անոնց վրայ փչեցի։ Ինչո՞ւ համար» կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Իմ տանս համար, որ աւերակ է, Մինչ ձեզմէ ամէն մէկը իր տունով կը զբաղի։10. Անոր համար երկինք ձեզի իր ցօղը կը զլանայ, Երկիրն ալ իր պտուղը չի տար։11. Ես երկրին վրայ ու լեռներուն վրայ, Ցորենին վրայ ու գինիին վրայ ու իւղին վրայ, Գետնի բերքերուն վրայ, Մարդոց վրայ ու անասուններուն վրայ, Ձեռքերու բոլոր վաստակին վրայ երաշտութիւն բերի»։12. Այն ատեն Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլն ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուն եւ ժողովուրդին բոլոր մնացորդը հնազանդեցան իրենց Տէր Աստուծոյն ձայնին ու Անգէ մարգարէին խօսքերուն, ինչպէս իրենց Տէր Աստուածը զանիկա ղրկեր էր ու ժողովուրդը Տէրոջը երեսէն փախաւ։13. Տէրոջը դեսպանը՝ Անգէն՝ Տէրոջը ըսած պատգամները ժողովուրդին հաղորդեց ու ըսաւ. «Ես ձեզի հետ եմ», կ’ըսէ Տէրը։14. Տէրը Յուդայի իշխան Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին հոգին ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուին հոգին եւ ժողովուրդին բոլոր մնացորդին հոգին արթնցուց, որոնք գացին եւ իրենց Աստուծոյն, զօրքերուն Տէրոջը, տանը մէջ աշխատեցան,Անգայ 2:1-231. Եօթներորդ ամսուան քսանըմէկերորդ օրը Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով.2. «Հիմա Յուդայի իշխան Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուին եւ ժողովուրդին մնացորդին խօսէ՛ ու ըսէ՛.3. «Ձեր մէջ ո՞վ այս տունը իր նախկին փառաւորութիւնովը տեսած է։ Հիմա զանիկա ի՞նչպէս կը տեսնէք։ Միթէ ասիկա հինին քով ոչինչ բանի մը պէս չէ՞ ձեր աչքերուն առջեւ»։4. «Բայց արդ՝ զօրացի՛ր, ո՛վ Զօրաբաբէլ, կ’ըսէ Տէրը Եւ ո՛վ Յովսեդեկեան Յեսու՝ մեծ քահանայ՝ զօրացի՛ր Ու դո՛ւք, ո՛վ երկրին բոլոր ժողովուրդը, Զօրացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը ու աշխատեցէ՛ք. Քանզի ես ձեզի հետ եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։5. «Ինչպէս ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը ձեզի խոստացայ, Որ իմ Հոգիս ձեր մէջ կենայ. մի՛ վախնաք։6. «Քիչ ատենէն նորէն երկինքն ու երկիրը, Ծովն ու ցամաքը,7. Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան Եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ։8. Արծաթը իմս է ու ոսկին իմս է,9. Որով վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ», «Այս տեղը խաղաղութիւն պիտի տամ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։10. Դարեհի երկրորդ տարուան իններորդ ամսուան քսանըչորրորդ օրը Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով,11. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Հիմա օրէնքին վրայով հարցում ըրէ քահանաներուն ու ըսէ՛.12. ‘Եթէ մարդ մը իր հանդերձին քղանցքովը սուրբ միս վերցնէ ու քղանցքովը հացի կամ ապուրի կամ գինիի կամ իւղի կամ ինչեւիցէ կերակուրի դպչի, անիկա սուրբ կ’ըլլա՞յ’»։ Քահանաները պատասխան տուին ու ըսին. «Ո՛չ»։13. Անգէ ըսաւ. «Եթէ մեռելէ պղծուած մը ասոնցմէ մէկուն դպչելու ըլլայ, կը պղծուի՞»։ Քահանաները պատասխան տուին ու ըսին. «Կը պղծուի»։14. Անգէ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այսպէս է այս ժողովուրդը, Այսպէս է այս ազգը իմ առջեւս, կ’ըսէ Տէրը, Այսպէս է իրենց ձեռքերուն բոլոր գործը. Ինչ որ կը մատուցանեն՝ պիղծ է»։15. «Ուրեմն հիմա այս օրէն առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք, Երբ դեռ Տէրոջը տաճարին մէջ քար քարի վրայ դրուած չէր։16. Այն ատեն երբ մէկը քսան քոռ ցորենի դէզին քով երթար, Տասը քոռ կը գտնուէր Ու երբ իր գինիի աւազանին քով երթար հնձանէն յիսուն մար հանելու, Քսան մար կը գտնուէր։17. Ձեզ ու ձեր ձեռքերուն բոլոր գործը Խորշակահարութեամբ եւ դալուկով ու կարկուտով զարկի, Սակայն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։18. «Հիմա այս օրէն առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք. Տէրոջը տաճարին հիմնարկութեան օրէն, Իններորդ ամսուան քսանըչորրորդ օրէն, առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք։19. Հունտը տակաւին ամբարին մէ՞ջ է Եւ որթատունկն ու թզենին եւ նռնենին ու ձիթենին Դեռ պտուղ չտուի՞ն։ Այս օրէն սկսեալ պիտի օրհնեմ»։20. Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Անգէին եղաւ ամսուան քսանըչորրորդ օրը ՝ ըսելով.21. Յուդայի իշխանին Զօրաբաբէլին խօսէ՛ ու ըսէ՛. «Ես երկինքն ու երկիրը պիտի շարժեմ,22. Թագաւորութիւններու աթոռները տակնուվրայ պիտի ընեմ, Ազգերու թագաւորութիւններուն զօրութիւնը պիտի կորսնցնեմ, Կառքն ու անոր հեծեալները տակնուվրայ պիտի ընեմ։ Ձիերն ու անոնց հեծեալները պիտի իյնան Իւրաքանչիւրը իր եղբօրը սուրովը»։23. «Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Քեզ պիտի առնեմ, ո՛վ Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլ, իմ ծառաս, Քեզ կնիքի պէս պիտի դնեմ, Քանզի քեզ ընտրեր եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։Սաղմոսներ 147:7-117. Երգեցէ՛ք Տէրոջը գոհութիւնով, Մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսէք քնարով,8. Որ երկինքը ամպերով կը ծածկէ, Անձրեւ կը պատրաստէ երկրի համար, Խոտ կը բուսցնէ լեռներուն վրայ,9. Որ անասուններուն իրենց կերակուրը կու տայ Ու ագռաւին ձագերուն՝ որոնք կ’աղաղակեն։10. Անիկա ձիուն զօրութեանը չի հաճիր, Մարդուն սրունքները չի հաւնիր։11. Տէրը կը հաւնի իրմէ վախցողները Ու իր ողորմութեանը յուսացողները։Առակներ 30:20-2020. Շնացող կնոջ ճամբան ալ այնպէս է։ Կ’ուտէ ու բերանը կը սրբէ Եւ «Չարութիւն չըրի», կ’ըսէ։Հայտնություն 15:1-81. Ուրիշ մեծ ու զարմանալի նշան մը տեսայ երկնքի մէջ։ Եօթը հրեշտակներ, որոնք եօթը վերջին հարուածները ունէին, որովհետեւ անոնցմով պիտի կատարուէր Աստուծոյ բարկութիւնը։2. Տեսայ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը կրակով խառնուած։ Անոնք որ յաղթեցին գազանին ու անոր պատկերին եւ անոր անուան թիւին, ապակեղէն ծովուն վրայ կայներ էին ու Աստուծոյ քնարները ունէին3. Եւ Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը, ըսելով. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու.4. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասն զի Դո՛ւն միայն սուրբ ես. քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասն զի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան»։5. Ասկէ յետոյ տեսայ, որ բացուեցաւ վկայութեան խորանին տաճարը, որ երկինքն էր6. Ու եօթը հարուածներ ունեցող եօթը հրեշտակները մաքուր ու պայծառ կտաւ հագած եւ իրենց կուրծքերուն վրայ ոսկեղէն գօտի կապած՝ տաճարէն ելան։7. Չորս կենդանիներէն մէկը եօթը հրեշտակներուն եօթը ոսկեղէն սկաւառակներ տուաւ յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի եղող Աստուծոյ բարկութիւնովը լեցուն։8. Տաճարը Աստուծոյ փառքէն ու անոր զօրութենէն ծուխով լեցուեցաւ ու մէ՛կը չէր կրնար տաճարը մտնել, մինչեւ կատարուին եօթը հրեշտակներուն եօթը հարուածները։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981