1. Դարեհ թագաւորին չորրորդ տարուան, իններորդ ամսուան, այսինքն Քասղեւին չորրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը Զաքարիային եղաւ,
2. Երբ Սարասար ու Ռեկէմմելէք եւ անոնց մարդիկը Աստուծոյ տունը ղրկուեցան, որպէս զի Տէրոջը առջեւ աղօթք ընեն
3. Ու զօրքերու Տէրոջը տանը մէջ եղող քահանաներուն ու մարգարէներուն խօսին ու ըսեն. «Արդեօք հինգերորդ ամսուն իմ անձս զատելով լա՞մ, ինչպէս այսչափ տարիներ ըրի»։
4. Այն ատեն զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
5. «Այս երկրին բոլոր ժողովուրդին ու քահանաներուն ըսէ՛. ‘Այս եօթանասուն տարին, երբ հինգերորդ ու եօթներորդ ամիս ներուն մէջ ծոմապահութիւն կ’ընէիք ու սուգ կը բռնէիք, միթէ ինծի՞ համար ծոմապահութիւն կ’ընէիք։
6. Ու երբ կ’ուտէիք ու կը խմէիք, ձեզի համար չէի՞ք ուտեր ու ձեզի համար չէի՞ք խմեր։
7. Ասոնք չե՞ն այն խօսքերը, որոնք Տէրը առաջուան մարգարէներուն միջոցով հրատարակեց, երբ Երուսաղէմ ու անոր շրջակայ քաղաքները բնակուած ու հանգիստ էին եւ հարաւային ու դաշտային կողմերը բնակուած էին’»։
9. ‘Արդար դատաստան տեսէ՛ք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն ու գթութիւն թող ընէ։
10. Որբեւարին ու որբը, օտարականը եւ տնանկը մի՛ հարստահարէք։ Ոեւէ մէկը իր եղբօրը համար իր սրտին մէջ չարութիւն թող չմտածէ’»։
11. Բայց անոնք չուզեցին մտիկ ընել, հապա իրենց ուսը թօթուեցին եւ ականջնին ծանրացուցին, որպէս զի չլսեն
12. Ու իրենց սիրտը ադամանդի պէս ըրին, որպէս զի չլսեն այն օրէնքն ու այն խօսքերը, որոնք զօրքերու Տէրը իր Հոգիովը առաջուան մարգարէներուն միջոցով անոնց ղրկեց։ Անոր համար զօրքերու Տէրը խիստ բարկացաւ։
13. «Ինչպէս անիկա կանչեց ու անոնք մտիկ չըրին, այնպէս ալ անոնք կանչեցին ու ես մտիկ չըրի», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը.
14. Հապա զանոնք իրենց անծանօթ բոլոր ազգերուն մէջ փոթորիկով ցրուեցի եւ անոնց երկրէն երթեւեկը դադրեցաւ եւ այդ ցանկալի երկիրը ամայացուցին»։
2. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնի համար խիստ նախանձախնդիր եղայ ու անոր համար մեծ սրտմտութիւնով նախանձեցայ’։
3. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնին պիտի դառնամ ու Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակիմ ու Երուսաղէմ՝ Ճշմարտութեան քաղաք եւ զօրքերու Տէրոջը լեռը Սուրբ պիտի կոչուի’։
4. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմի հրապարակներուն մէջ տակաւին ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ պիտի նստին, որոնց ամէն մէկուն ձեռքը գաւազան մը պիտի ըլլայ, քանի որ ծերացած են։
5. Քաղաքին հրապարակները տղաքներով ու աղջիկներով պիտի լեցուին, որոնք անոր հրապարակներուն մէջ պիտի խաղան’։
6. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ այն օրերը այս ժողովուրդին մնացորդին աչքերուն ասիկա դժուար երեւնայ, միթէ իմ աչքերո՞ւս ալ դժուար պիտի երեւնայ’։
7. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա իմ ժողովուրդս արեւելեան երկրէն ու արեւմտեան երկրէն պիտի փրկեմ
8. Եւ զանոնք պիտի բերեմ, որ Երուսաղէմի մէջ բնակին։ Անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ’։
9. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան, ո՛վ դուք, որ այս օրերս կը լսէք այս խօսքերը այն մարգարէներուն բերնէն, որոնք զօրքերու Տէրոջը տանը հիմնարկութեան ու տաճարին նորոգութեան օրը խօսեցան ։
10. Քանզի այն օրերէն առաջ մարդու համար վարձք չկար ու անասունի համար վարձք չկար եւ նեղութեան պատճառով՝ ելլողին ու մտնողին խաղաղութիւն չկար, քանզի ես ամէն մարդ իր ընկերին դէմ ոտքի հաներ էի։
11. Բայց հիմա այս ժողովուրդին մնացորդին՝ առաջուան օրերուն պէս պիտի չըլլամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
12. Քանզի խաղաղութիւն պիտի սերմանուի, որթատունկը իր պտուղը պիտի տայ ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ ու երկինք իր ցօղը պիտի տայ եւ այս մէն բաները այս ժողովուրդին մնացորդին ժառանգել պիտի տամ։
13. Ու ինչպէս դուք ազգերու մէջ անէծք եղաք, ո՛վ Յուդայի տուն ու Իսրայէլի տուն, այնպէս ձեզ պիտի ազատեմ ու օրհնութիւն պիտի ըլլաք։ Մի՛ վախնաք, ձեր ձեռքերը թող ուժովնան’։
14. Քանզի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինչպէս ձեզի չարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ, երբ ձեր հայրերը զիս սրդողցուցին ու չզղջացի,
15. Այնպէս դարձայ ու այս օրերը Երուսաղէմի ու Յուդայի տանը բարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ։ Մի՛ վախնաք։
16. Ձեր ընելիքները ասոնք են՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ, ձեր դռներուն մէջ արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ դատաստան տեսէք
17. Ու ձեզմէ մէկը իր սրտին մէջ իր ընկերին համար չարութիւն թող չմտածէ եւ սուտ երդումը մի՛ սիրէք. վասն զի ես այս բոլոր բաները կ’ատեմ’», կ’ըսէ Տէրը։
19. «Չորրորդ ամսուան ծոմն ու հինգերորդին՝ ծոմը ու եօթներորդին՝ ծոմը եւ տասներորդին ծոմը Յուդայի տանը ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ու խնդալից տօներ պիտի ըլլան. ուստի ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը սիրեցէք»։
20. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Նորէն ժողովուրդներ ու շատ քաղաքներու բնակիչներ պիտի գան։
21. Մէկուն բնակիչները միւսին պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու եւ զօրքերու Տէրը փնտռելու երթանք’։ Ես ալ պիտի երթամ։
22. Ու շատ ժողովուրդներ եւ զօրաւոր ազգեր Երուսաղէմի մէջ զօրքերու Տէրը փնտռելու ու Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու պիտի գան’»։
23. Զօրքերու Տէրը ահսպէս կ’ըսէ. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։
1. Հադրաքի երկրին դէմ Տէրոջը պատգամը. Դամասկոսի վրայ պիտի հանգչի (Քանզի Տէրոջը աչքը մարդու Եւ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն կը նայի).
2. Եմաթ ալ անոր սահմանակից է, Նաեւ Տիւրոս ու Սիդոն՝ թէեւ շատ իմաստուն են։
3. Տիւրոս իրեն ամրոց շինեց Ու արծաթը՝ հողի պէս, Զուտ ոսկին փողոցներու ցեխի պէս դիզեց։
4. Տէրը զանիկա պիտի քշէ Եւ անոր ունեցած զօրութիւնը ծովուն մէջ պիտի նետէ Ու անիկա կրակով պիտի սպառի։
5. Ասկաղոնը պիտի տեսնէ ու պիտի վախնայ, Գազան ալ՝ մեծապէս պիտի տագնապի, Ակկարոնն ալ՝ քանզի իր յոյսը պարապ պիտի ելլէ՝ ՝ Եւ Գազայէն թագաւորը պիտի կորսուի, Ասկաղոնի մէջ բնակող պիտի չըլլայ,
6. Իսկ Ազովտոսի մէջ օտարազգի պիտի բնակի։ Փղշտացիներու հպարտութիւնը պիտի ջնջեմ.
7. Անոնց արիւնը՝ իրենց բերնէն Եւ անոնց պղծութիւնները իրենց ակռաներուն մէջէն պիտի վերցնեմ Ու մնացորդը՝ անիկա ալ մեր Աստուծոյն պիտի ըլլայ։ Յուդայի մէջ՝ հազարապետի պէս, Ակկարոն Յեբուսացիի պէս պիտի ըլլայ։
8. Անցնող ու դարձող զօրքին պատճառով Իմ տանս բոլորտիքը պիտի բնակիմ, Ա՛լ անոնց մէջէն բռնաւոր պիտի չանցնի, Քանզի հիմա իմ աչքերովս տեսայ։
9. Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. Անիկա արդար ու փրկիչ է, Հեզ է ու իշու վրայ հեծած Եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ։
10. Ու Եփրեմէն՝ կառքը Եւ Երուսաղէմէն ձին պիտի ջնջեմ։ Պատերազմին աղողը պիտի կոտրի։ Անիկա ազգերուն խաղաղութիւն պիտի քարոզէ, Անոր իշխանութիւնը՝ ծովէ ծով, Գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի ըլլայ։
11. Քեզի այս ըրի ՝ քու ուխտիդ արիւնովը Քու գերիներդ ջուր չունեցող գուբէն հանեցի։
12. Ամրոցը դարձէ՛ք, ո՛վ յուսոյ գերիներ, Ես այսօր ալ կը ծանուցանեմ, Թէ քեզի կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ,
13. Վասն զի Յուդան ինծի համար աղեղի պէս պիտի լարեմ Ու Եփրեմը նետի պէս պիտի դնեմ՝ ՝ Եւ քու որդիներդ, ո՛վ Սիօն, Յոյներու որդիներուն վրայ պիտի բարձրացնեմ. Քեզ զօրաւորին սուրին պէս պիտի ընեմ։
14. Տէրը անոնց վրայ պիտի երեւնայ, Անոր նետը փայլակի պէս պիտի ելլէ։ Տէր Եհովան փող պիտի հնչեցնէ Ու հարաւային մրրիկներով պիտի քալէ։
15. Զօրքերու Տէրը զանոնք պիտի պաշտպանէ Եւ անոնք բնաջինջ պիտի ընեն Ու պարսաքարերու վրայ՝ ՝ պիտի կոխեն Եւ պիտի խմեն ու գինովի պէս պիտի աղաղակեն Ու անոնք տաշտի պէս, Սեղանին անկիւններուն պէս պիտի լեցուին։
16. Այն օրը անոնց Տէր Աստուածը Զանոնք իր ժողովուրդին հօտին պէս պիտի փրկէ, Քանզի անոր երկրին վրայ թագի քարերու պէս պիտի փայլին։
17. Անոր բարութիւնն ու գեղեցկութիւնը որքա՜ն մեծ է. Ցորենը՝ երիտասարդները ու քաղցուն կոյսերը պիտի ծաղկեցնէ։
7. Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկրէն, Ո՛վ վիշապներ ու բոլոր անդունդներ։
8. Կրակ եւ կարկուտ, ձիւն ու շոգի Եւ անոր խօսքը կատարող մրրկալից հով,
9. Լեռներ ու բոլոր բլուրներ, Պտղատու ծառեր ու եղեւիններ,
10. Գազաններ ու բոլոր անասուններ, Սողացողներ ու թեւաւոր թռչուններ,
11. Երկրի թագաւորներ եւ բոլոր ազգեր, Իշխաններ ու երկրի բոլոր դատաւորներ,
12. Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ, Ծերեր ու տղաքներ։
13. Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն, Վասն զի միայն անոր անունը բարձր է, Անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է։
14. Անիկա բարձրացուց իր ժողովուրդին եղջիւրը, Իր բոլոր սուրբերուն, Իրեն մօտ եղող ժողովուրդին, Իսրայէլի որդիներուն օրհնութիւնը։ Ալէլուիա՜։
29. Աղէկ քալող երեք բան կայ Եւ չորս բան կայ, որոնք գեղեցիկ քալուածք ունին։
30. Առիւծը, որ բոլոր անասուններէն զօրաւոր է Ու բնաւ մէկուն երեսէն ետ չի դառնար։
31. Մէջքը կապած ձին ՝ ՝ ու նոխազը Եւ թագաւորը, որուն ժողովուրդը իրեն հետ է։
1. Ասկէ ետքը [ուրիշ] հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր ու երկիր անոր փառքով լուսաւորուեցաւ։
2. Ան զօրաւոր ձայնով աղաղակեց՝ ըսելով. «Ինկա՛ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը եւ դեւերու բնակարան եղաւ ու բոլոր պիղծ ոգիներուն՝ արգելանոց եւ բոլոր պիղծ ու ատելի թռչուններուն՝ վանդակ.
3. Վասն զի անոր կատաղի պոռնկութեան գինիէն խմեցին բոլոր ազգերը ու երկրին թագաւորները անոր հետ պոռնկացան եւ երկրին վաճառականները անոր չափազանց զեղխութենէն հարստացան»։
4. Ու երկնքէն ուրիշ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք.
6. Հատուցանեցէք ատոր՝ ինչպէս ինք հատուցանեց ու իր գործերուն համեմատ կրկնապատիկ փոխարինեցէք ատոր։ Այն գաւաթը որ ինք լեցուց՝ կրկնապատիկ լեցուցէք իրեն։
7. Որչափ որ փառաւորեց զինք եւ զեղխութեամբ ապրեցաւ, այնչափ ալ տանջանք եւ սուգ հատուցանեցէք անոր. վասն զի իր սրտին մէջ կ’ըսէ. «Ես թագուհի եմ, որբեւարի չեմ ու բնաւ սուգ պիտի չտեսնեմ»։
8. Անոր համար մէկ օրուան մէջ պիտի գան ատոր հարուածները՝ մահ ու սուգ եւ սով ու կրակով պիտի այրի. վասն զի հզօր է Տէր Աստուած, որ զանիկա դատեց։
9. Ու երկրի թագաւորները, որ ատոր հետ պոռնկացան ու հեշտացան, պիտի լան ու կոծեն ատոր վրայ, երբ ատոր հրկիզումին ծուխը տեսնեն։
10. Ատոր տանջանքին վախէն հեռուն պիտի կայնին ու ըսեն. «Վա՜յ, վա՜յ քեզի, մեծ Բաբելոն քաղաք, հզօ՛ր քաղաք, որ մէկ ժամու մէջ եկաւ քու դատաստանդ»։
11. Ու երկրին վաճառականները պիտի ողբան ու սուգ ընեն անոր վրայ. վասն զի ալ մէ՛կը ծախու պիտի չառնէ անոնց վաճառքը,
12. Ոսկիի ու արծաթի եւ պատուական քարերու ու մարգարիտներու եւ բեհեզի ու ծիրանիի եւ մետաքսի ու որդան կարմիրի վաճառքը եւ խունկի փայտերը ու փղոսկրեայ ամանները եւ պատուական փայտէ ու պղնձէ եւ երկաթէ ու մարմարիոնէ ամանները
13. Եւ կինամոնը [ու ամոմոնը] եւ խունկերը ու անուշահոտ իւղը ու կնդրուկը եւ գինին ու ձէթը եւ նաշիհը ու ցորենը եւ արջառները ու ոչխարները եւ ձիերը ու կառքերը եւ մարմինները ու մարդոց հոգիները։
14. Եւ քու հոգիիդ ցանկացած պտուղները քեզմէ գացին ու բոլոր շքեղ ու փայլուն բաները քեզմէ կորսուեցան եւ ալ բնաւ պիտի չգտնես զանոնք»։
15. Այս բաներուն վաճառականները, որոնք անկէ հարստացած էին, հեռուն պիտի կայնին անոր տանջանքին վախէն՝ լալով ու սուգ ընելով
16. Ու պիտի ըսեն. «Վա՜յ, վա՜յ, մե՛ծ քաղաք, որ բեհեզ ու ծիրանի եւ որդան կարմիր հագած էիր ու ոսկիով եւ պատուական քարերով ու մարգարիտներով զարդարուած էիր,
17. Վասն զի այնքան հարստութիւնը մէկ ժամու մէջ փճացաւ»։ Նաւավարները եւ այն ամէնքը, որ նաւով տեղ կ’երթան ու նաւաստիները եւ որոնք որ ծովու մէջ կը բնակին, հեռուն կայնեցան։
18. Եւ տեսնելով անոր հրկիզումին ծուխը՝ կ’աղաղակէին՝ ըսելով. «Ո՞վ նման է այս մեծ քաղաքին»։
19. Իրենց գլուխներուն վրայ հող ցանեցին եւ լալով ու սուգ ընելով՝ աղաղակեցին, ըսելով. «Վա՜յ, վա՜յ այն մէ՛ծ քաղաքին, որուն մէջ իր պատուականութենէն հարստացան ամէնքը, որոնք նաւեր ունէին ծովուն վրայ. վասն զի մէկ ժամու մէջ ամայացաւ։
20. Ուրախացէ՛ք անոր վրայ, երկինք ու սուրբ առաքեալներ եւ մարգարէներ, որ Աստուած ձեր վրէժը անկէ առաւ»։
21. Զօրաւոր հրեշտակ մը քար մը առաւ աղօրիքի մեծ քարի նման ու ծովը ձգեց՝ ըսելով. «Այսպէս ուժով վար պիտի ձգուի Բաբելոն մեծ քաղաքը ու ա՛լ պիտի չգտնուի։
22. Եւ քնարահարներուն ու երաժիշտներուն եւ սրնգահարներուն ու փողահարներուն ձայնը ա՛լ պիտի չլսուի քու մէջդ եւ ա՛լ վարպետ արհեստաւոր մը պիտի չգտնուի քու մէջդ ու աղօրիքին ձայնը ա՛լ պիտի չլսուի քու մէջդ
23. Եւ ճրագին լոյսը ա՛լ պիտի չերեւնայ քու մէջդ ու փեսային ձայնը եւ հարսին ձայնը ա՛լ պիտի չլսուին քու մէջդ. քանզի քու վաճառականներդ երկրին մեծամեծներն էին. վասն զի քու կախարդութիւնովդ բոլոր ազգերը մոլորեցան»։
24. Եւ մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981