Աստվածաշունչը մեկ տարում
Դեկտեմբեր 26

1. Դարեհի երկրորդ տարուան ութերորդ ամիսը, Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդիին Բարաքիայի որդիին Զաքարիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով.
2. «Տէրը ձեր հայրերուն խիստ բարկացաւ։
3. Անոնց ըսէ, զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինծի դարձէ՛ք Ու ես ձեզի պիտի դառնամ,
4. Ձեր հայրերուն պէս մի՛ ըլլաք, Որոնց առաջուան մարգարէները կոչ կ’ուղղէին՝ ըսելով. ‘Ձեր չար ճամբաներէն ու չար գործերէն դարձէք’, Բայց անոնք մտիկ չըրին Ու ինծի ականջ չտուին։
5. Ձեր հայրերը ո՞ւր են Ու մարգարէները յաւիտեան կ’ապրի՞ն։
6. Իմ խօսքերս ու հրամաններս Որոնք իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ պատուիրեր էի, Ձեր հայրերուն չհասա՞ն»։ Անոնք դարձան ու ըսին. ‘Զօրքերու Տէրը ինչ որ մեզի ընելու որոշեր էր Մեր ճամբաներուն ու գործերուն համեմատ, Զանիկա մեր վրայ գործադրեց’»։
7. Դարեհի երկրորդ տարուան, տասնըմէկերորդ ամսուան, այսինքն Սեբաթ ամսուան, քսանըչորրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդիին Բարաքիայի որդիին Զաքարիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով.
8. «Գիշերով տեսայ թէ աշխէտ ձիու մը վրայ հեծած մարդ մը ձորին մէջ եղող մրտենիներուն մէջտեղը կայներ էր ու անոր ետեւը աշխէտ, պիսակ ու ճերմակ ձիեր կային»։
9. Ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը քեզի պիտի ցուցնեմ»։
10. Իսկ մրտենիներուն մէջ կայնող մարդը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ասոնք անոնք են՝ որոնք Տէրը ղրկեց երկիրը պտըտելու համար»։
11. Անոնք մրտենիներուն մէջ կայնող Տէրոջը հրեշտակին պատասխան տուին ու ըսին. «Երկիրը պտըտեցանք ու տեսանք թէ բոլոր երկիրը հանդարտ կեցեր է»։
12. Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ. «Ո՛վ զօրքերու Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չողորմիս Երուսաղէմի եւ Յուդայի քաղաքներուն, որոնց եօթանասուն տարիէ ի վեր բարկացած ես»։
13. Տէրը ինծի հետ խօսող հրեշտակին բարի խօսքերով ու մխիթարական խօսքերով պատասխան տուաւ։
14. Եւ հրեշտակն ալ ինծի ըսաւ. «Կանչէ՛ ու ըսէ՛, Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմի համար ու Սիօնի համար Չափազանց նախանձախնդիր եմ։
15. Խաղաղ ազգերուն խիստ շատ բարկացած եմ, Քանզի երբ ես քիչ բարկացայ, Անոնք չարութիւնը աւելցուցին’։
16. ‘Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Երուսաղէմին կարեկցութեամբ դարձայ’։ ‘Իմ տունս անոր մէջ պիտի շինուի Ու Երուսաղէմի վրայ լար պիտի քաշուի»’»։
17. Դարձեալ կանչէ՛ ու ըսէ՛, Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իմ քաղաքներս նորէն բարիքներով պիտի յորդին Եւ Տէրը նորէն Սիօնը պիտի մխիթարէ, Նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ»։
18. Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ տեսայ չորս եղջիւր։
19. Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են»։ Ան ինծի ըսաւ. «Ասոնք են այն եղջիւրները, որոնք Յուդան, Իսրայէլն ու Երուսաղէմը ցրուեցին»։
20. Եւ Տէրը ինծի չորս դարբիններ ցուցուց։
21. Ես ըսի. «Ասոնք ի՞նչ պիտի ընեն»։ Անիկա խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ասոնք են այն եղջիւրները, որոնք Յուդան ցրուեցին, այնպէս որ ոեւէ մարդ չկրցաւ իր գլուխը վերցնել։ Ուստի ասոնք եկան որպէս զի զանոնք վախցնեն ու Յուդայի երկիրը ցրուելու համար եղջիւր վերցնող ազգերուն եղջիւրները վար ձգեն։
1. Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ տեսայ մարդ մը, որուն ձեռքին մէջ չափելու չուան մը կար։
2. Անոր ըսի. «Դուն ո՞ւր կ’երթաս»։ Ան ինծի ըսաւ. «Երուսաղէմը չափելու, որպէս զի լայնութիւնը՝ որչափ ու երկայնութիւնը որչափ ըլլալը ճշդեմ»։
3. Ահա ինծի հետ խօսող հրեշտակը եկաւ, որուն դէմը ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ
4. Ու առաջինին ըսաւ. «Վազէ՛, այս երիտասարդին ըսէ՛. ‘Երուսաղէմ առանց պարիսպի պիտի բնակուի Մարդու եւ անասունի բազմութեանը պատճառով։
5. Ես անոր բոլորտիքը հրեղէն պարիսպ պիտի ըլլամ, կ’ըսէ Տէրը Ու անոր մէջ իր փառքը պիտի ըլլամ’»։
6. «Աղէ՜, աղէ՜, հիւսիսի երկրէն փախէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի ձեզ երկնքի չորս հովերուն պէս ցրուեցի»։
7. «Աղէ՜, քեզ ազատէ՛, ո՛վ Սիօն, Որ Բաբելոնի աղջկան հետ կը բնակիս»։
8. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իր փառքին ետեւէն զիս ղրկեց ձեզ կողոպտող ազգերուն, Քանզի ձեզի դպչողը անոր աչքին բիբին կը դպչի։
9. «Ուստի ես իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի շարժեմ Ու անոնք իրենց ծառաներէն պիտի կողոպտուին Ու պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ղրկեր է»։
10. «Ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Քանզի ահա ես կու գամ Ու քու մէջդ պիտի բնակիմ», կ’ըսէ Տէրը։
11. «Այն օրը շատ ազգեր Տէրոջը պիտի յարին Ու ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ Ես քու մէջդ պիտի բնակիմ Ու պիտի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկեր է։
12. Տէրը, սուրբ երկրին մէջ Որպէս իր բաժինը Յուդան պիտի ժառանգէ Ու նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ»։
13. Տէրոջը առջեւ լո՛ւռ կեցիր, ո՛վ մարմին, Քանզի անիկա իր սուրբ բնակութենէն արթնցաւ։
1. Տէրը ինծի ցուցուց մեծ քահանան Յեսուն, որ Տէրոջը հրեշտակին առջեւ կայներ էր ու Սատանան անոր աջ կողմը կայներ էր՝ անոր դէմ դնելու համար։
2. Տէրը Սատանային ըսաւ. «Տէրը թող քեզ յանդիմանէ, ո՛վ Սատանայ։ Երուսաղէմը ընտրող Տէրը թող քեզ յանդիմանէ. միթէ ասիկա կրակէ հանուած խանձող չէ՞»։
3. Յեսու աղտոտ հանդերձներ հագեր էր ու հրեշտակին առջեւ կը կայնէր։
4. Հրեշտակը իր առջեւ կայնողներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աղտոտ հանդերձները ատոր վրայէն հանեցէ՛ք»։ Անոր ալ ըսաւ. «Նայէ՛, քու անօրէնութիւնդ վրայէդ վերցուցի ու քեզի պատուական զգեստներ պիտի հագցնեմ»։
5. Ու ես ըսի. «Անոր գլուխը մաքուր խոյր թող դնեն»։ Անոր գլուխը մաքուր խոյր դրին ու անոր հանդերձներ հագցուցին ու Տէրոջը հրեշտակը կայներ էր։
6. Տէրոջը հրեշտակը Յեսուին վկայութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
7. ‘Եթէ իմ ճամբաներուս մէջ քալես ու իմ հրամաններս պահես, այն ատեն դուն իմ տունս պիտի կառավարես եւ իմ սրահներս պիտի պահես։ Քեզի այս ներկաներուն մէջէն գործակիցներ՝ ՝ պիտի տամ’։
8. Հիմա մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յեսու մեծ քահանայ, դուն ու քու առջեւդ նստող բարեկամներդ, քանզի անոնք իբր նշան տրուած մարդիկ են։ Վասն զի ահա ես իմ ծառաս Շառաւիղը պիտի բերեմ։
9. Եւ Յեսուին առջեւ դրուած քարին վրայ եօթը աչք պիտի ըլլայ։ Ես անոր վրայ արձանագրութիւն մը պիտի փորագրեմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Այն երկրին անօրէնութիւնը մէկ օրուան մէջ պիտի վերցնեմ։
10. Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, ձեզմէ ամէն մէկը իր դրացին իր որթատունկին ու թզենիին տակ պիտի հրաւիրէ»։
12. Ո՛վ Երուսաղէմ, գովէ՛ Տէրը. Օրհնէ՛ քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն։
13. Վասն զի անիկա քու դռներուդ նիգերը ամրացուց Եւ քու որդիներդ քու մէջդ օրհնեց։
14. Անիկա քու սահմաններուդ խաղաղութիւն կու տայ Ու պարարտ ցորենով քեզ կը կշտացնէ։
15. Անիկա իր պատուէրը երկրին կը ղրկէ. Իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ։
16. Անիկա բուրդի պէս ձիւն կու տայ Ու եղեամը մոխիրի պէս կը ցանէ։
17. Իր սառը պատառներու պէս կը նետէ. Անոր ցուրտին դէմ ո՞վ կրնայ կենալ։
18. Անիկա իր խօսքը կը ղրկէ ու կը հալեցնէ զանոնք։ Իր հովը կը փչէ ու ջուրեր կը վազեն։
19. Անիկա իր խօսքը կը պատմէ Յակոբին Եւ իր կանոնները ու դատաստանները՝ Իսրայէլին։
20. Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ, Բայց անոնք անոր դատաստանները չճանչցան։ Ալէլուիա՜՜,
21. Երեք բանի համար երկիրը կը դողայ Ու չորս բան կայ, որոնք չի կրնար տանիլ։
22. Ծառան՝ երբ թագաւորէ, Յիմարը՝ երբ հացով կշտանայ,
23. Ատելի կինը՝ երբ կարգուի Եւ աղախինը, երբ իր տիկնոջ ժառանգորդ ըլլայ։
1. Տաճարէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ եօթը հրեշտակներուն կ’ըսէր. «Գացէ՛ք, Աստուծոյ բարկութեան [եօթը] սկաւառակները երկրի վրայ թափեցէք»։
2. Առաջին հրեշտակը գնաց ու իր սկաւառակը երկրի վրայ թափեց ու չարաչար պալարներ ելան այն մարդոց վրայ, որոնք գազանին դրոշմը ունէին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընէին։
3. Երկրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը ծովուն վրայ թափեց ու ջուրերը մեռած մարդու արիւն դարձան եւ ծովուն մէջի բոլոր կենդանիները մեռան։
4. Երրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը գետերուն ու ջուրերու աղբիւրներուն վրայ թափեց ու անոնք արիւն դարձան։
5. Եւ ջուրերուն հրեշտակէն լսեցի որ կ’ըսէր. «Արդար ես դուն, որ ես եւ որ էիր եւ սուրբ ես, որ այսպիսի դատաստաններ ըրիր.
6. Վասն զի անոնք սուրբերուն ու մարգարէներուն արիւնը թափեցին եւ դուն անոնց արիւն խմել տուիր, քանզի արժանի են»։
7. Եւ սեղանէն լսեցի, որ կ’ըսէր. «Այո՛, Ամենակա՛լ Տէր Աստուած, քու դատաստաններդ արդար ու ճշմարիտ են»։
8. Չորրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը արեւին վրայ թափեց։
9. Անոր զօրութիւն տրուեցաւ որ խորշակահար ընէ մարդիկը կրակով։ Եւ սաստիկ տաքէն խորշակահար եղան մարդիկ եւ հայհոյեցին Աստուծոյ անուան, որ այս հարուածներուն վրայ իշխանութիւն ունի ու չապաշխարեցին, որ անոր փառք տան։
10. Հինգերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը գազանին աթոռին վրայ թափեց ու անոր թագաւորութիւնը խաւարեցաւ։ Մարդիկ ցաւէն լեզունին կը ծամէին
11. Ու երկնքի Աստուծոյ հայհոյեցին իրենց ցաւերուն եւ իրենց պալարներուն պատճառով, բայց իրենց գործերէն չապաշխարեցին։
12. Վեցերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը մեծ գետին՝ Եփրատին վրայ թափեց ու անոր ջուրերը ցամքեցան, որպէս զի արեւելքի թագաւորներուն ճամբան պատրաստուի։
13. Տեսայ որ վիշապին բերնէն ու գազանին բերնէն եւ սուտ մարգարէին բերնէն երեք պիղծ ոգիներ կ’ելլէին գորտերու նման.
14. Վասն զի անոնք դեւերու ոգիներ էին՝ որ նշաններ կ’ընէին ու բոլոր աշխարհի թագաւորներուն քով կ’երթային, որպէս զի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն.
15. (Ահա գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէս զի մերկ չպտըտի ու իր ամօթը չերեւնայ.)
16. Եւ զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի։
17. Եօթներորդ հրեշտակը իր սկաւառակը օդին վրայ թափեց ու երկնքի տաճարէն, աթոռէն մեծ ձայն մը ելաւ՝ ըսելով. «Եղաւ»։
18. Եւ փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ՝ ՝ եղան ու մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, այնպէս որ մարդոց երկրի վրայ ըլլալէն ի վեր այնպիսի մեծ երկրաշարժ մը եղած չէր։
19. Մեծ քաղաքը երեք մաս եղաւ ու ազգերուն քաղաքները կործանեցան։ Աստուած մեծ Բաբելոնը յիշեց, որպէս զի իր սաստիկ բարկութեան գինիին գաւաթը անոր տայ։
20. Ամէն կղզի փախաւ ու լեռները չգտնուեցան։
21. Եւ խոշոր կարկուտ՝ գրեթէ տաղանդի մը կշիռքով՝ երկնքէն կ’իջնէր մարդոց վրայ ու մարդիկ հայհոյեցին Աստուծոյ կարկուտին հարուածին համար, վասն զի խիստ մեծ էր այն հարուածը։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981