Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 29Զաքարիա 10:1-121. Վերջին անձրեւին ժամանակը Տէրոջմէ անձրեւ խնդրեցէ՛ք։ Տէրը փայլակներ պիտի հանէ Եւ առատ անձրեւ պիտի տայ Ու ամէն մէկուն՝ ագարակին խոտ։2. Քանզի թերափիմները ունայնութիւն խօսեցան Ու գուշակութիւն ընողները ստութիւն տեսան Եւ սուտ երազներ պատմեցին, Պարապ մխիթարութիւն տուին, Անոր համար հօտերու պէս չուեցին, Հովիւ չըլլալուն համար տագնապեցան։3. «Հովիւներուն վրայ իմ բարկուիթւնս բռնկեցաւ Ու նոխազները պիտի պատժեմ, Քանզի զօրքերու Տէրը իր հօտը, Յուդայի տունը, պիտի հոգայ Եւ զանոնք իր պատերազմի մէջ հեծած գեղեցիկ ձիուն պէս պիտի ընէ։4. Անկիւնը՝ անկէ, բեւեռը՝ անկէ՝ ՝, Պատերազմի աղեղը՝ անկէ, Ամէն զօրապետ մէկտեղ անկէ պիտի ելլէ.5. Այնպիսի զօրաւոր մարդոց պէս պիտի ըլլան, Որոնք պատերազմի մէջ թշնամին փողոցներուն ցեխին մէջ կը կոխկռտեն Ու անոնք պատերազմ պիտի ընեն. Քանզի Տէրը անոնց հետ է։ Ձիաւորները պիտի ամչնան։6. Յուդային տունը պիտի զօրացնեմ. Յովսէփին տունը պիտի փրկեմ Եւ զանոնք նորէն պիտի բնակեցնեմ, Քանզի անոնց ողորմեցայ. Անոնք այնպէս պիտի ըլլան, Որպէս թէ զանոնք երեսէ ձգած չէի։ Քանզի անոնց Տէր Աստուածը՝ ե՛ս եմ, Անոնց պիտի լսեմ։7. Եփրեմ զօրաւոր մարդու պէս պիտի ըլլայ։ Անոնց սիրտը ուրախ պիտի ըլլայ, գինովցածի պէս։ Անոնց տղաքներն ալ պիտի տեսնեն ու պիտի ուրախանան։ Անոնց սիրտը Տէրոջմով պիտի ցնծայ։8. Անոնց պիտի սուլեմ ու զանոնք պիտի հաւաքեմ, Վասն զի զանոնք փրկեցի։ Անոնք պիտի շատնան՝ ինչպէս որ առաջ էին։9. Թէեւ զանոնք ժողովուրդներու մէջ ցրուեմ, Սակայն հեռաւոր տեղեր զիս պիտի յիշեն, Իրենց որդիներուն հետ պիտի ապրին ու ետ պիտի դառնան։10. Զանոնք Եգիպտոսէն պիտի դարձնեմ, Ասորեստանէն պիտի հաւաքեմ, Գաղաադի երկիրը Ու Լիբանան պիտի բերեմ, այնպէս որ Անոնց համար բաւական տեղ պիտի չգտնուի։11. Ծովէն նեղութեամբ պիտի անցնի, Ծովուն ալիքները պիտի զարնէ։ Գետին բոլոր խորութիւնները պիտի ցամքին, Ասորեստանի հպարտութիւնը պիտի իջնէ, Եգիպտոսի գաւազանը պիտի վերցուի։12. Անոնք Տէրոջմով պիտի զօրանան Ու անոր անունովը պիտի պտըտին», կ’ըսէ Տէրը։Զաքարիա 11:1-171. Դռներդ բա՛ց, ո՛վ Լիբանան, Որ կրակը քու եղեւիններդ ուտէ։2. Մայրի ծառը թող ողբայ, Քանզի եղեւինը ինկաւ, Վասն զի ազնուականները կողոպտուեցան։ Բասանի կաղնիները թող ողբան, Քանզի անմատչելի անտառը կտրուեցաւ։3. Հովիւներուն ողբալու ձայնը կը լսուի, Քանզի անոնց փառքը յափշտակուեցաւ։ Առոյգ առիւծներու մռնչելուն ձայնը կը լսուի, Քանզի Յորդանանի շքեղութիւնը յափշտակուեցաւ։4. Իմ Տէր Աստուածս այսպէս կ’ըսէ. «Մորթուելու ոչխարները արածէ,5. Զանոնք՝ որ ծախու առնողները կը մորթեն Ու յանցաւոր չեն սեպուիր։ Զանոնք ծախողները կ’ըսեն. ‘Տէրը օրհնեալ ըլլայ, որ հարստացայ’։ Անոնց հովիւները անոնց վրայ գութ չունին։6. ‘Քանզի անգամ մըն ալ ես երկրի բնակիչներուն պիտի չգթամ’, կ’ըսէ Տէրը։ «Ահա ես ամէն մարդ իր ընկերին ձեռքը Ու իր թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ։ Երկիրը պիտի զարնեն, Անոնց ձեռքէն պիտի չփրկեմ»։7. Մորթուելու ոչխարները, Այո՛, հօտին խեղճերը, արածեցի։ Ինծի երկու գաւազան առի, Մէկուն անունը Գեղեցկութիւն Ու միւսին անունը Կապեր դրի։ Ոչխարները արածեցի։8. Մէկ ամսուան մէջ երեք հովիւ փոխեցի, Քանզի հոգիս անոնց նեղացաւ Եւ անոնց հոգին ալ ինծմէ զզուեցաւ։9. Ես ըսի. «Ձեզ պիտի չհովուեմ։ Մեռնողը թող մեռնի, Կոտորուողը թող կոտորուի Եւ մնացածները թող իրարու միս ուտեն»։10. Գեղեցկութիւն կոչուած գաւազանս առի եւ զանիկա կոտրեցի, Որպէս զի բոլոր ժողովուրդներուն հետ ըրած ուխտս աւրեմ։11. Ու նոյն օրը աւրուեցաւ։ Ինծի սպասող հօտին խեղճերը Հաստատ գիտցան թէ ասիկա Տէրոջը գործն է։12. Անոնց ըսի. «Եթէ ձեր աչքերուն հաճոյ կ’երեւնայ, իմ վարձքս տուէք, Ապա թէ ոչ՝ զանց ըրէք»։ Իմ վարձքիս համար երեսուն արծաթ կշռեցին։13. Տէրը ինծի ըսաւ. «Զանիկա բրուտին նետէ։ Ասիկա վայելուչ գին մըն է, Որ անոնք ինծի համար կտրեցին»։ Երեսուն արծաթը առի, Զանիկա Տէրոջը տունը բրուտին նետեցի։14. Ետքը կապեր կոչուած միւս գաւազանս կոտրեցի, Որպէս զի Յուդայի ու Իսրայէլի մէջ եղող եղբայրութիւնը աւրեմ։15. Տէրը ինծի ըսաւ. «Քեզի նորէն անարժէք հովիւի մը գործիքները ա՛ռ.16. Քանզի ահա ես երկրի վրայ նոր հովիւ մը պիտի հանեմ, Որը կորսուելու վրայ եղողներուն հոգ պիտի չտանի։ Ցրուածը պիտի չփնտռէ, Կոտրածը պիտի չբժշկէ, Ողջը պիտի չսնուցանէ, Հապա գէրերուն միսը պիտի ուտէ Ու անոնց կճղակները պիտի խորտակէ։17. Վա՜յ ունայնութեան հովիւին, որ հօտը կը լքէ. Սուրը անոր բազուկը ու աջ աչքը պիտի զարնէ, Անոր բազուկը բոլորովին պիտի չորնայ Ու աջ աչքը բոլորովին պիտի խաւարի»։Զաքարիա 12:1-141. Իսրայէլի վրայով Տէրոջը պատգամը։ Երկինքը տարածող ու երկրին հիմը դնող Ու մարդուն հոգին անոր մէջ ստեղծող Տէրը կ’ըսէ.2. «Ահա ես Երուսաղէմը բոլոր շրջակայ ազգերուն Թմրութեան բաժակ պիտի ընեմ. Նաեւ Յուդայի վրայ ալ պիտի ըլլայ՝ Երուսաղէմի պաշարման ատենը։3. Այն օրը Երուսաղէմը Բոլոր ժողովուրդներուն ծանր քար պիտի ընեմ. Ամէն անոնք որ անով կը բեռնաւորուին՝ բոլորովին պիտի կոտրին Եւ երկրի բոլոր ազգերը անոր վրայ պիտի հաւաքուին։4. Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Ամէն ձի սոսկումով պիտի զարնեմ Ու անոր հեծեալը՝ ապշութեամբ։ Յուդային տանը վրայ աչքերս պիտի բանամ, Ժողովուրդներուն բոլոր ձիերը կուրութեամբ պիտի զարնեմ։5. Յուդային հազարապետները իրենց սրտին մէջ պիտի ըսեն. ‘Երուսաղէմի բնակիչները մեր զօրութիւնն՝ ՝ են Զօրքերու Տէրոջմով, իրենց Աստուծմով’։6. «Այն օրը Յուդային հազարապետները Կրակի վառարանի պէս պիտի ընեմ՝ փայտերու մէջ Ու կրակի ջահի պէս՝ որաներու մէջ։ Անոնք աջ կողմէն ու ձախ կողմէն Բոլոր շրջակայ ժողովուրդները պիտի ուտեն, Բայց Երուսաղէմ դարձեալ իր տեղը պիտի մնայ։ Երուսաղէմի մէջ բնակիչներ պիտի ըլլան։7. Տէրը Յուդային վրանները պիտի փրկէ, Որպէս զի Դաւիթին տանը փառքը Ու Երուսաղէմին բնակիչներուն փառքը Յուդայի վրայ չյոխորտան։8. Այն օրը Տէրը Երուսաղէմին բնակիչներուն պաշտպանութիւն պիտի ընէ. Անոնց մէջ տկար եղողը այն օրը Դաւիթին պէս պիտի ըլլայ, Դաւիթին տունը՝ Աստուծոյ պէս, Տէրոջը հրեշտակին պէս, պիտի ըլլայ անոնց առջեւ։9. Այն օրը Երուսաղէմի վրայ եկող բոլոր ազգերը Բնաջինջ ընելու ետեւէ պիտի ըլլամ։10. Դաւիթին տանը վրայ Եւ Երուսաղէմին բնակիչներուն վրայ Շնորհքի եւ աղօթքի հոգին պիտի թափեմ, Եւ անոնք զիրենք խոցողին պիտի նային։ Անոր վրայ մէկ հատիկ զաւակի վրայ ողբալու պէս պիտի ողբան, Անոր վրայ անդրանիկ զաւակի վրայ ցաւելու պէս պիտի ցաւին։11. Այն օրը Երուսաղէմի մէջ մեծ ողբ պիտի ըլլայ Մակեդդովի դաշտին մէջ Ադադ-Ռեմօնի ողբին պէս։12. Երկիրը պիտի ողբայ, Ամէն ազգատոհմ՝ առանձին. Դաւիթին տանը ազգատոհմը՝ առանձին, Անոնց կիները առանձին, Նաթանին տանը ազգատոհմը առանձին, Անոնց կիները առանձին,13. Ղեւիին տանը ազգատոհմը առանձին, Անոնց կիները առանձին, Սէմէիին ազգատոհմը առանձին, Անոնց կիները առանձին,14. Բոլոր մնացած ազգատոհմերէն ամէն մէկը առանձին, Անոնց կիները առանձին»։Սաղմոսներ 149:1-41. Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք Ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։2. Իսրայէլ թող ուրախանայ իր Ստեղծողին վրայ. Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց Թագաւորին վրայ։3. Թող անոր անունը պարով օրհնեն, Թմբուկով եւ քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր։4. Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի, Խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ։Առակներ 30:32-3332. Եթէ բարձրանալով յիմարութիւն ըրիր, Կամ չարութիւն մը մտածեցիր, Ձեռքդ բերնիդ վրայ դի՛ր ։33. Վասն զի եթէ կաթը ծեծես՝ կոգի կ’ելլէ, Եթէ քիթը ճմլես՝ արիւն կ’ելլէ, Նոյնպէս եթէ բարկութիւնը գրգռես՝ կռիւ կ’ելլէ։Հայտնություն 19:1-211. Անկէ ետքը շատ բազմութեան մեծ ձայն մը լսեցի երկնքէն, ըսելով. «Ալէլուիա՜. փրկութիւն ու փառք եւ պատիւ ու զօրութիւն մեր Աստուծոյն.2. Վասն զի ճշմարիտ ու արդար են անոր դատաստանները, քանզի դատեց այն մեծ պոռնիկը, որ իր պոռնկութիւնովը երկիրը ապականեց ու իր ծառաներուն արեան վրէժը անոր ձեռքէն պահանջեց»։3. Եւ կրկին անգամ ըսին. «Ալէլուիա՜. անոր ծուխը յաւիտեանս յաւիտենից պիտի ելլէ»։4. Քսանըչորս երէցները ու չորս կենդանիները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին Աստուծոյ, որ աթոռը կը նստի, ըսելով. «Ամէ՛ն, Ալէլուիա՜»։5. Եւ աթոռէն ձայն մը ելաւ, ըսելով. «Մեր Աստուծոյն օրհնութիւն տուէք, ո՛վ բոլոր ծառաներ ու դուք որ իրմէ կը վախնաք, պզտիկներ ու մեծեր»։6. Եւ լսեցի ձայն մը մեծ բազմութեան ձայնի պէս ու շատ ջուրերու ձայնի պէս ու սաստիկ որոտումներու ձայնի պէս, որոնք կ’ըսէին. «Ալէլուիա՜, վասն զի [մեր] Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց։7. Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք ու փա՛ռք տանք անոր, քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց»։8. Եւ իրեն հագնելու համար տրուեցաւ մաքուր ու լուսափայլ բեհեզ, (քանզի այն բեհեզը սուրբերուն արդարութիւնն է։)9. Եւ ինծի ըսաւ. «Գրէ՛. Երանելի են անոնք, որ Գառնուկին հարսանիքին ընթրիքին կանչուած են» ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք են Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքերը»։10. Ես ալ անոր ոտքերուն առջեւ ինկայ, որպէս զի անոր երկրպագութիւն ընեմ ու ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես ալ քու ծառայակիցդ եմ ու քու եղբայրներուդ՝ որոնք Յիսուսին վկաներն էին։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ. (վասն զի Յիսուսին վկայութիւնը մարգարէութեան հոգին է)»։11. Տեսայ երկինքը բացուած եւ ճերմակ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի։ Արդարութեամբ դատաստան կը տեսնէ ու կը պատերազմի։12. Անոր աչքերը կրակի բոցի պէս էին։ Անոր գլխուն վրայ շատ թագեր կային ու գրուած անուն մը ունէր, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ինք։13. Արիւնով ներկուած հանդերձ մը հագեր էր։ Անոր անունը Բանն Աստուծոյ էր։14. Երկնքի մէջ եղող զօրքերը անոր ետեւէն կ’երթային ճերմակ ձիերով, ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ հագած։15. Անոր բերնէն սրած սուր մը կ’ելլէր, որպէս զի անով ազգերը զարնէ ու ինք երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ զանոնք ու Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը գինիին հնձանը ինք պիտի կոխէ։16. Եւ իր պատմուճանին վրայ ու իր ազդրին վրայ գրուած գիր մը ունէր. «ԹԱԳԱՒՈՐ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ ԵՒ ՏԷՐ ՏԵՐԱՆՑ»։17. Եւ հրեշտակ մըն ալ տեսայ, որ արեւին մէջ կայներ էր ու մեծ ձայնով աղաղակեց երկնքի մէջ թռչող բոլոր թռչուններուն՝ ըսելով. «Եկէք, Աստուծոյ մեծ ընթրիքին՝ ՝ հաւաքուեցէ՛ք18. Որպէս զի ուտէք թագաւորներուն մարմինները ու հազարապետներուն մարմինները ու ձիերուն եւ անոնց վրայ հեծնողներուն մարմինները ու ամենուն մարմինները, թէ՛ ազատներուն եւ թէ՛ ծառաներուն, թէ՛ պզտիկներուն եւ թէ՛ մեծերուն։19. Տեսայ գազանը ու երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը մէկտեղ հաւաքուած պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ։20. Գազանը բռնուեցաւ ու անոր հետ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ նշաններ ըրաւ, որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողները եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները։ Երկուքն ալ ողջ ողջ ծծումբով վառուած կրակին լիճը ձգուեցան։21. Եւ ուրիշներ ալ սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն, որ անոր բերնէն կ’ելլէր ու բոլոր թռչունները անոնց մարմիններէն կշտացան։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981