Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 3Դանիել 9:1-271. Ասուերոսի որդին Դարեհ, որ Մարերու սերունդէն էր, Քաղդէացիներու պետութեան վրայ թագաւոր եղաւ։2. Անոր թագաւորութեանը առաջին տարին ես՝ Դանիէլս՝ գրքերէն իմացայ այն տարիներուն թիւը, որոնց համար Տէրոջը խօսքը եղեր էր Երեմիա մարգարէին, թէ եօթանասուն տարիէն պիտի վերջացնէր Երուսաղէմի աւերումները։3. Ես իմ երեսս Տէր Աստուծոյ դարձուցի, որպէս զի ծոմապահութեամբ, քուրձով ու մոխիրով աղօթք ու աղաչանք մատուցանեմ4. Եւ իմ Տէր Աստուծոյս աղօթք ըրի, խոստովանեցայ ու ըսի. «Ո՛հ, Տէ՛ր, մեծ եւ ահաւոր Աստուած, որ քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ուխտն ու ողորմութիւնը կը պահես,5. Մենք մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն ըրինք եւ ապստամբեցանք ու քու պատուիրանքներէդ ու օրէնքներէդ խոտորեցանք6. Եւ քու ծառաներուդ՝ մարգարէներուն՝ խօսքին մտիկ չըրինք, որոնք մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն ու երկրին բոլոր ժողովուրդին քու անունովդ խօսեցան։7. Ո՛վ Տէր, քեզի կը վայլէ արդարութիւն ու մեզի՝ երեսի ամօթ (ինչպէս այսօր եղաւ), Յուդայի մարդոց, Երուսաղէմի բնակիչներուն ու բոլոր մերձաւոր ու հեռաւոր Իսրայելացիներուն, այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր զանոնք քշեցիր անոնց քեզի դէմ ըրած յանցանքին համար։8. Ո՛վ Տէր, երեսի ամօթ կը վայլէ մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն, վասն զի քեզի դէմ մեղք գործեցինք։9. Իսկ ողորմութիւն ու ներողութիւն մեր Տէր Աստուծոյն կը վայլէ, վասն զի մենք անկէ ապստամբեցանք10. Եւ մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չըրինք, որ իր օրէնքներովը քալենք, որոնք իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ միջոցով մեր առջեւ դրաւ։11. Ու բոլոր Իսրայէլ քու օրէնքդ զանց ըրին եւ քու ձայնիդ մտիկ չընելով՝ խոտորեցան. ուստի Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ օրէնքին մէջ գրուած անէծքն ու երդումը մեր վրայ թափեցան, քանզի Անոր դէմ մեղք գործեցինք։12. Մեր վրայ մեծ չարիք բերելով՝ հաստատեց իր խօսքերը, որոնք մեր վրայով ու մեզ դատող մեր դատաւորներուն վրայով խօսեր էր. այնպէս որ Երուսաղէմի մէջ եղածին նմանը բոլոր երկնքին տակ չեղաւ։13. Մովսէսի օրէնքին մէջ գրուածին պէս այս բոլոր չարիքը մեր վրայ եկաւ. սակայն մենք մեր անօրէնութիւններէն դառնալու եւ քու ճշմարտութեանդ խելամուտ ըլլալու համար՝ մեր Տէր Աստուծմէ ներում չխնդրեցինք։14. Եւ Տէրը այս աղէտը պատրաստած էր ու զանիկա մեր վրայ բերաւ, քանզի մեր Աստուածը իր բոլոր գործերուն մէջ արդար է. բայց մենք անոր ձայնին մտիկ չըրինք»։15. «Ա՛րդ, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որ քու ժողովուրդդ զօրաւոր ձեռքով Եգիպտոսէն հանեցիր, քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ, մենք մեղք գործեցինք, ամբարշտութիւն ըրինք։16. Ո՛վ Տէր, քու բոլոր բարութեանդ համեմատ շնորհք ըրէ՛, քու սուրբ լեռնէդ, Երուսաղէմ քաղաքէն, քու սրտմտութիւնդ ու բարկութիւնդ դարձուր, վասն զի մեր մեղքերուն համար ու մեր հայրերուն անօրէնութիւններուն համար՝ Երուսաղէմն ու քու ժողովուրդդ մեր բոլորտիքը եղողներէն նախատուեցան։17. Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, քու ծառայիդ աղօթքն ու աղաչանքը լսէ ու քու սիրոյդ համար՝ քու ամայացած սրբարանիդ վրայ երեսդ փայլեցուր։18. Ականջդ խոնարհեցո՛ւր, ո՛վ Աստուած իմ ու լսէ՛, աչքերդ բա՛ց ու տե՛ս մեր աւերումները եւ այն քաղաքը, որ քու անունովդ կոչուած է. վասն զի մեր աղաչանքը ո՛չ թէ մեր արդարութիւններուն համար քու առջեւդ կը մատուցանենք, հապա քու մեծ ողորմութեանդ համար։19. Ո՛վ Տէր, լսէ՛, ո՛վ Տէր, ներէ՛, ո՛վ Տէր, մտիկ ըրէ՛ ու կատարէ՛. մի՛ ուշանար՝ քեզի համար, ո՛վ Աստուած իմ, քանզի քու քաղաքդ ու քու ժողովուրդդ քու անունովդ կոչուած են»։20. Ու երբ ես տակաւին կը խօսէի, կ’աղօթէի եւ իմ մեղքս ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մեղքը կը խոստովանէի եւ իմ Աստուծոյս սուրբ լերանը համար իմ աղաչանքս իմ Տէր Աստուծոյս կը մատուցանէի,21. Երբ ես տակաւին աղօթքի մէջ կը խօսէի, ահա այն առաջին տեսիլքին մէջ տեսած մարդս՝ Գաբրիէլը՝ շուտ մը թռչելով՝ ինծի դպաւ իրիկուան զոհին ատենը22. Ու ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, հիմա եկայ որ քեզի իմաստութիւն պարգեւեմ։23. Քու աղաչանքիդ սկիզբը պատգամ տրուեցաւ ու ես եկայ որպէս զի պատմեմ, վասն զի դուն Աստուծոյ սիրելին ես։ Ուրեմն պատգամը միտքդ պահէ՛ ու տեսիլքը հասկցի՛ր։24. Յանցանքը վերջացնելու ու մեղքը հատցնելու եւ անօրէնութիւնը քաւելու ու յաւիտենական արդարութիւնը բերելու եւ տեսիլքն ու մարգարէութիւնը կնքելու ու սուրբերուն Սուրբը օծելու համար՝ քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքին համար եօթանասուն եօթնեակ որոշուած է։25. Եւ գիտցի՛ր ու հասկցի՛ր, թէ Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ Օծեալ իշխանին գալը եօթը եօթնեակ ու վաթսունըերկու եօթնեակ կայ, մինչեւ նորէն հրապարակն ու պարիսպը շինուին նեղութեան ժամանկներու մէջ։26. Վաթսունըերկու եօթնեակէն ետքը Օծուածը պիտի կտրուի, բայց ոչ իրեն համար։ Եկող իշխանին ժողովուրդը քաղաքն ու սրբարանը պիտի կործանէ եւ հեղեղով մը վերջը պիտի ըլլայ։ Մինչեւ պատերազմին վերջի աւերումները սահմանուած են։27. Ու եօթնեակ մը շատերուն հետ ուխտը պիտի հաստատէ եւ եօթնեակին մէջտեղը զոհն ու պատարագը պիտի դադրեցնէ։ Ու աւերողը պղծութեան տաճարին վրայ պիտի ըլլայ՝ ՝, մինչեւ որ աւերուածին վրայ նախասահմանեալ կորուստը թափուի»։Դանիել 10:1-211. Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին երրորդ տարին խօսք մը յայտնուեցաւ Դանիէլին, որուն անունը Բաղտասասար էր։ Այն խօսքը ճշմարիտ էր ու մեծ տառապանքի վրայով էր ՝ ՝։ Անիկա խօսքը հասկցաւ ու տեսիլքին տեղեակ եղաւ։2. Այն օրերը ես՝ Դանիէլս՝ լման երեք շաբաթ սուգ պահեցի.3. Ախորժելի կերակուր չկերայ ու բերանս միս կամ գինի չմտաւ ու բնաւ իւղով չօծուեցայ՝ մինչեւ որ երեք շաբաթը լմնցաւ։4. Առաջին ամսուան քսանըչորրորդ օրը ես Տիգրիս մեծ գետին եզերքն էի։5. Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ ահա կտաւ հագած ու մէջքը Ոփազի ոսկիէ գօտի կապած մարդ մը տեսայ։6. Անոր մարմինը ոսկեքարի պէս ու երեսը փայլակի երեւոյթ ունէր։ Աչքերը կրակի բոցերու պէս եւ թեւերն ու ոտքերը փայլուն պղնձի գոյնի նման էին։ Իր ձայնը բազմութեան ձայնին պէս էր։7. Այս տեսիլքը միայն ես՝ Դանիէլս տեսայ։ Թէեւ ինծի հետ եղող մարդիկը տեսիլքը չտեսան, սակայն շատ վախցան ու փախան, որպէս զի պահուըտին։8. Ես մինակ մնացի։ Իմ վրաս ոյժ չմնաց, իմ վայելչութիւնս ապականութեան դարձաւ ու ա՛լ ոյժ չունեցայ։9. Անոր խօսքերը լսեցի ու անոր ձայնը լսածիս պէս՝ թմրած երեսիս վրայ գետինը ինկայ։10. Այն ատեն ինծի ձեռք մը դպաւ ու զիս ծունկերուս ու ձեռքերուս թաթերուն վրայ վերցուց։11. Ինծի ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, սիրելի՛ մարդ, քեզի ըսելու խօսքերս լսէ՛ ու եղած տեղդ կայնէ՛, քանզի հիմա քեզի ղրկուեցայ»։ Երբ անիկա այս խօսքը ինծի ըսաւ, դողալով կայնեցայ։12. Ան ինծի ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այն առաջին օրէն ի վեր, որ քու սիրտդ տուիր հասկնալու եւ քու Աստուծոյդ առջեւ քու անձդ խոնարհեցուցիր, քու խօսքերդ լսուեցան ու ես քու խօսքերուդ համար եկայ։13. Բայց Պարսիկներու թագաւորութեան իշխանը քսանըմէկ օր ընդդիմացաւ. սակայն ահա Միքայէլը՝ առաջին իշխաններէն մէկը՝ ինծի օգնութեան եկաւ ու ես հոն Պարսիկներու թագաւորներուն քով մնացի։14. Հիմա քեզի եկայ, որպէս զի իմացնեմ թէ վերջին օրերը քու ժողովուրդիդ ինչ պիտի պատահի, վասն զի տեսիլքը ապագային համար է»։15. Անոր խօսքերը լսածիս պէս՝ երեսս դէպի գետինը ծռեցի ու համր մնացի։16. Ահա մարդու որդիի կերպարանքով մէկը շրթունքներուս դպաւ ու բերանս բացուեցաւ ու խօսեցայ ու դիմացս կայնողին ըսի. «Ո՛վ տէր իմ, այս տեսիլքով ցաւերս վրաս դարձան։ Ալ ոյժ չունիմ։17. Իմ Տէրոջս ծառան իր Տէրոջը հետ ի՞նչպէս պիտի կրնայ խօսիլ, վասն զի հիմակուընէ վրաս ոյժ չկայ ու վրաս շունչ չմնաց»։18. Այն մարդու կերպարանք ունեցողը նորէն ինծի դպաւ եւ զիս ուժովցուց19. Ու ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ սիրելի մարդ, խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, ուժովցի՛ր ու քաջ եղիր»։ Երբ անիկա ինծի հետ խօսեցաւ, ուժովցայ ու ըսի. «Թող խօսի իմ Տէրս, վասն զի ուժովցուցիր զիս»։20. Անիկա ըսաւ. «Գիտե՞ս թէ ինչու համար քեզի եկայ։ Հիմա Պարսիկներու իշխանին դէմ պատերազմելու պիտի երթամ։ Երբ ես երթամ՝ Յոյներու իշխանը պիտի գայ։21. Բայց ես ճշմարտութեան գրքին մէջ գրուածը քեզի պիտի պատմեմ։ Ոեւէ մէկը չկայ, որ ինծի օգնէ, բայց միայն ձեր Միքայէլ իշխանը»։Սաղմոսներ 137:7-97. Յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Եդովմի որդիները Երուսաղէմի օրուանը մէջ, Որոնք կ’ըսէին. «Փլցուցէ՛ք, փլցուցէ՛ք Մինչեւ անոր հիմը»։8. Ո՛վ Բաբելոնի աւերող աղջիկ, Երանի՜ անոր՝ որ քեզի կը հատուցանէ Մեզի ըրած գործերուդ փոխարէնը։9. Երանի՜ անոր՝ որ քու զաւակներդ կը բռնէ Ու քարի կը զարնէ։Առակներ 29:15-1515. Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան, Բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ։1 Հովհաննես 1:1-101. Կենաց բանին վրայով, որ սկիզբէն էր, որուն համար լսեցինք, որ մեր աչքերովը տեսանք, որուն նայեցանք ու մեր ձեռքերը շօշափեցին.2. (Եւ կեանքը յայտնուեցաւ ու տեսանք եւ կը վկայենք ու ձեզի կը պատմենք այն յաւիտենական կեանքը, որ Հօրը քով էր ու մեզի յայտնուեցաւ.)3. Այն որ տեսանք ու լսեցինք՝ ձեզի կը պատմենք, որպէս զի դուք ալ մեզի հաղորդակից ըլլաք։ Մեր հաղորդակցութիւնը Հօրը հետ է ու իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին հետ։4. Այս բաները կը գրենք ձեզի, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։5. Ասիկա է այն պատգամը որ իրմէ լսեցինք ու ձեզի կ’իմացնենք, թէ՝ Աստուած լոյս է ու անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ։6. Եթէ ըսենք թէ Անոր հետ հաղորդակից ենք ու խաւարի մէջ պտըտինք, սուտ կը խօսինք եւ ճշմարտութիւնը չենք ըսեր։7. Հապա եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս անիկա լոյսի մէջ է, իրարու հետ հաղորդակից կ’ըլլանք ու անոր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ։8. Եթէ ըսենք թէ «Մենք մեղք մը չունինք», ինքզինքնիս կը խաբենք ու մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։9. Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու։10. Եթէ ըսենք թէ «Մեղք մը չգործեցինք», ստախօս կը ցուցնենք զանիկա ու անոր խօսքը մեր մէջ չէ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981