Աստվածաշունչը մեկ տարում
Դեկտեմբեր 27

1. Ինծի հետ խօսող հրեշտակը դարձաւ եւ զիս իր քունէն արթնցնող մարդու պէս արթնցուց։
2. Ու ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ու ըսի. «Կը տեսնեմ զուտ ոսկիէ աշտանակ մը։ Անոր վրայ բաժակ մը, որուն վրայ՝ եօթը ճրագ։ Անոր վրայի եօթը ճրագներուն համար եօթը խողովակ կայ։
3. Անոր քով երկու ձիթենի կայ, մէկը բաժակին աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը»։
4. Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակին հարցուցի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։
5. Ինծի հետ խօսող հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ով տէր իմ»։
6. Եւ ան ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի. ‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, Հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
7. ‘Դո՛ւն, ո՛վ մեծ լեռ, ո՞վ ես։ Զօրաբաբէլին առջեւ դաշտ պիտի ըլլաս։ Գլխաւոր քարը ինք պիտի հանէ՛։ Ու պիտի աղաղակեն. ‘Շնո՜րհք, շնո՜րհք անոր’։
8. Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
9. «Զօրաբաբէլին ձեռքերը հիմնեցին այս տունը, Անոր ձեռքերը պիտի լրացնեն զանիկա, Որպէս զի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկած է.
10. Քանզի ո՞վ պզտիկ բաներուն օրը անարգեց։ Մարդիկ պիտի ուրախանան երբ տեսնեն կապարալարը Զօրաբաբէլին ձեռքին մէջ։ Այս եօթը Տէրոջը աչքերն են, որոնք բոլոր երկրի մէջ կը պտըտին»։
11. Անոր հարցուցի. «Աշտանակին աջ կողմը ու անոր ձախ կողմը եղող այս երկու ձիթենիները ի՞նչ են»։
12. Երկրորդ անգամ հարցուցի. «Երկու ոսկի խողովակներուն միջոցով իւղը իրենցմէ ոսկիի պէս թափող երկու ձիթենիի ոստերը ի՞նչ են»։
13. Ինծի պատասխանեց ու ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ո՛վ տէր իմ»։
1. Դարձայ ու աչքերս վերցնելով տեսայ թռչող տոմս մը։
2. Հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ըսի. «Թռչող տոմս մը կը տեսնեմ։ Երկայնութիւնը քսան կանգուն ու լայնութիւնը տասը կանգուն»։
3. Ինծի ըսաւ. «Ասիկա բոլոր երկրի երեսին վրայ ելլող անէծքն է, քանզի ամէն գողութիւն ընող այս կողմը գրուածին համեմատ պիտի կտրուի ու ամէն երդում ընող միւս կողմը գրուածին համեմատ պիտի կտրուի»։
4. «Զանիկա ե՛ս կը հանեմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, որը գողին տունը եւ իմ անունովս սուտ երդում ընողին տունը պիտի մտնէ ու անոր տանը մէջ պիտի մնայ եւ զանիկա իր փայտերովը ու քարերովը պիտի սպառէ»։
5. Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակը եկաւ ու ինծի ըսաւ. «Հիմա աչքերդ վերցո՛ւր ու տե՛ս թէ այս ելլողը ի՞նչ է»։
6. Ես ըսի. «Ի՞նչ է»։ Հրեշտակը ըսաւ. «Այս ելլողը արդու է ու բոլոր երկրի վրայ անոնց անիրաւութիւնը ասիկա է»։
7. Ահա կապարեայ ծածկոց մը վերցուեցաւ ու կին մը արդուին մէջ կը նստէր։
8. Եւ ան ըսաւ. «Այս է Չարութիւնը» ու զանիկա արդուին մէջ ձգեց եւ այն կապարեայ ծածկոցը այն արդուին բերանը ձգեց։
9. Աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ երկու կին ելան։ Հովը անոնց թեւերուն մէջ էր։ Անոնք արագիլի թեւերու նման թեւեր ունէին։ Անոնք արդուն երկրի ու երկնքի մէջտեղ վերցուցին։
10. Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ո՞ւր կը տանին արդուն»։
11. Անիկա ինծի ըսաւ. « Կը տանին, որ անոր տուն շինեն Սենաար երկրին մէջ։ Հոն պիտի հաստատուի եւ հոն իր խարսխին վրայ պիտի դրուի»։
1. Դարձայ ու աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ երկու լեռներու մէջէն չորս կառք կ’ելլէին։ Լեռները պղնձէ էին։
2. Առաջին կառքին աշխէտ ձիեր լծուած էին, երկրորդ կառքին՝ սեւ ձիեր,
3. Երրորդ կառքին՝ ճերմակ ձիեր եւ չորրորդ կառքին՝ պիսակ ու գորշագոյն ձիեր։
4. Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։
5. Հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք երկնքի չորս հովերուն հոգիներն են, որոնք բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կայնելէն կու գան։
6. Սեւ ձիերը, որ այս կառքին լծուած են, հիւսիսի երկիրը կ’ելլեն։ Ճերմակները դէպի արեւմուտք կ’ելլեն ու պիսակները դէպի հարաւային երկիրը կ’ելլեն»։
7. Երբ երիվարները եկան, անհամբերութեամբ կ’ուզէին երթալ եւ երկրի վրայ պտըտիլ։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք, երկրի վրայ պտըտեցէ՛ք»։ Անոնք երկրի վրայ պտըտեցան։
8. Անիկա ինծի աղաղակեց. «Նայէ՛, հիւսիսի երկիրը ելլողները իմ հոգիս հիւսիսային երկրին մէջ հանգչեցուցին»։
9. Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Գերութենէ դարձողներէն,
10. Հեղդայէն, Տուբիայէն ու Յեդայիայէն ա՛ռ ու նոյն օրը գնա՛ Բաբելոնէն եկող Սոփոնիայի որդիին Յովսիային տունը մտիր։
11. Արծաթ ու ոսկի առ ու պսակներ շինէ ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուին գլուխը դի՛ր
12. Եւ անոր ըսէ՛. Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այն մարդը, որուն անունը Շառաւիղ է. Անիկա իր տեղին մէջ պիտի բուսնի Ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինէ։
13. Անիկա պիտի շինէ Տէրոջը տաճարը Ու պատիւ պիտի ունենայ Եւ իր աթոռին վրայ նստելով՝ պիտի կառավարէ Ու քահանայ պիտի ըլլայ իր աթոռին վրայ Ու երկուքին մէջտեղ խաղաղութեան խորհուրդ պիտի ըլլայ’»։
14. «Եւ պսակները Հելէմին, Տուբիային ու Յեդայիային եւ Սոփոնիայի որդիին Հենին պիտի ըլլան՝ Տէրոջը տաճարին մէջ յիշատակ ըլլալու համար։
15. Եւ հեռուն եղողները պիտի գան ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինեն եւ պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ձեզի ղրկեր է։ Ասիկա պիտի ըլլայ՝ եթէ ուշադրութեամբ ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ընէք»։
1. Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկնքէն. Օրհնեցէ՛ք զանիկա բարձր տեղերուն մէջ։
2. Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր հրեշտակներ, Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր։
3. Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ արեգակ ու լուսին. Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր փայլուն աստղեր։
4. Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ երկինք. Ու երկնքէն վեր եղող ջուրերը
5. Թող Տէրոջը անունը օրհնեն. Վասն զի ինք հրամայեց ու անոնք ստեղծուեցան։
6. Զանոնք յաւիտեանս յաւիտենից հաստատեց, Կանոն դրաւ որը չի խափանուիր։
24. Երկրի վրայ չորս բան կայ, որոնք պզտիկ են, Բայց անոնք շատ խելացի են։
25. Մրջիւնները զօրաւոր ժողովուրդ մը չեն, Բայց իրենց կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստեն։
26. Ճագարները տկար ժողովուրդ մըն են, Բայց իրենց տուները վէմերու վրայ կը շինեն։
27. Մարախները թագաւոր չունին, Սակայն ամէնքը գունդ գունդ դուրս կ’ելլեն։
28. Մողէսը իր ձեռքերովը պատերուն կը փակչի Ու թագաւորներու պալատներուն մէջ կը գտնուի։
1. Եօթը սկաւառակներ ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը եկաւ ու ինծի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եկո՛ւր ու քեզի ցուցնեմ այն մեծ պոռնիկին դատաստանը, որ շատ ջուրերու վրայ կը նստի.
2. Որուն հետ երկրին թագաւորները պոռնկացան ու երկրին բնակիչները անոր պոռնկութեան գինիովը գինովցան»։
3. Եւ զիս առաւ անապատը տարաւ հոգիով. ուր տեսայ կին մը, որ կարմիր գազանի մը վրայ նստեր էր։ Այն գազանը լեցուն էր հայհոյութեան անուններով ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունէր։
4. Կինը ծիրանի ու կարմիր հագած էր, զարդարուած էր ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով եւ իր ձեռքը ոսկիէ գաւաթ մը ունէր պղծութիւններով ու իր պոռնկութեանը անմաքրութիւններով լեցուն։
5. Անոր ճակտին վրայ անուն մը գրուած էր. «Խորհուրդ՝ Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը»։
6. Տեսայ այն կինը, որ սուրբերուն արիւնովը ու Յիսուսին վկաներուն արիւնովը գինովցած էր։ Երբ տեսայ զանիկա, մեծ զարմանքով զարմացայ։
7. Հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ինչո՞ւ զարմացար. ես քեզ ըսեմ այն կնոջ խորհուրդը ու այն գազանին՝ որ զանիկա իր վրայ կը կրէ ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունի։
8. Այն գազանը որ տեսար, կար ու չկայ, բայց անդունդէն ելլելու ու կորուստին երթալու վրայ է ու երկրի վրայ բնակողները, որոնց անունները աշխարհին սկիզբէն ի վեր կենաց գրքին մէջ գրուած չեն, պիտի զարմանան, երբ տեսնեն այն գազանը որ կար ու չկայ, թէեւ կայ՝ ՝։
9. Հոս պէտք է իմաստութիւն ունեցող միտք մը։ Այն եօթը գլուխը եօթը լեռներ են, որոնց վրայ կինը կը նստի եւ եօթը թագաւորներ են։
10. Հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ եւ միւսը դեռ եկած չէ ու երբ գայ՝ քիչ ատեն պիտի մնայ։
11. Գազանը, որ կար ու չկայ, անիկա ալ ութերորդն է որ եօթնէն է ու դէպի կորուստ կ’երթայ։
12. Տասը եղջիւրը որոնք տեսար՝ տասը թագաւորներ են, որոնք դեռ թագաւորութիւն առած չեն, հապա գազանին հետ մէկ ժամու չափ թագաւորներու պէս իշխանութիւն պիտի առնեն։
13. Անոնք մէկ կամք ունին ու իրենց զօրութիւնը եւ իշխանութիւնը գազանին կու տան։
14. Ասոնք Գառնուկին հետ պիտի պատերազմին եւ Գառնուկը անոնց պիտի յաղթէ, քանզի անիկա տէրերուն Տէրն է ու թագաւորներուն Թագաւորը եւ անոր հետ եղողները կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են»։
15. Ու ըսաւ ինծի. «Այն ջուրերը որոնք տեսար, որոնց վրայ պոռնիկը նստեր էր, ժողովուրդներ են ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ։
16. Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն։
17. Վասն զի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն ու միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան, մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին։
18. Եւ կինը որ տեսար, այն մեծ քաղաքն է, որ կը թագաւորէ երկրի թագաւորներուն վրայ»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981