Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 30Զաքարիա 13:1-91. Այն օրը Դաւիթին տանը ու Երուսաղէմի բնակիչներուն Բացուած աղբիւր մը պիտի ըլլայ Մեղքէն ու պղծութենէն մաքրուելու համար։2. «Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Կուռքերուն անունները երկրէն պիտի ջնջեմ, այնպէս որ Անգամ մըն ալ պիտի չյիշուին։ Անոնց մարգարէներն ու պիղծ ոգին ալ երկրէն պիտի վերցնեմ։3. Այնպէս որ երբ մարդ մը անկէ յետոյ մարգարէութիւն ընէ, Զանիկա ծնանող հայրն ու մայրը իրեն պիտի ըսեն. ‘Պիտի չապրիս, քանզի Տէրոջը անունովը սուտ խօսեցար’։ Անոր մարգարէութիւն ըրած ատենը՝ Զանիկա ծնանող հայրն ու մայրը զանիկա պիտի խոցեն։4. Այն օրը մարգարէները Մարգարէութիւն ըրած ատեննին պիտի ամչնան։ Ամէն մէկը՝ իր տեսիլքէն։ Խաբելու համար մազոտ վերարկու պիտի չհագնին։5. Անոնց ամէն մէկը պիտի ըսէ. ‘Ես մարգարէ չեմ, ես երկրագործ մարդ եմ. Քանզի իմ մանկութենէս ան իմ ստացուածքս է’։6. Անոր պիտի ըսուի. ‘Ձեռքերուդ մէջի այս վէրքերը ի՞նչ են’։ Անիկա պիտի ըսէ. ‘Ասոնք իմ բարեկամներուս տանը մէջ ընդունած վէրքերս են’»։7. «Արթնցի՛ր, ո՛վ սուր, իմ հովիւիս դէմ Ու իմ ընկերս եղող մարդուն դէմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Հովիւը զա՛րկ, որ աչխարները ցրուին։ Իմ ձեռքս պզտիկներուն դէմ պիտի դարձնեմ»։8. Տէրը կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին Երկու երրորդ մասը պիտի կտրուի ու պիտի մեռնի, Միայն մէկ երրորդ մասը պիտի մնայ անոր մէջ։9. Այդ մէկ երրորդ մասը կրակէ պիտի անցընեմ, Զանոնք պիտի զտեմ՝ ինչպէս արծաթը կը զտուի, Զանոնք պիտի փորձեմ՝ ինչպէս ոսկին կը փորձուի. Անոնք իմ անունս պիտի կանչեն Ու ես անոնց պատասխան պիտի տամ։ Ես պիտի ըսեմ. ‘Անիկա իմ ժողովուրդս է’. Անոնք ալ՝ ‘Տէրը մեր Աստուածն է’, պիտի ըսեն»։Զաքարիա 14:1-211. Ահա Տէրոջը օրը կու գայ Եւ քու աւարդ քու մէջդ պիտի բաժնուի.2. Քանզի բոլոր ազգերը պատերազմի համար Երուսաղէմի վրայ պիտի հաւաքեմ։ Քաղաքը պիտի առնուի, Տուները պիտի կողոպտուին, Կիները պիտի պղծուին, Քաղաքին կէսը գերի պիտի տարուի, Բայց ժողովուրդին մնացորդը քաղաքէն պիտի չհեռանայ։3. Տէրը պիտի ելլէ, Ապա այն ազգերուն հետ պիտի պատերազմի, Ինչպէս պատերազմին օրը պատերազմեցաւ։4. Այն օրը անոր ոտքերը Ձիթենիներու լերանը վրայ պիտի կայնին, Որ Երուսաղէմին առջեւն է դէպի արեւելք։ Ձիթենիներու լեռը դէպի արեւելք ու դէպի արեւմուտք կէսէն պիտի պատռուի Ու խիստ մեծ ձոր մը պիտի կազմուի։ Լերանը կէսը՝ դէպի հիւսիս, Կէսը դէպի հարաւ պիտի քաշուի5. Եւ դուք լեռներուն ձորը պիտի փախչիք, Քանզի լեռներուն ձորը մինչեւ Ասալ պիտի հասնի։ Պիտի փախչիք՝ ինչպէս գետնաշարժէն փախաք՝ Յուդայի թագաւոր Ոզիային օրերը։ Իմ Տէր Աստուածս պիտի գայ, Բոլոր սուրբերը քեզի հետ պիտի ըլլան։6. Եւ այն օրը Լոյսը պայծառ կամ աղօտ պիտի չըլլայ։7. Անիկա Տէրոջը յայտնի օր մը պիտի ըլլայ, Ո՛չ ցորեկ ու ո՛չ գիշեր պիտի ըլլայ, Սակայն երեկոյեան ժամանակը լոյս պիտի ըլլայ։8. Այն օրը Երուսաղէմէն կենդանի ջուրեր պիտի հոսին, Կէսը՝ դէպի արեւելեան ծովը, Կէսը՝ դէպի արեւմտեան ծովը։ Ամառ ու ձմեռ այնպէս պիտի ըլլայ։9. Տէրը բոլոր երկրի վրայ Թագաւոր պիտի ըլլայ, Այն օրը Տէրը՝ մէկ ու անոր անունը մէկ պիտի ըլլայ։10. Բոլոր երկիրը դաշտ պիտի դառնայ Գաբաայէն մինչեւ Ռեմօն, Երուսաղէմի հարաւային կողմը։ Երուսաղէմը պիտի բարձրանայ ու իր տեղը պիտի մնայ՝ Բենիամինին դռնէն մինչեւ Առաջին դրանը տեղը, մինչեւ Անկեան դուռը, Անանայէլին աշտարակէն մինչեւ թագաւորին հնձանները։11. Հոն պիտի բնակին ու հոն անգամ մըն ալ նզովք պիտի չըլլայ։ Երուսաղէմի մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին։12. Այս պիտի ըլլայ այն հարուածը, Որով Տէրը պիտի զարնէ այն բոլոր ժողովուրդները, Որոնք Երուսաղէմին դէմ պատերազմեցան։ Ոտքի վրայ կայնած ատեննին անոնց մարմինը պիտի հալի, Անոնց աչքերը իրենց խորշերուն մէջ պիտի հալին, Անոնց լեզուն անոնց բերնին մէջ պիտի հալի։13. Այն օրը անոնց մէջ Մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ Տէրոջմէն։ Ամէն մէկը իր ընկերին ձեռքը պիտի բռնէ Ու անոր ձեռքը իր ընկերին ձեռքին դէմ պիտի վերցուի։14. Յուդան ալ Երուսաղէմի մէջ պիտի պատերազմի Ու բոլոր շրջակայ ազգերուն ստացուածքը, Ոսկի ու արծաթ ու հանդերձներ, մեծ առատութեամբ հոն պիտի հաւաքուին։15. Ձիուն, ջորիին, ուղտին ու իշուն Եւ այն բանակներուն մէջի բոլոր անասուններուն աղէտը Նոյն աղէտին պէս պիտի ըլլայ։16. Երուսաղէմի վրայ եկած բոլոր ազգերուն մնացորդները Ամէն տարի Թագաւորին, զօրքերու Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու Եւ տաղաւարահարներու տօնը կատարելու պիտի գան։17. Երկրի ազգատոհմերէն ով որ Երուսաղէմ չելլէ Թագաւորին, զօրքերու Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու, Անոր վրայ պիտի անձրեւէ։18. Եթէ Եգիպտացիներու ազգատոհմը չելլէ ու չգայ (Որոնք անձրեւ չունին), Անոնց վրայ պիտի ըլլայ այն հարուածը, Որով Տէրը պիտի զարնէ այն ազգերը, Որոնք տաղաւարահարներու տօնը կատարելու չեն ելլեր։19. Ասիկա պիտի ըլլայ Եգիպտոսի պատիժը Եւ տաղաւարահարներու տօնը կատարելու չելլող բոլոր ազգերուն պատիժը։20. Այն օրը ձիերուն սանձի զարդերուն վրայ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ պիտի գրուի։ Տէրոջը տանը կաթսաները Սեղանին առջեւի կոնքերուն պէս պիտի ըլլան։21. Երուսաղէմի մէջ եւ Յուդայի մէջ ամէն կաթսայ Զօրքերու Տէրոջը սուրբ պիտի ըլլայ։ Բոլոր զոհ ընողները պիտի գան, Անոնցմէ պիտի առնեն ու անոնց մէջ պիտի եփեն։ Այն օրը անգամ մըն ալ զօրքերու Տէրոջը տանը մէջ Քանանացի պիտի չըլլայ։Սաղմոսներ 149:5-95. Թող սուրբերը ուրախանան փառքով Ու իրենց անկողիններուն մէջ ցնծան։6. Աստուծոյ գովութիւնները անոնց բերնին մէջ թող ըլլան Ու երկսայրի սուր՝ անոնց ձեռքին մէջ,7. Որպէս զի հեթանոսներէն վրէժ առնեն Ու ժողովուրդները պատժեն,8. Որպէս զի անոնց թագաւորները շղթաներով կապեն Ու անոնց ազնուականները՝ երկաթէ կապանքներով,9. Որպէս զի գրուած դատաստանը անոնց վրայ կատարեն։ Այս անոր բոլոր սուրբերուն փառքն է։ Ալէլուիա՜։Առակներ 31:1-91. Լեմուէլ թագաւորին խօսքերը, Այսինքն պատգամը, որ անոր մայրը իրեն սորվեցուց.2. Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որդեակ իմ, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որովայնիս որդին, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ իմ ուխտերուս որդին։3. Քու զօրութիւնդ կիներուն մի՛ տար, Ո՛չ ալ քու ճամբաներդ՝ թագաւորներ բնաջինջ ընողներուն։4. Ո՛վ Լեմուէլ, թագաւորներուն չի վայլեր, Գինի խմել թագաւորներուն չի վայլեր Եւ օղի խմել իշխաններուն չի վայլեր.5. Չըլլայ որ խմեն ու օրէնքը մոռնան Եւ տառապեալներէն մէկուն դատը ծռեն։6. Օղին կորսուելու վրայ եղողին Ու գինին դառնահոգիներուն տուէք,7. Որպէս զի անոնք խմեն ու իրենց աղքատութիւնը մոռնան Եւ իրենց նեղութիւնը անգամ մըն ալ չյիշեն։8. Բաց քու բերանդ համր մարդուն համար Ու բոլոր անխնամ մնացածներուն դատին համար։9. Բաց քու բերանդ եւ արդարութեամբ դատէ Եւ աղքատին ու տնանկին դատը տես։Հայտնություն 20:1-151. Յետոյ հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր ու անդունդին բանալին ու մեծ շղթայ մը ունէր իր ձեռքը։2. Ան բռնեց վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է եւ կապեց զանիկա հազար տարի3. Ու անդունդը ձգեց զանիկա եւ գոցեց ու վրայէն կնքեց, որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ հազար տարին լմննայ։ Անկէ ետքը պիտի արձակուի անիկա կարճ ժամանակուան մը համար։4. Աթոռներ տեսայ, որոնց վրայ նստան եւ անոնց դատաւորութիւն տրուեցաւ։ Նաեւ Յիսուսին վկայութեանը համար ու Աստուծոյ խօսքին համար գլխատուածներուն հոգիները տեսայ ։ Անոնք, որ երկրպագութիւն չըրին գազանին, ո՛չ ալ անոր պատկերին ու անոր դրոշմը իրենց ճակատներուն վրայ ու իրենց ձեռքին վրայ չընդունեցին եւ ապրեցան ու Քրիստոսին հետ հազար տարի թագաւորեցին։5. Միւս մեռելները չապրեցան մինչեւ հազար տարին լրացաւ։ Ասիկա է առաջին յարութիւնը։6. Երանելի եւ սուրբ է ա՛ն, որ առաջին յարութեանը մէջ բաժին ունի։ Ասոնց վրայ երկրորդ մահը իշխանութիւն չունի, հապա անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն։7. Հազար տարին լրանալէն վերջը պիտի արձակուի Սատանան իր բանտէն, որ պիտի ելլէ ու մոլորեցնէ երկրին չորս անկիւնները եղող ազգերը՝ Գոգն ու Մագոգը՝ որպէս զի զանոնք պատերազմի հաւաքէ, որոնց համրանքը ծովու աւազին չափ է։8. Երկրին ընդարձակութեանը մէջ ելան եւ սուրբերուն բանակը ու սիրելի քաղաքը չորս կողմէն պատեցին։9. Երկնքէն Աստուծմէ կրակ իջաւ ու սպառեց զանոնք, իսկ Բանսարկուն, որ զանոնք մոլորեցուց, ձգուեցաւ կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ, ուր էին գազանը10. Եւ սուտ մարգարէն։ Հոն պիտի չարչարուին ցորեկ ու գիշեր՝ յաւիտեանս յաւիտենից։11. Մեծ ճերմակ աթոռ մը տեսայ, որուն վրայ մէկը նստած էր։ Անոր երեսէն երկիր ու երկինք փախան եւ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։12. Տեսայ պզտիկ ու մեծ մեռելներ որոնք Աստուծոյ առջեւ կայնած էին։ Գրքերը բացուեցան եւ ուրիշ գիրք մըն ալ բացուեցաւ, այսինքն կեանքի գիրքը եւ գրքերուն մէջ գրուած մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համեմատ։13. Եւ ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին։ Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ։14. Եւ մահը ու դժոխքը կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը։15. Եւ ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981